ՀԱՇՈՒԵՅԱՐԴԱՐ
Տարի մը եւս գլորեցաւ, գնաց:
Տակաւին երէկ էր կարծես, երբ Պարոն Մկրտիչը զիս ուսերուն դրած՝ տարաւ իրենց տան բակը, ճիշդ մէջտեղը նստեցուց, ու դէմս դրաւ պղնձեայ հաւանը, որուն հետ զբաղիլ շատ կը սիրէի: Ան ամէն առիթը ներկայանալուն կու գար եւ նոյն ձեւով զիս կը տանէր իրենց բակը: Այդ հաւանին կոթը ձեռքս բռնած պարապ հաւանին կը զարնէի հա կը զարնէի, ան չէր ալ նեղանար ձայնէն. շէնքին պատուհաններէն գլուխները մէկիկ-մէկիկ դուրս կը ցցէին դրացիները, մինչ ես կը շարունակէի մանկական այդ զիս խանդավառող ձայնով զուարճանալ: Կ՚ուրախանայի, զիս լռեցնող չէր ըլլար, կը շարունակէի, մինչեւ որ զգայի այդ ծանր պղնձեայ կտորին պատճառած ցաւը մանր թեւիս վրայ, ու ձայնը հետզհետէ կը տկարանար, դանդաղ հպումները անուշ մեղեդի մը կը սփռէին, ասկէ ալ կ՚ախորժէի ու յոգնածութեան զգացումս կը յետաձգէի կրցածիս չափ: Վերջին հարուածներուն հետ նայ-ւածքս կը սեւեռէի դրացիներուն պատուհաններուն, անոնց գլուխները կամաց-կամաց ներս կը քաշուէին պատեանին մէջ քաշուող կրիային գլխուն նման:
Մանկական այդ ժպիտս շատ մեծ հաճոյք կը պատճառէր Պարոն Մկրտիչին, չեմ գիտեր ինչո՞ւ կ՚երջանկանայի, ի՞նչ կը զգայի, արդեօք ազատութեա՞ն զգացումն էր, որ կը պարուրէր մանկութիւնս, զրկուա՞ծ էի ինչու անկէ, թերեւս՝ այո, բազմանդամ ընտանիքի մէջ մեծերուն. «աս ըրէ, աս մի ըներ»ները զիս կը խրտչեցնէին կ՚երեւի...: Յոգնելէս ետք կը ձգէի հաւանը այդպէս բակին մէջտեղը ու ոստոստելով կը հասնէի տուն: Պարոն Մկրտիչ օր մը այս վիճակով նկարեց ալ զիս, ահա ձեռքս է այդ լուսանկարը, որ զիս տարաւ այսքա՜ն հեռուները:
Ահա, աս նկարին մէջ նախակրթարանի վկայականի տարազովս կեցած եմ: Կը յիշեմ հռչակաւոր նկարիչ՝ ՍԻՏՒԱն մեր դրացին էր: Երբ այդ օրը տեսաւ զիս աս տարազով՝ գրկեց ու իրենց տունը բարձրացուց. «Եկուր, քեզի մէկ հատ աս տարազով նկարեմ», ըսելով: Շատ ճաշակաւոր կահաւորուած էր անոնց տունը, երթալ, հոն նկարուիլ կ՚ուզէր մէկը: Հիւրասենեակի պատին շարուած էին իր զաւկին ու թոռներուն նկարները, բոլորը կլոր, գեղեցիկ շրջանակներով..., հարազատ ու անմոռանալի յուշեր:
Լուսանկարնե՜ր, լուսանկարնե՜ր, պատմութիւն մ՚են անոնք, հաշուեյարդար մը թերեւս, պեղում մը անցեալի արարքներուն, նուաճումներուն, յաջողութիւններուն, ձախողութիւններուն, ժպիտներուն, դառնութիւններուն: Երբեմն մոռացութեան մատնուած բան մ՚իսկ կը յիշեցնեն անոնք, խուլ գրգիռ մը կ՚արթնցնեն եւ վերապրումի ժպիտ մը կը գոյանայ դէմքիդ վրայ:
Լուսանկարներ: Վերակենդանացուցին անոնք ամբողջ անցած կեանք մը՝ մանկութիւն, պատանեկութիւն, ֆիլմի մը պէս շարժեցան ու պատմեցին ամէն ինչ, որ կը կարծէի մոռցուած են: Ահա հոս զաւակներուս առաջին թոթովանքին, առաջին առած քայլին նկարները, զորս միացուցած եմ ու՝ մանրամասնօրէն արձանագրած լուսանկարին ետին, կը յիշեմ նոյն ակնթարթի երջանկութիւնը, կը ժպտիմ, այլ կը խնդամ ու կը հրճուիմ, կարծես նորէն կը լսեմ ու կը տեսնեմ ձագուկներուս աս յառաջընթացը... է՜հ, օրեր, ամիսներ, տարիներ սահեցան, անցան:
Ահա հոս ալ անոնց վկայականաց նկարներն են, գլխարկները սրահին վերերն են, ու աշակերտները յաղթական ժպիտներով՝ մին կը դիտէ գլխարկին վեր ելլելը, միւսը՝ կեցած տեղէն հանդիսատեսներուն մէջ գտած է իր ծնողները ու ժպիտով կը փոխանցէ իր ապրումները, ուրիշ մը ձեռքի վկայականին ու գնահատագրին պարծանքով կը նայի, կարծես չի հաւատար աս նուաճումին, որ պարզապէս նախադուռ մըն է նորանոր մաքառումներու ու ապա՝ նորանոր նուաճումներու:
Այս լուսանկարը սակայն ամենամեծ խորհուրդը կը կրէ ինծի համար: Հինգ տարի առաջուան Կաղանդի տօնախմբութեան ընթացքին առնուած էր: Ի՜նչ խոստումներ, ի՜նչ մաղթանքներ, ի՜նչ փափաքներ, ծրագիրներ ու որոշումներ թեւածեցին այն օրուան մեր հաւաքական աղօթքին հետ առ Աստուած:
Իրականացա՞ն անոնք... փոխարէնը պատերազմին ահն ու դողը գլխիվայր շրջեց ամէն որոշում, ամէն, ամէն ինչ: Բաժանումը դռները թակեց ամէն ընտանիքի, կորուստներ տեղի ունեցան, անիմաստ, անմարդկային կորուստներ... ու մենութիւնն իշխեց ամէնուրեք, մենութիւն մը որ սկիզբ ունեցաւ, բայց վե՞րջ... սակայն ժամանակի սահանքին հետ ընտելացումն ալ եկաւ միանալու մենութեան, որ կարծես մեղմեց դառնութիւնն անոր ու դուռ մը բացաւ դէպի ինքնաքննում, դէպի ինքնաքննադատում ու աճում մը բերաւ կարծես, հասունութիւն մը, ինքնուրոյն յառաջանալու կամք մը հաճելի, ինչու չէ նաեւ գիտակցութիւն մը, գիտակցութիւն՝ գալիք կեանքի դառնութիւններուն, խոչընդոտներուն, ժպիտներուն ու արցունքին ու մաքառումի հզօր կամքը պատեց... եւ նորէն սկսան թեւածել որոշումներ ու մաղթանքներ՝ Բարձրեալին կամքին ու տնօրինումին հովանաւորութեամբ:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