ԵՐԿՈՒՆՔԸ
Զարդարուն մոմերը կը պատրաստէր, արդուկուած հագուստները կողք-կողքի կը շարէր Մարի Ծաղկազարդի նախօրէին: Յաջորդ օրը պիտի արթննար, նախաճաշը պիտի պատրաստէր, յետոյ սուրճը, եւ պատրաստուելէ ետք ընտանեօք եկեղեցի պիտի երթային:
Ամէն տարի հագուստները նոր պէտք է ըլլային, վերջերս գլխարկն ալ կ՚աւելնար յարդարուած մազին վրայ, իսկ ձագերուն մոմերը քաղաքին ամենէն հռչակաւոր ծաղկավաճառին քովէն էին:
Պէտք էր, որ փողոցը քալած պահուն եւ եկեղեցւոյ բակէն մուտքին, աչքեր նշմարէին զինք ու հետեւէին սեթեւեթանքին, իսկ ինք պչրէր ու շփանար քիչ մըն ալ այդ նայուածքներուն հաճոյքով, ապա լաւ մը լուսանկարուէր՝ մէյ մը առանձին, մէյ մը ամուսինին հետ, մէյ մը ընտանեկան... եւ իսկոյն տարածուէին նկարները դիմատետրով ու կրկնապատկէին Մարիին հրճուանքը, շոյէին ինքնասիրութիւնը եւ մեկնաբանէին շնորհաւորանքներով ու գովասանական բառերով. եւ ինք պատասխանէր, ամէն վայրկեան թերթէր դիմատետրը, տեսնէր թէ ո՞վ «լայք»եր է, ո՞վ բան մը գրեր է, չուշացնէր պատասխանը...:
Այս էր Ծաղկազարդը Մարիին պէս շատերո՜ւն համար, մինչ Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքին ներկաները իրենց հանդերձները կը փռէին Անոր ոտքերուն տակ:
Պատշգամէս կ՚երեւին թաղի ծիրանիին ծաղկազարդ ճիւղերը. գարունն է, որ կը ժպտի ծաղիկներու տեսքով եւ իր գիրկը կը հրաւիրէ բոլոր շնչաւորները: Թռչուններուն գեղգեղանքը կը լսուի յաճախ. այս օրերուն յարիր հնչիւններ են, որ ամէն տարուան պէս կ՚աւետեն վերածնունդը բնութեան, ծաղկունքը ծառ ու թուփին, նորոգումը ամէն ինչի, վերստեղծումը նաեւ, ամիսներու տանջանքէն ետք երկունքը:
Պատշգամէս կը հետեւիմ գարնան մէկ փոքր մասնիկին՝ այս ճիւղերուն նայելով, ու կը հրճուիմ ամէն տարուան պէս, կը մասնակցիմ անոնց երջանկութեան քանի մը թաղարի մէջ ցանուած կանաչներս թարմացնելով, նորոգելով հինցածը, մաքրելով աւելորդը...:
Վերջերս ամէն ինչ կ՚ախտահանուի, կը մաքրուի աշխարհի մէջ: Ամէն ոք մեկուսացած, ինքնամեկուսացած կ՚ախտահանէ ինքզինք, կը մաքրէ ֆիզիքականը, արտաքինը:
Գարուն: Իր մէջ լոյսը պարունակող բառ մը, որ պատերազմի օրերէն մթնցաւ մեզի համար, իսկ պատերազմը նախ սոսկում պատճառեց, ապա վարժութիւնը եկաւ փոխարինելու սոսկումին եւ մենք յաճախ կը տեսնէինք անոր մասնիկները մեր առօրեայ ընթացքին, երբեմն՝ ձայնի, երբեմն սուրացող կապարի, երբեմն հրասադի մը բեկորին ականատեսը ըլլալով. սակայն պատերազմին հետեւանքները մեկուսացուցին մեզ մեր վիշտերուն հետ եւ տարիներու սահանքով վարժութիւն եղաւ մեկուսացումն ալ եւ հետզհետէ, մեր յոյսին պատրոյգը երբ վերջին կայծերը կը տարածէր, ահա համայն աշխարհը միացաւ մեկուսացման արարողութեան եւ մեր յոյսը դարձաւ համընդհանուր, մեր ցաւը՝ նոյնպէս. յոյս գարնան մութը մեր մէջ փարատելու, յոյս երկար սպասումէ ետք լոյսին հասնելու:
... Եւ դադրեցաւ ամէն ինչ, ամէն տեղ անշարժութիւն եւ սպասում: Սպասում նորին, փոխուածին:
Ինչպէս բնութիւնը կը կրէ ցաւերը երկունքէն առաջ եւ ամէն տարի նոյնը կը պատահի՝ կը վերածնի, աշխարհը եւս կը փոխուի կարծես, պահն է իր փոփոխութեան եւս: Վերջերս ահագնացած էին «յեղափոխութիւն», «փոփոխութիւն» բառերը աշխարհի տարբեր վայրերու յայտարարութեանց ու լուրերու հաղորդումներուն մէջ, արդեօք պատասխա՞ն էր պատահածը:
Թերեւս աղերսները պատասխան ստացան, պատասխան մը, որ ամբողջ աշխարհը երթարկեց նոյնին, զարմանալիօրէն միացուց. մահուան սարսափը, ահը, սոսկումը բանտարկեց համայն մարդկութիւնը տուներուն մէջ՝
-Որքա՜ն աւելցեր են հաւատացեալները, շատցեր են դիմատետրի վրայ սրբապատկերներ տեղադրողները.
Կ՚ըսէր երէկ բարեկամ մը: Մարդիկ պատճառներու որոնման մէջ են եւ զօրութեան մը գոյութեան կարծես անդրադարձած են մեկուսացմամբ. կեանքի հեւքին բացակայութեան արգասիքն է այս, որ կը նշմարուի, սպասումին կերտած համբերութեան հետեւանքն է թերեւս, անշուշտ ոչ բոլորին համար, ինչպէս Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքին խոնարհողներէն շատեր մի քանի օր ետք Զինք մահուան դատապարտողներէն էին:
Կը սպասենք եւ կը տեսնենք պատահելիքը, բայց կը խորհիմ Մարիին մասին, արդեօք Ծաղկազարդը ինչպէ՞ս եւ ո՞ւր ծրագրած է անցընել...:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան