ՄԱՅԻՍԵԱՆ ԳՈՅՆԵՐ
-Այս ի՞նչ ծաղիկ է, տատի՛կ,- կը հարցնեմ մայթեզրին ամէն օր նստող, բանջարեղէն վաճառող տատիկին, որ այսօր արտադրութիւնը գեղեցկացուցած է եասամանի բուրաւէտ փունջերով ու դեղին, դաշտային ծաղիկներով:
-Սարերի ծաղիկ է, էլի, էս օրերին է ծաղկում,- կ՚ըսէ:
Փունջ մը «սարերի ծաղիկ»էն կը վերցնեմ ու մայիս ամսուան ծաղիկներուն գեղեցկութիւնն ու յատկութիւնները բացայայտելու հետաքրքրութեանս պատճառ կը դառնայ տատիկին այս պատասխանը:
Մայիս: Գարնան գեղեցիկ ամիսներէն, երբ զեփիւռը վերջապէս կը գտնէ իր հանգրուանը փոխարինելով փոթորիկին, հողմին, կարկտաբեր ամպրոպներուն: Մայիսը Հալէպի մէջ եւս ունէր իր գեղեցկութիւնը՝ «Աստուածածնայ ամիս» կը կոչուէր, կապոյտ հագած ուխտաւոր կիներ, շաբաթը օր մը, եկեղեցի կը յաճախէին, ծաղկեփունջեր կը նուիրէին ու խորանը գունագեղ հմայք մը կ՚ունենար:
«Եկո՛ւր, տե՛ս, մայիսեան ծաղիկս բացուեցաւ», կը կանչէր տալս իր «կանաչ ձեռք»երով տնկած այս տունկին ծաղկումով ուրախանալով: «Մայիսեան» կը կոչէր ծաղիկը, քանի որ մայիս ամսուն կը ծաղկէր: Յասմիկներու ընտանիքէն՝ գնդայասմիկն էր այդ բոյսը, կարծր, փայլուն կանաչ, ոչ շատ մեծ տերեւներով, վարդի պէս, բայց փերթերը աւելի նօսր, ճերմակ ծաղիկով տունկ մըն էր, որ ծաղկած միջոցին անուշ բոյրը կը տարածուէր տան բոլոր անկիւնները:
Ու պրպտումներուս մէջ կ՚երեւին յասմիկները, նարկիսը, որ այս ամիս մեզ կը շրջապատէ ամէնուրեք, բայց... «Նարկիսը թունաւոր է, հոտոտելով սիրտ խառնուք կը յառաջանայ եւ աղիքներու գործունէութիւնը կը խանգարէ, արեան ճնշումը կը բարձրացնէ: Մարդ նոյնիսկ սոխուկը ուտելով կը մահանայ», կը կարդամ համացանցային կայքէջերէն ու կը շտապեմ նախ վնասակար ծաղիկները գըտ-նել. որքան զգոյշ պէտք է ըլլալ բնութեան հետ հաղորդակցելու պահուն...: Յակինթն ալ նարկիսին պէս նոյն վնասակար յատկութիւնները ունի: Գեղեցկութեան ետին թաքուն վնասներ. ճիշդ է ժողովուրդը, երբ կ՚ըսէ՝ «գեղեցիկին տեսքին մի՛ խաբուիր»:
Դափնեվարդին առատութեամբ հանդիպած եմ Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մէջ. խոնաւութիւնը սիրող բոյս է, հոս եւս շքեղ առանձնատուներու շրջափակին ցանուած կ՚ըլլայ, վստահ յարմար պայմաններ ալ ստեղծուած՝ բոյսին աճման համար, բայց եկուր տես որ՝ «շատ թունաւոր բոյս է: Ընտանի կենդանին կը մահանայ, եթէ նոյնիսկ փոքրիկ տերեւ մը ուտէ, իսկ մեծերը թուլութիւն եւ գլխապտոյտ կ՚ունենան», կը տեղեկանամ:
Մայիս ամսուն աճող ծաղիկներէն է նաեւ հիրիկը, որուն մէկ տեսակը «ձուկի բերան» կը կոչէինք եւ մանկութեան կը քաղէինք ու երկու մատներու մէջ սեղմելով բերանը կը բացուէր ու կը գոցուէր, բայց... «այս բոյսին հետ շփում ունենալը կրնայ սիրտ խառնուք ու ջերմութեան անմիջական բարձրացում յառաջացնել», կը կարդամ:
Մայիսին լեռնային բազմապիսի ծաղիկներ կ՚աճին Հայաստանի մէջ, ինչպէս՝ անմոռուկը, ծիծեռնախոտը, վարդակակաչը, մկնասոխը, հովտաշուշանը, հողմածաղիկը, երիցուկը, որոնք թունաւոր եւ վտանգաւոր յատկութիւններ չունին, այլ կ՚օգտագործուին բազմաթիւ դեղերու պատրաստութեան համար, օրինակ՝ վայրի խորդենին, որ ժողովրդական բժշկութեան մէջ, եփած բոյսը, կ՚օգտագործուի անքնութեան, լոյծի, կանացի արիւնահոսութիւններու, էկզէմաներու եւ տարբեր հիւանդութիւններու բուժման համար, ինչպէս նաեւ թունաւոր օձերու խայթոցներուն համար:
... Եւ գիտէ՞ք թէ՝ թթուառւոյտը (oxalis), որ յաճախ մեր ոտքերուն տակ, քալած միջոցին, ոտնակոխ կ՚ըլլայ, բայց դարձեալ տեղէ մը գլուխ կը ցցէ տերեւ մը, կամ փոքրիկ կոկոն մը դուրս տալով. խնամքի կարօտ չէ այս բոյսը, կ՚աճի ինքնիրեն, նոյնիսկ սալիկապատ փողոցներու սալերու ճեղքերէն, կամ պատերու վրայ գոյացած ճեղքերէն դուրս կու գայ, բայց թթուառւոյտին տերեւները ունին թթու համ մը, ուրկէ ստացած է իր կոչումը: Շատերը այս բոյսին տերեւները կ՚աւելցնեն թէյին կամ աղանդներուն՝ կիտրոնի փոխարէն:
Ստեղծագործ է ժողովուրդը, յիշենք նաեւ ժողովուրդի անուանած՝ զոքանչի լեզու (sansevieria) բոյսը, որ տարուան բոլոր ամիսներուն շատերու տուներուն օդը կը մաքրէ, բայց կրնայ դառնալ կոկորդի ցաւի, սիրտ խառնուքի պատճառ, ի զուր չէ որ ժողովուրդը այս անունով կոչած է բոյսը:
Եւ իմ պրպտումներուս պատճառ դարձած «սարերի ծաղիկ»ը՝ ահաւասիկ գարնանային գնարբուկն է, որ իր զարմանալի գեղեցկութեան ու հոտաւէտ ծաղիկներուն շնորհիւ հինէն ի վեր կը համարուի գարնան դռներու բացման ոսկեայ բանալին:
... Եւ մայիս ամսուան ծաղիկներուն ցանկը կրնայ շա՜տ երկարիլ:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