«ԾԵՐ ԱՐԾԻՒ»ԻՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ. ԿԱՄ Ի՞ՆՉ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ՃՈՆ ՊՈԼԹԸՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ անսպասելի եւ ծայրայեղ քաղաքական դիրքորոշումներու կողքին վճռած է իր շրջապատը «մաքրել» ու ձեւաւորել բոլորովին «նոր» տեսակի խորհրդատուներու եւ օգնականներու ցանցով մը:

Թրամփ այս քայլերուն կը դիմէ նախապատրաստուելով յառաջիկայ Մայիսին Իրանի հետ կնքուած «կորիզային համաձայնութիւն»ը վերատեսութեան ենթարկելու համար:

Անշուշտ մինչեւ «առաջին կարգ»ի նշանակումներու հասնիլը Սպիտակ տան առաջնորդը կատարած է բազմաթիւ «սրբագրութիւններ» եւ հիմա պահը հասած է ամենէն կարեւոր որոշումներուն: Խօսքը անցեալ տարի Մարտի 22-ին տեղի ունեցած նշանակումին մասին է, որուն շնորհիւ Թրամփ «Ազգային անվտանգութեան գլխաւոր խորհրդատու»ի կարեւոր պաշտօնը կը յատկացնէր Ճոն Պոլթընին: Ի դէպ, այս պաշտօնին համար կատարուած փոփոխութիւնը երրորդն էր վերջին մէկուկէս տարուան ընթացքին: Այսպէս, երբ Թրամփ նախագահական պալատ կը հասնէր, այդ պաշտօնը կը վստահէր Մայքըլ Ֆլինին, որմէ ետք եղած փոփոխութեամբ պաշտօնը կը տրուէր Հ. Ռ. Մեքմըսթըրին եւ վերջերս պաշտօնը բաժին կ՚իյնար Ամերիկայի արտաքին քաղաքականութեան մէջ կարեւոր «ներդրում» ունեցած Ճոն Պոլթընին:

Սպիտակ տան «ներքին խոհանոց»ին հետեւող լրատուական աղբիւրներ աւելի վաղ յայտնած էին, որ Պոլթընի Սպիտակ տան եւ Թրամփի «մօտիկ» ըլլալը նորութիւն մը չէ։ Ան Թրամփի ընտրուելէն անմիջապէս ետք սկսած է «կանոնաւոր» կերպով Սպիտակ տուն այցելել:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ Ո՞Վ Է ՃՈՆ ՊՈԼԹԸՆ

Ամերիկայի արտաքին քաղաքականութեան մէջ «կարեւոր» դեր ունեցած 70 տարեկան «տարեց» համարուող գործիչին անունը յայտնի դարձած է յատկապէս 2003 թուականին: Այդ օրերուն Պոլթըն կը վարէր ԱՄՆ-ի արտաքին հարցերու գերատեսչութեան վարիչի պաշտօնը եւ կարեւոր դեր վերցուցած էր «յաջողութեամբ» պսակելու համար Իրաք ներխուժելու Ամերիկայի քայլերը: Պոլթըն նաեւ այն գործիչն է, որուն համար դարուն «մեծագոյն սխալ»ը՝ 2011 թուականին Ամերիկայի Իրաքէն դուրս գալու որոշումն է: Ի դէպ, պէտք է անպայման հաշուի առնել, որ նոյնինքն Պոլթըն կը համարուի անդամ այն «աստղահոյլ»ին, որոնք «ջերմօրէն» կը քարոզէին, թէ պէտք է ամէն գնով ստեղծել «նոր Միջին Արեւելք» ու անշուշտ այդ քաղաքականութեան մէջ «մեծագոյն» ճարտարապետի դեր կատարած Է Մատլէն Օլպրայթ (ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարար 1993-1997-ի միջեւ)։ Նոյն ծիրին մէջ պէտք է դնել «Արաբական գարուն»ի տեսութիւնը, որուն միջոցով ալ Միացեալ Նահանգներ նպատակ դրած էր ամէն գնով մասնատումի ենթարկել Միջին Արեւելքը՝ հաւատալով, որ այդ կերպով պիտի կարողանայ աւելի «հանգիստ» տիրել Մերձաւոր Արեւելքին ու հոն տեղի ունեցած դէպքերն ու զարգացումները ծառայացնել ամերիկեան շահերուն:

Բաց աստի, Պոլթըն «կարեւոր» տեսութիւն մը ունի կապուած՝ արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան եւ անոր տեսակէտով շուրջ 70 տարուան կեանք ունեցող հակամարտութիւնը կարելի է լուծել գործնականացնելով «եռեակ երկիրներու լուծում»ը, որուն հիմքով ալ Կազզէն «կը նուիրուի» Եգիպտոսին, իսկ «Արեւմտեան ափ»ը՝ Յորդանանին: Բնականաբար այս տեսակէտները նորութիւն չեն ու անոնց վերաբերեալ Պոլթըն յայտարարած է տասնեակ առիթներով: Հետաքրքրական է, որ նախքան իր նոր պաշտօնին անցնիլը, ամերիկեան քաղաքականութեան «արծիւներ»էն համարուող Պոլթըն ծաւալուն յօդուած մը կը ստորագրէր Wall Street Journal-ին մէջ, նիւթ ունենալով Միացեալ Նահանգներ-Հիւսիսային Քորէա «տագնապ»ը:

«Արտաքին խաղ»ին մէջ իր «ուրոյն» փորձը ունեցած «ծայրայեղ» ամերիկացին այս յօդուածով չէ մոռցած յիշեցնելու, որ ինք այսօր ալ մօտիկ անցեալի «ծայրայեղական» կեցուածքներուն կրողն է եւ երբեք «դուրս չէ եկած» արտաքին քաղաքականութեան զարգացումներէն: Ան վերոնշեալ յօդուածին մէջ Ամերիկայի նախագահէն «պահանջած» է կտրուկ քայլեր կատարել եւ մօտիկ ապագային Թրամփի եւ Քիմ Եոնկ Ունի միջեւ նախատեսուած հանդիպման ընթացքին ըլլալ «խիստ եւ կտրական»:

Վերեւ խօսեցանք Պոլթընի ամերիկեան «նոր արծիւ»ներու «փաղանգ»ին մաս կազմելուն մասին ու հոս պէտք է յստակեցնել նաեւ, որ ամերիկեան «կայսրութեան» արտաքին քաղաքականութեան մէջ կարեւոր դեր վերցուցած դէմքերուն համար ամենէն հիմնական գործելաոճն է նախայարձակ պատերազմներ «յղանալ»ու մօտեցումը: Այս գործելաոճին առաջին թիրախը բնականաբար իրաքեան «փորձադաշտ»ն էր, երբ 2003 թուականին սկսած ամերիկեան ներխուժման հետեւանքով վերջ կը տրուէր Սատտամ Հիւսէյինի իշխանութեան ու զուգահեռաբար Իրաք կը մտնէր ներքին եւ արտաքին պատերազմներու անվերջանալի եւ արիւնալի փուլ մը: Անշուշտ այդ պատերազմներուն համար «կը ստեղծուէին» այնպիսի «գունաւոր» պատրուակներ, որոնց պատճառով Իրաք կը դառնար աւերակուած երկիր մը, իսկ այն պատճառաբանութիւնը, որուն համար ալ «կայսրութիւն»ը գործի դրած էր իր զինուորական ամենէն հզօր զէնքերը, կ՚անտեսուէր ու կը տրուէր մոռացութեան:

Յիշեցնելու կարգով ըսեմ, որ Իրաքի պարագային, այնտեղ կորիզային զէնքի գործարաններ կամ պահեստանոցներ գոյութիւն ունենալու մասին ոչ մէկ յստակ փաստ տրուեցաւ ու աւելի ուշ այդ նիւթը ընդհանրապէս մատնուեցաւ մոռացութեան:

ՅԵՏԱԴԱՐՁ ԱԿՆԱՐԿ՝ ՊՈԼԹԸՆԻ ԵՒ ԻՐ ԳՈՐԾԱԿԻՑՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ

Նախագահ Թրամփի կատարած փոփոխութիւնները բնականաբար կը հետապնդեն «միասնական խումբ» մը ստեղծելու գաղափարը: Խումբ մը, որ ըլլայ ամուր, միակամ եւ ունենայ նոյն ընդհանուր նպատակները: Խօսքը անշուշտ կը վերաբերի ո՛չ միայն Իրանի դէմ մշակուելիք ռազմավարութեան հետ, այլ նաեւ՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ նոր հայեցակարգեր ստեղծելու հետ: Եթէ արագ հայեացք մը նետենք, ապա յստակ պիտի դառնայ, որ միջինարեւելեան մէկէ աւելի «ճակատներ»ու վրայ Միացեալ Նահանգներ «կարեւոր կորուստներ» ունեցած է:

Խօսքը կը վերաբերի յատկապէս Լիբանանին, ուր տեղի ունեցած «Մայրիներու յեղափոխութիւն»ը դուրս կու գար, որպէս «ամուլ» եւ «անզաւակ» յեղափոխութիւն մը: Հոն է նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ կարեւոր քաղաքական «ներդրումներ» կատարելով յոյս ունեցաւ, թէ պիտի կարողանայ իր ազդեցութեան գօտիները ընդլայնել: Սակայն տարբեր հանգամանքներու բերումով Լիբանանի համար նախատեսուած բոլոր գործընթացները աւարտեցան ձախողութիւններով:

Նախ պէտք է յստակեցնել, որ մինչեւ 2005 թուականը՝ այսինքն վարչապետ Հարիրիի սպանութիւնը, Լիբանան կը գտնուէր Սուրիոյ «անմիջական ազդեցութեան» տակ: Սուրիական այդ ազդեցութեան գօտին ստեղծուած էր ԱՄՆ-ի նախկին նախագահներէն Ճորճ Պուշի իշխանութեան օրերուն, երբ Իրաքի նախագահ Սատտամ Հիւսէյին (1990թ.) կը ներխուժէր Քուէյթ եւ այդ զարգացումներուն լոյսին տակ Միացեալ Նահանգներ ստիպուած կ՚ըլլար կազմել Քուէյթը ազատագրելու ճակատ մը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէր Հաֆըզ Էսատի ղեկավարած Սուրիան: Սուրիական «բարեացակամութեան» դիմաց Միացեալ Նահանգներ Լիբանանը «կը նուիրէր» Սուրիոյ եւ ականատես կ՚ըլլար, թէ ինչ թատրերգութիւններով Լիբանանի քրիստոնեայ ղեկավարները մէկ-մէկ «խաղ»էն դուրս կու մնային: Իսկ 2005-էն ետք ԱՄՆ դարձեալ հրապարակ կը հանէր իր վաղեմի դաշնակիցները՝ հաւաստիացնելով, որ այս անգամ «մինչեւ վերջ պիտի երթանք»:

Անշուշտ Լիբանանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը կը դառնար աննախադէպ ու բացի Հարիրիի սպանութեան հանգամանքէն, տասնեակ գործօններ իրարու վրայ կը կուտակուէին եւ կը ստեղծուէր Միջին Արեւելքի համար անսպասելի դրութիւն մը: Քրիստոնեայ եւ իսլամ լիբանանցիներ փողոց կ՚իջնէին ու անոնց միակամութիւնը «պատգամ» կը դառնար ամբողջ շրջանին համար:

Ճիշդ է, որ այդ բոլորը սոսկ «ամերիկեան երազ»ին հետ կապ չունէին, սակայն դէպքերուն հիմնական մղում տուող Միացեալ Նահագներն էր, գլխաւորութեամբ Ճոն Պոլթընին, որ աւելի ուշ կը համարուէր «14 Մարտ»ի քաղաքական ուժերուն կնքահայրը:

Ինչպէս 1990 թուականին Միացեալ Նահանգներ «կը ծախէր» լիբանանցի իր դաշնակիցները, նոյնը կը կատարէր 2008 թուականին: Ու այս երկու օրինակները բաւական աչքառու են այն մասին, թէ ինչպէ՛ս եւ ի՛նչ հիմքերով կը գործէ Միացեալ Նահանգներ Միջին Արեւելքի մէջ:

Այս բոլորէն անդին յստակ է արդէն, որ ներքաղաքական առումով բաւականին բարդ դրութեան մը մէջ յայտնուած Ամերիկայի «սպիտակ» նախագահը կը փորձէ Սպիտակ տան վերեւ կուտակուած ամպերը ցրուել եւ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը դէպի Միջին Արեւելք շեղել: Այս տեղաշարժը իրական դարձնելու համար Թրամփին անհրաժեշտ է «որակաւոր» եւ «փորձ ունեցող» դէմքեր, որոնց ամենէն կարկառունը Ճոն Պոլթընն է: Ու այս նոր նշանակումներէն ետք անշուշտ չի բացառուիր, որ Միջին Արեւելքի մէկէ աւելի «օճախներ»ու մէջ ամերիկեան «թարմ» շարժումներ երեւան գան: Եթէ հաշուի առնենք, որ առաջին «օճախ»ը Սուրիոյ քիւրտերն են, ապա երկրորդի պարագային անվարան կարելի է մատնացոյց ընել Լիբանանի քրիստոնեաները, որոնց մէջ կան այնպիսի ուժեր, որոնք պատրաստ են «նետուիլ գիրկ»ը ամերիկեան նոր «սիրախաղ»ի մը:

Չմոռնամ յիշեցնել, որ Պոլթընի նշանակման մասին ուշագրաւ նիւթ մը կը հրապարակէր ամերիկեան Foreign Policy պարբերականը՝ «Պոլթընի նշանակումը մեծագոյն սպառնալիքն է Ամերիկայի ազգային անվտանգութեան» խորագրով:

Սա արդէն բաւարար է հասկնալու համար, որ ինչ տեսակի գործիչի մը հետ պիտի առընչուին Միջին Արեւելքի «ամերիկասէր» ժողովուրդները:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2018