ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ՀՌՈՄԷԱԿԱՆ ՋՐԱՏԱՐՆԵՐԸ

Ճամբորդը. Արաբական լիկայի քարտուղարին հետ քաննարկումներուս օրակարգը պատրաստած եմ: Նախքան օդանաւ նստիլս ալ յամառօրէն որոշեցի եւ ճամբայ ելայ դէպի կանաչ Թունուս: Երբ իմացաւ թէ «գրող» եմ, խոհանոցէն ներս ընդունեց զիս, սակայն անմիջապէս փարատեց այն զգացումս՝ թէ այդ մէկը անձնական վիրաւորանք էր ինծի համար, երբ ձեռքը ուսիս դրաւ եւ կարգաւորեց քննարկումներս ու ըսաւ.
Ալ-Քըլէյպի1. Մի՛ յուսահատիր, զաւակս. Խրուչեւի եւ Նիքսընի առաջին հանդիպումը խոհանոցի մէջ եղած է, եւ ես այստեղ կը հանդիպիմ քեզի, իմ եւ իմ ներկայացուցած կառոյցին կողմէ մեծարելու արաբ գրականութեան եւ մտաւորականութեան մեծ դերը, որ ունիք այս հանգրուանին:

Ճամբորդը. Շնորհակալութիւն, պարոն:
Ալ-Քըլէյպի. Կը փափաքէի օդակայանը անձնապէս դիմաւորել քեզ եւ կազմակերպութեան ինքնաշարժով եւ անոր մամուլի ուշադրութեան ներքոյ, միասին գայինք այստեղ:

Ճամբորդը. Քանի՞ դրօշակ ունի ան ներկայիս:
Ալ-Քըլէյպի. Չեմ գիտեր: Սակայն, Շոլթզի պայմանագիրէն ետք՝ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ, գրասենեակս չեմ լքած եւ նոյնիսկ կինս ու զաւակներս չեմ տեսած, սպասելով արաբական արձագանգները այս պայմանագիրին:

Ճամբորդը. Այդքա՞ն վտանգաւոր է այդ պայմանագիրը, պարոն:
Ալ-Քըլէյպի. Անշուշտ որ տարածաշրջանէն ներս գոյութիւն ունեցող բազմաթիւ համաձայնութիւններ եւ դաշինքներ իրար պիտի անցընէ: Չես կրնար բան մը որ ուժով առած ես ետ վերադարձնես, առանց անոր համարժէքը եղող բան մը առնելու:

Ճամբորդը. Սակայն, ան Սինան ուժով առաւ, ետքէն զայն վերադարձուց մեր քոյր երկրին՝ Եգիպտոսին:
Ալ-Քըլէյպի. Անոր փոխարէն սակայն, Լիբանանի հարաւը առաւ:

Ճամբորդը. Սակայն, ըստ այս [Շոլթզի] պայմանգիրին, զայն եւս պիտի վերադարձնէ: Հետեւաբար, ի՞նչ է խնդիրը, պարոն:
Ալ-Քըլէյպի. Անոր փոխարէն ի՞նչ պիտի առնէ արաբներէն: Իւրաքանչիւր պատերազմի ընթացքին արաբական աշխարհը՝ անոնց գլուխին Լիբանանը սուր անկիւնի մը դիմաց կը կանգնեցնէ՝ արծիւի կտուցին նման, որպէսզի անոր ժողովուրդը փնտռուած թռչունները ըլլայ թէ՛ տարածաշրջանային առումով եւ թէ՛ միջազգային: Պիտի արտօնե՞նք այս մէկը:

Ճամբորդը. Ո՛չ: Հազար անգամ, ո՛չ: Սակայն, ինչպէ՞ս:
Ալ-Քըլէյպի. Պատասխանատուութեան գիտակցութեան բարձրանալով:

Ճամբորդը. Այս տարբերակը ներկայիս առկա՞յ է, պարոն:
Ալ-Քըլէյպի. Այո: Այս առումով վճռորոշ հաստատումներ ունիմ:

Ճամբորդը. Սակայն, արդէն իսկ շաբաթներ անցած են պայմանագիրի ստորագրութենէն, եւ արաբական լռութիւնը կարծէք իրագործուած է:
Ալ-Քըլէյպի. Ընդհակառակը. այս մէկը փաստ է, թէ արաբական պետութիւնները այդ պայմանագիրը բոլոր կողմերէն լաւապէս կ՚ուսումնասիրեն եւ կ՚արժեւորեն, նախքան իրենց վերջնական կեցուածքը յայտնելը: Այս հանգրուանը շա՜տ վտանգաւոր է, իսկ պատասխանատուութիւնը ա՛լ աւելի վտանգաւոր: Ես կ՚ենթադրեմ, որ այդ կեցուածքները շուտով պիտի սկսին երեւալ մեր կազմակերպութեան քարտուղարութենէն ներս: Կը թուի, թէ գալդ բարի է ինծի, Արաբական լիկային, ինչպէս նաեւ ամբողջ արաբական աշխարհին համար:

Ճամբորդը. Ե՞ս: Ինչո՞ւ:
Ալ-Քըլէյպի. Չե՞ս լսեր, թէ ինչպէս ելեկտրոնային նամակներուն ձայնը սկսաւ հնչել: Հաղորդագրութիւնները մէկը միւսին ետեւէ սկսան գալ: Խնդրեմ, մի՛ խաղար անոնց հետ: Ատոնք պատմական հաղորդագրութիւններ են՝ պատմական հանգրուանի մը:

Ճամբորդը. Հետեւաբար, լաւատեսութիւնդ տեղին էր:
Ալ-Քըլէյպի. Անշուշտ: Ստոյգ հաստատումներ ունիմ այդ առումով:

Ահաւասիկ շտապ հաղորդագրութիւն մը արաբական երեք պետութիւններէ, որոնք կը յայտնեն, թէ կտրականապէս կը մերժեն այդ պայմանագիրը: Իսկ ահա ուրիշ հաղորդագրութիւն մը երեք երկիրներէ, որոնք կը յայտնեն, թէ սկզբնական կերպով կ՚ընդունին պայմանագիրը: Ամէն պարագայի, կեցուածք է:

Ահաւասիկ երրորդ հաղորդագրութիւն մը այլ չորս երկիրներէ, որոնք հիմակ ու հիմա իրենց չէզոքութիւնը կը յայտնեն այս պայմանագիրին վերաբերեալ, մինչեւ որ կապ հաստատեն այն երկիրներուն հետ, որոնք մերժած են զայն՝ հասկնալու թէ ինչո՞ւ մերժած են: Ինչպէս նաեւ կապ հաստատելու այն երկիրներուն հետ, որոնք ընդունած են զայն՝ դարձեալ հասկնալու ինչո՞ւ համար կողմ են այդ պայմանագիրին: Այս բոլորը, որովհետեւ այս երկիրները ուշադիր են արաբական կարծիքի մէկութեան:

Ահաւասիկ ուրիշ հաղորդագրութիւն մը՝ ուրիշ երկիրէ մը, որ կը յայտնէ թէ կը մերժէ այս պայմանագիրը, եթէ ան կը հակառակի Ֆասի գագաթաժողովի որոշումներուն, քանի որ ինք ուշադիր է նպատակի մէկութեան:

Ուրիշ հաղորդագրութիւն մը եւս՝ ուրիշ երկիրէ մը, որ կը յայտնէ, թէ կողմ է պայմանագիրին, եթէ չի՛ հակառակիր Ֆասի եւ ալ-Րապաթի գագաթաժողովներու որոշումներուն, քանի որ ինք ուշադիր է ճակատագիրի մէկութեան:

Ահաւասիկ երկրորդ հաղորդագրութիւն մը այն երկիրներէն, որոնք կտրականապէս մերժած էին պայմանագիրը, այս անգամ նախնական կերպով իրենց համաձայնութիւնը կը յայտնեն, եթէ կ՚արտօնէ, որպէսզի Եգիպտոսի Արաբական լիկային վերադառնայ, եւ այդ՝ իր ազգային անվտանգութեան պատճառներէն մեկնելով:

Երկրորդ հաղորդագրութիւն մըն ալ այն երկիրներէն, որոնք նախնական կերպով համաձայն էին պայմանագիրին, այս անգամ կտրականապէս կը մերժեն զայն, եթէ այն Ռեկընի ծրագրին ծածկոցն է, եւ այդ՝ իր քաղաքական մարտավարութեան պատճառով:

Հաղորդագրութիւն մը եւս ուրիշ հինգ երկիրներէ, որոնք կը յայտնեն, թէ կը հրաժարին իրենց նախորդ յայտարարութիւններէն, եւ թէ անոնք իրենց նոր կեցուածքը պիտի յայտնեն, բացատրելէ ետք այդ պայմանագրին յաջորդելիք դրութիւնները, եւ այդ՝ իր քաղաքական անվտանգութեան պատճառներով:

Այս ալ հաղորդագրութիւն մը այն երկիրներէն, որոնք մերժած էին զայն սկիզբը, յետոյ իրենց համաձայնութիւնը յանձնած, այս անգամ կը յայտարարեն, թէ չեն կրնար իրենց վերջնական կեցուածքը որոշել, նախքան Լիբանանի բոլոր կողմերուն կեցուածքին յստակեցումը, եւ այդ՝ իրենց ազգային դերակատարութեան պատճառներով:

Այս ալ շտապ ուրիշ հաղորդագրութիւն մը այն երկիրներէն, որոնք նախապէս համաձայն էին, ապա մերժեցին պայմանագիրը, կը յայտարարեն, թէ չեն կրնար իրենց վերջնական կեցուածքը որոշել, եւ այդ՝ իրենց աշխարհագրական դերակատարութեան պատճառներով:

Այս ալ հաղորդագրութիւն մը արաբական երկիրներու լուռ մնացած մեծամասնութենէն, կը յայտարարեն ինչպէս խոստացած են, հաւատարիմ են իրենց պարտաւորութիւններուն, հաւատարիմ՝ իրենց սկզբունքներուն, հաստատուն են իրենց կեցուածքին մէջ, լուծում տալու հարցին եւ ջանքեր գործադրելու ազատագրելու Լիբանանն ու անոր ժողովուրդին բարեկեցութիւն ապահովելու, ինչպէս նաեւ իր օրինաւոր իշխանութիւնը պարտադրելու իր բոլոր հողերուն վրայ: Սակայն, չե՛ն կրնար յստակեցնել իրենց վերջնական կեցուածքը պայմանագիրին նկատմամբ, նախքան բանակցային գործընթացին բոլոր տուեալները պարզելու, որ գոյութիւն ունէին Լիբանանի մէջ նախքան բանակցութիւնները. եւ ատոնք համեմատեն այն բոլոր զարգացումներուն հետ, որոնք երեւան եկան արաբական հրապարակին վրայ՝ բանակցութիւններու ընթացքին: Ինչպէս նաեւ յստակեցնել Լիբանանի մէջ կեցուածքը այն երկիրներուն, որոնք կ՚աջակցէին անոր իր արաբական պատկանելիութեան մէջ նախքան պայմանագիրը, սակայն կը հակառակէին անոր՝ պայմանագիրէն ետք, եւ այդ՝ իրենց ունեցած դերակատարութեան պատճառներով պաղեստինեան եւ արաբական հարթակներու վրայ՝ միաժամանակ: Աստուած յաջողցնէ:

Ճամբորդը. Ի՞նչը յաջողցնէ:
Ալ-Քըլէյպի. Ժամանակ շահիլ, մինչեւ որ որոշ խնդիրներ յստականան:

Ճամբորդը. Արեւու նման յստակ է. այս բոլոր կասկածելի զգացմուները եւ մեղրահամ խօսքերը՝ արաբական թէ միջազգային, տարածաշրջանէն ներս պատմական եւ քաղաքակրթական դերակատարութիւններու մասին, նպատակ ունին ջրելու պաղեստինեան յեղափոխութեան դերը, ինչպէս նաեւ զայն առաձնութեան մատնել, թէ՛ որպէս հող, թէ՛ որպէս մտածում եւ թէ՛ որպէս ժողովուրդ:
Ալ-Քըլէյպի. Ընդհակառակը, իր յաղթանակին եւ իր միութիւնն ու նպատակները պապհանելու համար: Եւ ես վճռորոշ հաստատումներ ունիմ այդ ուղղութեամբ: Ալօ, քարտուղարութիւն… կապէ՛ զիս պաղեստինեան յեղափոխութեան:

Քարտուղարութիւն. Ձայն չի՛ հաներ, պարոն:
Ալ-Քըլէյպի. Փնտռէ՛ զինք որեւէ մէկ տեղ, անպայմանօրէն կ՚ուզեմ խօսիլ իրեն հետ:

Քարտուղարութիւն. Անկարելի է, պարոն: Անոր գրասենեակները Թունուսի մէջ են, բանակատեղիները՝ Ատանի մէջ, իր պատերազմիկները՝ Պիքաաի մէջ են, իր մամուլը՝ Կիպրոսի մէջ, իր զաւակները՝ գաղթակայաններու մէջ, իր նահատակները՝ սառնարաններու մէջ, իսկ իր երիտասարդները՝ ներգաղթի եւ անձնագրային կեդրոններէն ներս:
Ալ-Քըլէյպի. Կապէ՛ զիս գտածդ Պաղեստինի պատասխանատուիին հետ:

Քարտուղարութիւն. Քուպա ճամբորդած է, զօրակցելու համար Հարաւային Ամերիկայի ժողովորդներուն:
Ալ-Քըլէյպի. Դէպքերը կը զարգանան: Կապէ զիս Քուպայի արտաքին գործոց նախարարին հետ:

Քարտուղարութիւն. Տարածաշրջան ճամբորդած է, դադրեցնելու համար աջակողմեաններու վայրագ յարձակումները իր եւ արաբ ձախակողմեաններուն վրայ:
Ալ-Քըլէյպի. Կապէ՛ զիս արաբ ձախակողմեաններու նախագահին հետ:

Քարտուղարութիւն. Ո՞ր ձախակողմը:
Ալ-Քըլէյպի. Մարքսական արաբ ձախակողմի:

Քարտուղարութիւն. Այո…, ճանչցայ զինք: Ճամբորդած է իր աղօթական պարտականութիւնները կատարելու համար:

Ալ-Քըլէյպի. Դէպքերը իրար կ՚անցնին: Կապէ՛ զիս շրջանի կրօնապետին հետ, որպէսզի հասկնամ կատարուածը:
Քարտուղարութիւն. Մոսկուա ճամբորդած է՝ մասնակցելու Լենինի ծննդեան յիշատակի տօնակատարութիւններուն:

Ալ-Քըլէյպի. Անկեղծօրէն…, այլեւս չե՛նք հասկնար ինչ կը կատարուի եւ ի՛նչ պիտի կատարուի:
Քարտուղարութիւն. Ա՛յդ իսկ է պահանջուածը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 15

Վաղարշապատ


1 Ալ-Շազլի ալ-Քըլէյպի (6 սեպտեմբեր 1925-13 մայիս 2020): Թունուսցի քաղաքական գործիչ: Արաբական լիկայի քարտուղարի պաշտօնը վարած է 1979-1990 տարիներուն, որու կեդրոնը այն ատեն Թունուսն էր: Հրաժարած է 1990-ին, երբ Ամերիկան կը պատրաստուէր յարձակիլ Իրաքի վրայ, հակառակ ըլլալով արտաքին ուժերու ներխուժումին Իրաքի վրայ:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2024