ԱՄԵՐԻԿԱՆ ԵՒ «ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄ»Ի ՄԵԾ ՎՏԱՆԳԸ

Ի՞նչ փուլ կը մտնէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, մանաւանդ եթէ հաշուի առնենք այդ երկրին մէջ գոյացած վերջին նախագահական ընտրութիւններու ընդհանուր արդիւնքը։ Անշուշտ, խօսքը ո՛չ միայն այդ արդիւնքներուն մասին է, այլ այն մեծ լարումին, որուն հետեւանքով պարտուած նախագահ Տանըլտ Թրամփի «բուռն» հետեւորդները բողոքի մեծ ալիքի մը պատճառ դարձան։ Երեւոյթը ինքնին անօրինակ էր, երկրի մը մէջ, որուն որեւէ ընտրութիւնները կը ստեղծէին համերաշխութեան նոր պատկեր...։ Այսօր այդ պատկերը ո՛չ միայն աղարտուած է, այլ կայ մեծ սպառնալիք, որ հանրապետականներու մասնաւորապէս «Թրամփեան թեւ»ը ամէն ինչ պիտի ընէ իշխանութիւնը վերադարձնելու համար։ Եւ գուցէ այս վախն էր, որ մղեց երկրի երկրորդ քաղաքական ուժի դեմոկրատականներու լայն ընտրազանգուածը, որպէսզի շտապեն դէպի քուէատուփեր եւ այդպիսով ալ իշխող վերնախաւը եւ ի մասնաւորի նախագահ Ճօ Պայտընը փրկելու քաղաքական նոր ցունամիէ մը, որ տակն ու վրայ կրնար ընել ամէն բան։

Այս բոլորի լոյսի ներքոյ ամերիկացիներու գրեթէ կէսը մտավախութիւն ունի, թէ իրենց երկիրը յառաջիկայ տասնամեակին պիտի պայթի։ Վերջին շաբաթներուն տեղի ունեցած միջանկեալ ընտրութիւններէն առաջ երեք փորձագէտներ վերլուծած են ճգնաժամի խորութիւնը, որ հրապարակուած է «The Guardian»ի մէջ։ Իբր այդ, ամերիկացի քաղաքագէտ եւ «Ինչպէս կը սկսին քաղաքացիական պատերազմները եւ ինչպէս դադրեցնել զանոնք» գիրքի հեղինակ Պարպարա Ֆ. Ուոլթըր գրած է հետեւեալ յօդուածը.

«Դատաւորները պիտի սպաննուին, դեմոկրատները բանտարկուին կեղծ մեղադրանքներով, սեւամորթներու եկեղեցիները եւ հրեաներու սինակոկները պիտի պայթեցուին։ Արդեօք մտավախութիւնները չափազանցուա՞ծ են։ Ամենատարածուած հարցը, որ ինծի կը տրուի իմ գիրքը գրելէ ետք, այն է. արդեօք քաղաքացիական պատերազմը կրնայ կրկնուի՞լ ԱՄՆ-ի մէջ։ Թերահաւատները կը պնդեն, որ ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը չափազանց հզօր է, որպէսզի ոեւէ մէկը կարենայ մարտահրաւէր նետել։ Միւսները կը պնդեն, որ երբեք այդպիսի պատերազմ տեղի պիտի չունենայ ԱՄՆ-ի մէջ, քանի երկիրը այլեւս յստակօրէն բաժնուած չէ աշխարհագրական գիծերով։ Միւսները պարզապէս չեն կրնար հաւատալ, որ ամերիկացիները կը սկսին զիրար սպաննել։ Այնուամենայնիւ, այս համոզումները հիմնուած են այն թիւր կարծիքին վրայ, որ երկրորդ քաղաքացիական պատերազմը պիտի նմանի առաջինին։

