ԾՈՎԱՓ

Կը խփէ ժամանակի երեսին ալիքներովն իր։ Ժամանակը կ՚անցնի, ինք կը մնայ։ Այստեղ է միշտ, ականատեսն է մարդոց անցումին, որ ամէն օր է, ամէն ժամ, ամէն վայրկեան։

Կը քաշուի ետ, անմիջապէս գալու համբուրելու համար աւազէ թեւն իր կրկին, որ մի քանի ակնթարթի համար միայն՝ արեւու կիզման տակ կը մնայ։ Ոտքեր կ՚անցնին հիմա, բայց իրենց թողած հետքը աւազին՝ քիչ անց չկայ։ Ոտքեր անցած են երէկ, անցած են ամիս մը, տարի մը, տասնամեակ մը, դար մը առաջ։ Հազարամեակ մը առաջ ո՞վ էր այստեղ, որ չկայ։

Ինք, ծովափը, հատման կէտը ջրի եւ հողի, մնայուն է կարծես։

Այնտեղ, այս պահին, կին մըն է նստած, ջրի եւ աւազի համբուրման գծին։ Ծունկերը պարուրած զոյգ թեւերուն մէջ, անշեղօրէն հորիզոնին կը նայի։ Կը մտածէ։ Այնքան ծանր է ու լուրջ իրեն համար պահը. կեանքի հարց է, յարաբերութիւններու, իր եսի, նպատակներու, արժէքներու խնդիր, այնքան ծանր, որ դժուար է կուլ տալ, դժուար է ընդունիլ։ Թաց են աչքերը։ Բանի մը լուծում կը փնտռէ։

Աւազը թաց, ազդրերուն տակ, պահի մը համար կը չորնայ, արեւուն տակ կը փայլի։ Քանի՜ քանի այդպիսի դէմքեր է տեսեր իր գոյութեան ընթացքին։ Քանի՜ խորտակուած հոգիներ ու բեկուած կտորներ նաւերու եկեր հանգչեր են վրան, ապա քաշուեր ու հեռացեր դէպի խորքը ջուրերուն կամ կեանքին։ Կեանքին, որ գնայուն է մարդոց համար ու ճայերուն, բայց մնայուն՝ իր։

Մարդիկը, այս կնոջ նման, որ կը յայտնուին իր դեղին գորգին, նման են հանդիպակաց փրփուրներուն. ալեաց պայթումէն ծնող, ֆշշացող, անհետացող անմիջապէս։ Հիմա, երէկ, օր մը առաջ կամ հազարամեակ մը ամբողջ։ Ինչո՞վ է տարբեր այս կինը այն միւսէն, այլ լեզուով այլ կեանք մը ապրող, որ վաղեմի ժամանակներուն կանգնած էր նոյն այս տեղ, ինքն իր մասին այնպէս լրջօրէն մտածելով, կարծես իրմէ դուրս չըլլար օդ, ջուր, կեանք, տիեզերք։ Ջուրը տեսեր էր զայն եւս, ու հասկացողաբար, մեղմիկ, համբուրեր էր ազդրերը անոր, մխիթարեր իր իմաստութեամբն անժամանակ, եւ ճամբու դրեր։

Անմիջապէս, այսինքն ժամ մը, օր մը, կամ տարի մը ետք, ի՞նչ տարբերութիւն, եկեր էր յաջորդը, նոր փրփուր մը՝ պայթելու, ֆշշալու, շոգիանալու համար։

Կեանքի բերանն ըլլայ կարծես. մէկ շուրթը ջրէ, միւսն հողէ։ Երբ մօտենաս, կը համբուրէ քեզ մեղմիկ կամ ուժգին, կ՚ամոքէ վէրքերդ։ Եթէ ականջ դնես, կը խօսի ան, կը պատմէ հին ժամանակներու, եւ ժամանակի իսկ չգոյութեան մասին։

Կը խփէ ժամանակի երեսին ալիքներովն իր։

Ժամանակը կ՚անցնի, ինք կը մնայ։

ԵՐԱՄ

Երեւան 

Չորեքշաբթի, Մարտ 3, 2021