ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

ՀՈԳԵՃԱ՞Շ, ԹԷ ԿԵՐՈՒԽՈՒՄ…

Դարձեալ վերյիշումներով պիտի երթամ դէպի Սուրիոյ հայահոծ Հալէպ քաղաքը, որու ընկերային կեանքի սովորութիւնները վերաքաղ ընելով պիտի բաղդատեմ զանոնք՝ այժմու լոսանճելըսահայ ընկերային կեանքի սովորութեանց, որոնք դժբախտաբար չափազանցեալ ձեւ եւ նկարագիր առած են։

Տուներէ հեռու, երբ մէկը մահանար, թաղումէն ետք կը հաւաքուէին հանգուցեալի տունը եւ սուրճով մը հիւրասիրուելէ ետք՝ իրենց ցաւակցութիւնները կը յայտնէին մահացողի հարազատներուն եւ կը մեկնէին տուն։ Պարզ եւ համեստ սովորութիւն մըն էր այդ։

Բայց ոմանք՝ որոնք նիւթապէս բարեկեցիկ էին, գառնուկ մը կը մորթէին եւ եփելէ ետք՝ որպէս մատաղ կը տանէին զայն Ազգային ծերանոց, հանգուցեալի յիշատակի օրհնութեան համար։ Այս ալ ընդունելի եւ օգտաշատ սովորութիւն մըն էր։

Իսկ հոս, պատկերը բոլորովին յեղաշրջուած է։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։ Եկեղեցական կարգէն եւ թաղման արարողութենէն ետք՝ անպայմանօրէն տեղի կ՚ունենայ հոգեճաշ, գեղազարդ ճաշարանի մը մէջ։ Հոն՝ ախորժաբեր ուտեստեղէններով եւ համադամ ճաշերով զարդարուած սեղաններու շուրջ կը հաւաքուին 200-է աւելի «սգաւոր»ներ, որոնց համար աւելի կարեւոր է կերակուրին որակն ու քանակը, քան հանգուցեալի հարազատներուն հոգեկան կամ առողջական իրավիճակը... Հիմա եկուր եւ դիմացիր… Արդեօք աւելի յարմար չէ՞ ճաշարանին տրուած գումարները՝ բարեսիրական հաստատութեան մը նուիրելը, որոնց թիւը բաւական շատ է մեր գաղութին մէջ։ Աւելին՝ ինչո՞ւ հսկայական գումարներ տրամադրել ծաղկեպսակներու, երբ այդ ալ կրնայ նպատակադրուիլ ազգային մեր բազմաթիւ կարիքաւոր կազմակերպութիւններուն։ Եղածը առաջնահերթութեան հարց է լոկ։ Թերեւս հանգուցեալի հարազատներուն եսն է, որ պիտի փառաբանուի, երբ ճաշարանի մը մէջ ճաշ սպասարկուի անոնց բոլոր ծանօթներուն թէ անծանօթներուն, չէ՞ք խորհիր։

Դժբախտաբար նոյն յանկերգը կը շարունակուի, քառասունքի հոգեհանգստեան պաշտօնի կատարման արարողութենէն ետք ալ…

ԾՆՆԴԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁՆԵՐՈՒ ԱՂԱՒԱՂՈՒՄ…

Շատ կը ներէք, բայց նորէն պիտի վերադառնամ Հալէպ եւ դարձեալ պիտի ներկայացնեմ ձեզի բաղդատական մը, սակայն այս անգամ տարեդարձներու տօնակատարութեանց հարցով։

Ուրեմն, Հալէպի մէջ, տարեդարձներու տօնակատարութիւնները տեղի կ՚ունե- նային երեխաներու համար։ Անոնք կ՚ըլլային պարզ եւ ընտանիքի անմիջական պարագաներու ներկայութեամբ, ընտանեկան յարկին տակ։ Եղած-չեղածը կարկանդակ մըն էր, երեխային տարիքը բնութագրող մոմերով զարդարուած եւ վերջ…

Իսկ հոս, ոչ միայն երեխաներուն համար կը տօնուի ծննդեան տարեդարձը, այլ մեծահասակներու համար ալ եւ այդ ալ՝ շքեղ ճաշարաններու մէջ։ Եղբա՛յր, ի՞նչ պէտք կայ մարդու մը 80-ամեակը տօնախմբելու եւ կամ ծերուկ մեծ մօր 90-ամեակը տօնախմբելու։ Զարմանալի չէ՞, երբ մարդիկ իրենց տարիքը յայտնաբերելու դժուարութիւն կ՚ունենային միջինարեւելեան երկիրներուն մէջ, իսկ հոս՝ ոչ թէ միայն հպարտութեամբ կը բացայայտեն իրենց տարիքը, այլեւ հանդիսութեամբ կը տօնախմբեն այդ տարեդարձը՝ հոծ բազմութեան մը ներկայութեան եւ շքեղ ճաշարաններու մէջ։

Չեմ գիտեր ինչո՞ւ տեղի ունեցաւ այս յեղաշրջումը։ Հաւանաբար մէկը սկսաւ եւ անմիջապէս ուրիշներ ոչ թէ միայն սկսան կապկել եղածը՝ այլեւ գերազանցել զայն, աւելի փարթամ եւ ճոխ տօնակատարութիւններով։

Անշուշտ երբ հրաւիրուիս տարեդարձի տօնակատարութեան մը, յարկ է որ պատշաճ նուէրով մը ներկայանաս։ Հոս սակայն նուէրի ընտրութիւնը կ՚ըլլայ դժուար եւ յաճախ անյարմար նուէր մը կ՚ընտրես, որովհետեւ անտեղեակ ես ենթակային նախընտրութեանց…

Ահաւասիկ իմ լուծումս՝ վերոյիշեալ դժուար կացութեան մը մատնուելու անելէն դուրս գալու։ Ենթական պէտք է նուէրի փոխարէն՝ նիւթական օժանդակութիւն մը խնդրէ, տրամադրելի հայկական բարեսիրական կազմակերպութեան մը եւ վերջ։

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Նոր Օր», Լոս Անճելըս

Երկուշաբթի, Փետրուար 3, 2020