ՊԱՐՍԿԱՍՏԱՆԻ ԳԵՂԵՑԿՈՒՀԻ ԱՐՔԱՅԱԴՈՒՍՏՐԵՐԸ

Գեղեցկութիւնը բան մըն է, որ իւրաքանչիւր կին կը փափաքի ունենալ. ոմանք, նոյնիսկ, վիրահատութեան կը դիմեն՝ գրաւիչ եւ հմայիչ տեսք ունենալու համար: Գեղեցկութեան չափանիշը տարբեր է տարբեր մարդոց համար: Ոմանք կը համարեն, թէ կինը գեղեցիկ է, եթէ ան ունի լեցուն մարմին, իսկ ոմանց համար՝ նիհար եւ բարակ մարմինով կինը նախընտրելի է: Ամբողջ աշխարհի տարածքին գեղեցկութեան սահմանումն ու չափանիշները մշտապէս կը զարգանան եւ միշտ փոփոխութեան կ՚ենթարկուին՝ ժամանակի փոփոխութիւններուն զուգահեռաբար:

Այս աշխարհին վրայ աւելի քան 7.8 պիլլիոն (երկիլիոն) մարդ կ՚ապրի, եւ իւրաքանչիւր երկիր ունի գեղեցիկի իր չափանիշը:

Եթէ ձեզի հարց տան, թէ ո՞րն է կնոջ իրական գեղեցկութիւնը... դժուար թէ պատասխանէք՝ պեխերն ու թաւ՝ այր մարդուն վայել յօնքերը: Իսկ, ահա, ժամանակին գոյութիւն ունէին երկու արքայադուստրեր, որոնք փոխեցին գեղեցիկի սահմանումը: Անոնք ինքզինքնին սովամահ չէին ըներ եւ ունէին պեխեր ու արտակարգ թաւ յօնքեր:

Այսօր պիտի ծանօթանանք երկու կիներու հետ, որոնք վերը ըսուածին կատարեալ օրինակներն են:

Արքայադուստր Ֆաթեմէհ Խանում Էսմաթ ալ-Տաուլեհ (1855/6-1905): Գրուած է. «Նասր ալ-Տին Շահ Քաճարի դուստր Էսմաթ Տաուլեհ, Տաստ Մուհամմատ խան Մուայէյր ալ-Մամլիկի կինը», եւ թուագ-րըւած է՝ 19-րդ դարու կէսեր / վերջ:

Յաջորդը՝ «Արքայադուստր Զահրա Խանում կամ՝ Թաճ ալ-Սալթանէհ (1883-1936): Նասր ալ-Տին Շահ Քաճարի 12-րդ դուստրը եւ Էսմաթի խորթ քոյրը»:

Նախ քանի մը խօսք արքայադուստրերու հայրիկի մասին: Նասր ալ-Տին Շահ Քաճարը Պարսկաստանի թագաւորն էր. երրորդ ամենաերկար եւ ամենահզօր կառավարիչներէն մէկը, որ ղեկավարեց երկիրը 48 տարի՝ 1848-1896 թթ.: Թէեւ ան թագաւոր էր, սակայն յարգուած չէր տեղւոյն ցեղային եւ կրօնական առաջնորդներու կողմէն, որոնք անոր սահմանած կանոններուն եւ օրէնքներուն չէին հնազանդիր: Ան պարսիկ առաջին ժամանակակից միապետն էր, որ պաշտօնապէս Եւրոպա այցելեց 1873, 1879 եւ 1889 թուականներուն: Ան շատ խելամիտ եւ զարգացած անձնաւորութիւն մըն էր: Տաղանդաւոր նկարիչ եւ գրող, հետաքրքրուած էր պատմութեամբ եւ աշխարհագրութեամբ:

Նասր ալ-Տին թագաւորը փորձեց փոխել կանանց գեղեցկութեան կարծրատիպերը: Ան համոզուած էր, որ կանայք գեղեցիկ եւ գրաւիչ տեսք ունենալու համար պարտադիր չէ բարակ կազմուածք, հարթ մաշկ եւ գունատ տեսք ունենան: Թագաւորը շատ կը սիրէր գեղեցիկ կիները. ան այդ ժամանակ ամենամեծ հարեմը ունէր. հարեմի մէկ այլ տեսակ՝ պեխեր կամ դէմքին մազեր ունեցող 100 կիներէ բաղկացած: 

