ՀԱՅԵՐԷՆՆ ՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՊՈԼՍԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ (Բ.)

Նախորդ շաբթուայ սիւնակով գրած էի, որ Պոլսոյ մէջ հայերէնի օգտագործումը երբեմն ընկերային վերլուծութեան պատուհաններ կը բանայ դէպի ժամանակակից պոլսահայկական ինքնութիւն ու կեանք։

Բանն այն է, որ Պոլսոյ հայոց կողմէ հայերէնի օգտագործումը գրեթէ միշտ կացութենական է։ Կացութենականութիւն ըսելով կը թարգմանեմ situationalism ակադեմական յղացքը, որ ընկերային գիտութիւններու մէջ կ՚օգտագործուի այնպիսի մարդկային վերաբերմունքներու կամ երեւոյթներու համար, որոնք կախեալ են կացութենէն, որուն մէջ տուեալ պահուն կը գտնուի մարդը։

Երբ կ՚ըսեմ, թէ հայերէն լեզուի գործածութիւնը կացութենական է Պոլսոյ մէջ, նկատի ունիմ, որ այն յաճախ պայմանաւորուած է իրավիճակով, որուն մէջ կը յայտնուի պոլսահայը։ Մեր լեզուն Պոլսոյ մէջ նոյնքան ազատ, անկաշկանդ ու անհաշիւ չ՚օգտագործուիր, ինչքան կ՚օգտագործուի Հայաստանի, կամ նոյնիսկ Պէյրութի մէջ։ Հայերէնէ խուսափումը կամ անոր միտումնաւոր օգտագործումը հաշուարկուած ու մարտավարական քայլեր են, որոնք լեզուն կը դարձնեն աւելին, քան սոսկ մտքի արտայայտման ու հաղորդակցման միջոց մը։ Եւ այս առումով է, որ հայերէնի օգտագործման կամ չօգտագործման ուսումնասիրութիւնը մարդուս կ՚օգնէ հասկնալ պոլսահայ ինքնութեան եւ կեանքի որոշ հանգամանքներ։

Այս եւ յաջորդ մէկ-երկու յօդուածներուս մէջ յաջորդաբար կը քննեմ երեք հետաքրքրական երեւոյթներ, ուր ի յայտ կու գայ հայերէնի մարտավարական օգտագործումը. նախ, այս թիւով, ոչ-հայերու կողքին հայերէնէն խուսափիլը, ապա՝ ոչ-հայերու մօտ հայերէնի մտածուած ու քաղաքական նպատակ հետապնդող օգտագործումը, եւ վերջապէս Պոլսոյ մէջ նոր հայկական անձնանուններու ստեղծումը։

Հանրային տարածքներու մէջ հայերէնէն խուսափելու երեւոյթի մէկ օրինակ տուած էի նախորդ յօդուածով նաեւ՝ «տունը մամա՝ դուրսը աննէ»։ Մայրական այդ խրատը, որ լսած եմ բազմաթիւ պոլսահայերէ, լաւագոյնս կը խորհրդանշէ հայերէնը հայկական միջավայրէ ներս փակելու այդ մարտավարութիւնը, որ փաստօրէն կը ներկրուի մարդոց մէջ արդէն մանկութենէն։ Պատճառը պարզ է՝ հայերէնը հայութիւն մատնող տարր է. իսկ Թուրքիոյ մէջ բացայայտօրէն հայ ըլլալը՝ խտրականութեան, վատ վերաբերմունքի հնարաւոր պատճառ։

Դաշտային հետազօտութեանս ընթացքին նշմարուած մի քանի դէպքեր բաւարար են արձանագրելու, որ հայութիւնն ու հայերէնը թաքցնելու այս մարտավարութիւնը այնքան տարածուած ու սովորական է, որ յաճախ առանց մասնաւոր ճիգի, գրեթէ ենթագիտակցաբար ի գործ կը դրուի։

Խումբ մը երիտասարդ պոլսահայ ընկերներու հետ հաւաքուած էինք իրենցմէ մէկուն արուեստանոցը։ Թէեւ իրենք սովորաբար թրքախօս են, բայց այդ մէկ ժամը հայերէն կը խօսէին, քանի որ ես տակաւին թրքերէն չէի հասկնար այն ատեն։ Վերջը որոշեցին դուրս ելլել՝ ծխելու համար. հազիւ բակ հասած՝ լեզուն փոխուեցաւ թրքերէնի, ու մնաց այդպէս այնքան ատեն որ հոն էինք ու նշմարելի՝ պատահական որեւէ անցորդի կողմէ։ Աւելի ուշ, երբ իրենց այս դէպքը յիշեցուցի, ըսին, որ ինքնաբերաբար փոխուած էր լեզուն։

Այդ դէպքէն քանի մը օր ետք Պարոն Թորոսը ինծի պիտի հանդիպէր Գնալը կղզիի խաչմերուկներէն մէկուն վրայ, եւ առաջնորդէր զիս ծովեզերք, ամբողջ ընթացքին հայերէն խօսելով։ Յետոյ, սակայն, երբ նստէինք իր թուրք բարեկամին հետ թավլա խաղալու, Պարոն Թորոս յամառօրէն հետս թրքերէն պիտի խօսէր, թէեւ քաջատեղեակ էր, որ ըսածէն ոչ մէկ բառ կը հասկնայի։

Վերջապէս, նոյն կղզիի խորովածատուներէն մէկը նստած՝ ականատես պիտի ըլլայի այս երեւոյթի ամենէն հետաքրքրական օրինակին։ Կողքի սեղանիս նստած էին երեք սերունդ՝ մեծ մայր մը, մայր մը, եւ երկու թոռներ։ Հաճոյքով կը լսէի, թէ ինչպէս երեցները փոքրերուն հետ մաքուր հայերէնով կը խօսէին։ Բայց յանկարծ լեզուն մի քանի վայրկեանի համար ամբողջովին թրքերէնի կը փոխուէր, յետոյ դարձեալ վերադարձ կատարելով հայերէնին։ Այսպէս մի քանի անգամ, մինչեւ որ հանելուկը լուծեցի։ Ամէն անգամ, որ թուրք կամ քիւրտ սպասաւորը կը մօտենար սեղանին, կամ կ՚անցնէր շատ մօտէն, լեզուն կը փոխուէր ապահով թրքերէնին. եւ այդքա՛ն հեզասահ ու հանգիստ կերպով։ Իսկ երեխաները կը յարմարէին ընթացքին, անգիտակցաբար ստանալով մարտավարական հմտութիւնը այդ։

Այս դէպքերն ու երեւոյթը, ահաւասիկ, բաւական բան կ՚ըսեն Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալու մասին։ Յաջորդիւ կը քննենք միւսները։

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2019