«Եթէ ԱՄՆ-ի մէջ երկրորդ քաղաքացիական պատերազմ սկսի, պիտի ըլլայ պարտիզանական (մասամբ «ֆետայական») պատերազմ, որուն կը մասնակցին փոքրաթիւ զինեալներ՝ ցրուած ամբողջ երկրի տարածքին։ Անոնց թիրախը պիտի ըլլան քաղաքայինները՝ գլխաւորաբար փոքրամասնութիւնները, ընդդիմութեան առաջնորդները եւ դաշնակցային աշխատակիցները։ Դատաւորները պիտի սպաննուին, դեմոկրատներն ու չափաւոր հանրապետականները շինծու մեղադրանքներով պիտի բանտարկուին, սեւամորթներու եկեղեցիներն ու սինակոկները պիտի պայթեցուին, դիպուկահարներ հետիոտնները պիտի գնդակահարեն քաղաքի փողոցներուն մէջ, իսկ դաշնային գործակալները մահապատիժի պիտի ենթարկեն՝ դաշնային օրէնքը կիրառելու համար։ Այս ամէնուն նպատակը պիտի ըլլայ նուազեցնել դաշնային կառավարութեան եւ իր աջակիցներուն իշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ վախեցնել փոքրամասնութիւնները եւ քաղաքական հակառակորդները՝ հնազանդութեան համար։

«Փորձագէտները գիտեն, որ երկու գործօն երկիրներ քաղաքացիական պատերազմի բարձր վտանգի կ՚ենթարկեն. ԱՄՆ ունի այս վտանգային գործօններէն մին եւ վտանգաւոր կերպով մօտ է միւսին։ Առաջինը, առկայ է ցեղային կոտորակում։ Ատիկա տեղի կ՚ունենայ, երբ երկրի քաղաքացիները իրենք զիրենք կը կազմակերպեն քաղաքական կուսակցութիւններով՝ հիմնուած ծագումի, կրօնական կամ ցեղային ինքնութեան վրայ, այլ ոչ թէ գաղափարախօսութեան։ Երկրորդը անոկրատիան (anocracy - կիսաժողովրդավար, կիսաբռնապետական) է։ Երբ իշխանութիւնը ո՛չ լիովին ժողովրդավար է, ո՛չ ալ լիովին բռնատիրական, այլ անոնց միջեւ բան մը։ Քաղաքացիական պատերազմներ գրեթէ երբեք չեն ըլլար լիարժէք, առողջ, ուժեղ ժողովրդավարական երկիրներու մէջ։ Անոնք նաեւ հազուադէպ տեղի կ՚ունենան լիարժէք ինքնավար պետութիւններու մէջ։ Բռնութիւնը գրեթէ միշտ կը կիրառուի միջին զարգացման մակարդակի երկիրներու՝ թոյլ եւ անկայուն կեղծ ժողովրդավարութիւններ ունեցող պետութիւններու մէջ։ Անոկրատիա գումարած կոտորակում վտանգաւոր խառնուրդ է»։

Միւս կողմէ գանատացի գրող եւ սիւնակագիր, «Յաջորդ քաղաքացիական պատերազմ. հաղորդագրութիւններ ամերիկեան ապագայէն» գիրքի հեղինակ Սթիվըն Մարշի համաձայն՝ «Ամերիկա անցած է այն կէտը, ուր այս կամ այն կողմի յաղթանակը կրնայ ուղղել այն, ինչ որ սխալ է։ ԱՄՆ-ը դասագիրքային օրինակ է այն երկրին, որ քաղաքացիական պատերազմի կը դիմէ։ Ժողովրդավարութեան հանդէպ հաւատքը կը մարի։ Կառոյցներու օրինականութիւնը կը նուազի։ ԱՄՆ երթալով կը դառնայ պետութիւն մը, ուր քաղաքացիները չեն փափաքիր պատկանիլ մէկ երկրի։ Ասոնք քաղաքական բռնութիւններու համար առկայ պայմաններ են։

«Ներկայիս ԱՄՆ ունի քանի մը նախապայման, որոնք «CIA»ը կ՚անուանէ «սպառնալիքներու բազմապատկիչներ». բնապահպանական ճգնաժամերը կը շարունակեն հարուածել երկիրը, տնտեսական անհաւասարութիւնը ամենաբարձր մակարդակի վրայ է երկրի հիմնադրութենէն ի վեր, եւ ժողովրդագրական փոփոխութիւնը կը նշանակէ, որ ԱՄՆ ընդամէնը սպիտակամորթ փոքրամասնութիւն ունեցող երկիր պիտի դառնայ։ Այս բոլոր գործօնները հակուած են նպաստել քաղաքացիական անկարգութիւններուն։

«Սակայն ԱՄՆ աւելի խոցելի է քաղաքական բռնութիւններու նկատմամբ, քան այլ երկիրներ՝ իր խարխուլ հաստատութիւններուն պատճառով։ Քառասուն տարի շարունակ վստահութիւնը ամենատարբեր հաստատութիւններու՝ եկեղեցիի, ոստիկանութեան, լրագրութեան, ակադեմիայի նկատմամբ՝ ազատ անկման մէջ է։ Քաղաքական գործիչներու նկատմամբ վստահութիւնը դժուար է աւելի ցած պատկերացնել։ Եւ վստահելու պատճառ չկայ։ Սահմանադրութիւնը, թէեւ անհերքելիօրէն հանճարեղ գործ էր, բայց 18-րդ դարու ստեղծագործութիւնն էր։ Անիկա պարզապէս չ՚արտացոլեր եւ չի կրնար արձագանգել 21-րդ դարու իրողութիւնները»։

Եւ վերջապէս Սանթա Պարպարայի, Գալիֆորնիա, համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու փրոֆեսէօր եւ «Անհաւատալի փոփոխութիւն. թէյի երեկոյթը եւ յետադիմական քաղաքականութիւնը Ամերիկայի մէջ» գիրքի հեղինակ Քրիստոֆըր Սեպաստիան Փարքըր նշած է. «Շատ սպիտակամորթներ անհրաժեշտ կը գտնեն կտրուկ միջոցներ ձեռնարկել՝ անոնց գերակայութիւնը պահպանելու համար։ ԱՄՆ գլխով-ոտքով ինկած է հերթական քաղաքացիական պատերազմին մէջ եւ հարցը այն է, թէ ե՞րբ, ո՛չ թէ եթէ»։ Ըստ քաղաքագէտին՝ նկատի առնելով ամերիկեան քաղաքականութեան մէջ ցեղի կեդրոնական դերը, ակնյայտ է, որ ազգայնականութիւնը կ՚արագացնէ շարժը դէպի անոկրատիա։

«Քանի որ շատ սպիտակամորթներ (հանրապետականներ) մտավախութիւն ունին, որ մինչեւ 2044 այլեւս ցեղային մեծամասնութիւն չեն ըլլար, անոնք կը զգան, որ անհրաժեշտ է կտրուկ քայլեր ձեռնարկել՝ իրենց գերակայութիւնը պահպանելու համար։ Ատիկա միայն գիտեն անոնք։ Այն տեղի ունեցած է 1860-ական թուականներուն, ի՞նչ բան կը խանգարէ, որ ներկայիս ալ տեղի չունենայ։

«Յաջորդ քաղաքացիական պատերազմը պիտի սկսի 2024-ի ընտրաշրջանէն ետք, երբ բռնութեան յաջորդ ալիքը, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի բռնկի։ Ինչպէս առաջին քաղաքացիական պատերազմին, երկու կողմերուն համար ալ չափազանց շատ բան կայ։ Այն ժամանակ, ինչպէս հիմա, սպառնալիքները գոյաբանական էին։ 19-րդ դարուն դեմոկրատները նորաստեղծ Հանրապետական կուսակցութիւնը սպառնալիք կը համարէին իրենց ապրելակերպին։ Հանրապետականներն ալ իրենց հերթին ստրկատիրութեան դատին հարաւային անզիջողութիւնը միութեան վտանգ կը նկատէին։

«Հանրապետականները, այսօր առաջնորդուելով «իրենց» երկիրը կորսնցնելու գոյաբանական սպառնալիքէն, կը շարունակեն յարձակիլ ժողովրդավարութեան վրայ՝ որպէս Ամերիկան «իսկական» ամերիկացիներուն վերապահելու միջոց։ Դեմոկրատները, միւս կողմէ, կը տեսնեն «մոգութիւն» (MAGA - Make America Great Again - քաղաքական կարգախօս, զոր հանրահռչակեց Տանըլտ Թրամփ)։ Հանրապետական կուսակցութիւնը գոյաբանական սպառնալիք է ազատական ժողովրդավարութեան համար»։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2022