Արդեօք ատիկա աւանդո՞յթ էր, թէ՞ պարզապէս Նասր թագաւորին նախասիրութիւնը: Ինչեւէ՝ իւրաքանչիւր մարդ գեղեցիկի մասին իր ճաշակը ունի:

Թագաւորն ունէր նաեւ անմիջականօրէն հարեմի պատմութեանն առընչուող մէկ այլ չափազանց մեծ հետաքրքրութիւն՝ լուսանկարչութիւնը: Անգլիա կատարած այցերու ընթացքին ան առիթը ունեցաւ մանրամասն ծանօթանալու եւ հասկնալու լուսանկարչական գործընթացը: Ապա հարկ համարեց, որ լուսանկարչութիւնը տարածում ստանայ իր հայրենիքին մէջ եւ հիմնեց առաջին լուսանկարչական արուեստանոցը Պարսկաստանի մէջ, որ կը գտնուէր Կոլեստան պալատէն ներս:

Նկարներէն քանի մը հատին մէջ կիները պալէի պարուհիի նմանող հագուստներ հագած են, ինչ որ պէտք է անսովոր ըլլար պարսկական սովորոյթներուն. սակայն ատիկա իր բացատրութիւնն ունի:

1873-ին Նասր թագաւորը այցելեց Սեն Փեթերսպուրկ, եւ Ալեքսանդր Բ.-ի հրաւէրով ներկայ գտնուեցաւ պալէի ներկայացման, որ մեծ տպաւորութիւն ձգեց իր վրայ: Տուն վերադառնալով, ան պալէի գոյութեան մասին տեղեկացուց իր հարեմին եւ ուզեց, որ կիներէն ոմանք կրեն պալէին յարմարեցուած հագուստներ:

Բոլոր պատկերները թագաւորը կը պահէր մասնաւոր ալպոմներու մէջ, որոնք մինչեւ այժմ կը գտնուին թանգարանի վերածուած Կոլեստանի պալատին մէջ:

Անտեսելով իր ժողովուրդի դժգոհութիւնը, ան միեւնոյն ատեն կարգ մը խոշոր բարեփոխումներ կատարեց, ինչպիսիք են՝ ճանապարհներ, հեռագրային եւ նամակատնային ծառայութիւններ կառուցելը եւ զինուած ուժերու քանակի յաւելումը:

Նասր ալ-Տին Շահը սպաննուեցաւ Շահ Ապտըլ-Ազիմի սրբավայրին մէջ՝ աղօթելու պահուն:

Վերադառնանք արքայադուստրերու պատմութեան. պատմութիւն, որուն հիմքը կը կազմէ երկու պարսիկ արքայադուստրերու պատմութիւնը, որոնք կը մերժէին իրենց ժամանակի՝ կանանց համար սահմանուած անընդունելի չափանիշները:

Արքայադուստր Ֆաթեմէհ Խանում Էսմաթ ալ-Տաուլէն Պարսկաստանի Նասր ալ-Տին Քաճար թագաւորի եւ անոր կիներէն մէկու՝ Թաճ ալ-Տաուլէի դուստրն էր:

Անոր գեղեցկութիւնն, անշուշտ, չի համապատասխաներ այսօրուան գեղեցկութեան չափանիշներուն, սակայն Էսմաթը՝ իր ժամանակի համար բացառութիւն չէր: Կը պարզուի, որ այդ ժամանակաշրջանին Պարսկաստանի մէջ գեղեցիկ կը համարուէին պեխերով կիները: Այդ մասին կը տեղեկանանք Հարվըրտի համալսարանի Դոկտոր Նաճմապատիի գիրքէն՝ «Պեխերով կիներ եւ անմօրուք այրեր. Սեռային եւ իրանական արդի սեռական անհանգստութիւններ» (Women with Mustaches and Men without Beards: Gender and Sexual Anxieties of Iranian Modernity):

