«ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐԷՆ ՄԻ՛ ԴԱՏԷՔ»

Օր մը հինգերորդ դասարանի ուսուցչուհին կանգնեցաւ եւ աշակերտներուն ըսաւ.

-Բոլորդ ալ կը սիրեմ (սակայն միտքին մէջ մէկ աշակերտէ մը կը զլանար այդ սէրը: Այդ աշակերտին անունը Թետի էր):

Այդ աշակերտին հագուստները շատ աղտոտ էին: Ուսման մակարդակը շատ ցած էր եւ ինք ինքնամփոփ էր: Իսկ իր վերաբերմունքը արդիւնք էր այն բանին, որ տեսած էր ամբողջ տարուան ընթացքին: Արդարեւ, Թետին միւս երեխաներուն հետ չէր խաղար, իր հագուստները միշտ կեղտոտ էին, միշտ կարիք ունէր լոգնալու եւ միշտ թախծոտ էր:

Ուսուցչուհին հաճոյք կը ստանար՝ երբ Թետիին թուղերը կարմիր մելանով կը սրբագրէր, որպէսզի X նշանը դնէր այդ թուղթերուն վրայ գրէր՝ ձախողած:

Օր մը, խնդրած են իրմէ, որպէսզի վերանայի իւրաքանչիւր աշակերտի նախորդ ուսումնական տարիներու արձանագրութիւնները: Մինչ ան կը կատարէր իրմէ խնդրուածը, ձեռքին մէջ կը յայտնուի Թետիին թղթածրարը. անոր զարմանքը մեծ էր յատուկ կէտի մը վրայ:

Առաջին դասարանի ուսուցիչը անոր մասին գրած էր.

-Թետին խելացի եւ տաղանդաւոր երեխայ մըն է, իր գործը բծախնդրութեամբ եւ կանոնաւորութեամբ կը կատարէ:

Երկրորդ դասարանին ուսուցիչը այսպէս գրած էր.

-Թետին աշխատասէր եւ սիրուած երեխայ մըն է իր դասընկերներուն կողմէ, սակայն նեղուած է իր մօր հիւանդութեան՝ քաղցկեղի պատճառով:

Երրորդ դասարանին ուսուցիչը գրած էր.

-Թետիին մօր մահը շա՜տ ծանր ազդեց իր վրայ: Մեծ ջանքեր թափեց, որպէսզի յաղթահարէ այդ հանգրուանը, սակայն իր հայրը ուշադրութիւն չդարձուց իրեն, ինչ բանի պատճառով այդ վիճակը պիտի ազդէ իր վրայ, եթէ որոշ քայլերու չդիմենք:

Իսկ չորրորդ դասարանին ուսուցիչը այսպէս գրած էր.

-Թետին ինքնամփոփ է, ուսման նկատմամբ փափաք չունի, դասընկերներ չունի եւ դասի ժամանակ կը քնանայ:

Այստեղ, ուսուցչուհին հասկցաւ իրադարձութիւնը եւ ինքն իրմէ ամչցաւ: Իր վիճակը աւելի ծանրացաւ, երբ աշակերտները նոր տարուան նուէրներ բերին իրեն՝ գեղեցիկ ժապաւէններով փաթթուած, բացի Թետիէն, որ իր նուէրը սովորական տոպրակի մը մէջ դրած էր: Ուսուցչուհին ցաւ զգաց, երբ կը բանար Թետիին նուէրը. միւս աշակերտները սկսան ծիծաղիլ երբ տեսան անոր նուէրը, որ վզակապ մըն էր՝ պակաս քարերով եւ անուշահոտի շիշ մը, որու մէջ հազիւ քառորդը լեցուն էր: Աշակերտները իրենց ծիծաղը դադրեցուցին սակայն, երբ իրենց ուսուցչուհին իր հաւանութիւնը յայտնեց ստացած նուէրին եւ ջերմեռանդութեան շնորհակալութիւն յայտնեց Թետիին, ապա վզակապը դրաւ եւ անուշահոտէն ալ իր վրայ ցանենց: Այդ օր Թետին դասերէն ետք անմիջապէս տուն չգնաց, այլ՝ սպասեց, որպէսզի հանդիպի ուսուցչուհիին: Երբ ուսուցչուհին եկաւ, Թետին ըսաւ անոր.

