ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
ԳԼՈՒԽ Դ.
ԱՅԼԱԲԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ
Այս սքանչելիքները վարդապետները այլաբանութեամբ կը մեկնեն, որովհետեւ առաջին սքանչելիքը Գալիլիայի մէջ, որու ընթացքին ջուրը գինիի փոխեց վեց թակոյկներու մէջ: Նոյնպէս, Քրիստոսի առաջին գալուստին վեցերորդ դարուն հեթանոսներուն ազգերը Աստուածգիտութեան դարձուց, իսկ երկրորդին՝ պիտի գայ առողջացնելու համար պալատականին որդին, այսինքն՝ հրեայ ժողովուրդը, որուն Աբրահամ որդի կ՚ըսուի ու մահուան մօտիկացած էր, երբ «…բոլոր հեթանոսները Աստուծոյ դառնան. որմէ ետք ամբողջ Իսրայէլն ալ պիտի փրկուի» (Հռ 11.25-26): Եօթներորդ ժամերը ջերմի եօթը փոփոխութիւններն են Սուրբ Եկեղեցւոյ դէմ. առաջինը՝ մեղքերուն կիրքը սատանայէն, որ օտարազգի Հերովդէսի պատկերով Քրիստոսի Եկեղեցիին կը հակառակի: Երկրորդ՝ կիրքը, հրեաները՝ Քրիստոսի եւ Սուրբ առաքեալներուն: Երրորդ՝ հեթանոսները, կռապաշտներն ու չար թագաւորները, որոնց օրով շատերը մարտիրոսացան: Չորրորդ՝ արտաքին իմաստունները, որոնք Քրիստոսի եւ Անոր Եկեղեցիին դէմ խօսեցան: Հինգերորդ՝ հերձուածողներուն խումբերը, որոնք անմարմին էութեան ու մարդեղութեան մասին հայհոյութիւն խօսեցան: Վեցերորդ՝ այլազգիները, այժմ՝ նեռին կարապետները, կը հակառակին Քրիստոսին ու Անոր Եկեղեցիին: Եօթներորդ՝ նոյնինքն նեռը, որ սատանային ազդեցութեամբ է, որ Տէր Յիսուսը զայն ու զանոնք Իր բերանի հոգիով պիտի սատկեցնէ: Այդ ատեն բոլոր հրեաները պիտի հաւատան Քրիստոսի ու բոլոր լեզուները զԱստուած պիտի խոստովանին:
Դարձեալ այլ կերպով ալ կը տեսնուի պալատականին որդին, որ է ջերմոտ՝ կը նշանակէ բոլոր մեղաւորները: Ու ջերմի եօթը ժամերը կը նշանակեն եօթը գլխաւոր մեղքերը եւ կամ անոնց արմատները:
Դարձեալ, առաջին ժամը՝ որ մեղքերուն փորձութիւնը մինչեւ մարդուն սիրտը կը հասնի ու սիրտին հաճութեամբ ընկալելի կ՚ըլլայ: Երկրորդ ժամը՝ միտքին կատարեալ հաւանումը: Երրորդ՝ մեղքերուն արտաքին գործերը: Չորրորդ՝ մեղքերու մնայուն սովորութիւնը: Հինգերորդ՝ մեղքերու ներգործութեան յայտնի ըլլալն է: Վեցերորդ՝ պատշաճեցնել ու խնամք տանիլն է մեղքերուն համար, երբ կը յանդիմանուի: Եօթներորդ՝ խրատողները հալածելն է ու իր մեղքերուն ուրիշներուն վրայ տարածումը: Եւ երբ մահուան մօտիկ եղաւ, որովհետեւ եթէ Քրիստոսի կողմէ զարմանալի ու անսովոր սքանչելիքներով չբժշկուի, յաւիտենական մահը մօտիկ է, որմէ փրկէ մեզ Քրիստոս Աստուած՝ մեր Յոյսը, եւ Անոր փառք յաւիտեանս: Ամէն:
Այստեղ Յովհաննէսի Աւետարանին մեկնութեան առաջին հատորին աւարտն է, ի փառս մեր Քրիստոս Աստուծոյ, որ է օրհնեալ յաւիտեան: Ամէն:
ԳԼՈՒԽ Ե.
ՄԵԿՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՏՈՐԸ ԸՍՏ ԿԱՐԳԻ
ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ԳԼՈՒԽ ՈՒ ԸՍՏ ՀԱՏՈՐԻ՝ ԱՌԱՋԻՆ
Խօսք. «Դարձեալ հրէական տօն մըն էր» (Յհ 5.1):
Մեկնութիւն. Աւետարանիչը նախապէս խօսեցաւ հոգեւոր եւ վերստին ծնունդի մասին, այստեղ կը խօսի Աստուծոյ պարգեւներու շատութեան մասին, որոնք վերստին ծնունդին կը յաջորդեն: Ինչպէս օրինակ՝ մարմնաւոր ծնունդի որդիները, որոնք հօրմէ մը ելած են ու անկէ կեանք, սնունդ եւ գիտութիւն ունին, այդպէս ալ կ՚ըլլայ հոգեւոր ծնունդի պարագային, ինչ բանի համար Աւետարանիչը այստեղ նախ կը խօսի կենդանական պարգեւներու մասին: Երկրորդ՝ կը խօսի հոգեւոր սնունդի մասին, երբ կ՚ըսէ. «Ասկէ ետք Յիսուս Գալիլիայի լիճին դիմացի կողմը անցաւ» (Յհ 6.1): Երրորդ՝ կը խօսի Քրիստոսի ուսուցումին ու վարդապետութեան մասին, երբ կ՚ըսէ. «Ասկէ ետք Յիսուս Գալիլիայի մէջ կը շրջէր» (Յհ 7.1):
Եւ գիտելի է, որ եթէ մէկը Աստուծոյ հետ ներգործութեամբ կը միանայ, Աստուած է, իսկ Քրիստոս այսպէս կը միանայ Աստուծոյ, հետեւաբար Քրիստոս Աստուած է:
Քրիստոսի ներգործութիւնը չորս կերպով կը ցուցնէ.
Առաջին. անդամալոյծին բժշկութեամբ:
Երկրորդ. երբ կը հալածէին, թէ շաբաթ օրով կը բժշկէ: Պատասխանեց. «Իմ Հայրս մինչեւ հիմա կը գործէ, Ես ալ կը գործեմ» (Յհ 5.17):
Երրորդ. ընդհանուրին յարութեամբ, ինչի մասին երկար կերպով կը ճառէ:
Չորրորդ. Անոր Դատաւոր ըլլալուն համար:
Իսկ հիմա առաջինին սկիզբը կը դնէ՝ ըսելով. «դարձեալ հրէական տօն մըն էր» (Յհ 5.1): Այս տօնը Պենտէկոստէն է, որ Զատիկէն հինգ տասնեակ վերջ է: Իւրաքանչիւր ոք պարտաւոր էր տարին երեք անգամ Երուսաղէմ ելլել. նախ՝ Զատիկին, երկրորդ՝ Պենտէկոստէին, որ անոնց օրէնքներու տուչութեան յիշատակն էր, իսկ մեզի համար՝ Հոգիին գալուստը, երրորդ՝ անոնց տաղաւարահարաց տօնին, իսկ մեր՝ Սուրբ Խաչին: Ոմանք կ՚ըսեն թէ այս տօնը տաղաւարահարացն է, այդ պատճառով ալ մեկնիչը երկուքն ալ՝ Պենտէկոստէն ու Տաղաւարահարացը կը յիշէ, ու ոմանք կ՚ըսեն, թէ Զատիկէն մէկ տարի անցած է միջոցին, որ թերեւս կ՚ըսէ հացի աճումին մասին, այլ՝ այս մէկ տարին, ո՛ր միջոցին է, այն կ՚ըսեն, որ մկըր-տութենէն մէկ տարի ետք հարսանիքի ժամանակ ջուրը գինիի վերածեց:
Խօսք. «Եւ Յիսուս Երուսաղէմ գնաց» (Յհ 5.1):
Մեկնութիւն. Նախ՝ տօնի պատիւին համար, որպէսզի չըսեն, թէ հակառակ է: Երկրորդ, բազմաթիւ ժողովուրդին համար՝ ուսուցանելու անոնց եւ հրաշքներ ցոյց տալու:
ՊՐՈՊԱՏԻԿԷ1 ԱՒԱԶԱՆԻՆ ՄԱՍԻՆ