Էսմաթին անանուն ձգելով՝ միայն ընդհանուր կոչած են՝ «Արքայադուստր Քաճար»: Արքայադուստր Ֆաթեմէհը Քաճար տոհմի ամենաազդեցիկ եւ զօրաւոր կիներէն մէկն էր: Ան Նասր թագաւորի հարեմի ամենաշատ լուսանկարուած կիներէն էր, եւ իր լուսանկարներու մեծ մասը կատարուած է իր իսկ ամուսնոյն ձեռքով:

Որպէս Նասր ալ-Տին Շահ Քաճարի երկրորդ դուստր՝ Էսմաթին հայրը կը վստահէր եւ անոր յանձարարած էր արտասահմանցի կին հիւրերը արքունի մէջ ընդունելու պարտականութիւնը: Էսմաթը անչափ համարձակ կին էր, եւ չհնազանդելով տիրող աւանդոյթին, սորվեցաւ դաշնակ նուագել եւ լուսանկարել ու իր տունին մէջ իր անձնական սթուտիոն հիմնեց: Էսմաթը իրաւասու եւ բաւականին գործունեայ կին էր:

Արուեստի պատմաբան, դոկտոր Սթէյսի Շէյվիլէրը կը պնդէ, որ Նասր ալ-Տին Շահ Քաճարի հարեմի կանանց լուսանկարները ապացոյցն են Պարսկասատանի մէջ այդ ժամանակաշրջանին կանանց յեղափոխական գիտակցութեան զարգացման եւ Էսմաթի լուսանկարները ընկերային եւ մշակութային յեղափոխութեան կեդրոնն ու առաջնագիծը կը կազմեն:

Մինչ արքայադուստր Էսմաթը մարտահրաւէր կը նետէր աւանդոյթներուն եւ կ՚ազդէր իր հօրը վրայ՝ որոշումներ կայացնելու ուղղութեամբ, Քաճար տոհմի մէկ այլ արքայադուստր հիմնովին կը փոխէր պարսիկ կանանց պատմութիւնը: Եւ ատիկա Քաճար տոհմի միւս իշխանուհին էր, որ թիւրիմացաբար նոյնացուած է առաջինին հետ՝ նոյն «Արքայադուստր Քաճար» անուանման պատճառով:

Արքայադուստր Զահրա Խանում Թաճ Սալթանէհ կամ Թաճ ալ-Սալաթանէհը ծնած է 1883-ի 25 յունուարին: Քաճար արքայական ցեղի յուշագրողը՝ Նասր ալ-Տին Շահի 12-րդ դուստրը (մայրը՝ Թուրան ալ-Սալթանէհ) եւ Էսմաթի խորթ քոյրը:

Իր ժամանակի գեղեցկութեան եւ կատարելութեան խորհրդանիշը կը համարուէր Թաճ Սալթանէհը:

Անշուշտ, դիտելով արքայադստեր պատկերները եւ համեմատելով ժամանակակից գեղեցկուհիներու հետ, զարմանալ կարելի է, թէ ինչո՞ւ ան գեղեցկութեան խորհրդանիշ ընդունուած է՝ իր իւրօրինակ թաւ յօնքերով, այր մարդու պեխերով եւ բաւականին կլորիկ մարմինով:

Սակայն ա՛լ աւելի զարմանալի է, որ այս կինն իր կեանքի ընթացքին աւելի քան 100 սիրեկան ունեցած է, եւ բարձր ազնուական տոհմերէն՝ 145 թեկնածու-փեսացուներ: Եւ ամենէն զարմանալին այն է, որ այդ թեկնածուներէն 13-ը անձնասպան եղած են, երբ արքայադուստրը մերժած է անոնց ամուսնութեան առաջարկը:

Սակայն անոր ձեռք բերած յաջողութիւնները արդիւնք չէին գեղեցկութեան հաստատուն չափանիշներէն հեռու ըլլալուն: Ան եւ իր քոյրը արժանիքներ ունեցող կանայք էին:

Նշենք, որ Թաճն իր քրոջմէ շատ աւելի համարձակ եւ գործունեայ էր. այնպիսի բաներ կ՚ընէր, որոնց մասին ոչ մէկ կին կը համարձակէր մտածել անգամ: Արքայադուստրը կ՚աջակցէր Պարսկաստանի մշակութային եւ սահմանադրական յեղափո-խութեանը: Ան կը պայքարէր կանանց իրաւունքներու համար եւ, այժմ կը համարուի իսլամական աշխարհի կանանց իրաւունքներու առաջին ջատագովը:

Ան եղած է «Իրանի թաքուն կանանց իրաւունքներ» խումբի կամ Anjoman Horriyyat Nsevan՝ «Կանանց ազատութեան խմբակցութիւն»ի հիմնադիր անդամներէն մէկը, 1910 թուականին: Ան գաղտնի կը կազմակերպէր եւ կը յաճախէր կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան թաքուն հաւաքներուն՝ իր երեխաներուն եւ թոռներուն ըսելով, թէ կ՚երթայ կրօնական նստաշրջաններու մասնակցելու:

Սալթանէհը նաեւ գրող էր, շատ լաւ նկարիչ, մտաւորական (եղած է իր ժամանակի առաջին պարսիկ կին բանաստեղծուհին) եւ գործունեայ, որ շաբաթը մէկ անգամ իր տունին մէջ գրական հանդիպումներ կը կազմակերպէր: Ան կը տիրապետէր նաեւ արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներուն եւ ջութակ կը նուագէր:

Սալթանէհը արքունի առաջին կինն էր, որ հանեց հիճապը (hijab) եւ արեւմտեան հագուստ հագուեցաւ: Նաեւ առաջինը, որ յուշագրեր գրեց եւ քննադատեց Իրանի բազմաթիւ հիմնախնդիրներ, ինչպէս օրինակ՝ աղքատութիւնը, զանգուածային կրթութեան եւ կրթութեան ընդհանուր ոլորտի անբաւարարութիւնը եւ այլն: Ան դարձաւ իր ժամանակի առաջին լուսաւոր եւ առաջադէմ պարսկուհիներէն մէկը, առաջ անցնելով իր ապրած ժամանակաշրջանէն:

Արքայադուստրն ամուսնացած էր Սարդար Ամիր Հուսէյն Խան Շոճա ալ-Սալթանէհի՝ ազնուատոհմ եւ պաշտպանութեան նախարար Շոջահ ալ-Սալթանէհի որդւոյն հետ: Անոնք չորս երեխայ ունէին՝ երկու դուստր եւ երկու որդի, սակայն տարիներ անց Թաճը ամուսնալուծուեցաւ՝ կոտրելով բոլոր կարծրատիպերը եւ դառնալով թագաւորական ընտանիքի առաջին կիներէն մէկը, որ ամուսնալուծուեցաւ: Այդ տարիներուն ամուսնալուծութիւնը ամօթալի եւ անընդունելի կը համարուէր պարսկական հասարակութեան մէջ:

Աւելի ուշ Սալթանէհը դարձաւ պարսիկ բանաստեղծ Արէֆ Քազվինիի մուսան, որ իր համար գրեց «Էյ Թաճ» բանաստեղծութիւնը:

Յետագայ տարիներուն ան իր կեանքը նուիրեց իր սիրելի թոռնիկ Թաճ Իրանին գրել-կարդալ սորվեցնելուն եւ մեծցնելուն, որուն հետ առանձնայատուկ կապով կապուած էր:Մինչեւ իր մահը անիկա ապրեցաւ իր դստեր՝ Թուրան Տուլեհին հետ:

Սալթանէհը մահացաւ 1936 թուականի յունուար 25-ին՝ 53 տարեկանին. թաղուած է Թաճրիշի Զահիր օտ-Տաուլեհ գերեզմանատանը: Անոր կեանքն ու գրութիւնները եւ կանանց իրաւունքներու պաշտպանի իր ունեցած դերը՝ իբրեւ Միջին Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու նիւթեր կը դասաւանդուին Թեհրանէն մինչեւ Հարվըրտի համալսարանները:

2015-ին Հարվըրտի համալսարանը անոր սերունդներէն ձեռք բերաւ ընտանեկան լուսանկարներ, գրութիւններ եւ պատմութիւններ՝ Թաճ Սալթանէհի կեանքի մասին:

Անոր յուշերը տպագրուած են ''Crowning Anguish: Memoirs of a Persian Princess from the Harem to Modernity 1884-1914'' խորագրով, եւ յուշերու ձեռագիրը կը պահուի Իրանի Ազգային գրադարանին մէջ:

Չնայած Թաճ ալ-Սալթանէհի յուշերը գրուած է 1914-ին, սակայն չէ տպագրուած մինչեւ 1983 թուականը: Այս առաջին տարբերակը, որ իր մէջ կը պարունակէ նշանաւոր գիտնական Մանսուրէ Էթթեհատիէի եւ Սիրուս Սաատվանդեանի նախաբանը, հիմնուած էր Ռահմաթ-օլլահ Տաիի Թալեքանիի՝ Իրանի մօտ Աֆղանստանի դեսպանութեան սպասաւորի ունեցած՝ Թաճ ալ-Սալթանէհի բնօրինակ ձեռագիրի վրայ:

Թաճի յիշողութիւնները ցոյց կու տան, որ ան ծանօթ էր երաժշտութեան եւ նկարչութեան արուեստներուն, ֆրանսական պատմութեան ու գրականութեան: Իրադարձութիւններու, վայրերու եւ մարդոց վարքային յատկութիւններու մանրամասն նկարագրութիւններով՝ Թաճ ալ-Սալթանէհի գրելու ոճը կը յիշեցնէ 19-րդ դարու ֆրանսացի գրողները: Անոր յիշողութիւնները, որ կը պատկերեն հարեմէն մինչեւ ժամանակակից կեանքի (1884-1914) բուռն բախումները՝ անձնական եւ հանրային աշխարհի, անհատական ​եւ հաւաքական յիշողութիւններու խառնուրդ մըն է:

Ահա թէ ինչ կը գրէ ան հօրը սպաննութենէն յետոյ իր զգացած ցաւերու, իր մեծ տառապանքի մասին. «Իւրաքանչիւր դուստր իրաւունք ունի խօսիլ իր ցաւէն եւ տառապանքէն՝ հօրը մահուընէ յետոյ: Ես կը ցաւիմ հօրս սպաննութեան համար նոյնքան, որքան ցանկացած դուստր՝ իր հօրը մահէն վերջ: Բայց ես աւելի շատ կը տանջուիմ, եւ սիրտս կ՚արիւնահոսի այս ջուրի, այս հողի, իմ հայրենիքիս համար, որ իմ տունն է՝ որուն մէջ ես մեծցած եմ: Այս պահուս, երբ ես կը գրեմ այս բառերը, կը զգամ, թէ տգիտութեան վարագոյրը տեղափոխուած է աչքերուս դիմաց։ Անցեալի իրադարձութիւնները արագօրէն միտքէս կը սահին: Աւա՜ղ: Երկիրը եւ ժողովուրդը մէկ մարդու ագահութեան զոհը դարձած են»:

Քաճար քոյրերը գեղեցկութեան խորհրդանիշ չէին համարուէր իրենց պեխերու կամ թաւ յօնքերու համար, այլ՝ համարձակութեան, խելացութեան, գործունեայ ըլլալու եւ Պարսկաստանի մէջ կանանց իրաւունքներու համար պայքարի հիմնասիւնը հանդիսանալուն համար:

Արքայադուստրերու պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ կինը գեղեցիկ չէ միայն նուրբ կազմուածք եւ գեղեցիկ դէմք ունենալով: Գեղեցկութիւնն այն է, ինչ որ դուն կը զգաս ներսէն: Գեղեցկութիւնն այն չէ միայն, ինչ որ տեսանելի է աչքերուն. աւելի կարեւոր է ներքին՝ հոգեւոր գեղեցկութիւնը:

ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Երկուշաբթի, Փետրուար 3, 2020