-Այսօր բոյրդ մօրս բոյրին նման է…

Երբ ուսուցչուհին այդ լսեց՝ բարձրաձայն սկսաւ լալ, որովհետեւ Թետին անոր բերած էր իր մօր գործածած անուշահոտը, որով իր ուսուցչուհիին մէջ իր մահացած մօր բոյրը գտաւ:

Այդ օրուընէ սկսեալ ուսուցչուհին սկսաւ յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացնել Թետիին: Վերջինիս միտքը սկսաւ կամաց-կամաց իր նախկին վիճակը ստանալ, իսկ տարեվերջին Թետին արդէն ամենէն լաւ սորվող աշակերտներէն մէկը դարձած էր: Օր մը ուսուցչուհին գրութիւն մը գտաւ իր դրան մօտ՝ Թետիին կողմէ, ուր գրուած էր, թէ ինք իր կեանքին ամենէն լաւ ուսուցչուհին էր՝ որուն հանդիպած է: Ուսուցչուհին այդ գրութեան պատասխանած է.

-Դո՛ւն սորվեցուցիր ինծի լաւ ուսուցչուհի ըլլալ:

Տարիներ ետք ուսուցչուհին զարմացաւ, երբ հրաւէր մը ստացաւ Բժշկական համալսարանէն՝ ներկայ գտնուելու այդ տարուան շրջանաւարտներու հանդէսին: Հրաւէրը ստորագրուած էր՝

Զաւակդ՝ Թետին:

Ուսուցչուհին ներկայ գտնուեցաւ այդ հանդէսին, իր վիզին կրելով Թետիին նուիրած վզակապը եւ իրմէ կը բուրէր այն անուշահոտը…

Գիտե՞ս ով էր Թետին:

Նշանաւոր բժիշկ մըն է, եւ Քաղցկեղի բուժման Սթուտարտ կեդրոնի տնօրէնն ու սեփականտէրը:

Արդեօք քանի՜-քանի՜ երեխաներու ապագան քանդուած է պայմաններու եւ վատ վերաբերմունքի պատճառով:

Քանի՞ աշակերտի անհատականութիւնը ոչնչացուցած ենք անգիտութեան եւ տգիտութեան պատճառով:

Թետի Սթուտարտի պատմութեան օրերս հանդիպեցայ դիմատետրի արաբերէն էջի մը վրայ: Երբ աւարտեցի կարդալը, միտքիս մէջ առաջին բանը որ եկաւ, մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի հետեւեալ խօսքն էր. «Երեւոյթներէն մի՛ դատէք, այլ արդար դատաստան կատարեցէք» (Յհ 7.24):

Արդարեւ, այսօր ինչքա՜ն տաղանդներ մարդկային անիրաւ, անտեղի եւ տգիտութեան կամ նախանձի պատճառ եղող դատողութիւններուն պատճառով կը գերեզմանուին տակաւին չծաղկած:

Մարդիկ, յաճախ երեւոյթներէն կը դատեն առանց փորձելու հասկնալ տուեալ խնդիրին, պարագային կամ հանգամանքին խորութիւնը կամ իսկութիւնը: Մենք յաճախ մարդուն արտաքինին նայելով կարծիք կը կազմենք եւ ըստ այդ կարծիքին ենթադրութիւններ եւ դատողութիւններ կը կատարենք, որով պատճառ կը դառնանք տուեալ մարդուն կամ մարդոց դժբախտութեան, ձախողութեան եւ շատ յաճախ զանոնք կ՚առաջնորդենք մեղքի եւ յուսահատութեան աշխարհ:

Տէր Յիսուսի խօսքը յստակ է. «Երեւոյթներէն մի՛ դատէք, այլ արդար դատաստան կատարեցէք». մենք ի՞նչ կ՚ընենք, ինչպէ՞ս կը վարուինք: Արդեօք կը գործադրե՞նք մեր Տիրոջ թելադրութիւնը, թէ՞ մեր անձին կամ մեծաւորներուն հաճոյք պատճառելու համար ամէն ինչ իրար կը խառնենք, սպիտակը սեւ, մեծը փոքր, կարմիրը կապոյտ կը ներկայացնենք, որպէսզի շահինք մեր մեծաւորին «վստահութիւն»ն ու «հաճութիւն»ը: Կը մոռնանք սակայն, որ աշխարհիկ մեր մեծաւորներուն «վստահութիւն»ն ու «հաճութիւն»ը շահելով, առ յաւէտ կը կորսնցնենք մեր Երկնաւոր Մեծաւորին վստահութիւնը, հաճութիւնն ու Հայրութիւնը: Հետեւաբար, արժէ՞ ժամանակաւոր, անցաւոր «վստահութեան» եւ «հաճութեան» համար կորսնցնել հաւիտենական երանութիւնը, հաճութիւնն ու մեր Երկնաւոր Հօր յաւիտենական ներկայութիւնը:

Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին Տէր Յիսուսի վերը մէջբերուած խօսքը այսպէս կը մեկնէ.

«Խօսք. «Երեւոյթներէն մի՛ դատէք, այլ՝ արդար դատաստան կատարեցէք» (Յհ 7.24):

Մեկնութիւն. Առաջին՝ ի դէմս հրեաներուն եւ Ինքնիրեն կ՚ըսէ, չորս կերպով. նախ՝ մի՛ դատէք ըստ ձեր ատելութեան, այլ՝ ըստ իրին ճշմարտութեան, ու այդ ատեն կը գիտնաք, թէ Իմ վարդապետութիւնս Աստուծմէ է: Երկրորդ՝ մի՛ դատէք ըստ երեսներուն, այսինքն՝ ըստ արտաքին երեւումին կամ ըստ օրէնքներու մակերեւոյթ տեսութեամբ, այլ՝ քննեցէք օրէնքներուն ներքին ճշմարտութիւնը եւ ուղիղ դիտաւորութիւնը, ու այդ ատեն գիտցէք, թէ՛ օրէնքները անդրանցնող չեմ: Երրորդ՝ ակնառութեամբ մի՛ դատէք եւ Մովսէսին իրաւունք տաք, քանի որ ան թլփատութեան միջոցով Շաբաթը լուծեց, ապա ան ա՛լ աւելի մեղադրելի է, եւ ոչ՝ Ես: Չորրորդ՝ թիւր կերպով մի դատէք, որովհետեւ Մովսէս հաճեցաւ ուրիշներուն օրէնքները իր օրէնքէն գեր ի վեր կատարել, եւ դուք՝ օրէնքներուն հետեւողներդ հաճեցէք նոյնը ընել:

Դարձեալ՝ ի դէմս բոլորին կ՚ըսէ. նախ՝ երեւոյթներէն մի՛ դատէք, այսինքն՝ որ մարմինը կը տեսնէ, իսկ հոգիդ՝ ոչ, մարմինը միայն մի՛ սիրէք, իսկ հոգին՝ ատէք: Երկրորդ՝ ի դէմս քրիստոնեաներուն՝ միայն դուն քեզ չսիրել եւ ընկերը ատել, որովհետեւ՝ «ընկերդ քու անձիդ պէս պիտի սիրես» (հմմտ. Մտ 19.19, 22.39: Մր 12.31), կ՚ըսէ Օրէնքը, ու Քրիստոս թշնամին սիրել կը հրամայէ (հմմտ. Մտ 5.43): Երրորդ՝ ի դէմս դատաւորներուն, թիւր կերպով մի դատէք երկու դատախազի մօտ, եւ սուտն ու ճշմարիտը մի՛ փոփոխէք, այլ՝ ճշմարտութեամբ դատելով ճշմարիտը ճշմարտեցէք, իսկ սուտը՝ ստեցէք, քանի որ չորս բանով կը սխալի դատաստանը, ինչպէս նախապէս ըսուեցաւ, այսինքն՝ տգիտութեամբ, ակնառութեամբ, երկիւղով եւ կաշառքով»:

Արդարեւ, որպէս քրիստոնեաներ եւ ընդհանրապէս որպէս մարդիկ յետ այսու ջանանք ո՛չ թէ տգիտութեամբ, ակնառութեամբ, երկիւղով եւ կաշառքով դատաստան կատարենք, այլ՝ արդարութեամբ, Աստուածվախութեամբ եւ մարդասիրութեամբ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

21 դեկտեմբեր 2021, Վաղարշապատ 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2021