Խօսք. «Երուսաղէմի մէջ Պրոպատիկէ աւազանին մօտ էր» (տե՛ս Յհ 5.2):
Մեկնութիւն. Վայրը կ՚ըսէ, ուր հրաշքը գործեց, ինչպէս որ Զատիկին խարազանէ չուան մը առաւ ու տաճարէն հանեց, իսկ հիմա Պրոպատիկէի մէջ բժշկութիւն կը կատարէ, որ աւազան մըն էր, ու անձրեւներուն ջուրերը թափուելով այնտեղ կը հաւաքուէին, ու անցեալին քահանաները այնտեղ կը լուային անասուններուն միսերն ու փորոտիքները, եւ ապա յաջորդ անգամ քահանայական սրահին անօթները կը լուային՝ տաճարին մօտիկ, ու ապա կը տանէին այրելու կամ եփելու: Եւ թէեւ ուրիշ անասուններ ալ կը բերէին այնտեղ, առաւել եւս ոչխար, ու միսը կը բերէին լուալու համար, այդ պատճառով ալ այդ աւազանը «ոչխարներու» անունը ստացաւ, որովհետեւ Պրոպատիկէն յունարէնին մէջ ոչխարային կը լսուի, իսկ եբրայերէն «Բեթհեզդա» կ՚ըսուի, որ է՝ ոչխարներուն տուն: Յովհաննէսը թէեւ իր Աւետարանը յունարէն գրեց, սակայն ասոր եբրայական անունը Բեթսայիդա նոյնն է Բեթհեզդա՝ ծանուցելու համար վայրը ու յայտնի դարձնել: Իսկ Ոսկեբերանը «ողորմութեան իջումը» կ՚ըսէ, կամ՝ «հանգիստ», կարծեմ նոյն ձեւով կը լսուի յոյներուն մօտ ալ, եւ կամ «գործին» կ՚ըսէ, որ այնտեղ հիւանդներուն կը պատահէին: Ու սրահ կ՚ըսուի, որովհետեւ ծածկոյթ ունէր, թէեւ պատեր չունէր, մէկ կողմէ տաճարին արտաքին պատը ունէր, իսկ միւս կողմէ սիւներ կանգնած էին ու աւազանը այդ սիւներուն վրայ հաստատուած էր:
Նմանատիպ հինգ սրահներ կառուցուած էին այնտեղ, որպէսզի քահանաները բազմաթիւ տեղերէ իջնէին ջուրին մէջ ու զոհերուն միսերը լուային:
Դարձեալ՝ որովհետեւ սրահները հիւնադներուն հանգիստին համար շինուած էին, ինչպէս կ՚ըսէ.
Խօսք. «Այդ սրահներուն մէջ բազմաթիւ հիւանդներ կային - կոյրեր, կաղեր, գօսացածներ - որոնք կը սպասէին աւազանին ջուրերուն խառնուելուն» (Յհ 5.3):
Մեկնութիւն. Երկու պատճառով ախտաժէտները այնտեղ կը հաւաքուէին. նախ՝ ողորմութեան համար, որովհետեւ աղքատ էին:
Երկրորդ՝ ջուրի շարժելուն համար, որովհետեւ Տիրոջ հրեշտակը ժամանակ առ ժամանակ կ՚իջնէր աւազանին մէջ ու ջուրերը կը խառնէր, եւ ով որ առաջինը ջուր կ՚իջնէր խառնուելէն ետք, հիւանդութենէն կ՚առողջանար, ինչ ցաւի մէջ ալ բռնուած ըլլար ան: Եւ այն, որ կ՚ըսէ. «Ժամանակ առ ժամանակ», կը ցուցնէ, թէ սահմանուած ու կարգուած ժամանակին կ՚իջնէր, թէեւ չըսէր, թէ տարուան ո՞ր հատուածին կամ ո՞ր ամսին:
Այստեղ չորս հարցումներ կը ծագին.
Առաջին. Թէ ինչպէ՞ս կ՚ըլլար ատիկա:
Պատասխան. Կ՚ըսենք, թէ երեք պատճառով.
Նախ՝ որովհետեւ Իսրայէլը այդ ատեն մարգարէներ չունէր, որպէզի ախտաժէտները բժշկէին, ինչպէս Եղիան ու Եղիսէն: Ասիկա անոնց Աստուած սփոփանքի ու բժշութեան համար շնորհեց:
Երկրորդ. ըստ պատմութեան կ՚ըսեն, թէ այնտեղ դրուած էր Քրիստոսի խաչին փայտը, ըստ ոմանց, թէ Սողոմոնը դրաւ, իսկ ուրիշներ՝ թէ աւելի ուշ քահանաները դրին, որովհետեւ տաճարին դրան վրայ ամրացուած էր, ու այդ փայտի զարդին համար, որովհետեւ մօտեցած էր ժամանակը անոր վրայ մեր Փրկիչին ու Աստուծոյն գամուելուն, ինչպէս հարսը կը զարդարեն պսակի ժամանակ, այդ պատճառով հրեշտակը կ՚իջնէր ու բժշկութիւն կը կատարէր:
Երրորդ պատճառ. որովհետեւ ատիկա մեր Աւազանին նախօրինակը կ՚ըլլար, ինչպէս յետագային ցոյց պիտի տանք:
Երկրորդ հարցում. Ինչո՞ւ համար հրեշտակը կ՚իջնէր ջուրը խառնելու:
Պատասխան. Երկու պատճառով. նախ՝ որովհետեւ ատով յայտնի կը դառնար հրեշտակին էջքը, ու բժշկութեան հրաշքը պատահական չէր ըլլար ու ո՛չ ալ ջուրին բնական զօրութեամբ, այլ՝ Աստուծոյ զօրութեամբ, Որուն հրամանով կ՚իջնէր հրեշտակը:
Երկրորդ՝ որովհետեւ ատով հրեշտակները գիտէին, թէ երբ է աւազան իջնելու ու բժշկելու ժամանակը:
Երրորդ հարցում. Ինչո՞ւ համար միայն առաջին իջնողը կը բժշկուէր:
Պատասխան. Չորս պատճառով. նախ՝ որովհետեւ ատով հրաշքը պատուական կ՚երեւար, որ մէկուն կը պատահէր, քան բոլորին: Երկրորդ՝ որպէսզի ցուցնէ, թէ այդ հրաշքը կամաւորապէս ու ազատութեամբ կ՚ըլլար, եւ ո՛չ թէ ջուրին բնական զօրութեամբ: Երրորդ՝ որպէսզի հիւանդները սպասէին աստուածային շնորհներուն ու աւելիով հաճոյանային Աստուծոյ:
Չորրորդ՝ որովհետեւ բազմաթիւ հրաշքներ պէտք էին, որպէսզի Քրիստոսի յայտնութեան փառքին համար ըլլային, իսկ անցեալին վայել չէր ու այդ պատճառով էր, որ Յովհաննէս Մկրտիչը հրաշքներ չգործեց:
Տակաւին, ըստ միտքին երեք բան կը ցուցնէ. նախ՝ որոհետեւ երբ կը խափանուէր հիւանդին բժշկութիւնը խիղճի միտքով, զանոնք կը դատէր ու բարիին կը յօժարէին: Երկրորդ՝ որպէսզի ցուցնէ, թէ ընտրուածները քիչ են, իսկ դատապարտուածները՝ շատ: Երրորդ՝ որպէսզի ցոյց տայ, թէ քիչ են անոնք, որոնք ապաշխարութեան ջուրին մէջ կ՚իջնեն ու մեղքերէն կը մաքրուին:
Չորրորդ հարցում. Ինչո՞ւ համար բոլոր հիւանդները կ՚առողջանային:
Պատասխան. Նախ՝ որպէսզի բոլոր հիւանդները գան, որովհետեւ եթէ մէկ հիւանդ ազգ բժշկէր, միւսները չէին գար: Երկրորդ՝ որպէսզի աստուածային զօրութիւնը ցոյց տայ, որովհետեւ երբեք չի գտնուիր դեղ մը, որ կարենայ բոլոր ախտերը բժշկել: Երրորդ՝ Սուրբ Աւազանի մկրտութեան զօրութիւնը ցոյց տալու, որ ո՛չ թէ միայն մէկ մեղքը կը մաքրէ, այլ՝ բոլորը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 42
Վաղարշապատ
1 Յունական ձեւն է: Եբրայերէն՝ Բեթհեզդա: