ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

ՇԱՆ ԲՆԱԿԱՐԱՆԸ ԱՊԱՍՏԱ՞Ն…

Գողութիւնը դժբախտաբար կեանքի մէկ մասնիկը դարձած է հոս, Ամերիկայի մէջ։ Մանր-մունր գողութիւններէն զատ, ինքնաշարժի գողութիւնն է, որ ընդհանրացած է եւ դարձած աղէտալի։

Ինքնաշարժի գողութեան այս դէպքը կը պատահի Գալիֆորնիոյ Ռիվըրսայտ քաղաքին մէջ։ Այդ քաղաքի բնակիչներէն Սարա Սթիվընս կէս գիշերին աղմուկ մը կը լսէ, որ կու գար իր բնակարանի յետսամասի պարտէզէն։ Մինչ այդ, փողոցէն կը լսուէր ոստիկանական ինքնաշարժի մը ահազանգը։

Հետաքրքրուած՝ երբ Սարա կը մօտենայ պարտէզին բացուող դրան, կը տեսնէ, թէ կին մը կը փորձէր ներս մտնել։ Երբ գողը զինք կը տեսնէ, անմիջապէս կը փախչի եւ կը մտնէ պարտէզին մէջ զետեղուած շան տնակին մէջ (տես նկարը)։ Այս պատահարը ինծի կը յիշեցնէ ջայլամին պատմութիւնը, որ, գլուխը հողին մէջ թաղելով, կը խորհի, թէ չի տեսնուիր։

Սարա շուտով ամուսինը կ՚արթնցնէ եւ ոստիկանութեան լուր կու տայ։ Ոստիկանները կը ձերբակալեն կինն ու իր մեղսակիցը, որ ապաստան գտած էր դրացիին պարտէզին մէջ… Մեղսակիցը 18-ամեայ պատանի մըն է, որ կը կոչուի Անճելօ Քալամանտրէ։ Հաւանաբար Անճելօ կ՚ուզէր իր ընկերուհին տպաւորել, ինքնաշարժի այդ պտոյտով, չէ՞ք խորհիր։

Ուրեմն եղելութիւնը հետեւեալն է. այր մը եւ կին մը գիշերուան ուշ ժամուն կը գողնան ինքնաշարժ մը եւ կը սկսին սուրալ Ռիվըրսայտի քաղաքի փողոցներուն վրայ։ Անոնք բնականաբար կը հետապնդուին ոստիկաններուն կողմէ եւ երբ անել կացութեան մը կը մատնուին, ինքնաշարժը ձգելով կը փախչին ու ամէն մէկը ապաստան կը գտնէ բնակարանի մը պարտէզին մէջ ու կը պահուըտի, սակայն ի զո՜ւր:

Վերոյիշեալ դէպքը իր վախճանը գտնելէ ետք, Սարա փառք կու տայ Աստուծոյ, որ այդ գիշեր արթուն էր, այլապէս պիտի չգիտնար, թէ ի՛նչ կը պատահէր իր պարտէզին մէջ։

ԳԻՇԵՐԱՆՈՑՈՎ ԳՈՐԾԻ՞ ԵՐԹԱԼ…

Միացեալ Նահանգներու մէջ ամէն տարուան Ապրիլ 15-ը նկատուած է անձի մը, ընտանիքի մը եւ կամ ընկերութեան մը տարեկան եկամուտն ու ծախսերը (tax return) ներկայացնելու օր։ Բացառաբար սակայն այս տարի այդ օրը կը զուգադիպի Ապրիլ 17-ին, որովհետեւ Ապրիլ 15-ը Կիրակի է, իսկ Ապրիլ 16-ը պետական տօն մըն է։

Այս տարի Ապրիլ 16-ը հռչակուած է «Գիշերանոցով գործի երթալու օր» (National wear your pajamas to work day): Ինչո՞ւ: Որովհետեւ տուրքերը վճարելէ ետք մարդ պէտք է հանգստանայ եւ հարցերը թեթեւի առնէ (relax): Կցուած նկարները կը բացայայտեն այդ եղելութիւնը:

Ամերիկայի մէջ աշխատանքի օրերու եւ ժամերու ընթացքին այնքան ճնշում կայ գործաւորին կամ պաշտօնեային վրայ, որ գործատէրերն ու ընկերութեանց պատասխանատուները կարծես նմանօրինակ հնարաւորութիւններ կը ստեղծեն, որպէսզի անոնց բեռը թեթեւնայ եւ կարենան աւելի արդիւնաբեր դառնալ։

Ասկից առաջ անդրադարձած էի «Զաւակդ հետդ գործի բեր» եւ «Ընտանի կենդանիդ հետդ գործի բեր» օրերու մասին։ Միշտ նորութիւններ կան հոս, որոնք հաճելի մթնոլորտ մը կը ստեղծեն գործատեղիին մէջ եւ որպէս հետեւանք այս ներմուծուած նորաձեւութեան, պաշտօնեայ-գործատէր յարաբերութիւնները կը ձգտին լաւանալ։

Դրամատուներու մէջ ալ նման սովորութիւն մը գոյութիւն ունի, ըստ որուն՝ պաշտօնեաները Ուրբաթ օրերը արտօնուած են ոչ պաշտօնական հագուստով գործի գալ։ Այսինքն՝ այր մարդոց պարագային, անոնք կրնան փողկապ չկապել։

Հիմա տեսնենք, թէ յաջորդ նորաձեւութիւնը ի՛նչ պիտի ըլլայ այս երկրին մէջ։

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Հինգշաբթի, Մայիս 3, 2018