Երփներանգ Բանաստեղծութիւններ
Յիշողութիւնը արուեստագէտին սերմն է:
ԱՐՇԻԼ ԿՈՐՔԻ
Գեղանկարչական բանաստեղծականութիւնը կ՚առընչուի աւելի գուներանգներու ու կերպերու, քան՝ բովանդակութեան հետ: Երաժշտականութիւնը, առանց գուներանգներու կշռոյթին, դժուար թէ կարողանայ բացայայտել կտաւի բանաստեղծական հէնքը: Իսկ երփներանգ բանաստեղծականութիւնը, առանց գունածին լոյսի, կը դառնայ ինքնանպատակ ու կը մնայ լուսանցքի վրայ:
Միաժամանակ թէ՛ երաժշտական եւ թէ՛ բանաստեղծական լուսերանգներով օժտուած են Էմմա Գրիգորեանին ստեղծագործութիւնները, որոնք իբրեւ յիշողութեան սերմեր՝ կը բացուին մեր ժամանակներու սրընթաց կեանքի ընթացքին:
Ան ծնած է 1943-ին, Կիւմրի, աւանդապահ ընտանեկան յարկի տակ: Տան բարենպաստ մթնոլորտն ու միջավայրը իր մէջ կը զարգացնեն գեղեցիկի զգացողութիւնն ու անոր հանդէպ սէրը, տոգորուած՝ մարդկայնական արժանիքներով: 1967-ին կը սկսի ցուցադրուիլ, իսկ երկու տարի ետք կ՚աւարտէ Երեւանի Գեղարուեստաթատերական հիմնարկը՝ արժանանալով ջերմ հետաքրքրութեան ու գնահատանքի:
Էմմա Գրիգորեան, գունանկարչութեան զուգահեռ, է՛ նաեւ գիծի վարպետ մը: Գիծի արտայայտչականութեան հիմքի վրայ կառուցուած անոր երփնագրերը յաճախ օժտուած են նաեւ բանաստեղծական լուսերանգներով, որոնք մտածուած ծրագրաւորումի մը հետեւանք չեն, այլ՝ ինքնաբուխ ու տարերային թելադրականութեան մը արդիւնք: Ի վերջոյ Բագրատին քոյրն է ան, որուն խորհուրդներն ու թելադրանքները իրենց շինիչ դերը կատարած են Էմմայի կազմաւորման մէջ:
Եթէ հետեւինք Էմմայի ստեղծագործական կեանքի հոլովոյթին, պիտի նշմարենք, որ ան սկսած է դասականութեամբ ու անցնելէ ետք յետտպաւորապաշտութեան եւ «ֆովիզմ»ի բովերէն, հասած է կիսավերացականութեան ոլորտները: Թէեւ երբեմն կը փորձէ մտնել վերացականութեան դաշտ, սակայն, առանց յապաղելու հոն, «կը նահանջէ» դէպի կիսավերացականութիւն, ուր ինքզինք աւելի հանգիստ ու ապահով կը զգայ կարծէք:
Անոր բնանկարները գրաւականն են գեղեցիկի որոնումներուն, ուր կենդանական աշխարհը, գեղջկական կառոյցներն ու ինքը՝ մարդը կը միաձուլուին իրարու՝ առանց աղաւաղելու բնութեան կուսականութիւնն ու մարդու մարդկային կերտուածքը: Կարգ մը կտաւներու պարագային ամէն ինչ խաղաղ, հանդարտ ու գեղեցիկ կը թուի, գրեթէ չկան շեշտուած տառապալից պահեր եւ կամ տագ-նապալից գոյատեւման պայքարներ: Կեանքի «գաւառական» մաքրութիւնն ու բնութեան հմայքը լաւապէս դրսեւորուած են որոշ բնանկարներու մէջ, ինչպէս՝ «Իմ գիւղը», «Յուշեր», «Զրոյց», «Ճամբորդութեան մը ազդանշանը» եւ այլն: Կան ուրիշ գործեր, որոնք սակայն անհանդարտ ու տագնապալից վիճակ մը կը պարզեն, ինչպէս՝ «Բանաստեղծի աշխարհը», «Հրաշալի եռեակը» եւ կամ՝ «Իմ երկիրը»:
Իբրեւ բնանկարիչ՝ սարեանական բնանը-կարչութեան շառաւիղներէն է ան, այնպէս, ինչպէս՝ Մինաս Աւետիսեանը, Բագրատ Գրիգորեանը, Աշոտ Յովհաննիսեանը եւ կամ Սէյրան Խաթլամաճեանը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կերտեց հայրենի իր բնաշխարհը: Էմման եւս կը պատկանի նոյն շարքին՝ միաժամանակ տարբերուելով անոնցմէ՝ յատկապէս իր գիծի արտայայտչականութեամբ:
Գիծի արտայայտչականութիւնը առկայ է նաեւ իր դիմանկարներուն մէջ, որոնք մեծ մասամբ կիներ են: Անոնցմէ շատեր ինքնանը-կարի բնոյթ ունին ու կը դրսեւորեն գեղանը-կարիչի ներաշխարհին տարբեր վիճակներն ու տրամադրութիւնները: Հոգեկան ամրութիւն, յոյս, վճռակամութիւն ու նոյնիսկ կենսասիրութիւն արտայայտող անոր կին կերպարներուն մէջ կը նշմարուին թախծոտ տուայտանքն ու անորոշութեան զգացողութիւնը… ապագայի նկատմամբ: Այս զգացողութիւնները առկայ են նաեւ իր «Երեք սերունդ» ստեղծագործութեան մէջ: Նոյն բովանդակութեամբ գործ մը ունի Մարտիրոս Սարեան, ուր պատկերուած են երիտասարդ, հասուն տարիքի եւ տարիքոտ Սարեանները: Իսկ հոս պատկերուած են մանուկը, պարմանուհին ու երիտասարդը, որոնք թէեւ իրարու հետ ներդաշնակուած նոյն կերպարի կեանքի տարբեր փուլերը կը դրսեւորեն, սակայն բոլորն ալ կ՚արտայայտեն տուայտանքի ոլորապտոյտի մէջ բռնուած թախծալից ու մտահոգ վիճակներ: Գրեթէ նոյն տրամադրութիւնները կը դրսեւորեն նաեւ անոր կարգ մը այլ տիպարները, ինչպէս՝ «Մայրութիւններ»ն ու նոյնի՛սկ «Պարուհիները»:
Այս բոլորէն վեր, սակայն, Էմմային ար-ւեստի պսակն ու տարերքը կը կազմեն այս կերպարները (ինչպէս՝ «Յաղթանակ», «Խաչելութիւն», «Ներկայացում», «Կերպարանափոխութիւն» եւ այլն): Անոնք պատկերուած են կեդրոնախոյս վրձնահարուածներով ու կրակի երանգներով, որոնք հրդեհուած ներաշխարհի մը պատրանքը կը դրսեւորեն: Իսկ եթէ պիտի առանձնացնենք ստեղծագործութիւն մը՝ իբրեւ առանձին երեւոյթ, այդ մէկը «Աղջնակ»ն է: Այս գործը Էմմայի արուեստը կը հասցնէ ուրոյն բիւրեղացման, ուր սեւ խորապատկերի վրայ ինքնամուղ (automatism) կերպով վրձինուածները ունին բացառիկ հնչեղութիւն ու ներազդեցիկ արտայայտչականութիւն:
Հակառակ անոր որ Էմմա Գրիգորեան երկու տասնամեակէ աւելի կ՚ապրի եւ կը ստեղծագործէ Նիւ Եորքի նման հսկայ ու կեանքով յագեցած քաղաքի մը մէջ, սակայն անոր արուեստը գրեթէ ազդուած չէ ամերիկեան զարտուղի ուղղութիւններէն եւ ոչ ալ՝ կուտակ-ւած երկնաքերներու յարափոփոխ ճոխութիւններէն:
Արշիլ Կորքի Ադոյեանը կ՚ըսէ. «Յիշողութիւնը արուեստագէտին սերմն է»: Էմմայի պարագային եւս յիշողութիւնը կը կատարէ սերմի դեր: Ան կ՚ապրի անցեալով եւ կը ստեղծագործէ ներկայի մէջ՝ համաձայն իր յիշողութիւններու ներքին ձայնի թելադրականութեան: Շարք մը կտաւներ ուղղակի արձագանգներն են իր յիշողութիւններուն, ինչպէս՝ «Յուշեր», «Գինեձօն», «Զրոյց», «Հրաշալի եռեակ», «Մեղեդի» եւ այլն:
Արեւելեան բորբ արեւի լուսերանգներով օժտուած անոր ստեղծագործութիւնները ցուցանիշ են իր անհատականութեան ու չմիջնորդուած յիշողութիւններու կենսունակութեան: Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ անոր իւրաքանչիւր գործ երփներանգ բանաստեղծութեան մը տպաւորութիւնը կու տայ մեզի:
ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
(Յապաւուած)
«Ազդակ», Պէյրութ