ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԳՆԴՈՒՆԻ. «ՄԵՐ ԹԱՏՐՈՆԸ ՊԱՀՈՂԸ ԻՐԱՒ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆ Է»
Լիբանանահայ գաղութի թատրոնի անցեալն ու ներկան…
Սփիւռքի հայկական գաղութներու տարեգրութեան մէջ կարեւոր տեղ զբաղեցուցած է թատրոնը։ Այս առումով ալ կան գաղութներ, ուր հայկական թատրոնը ո՛չ միայն դարձած է յառաջատար, այլեւ՝ այդ թատրոններուն մէջ գործող բեմադրիչներն ու դերասանները մեծ նպաստ ունեցած են տեղւոյն արաբական թատրոնի զարգացման։ Այս առումով ուշագրաւ է Պերճ Ֆազլեանի պարագան, որ հակառակ արաբերէն չգիտնալուն, կը դասուի լիբանանեան թատերական կեանքի կարեւոր հեղինակութիւններէն մին։ Ֆազլեան ծնած ու որոշ ժամանակ մը ապրած ըլլալով Պոլիս, հեռացած ու հաստատուած էր Լիբանան, ուր ան սկիզբ դրած էր թատերական բեղուն գործունէութեան։ Ֆազլեան կը կարողանար նորութիւն բերել Պէյրութի թատերական կեանքին, ոչ միայն անոր համար, որ կու գար Պոլսէն, ուր կային թատերական կեանքի բոլոր հիմքերն ու նախադրեալները, այլ մանաւանդ անոր համար, որ ան տաղանդաւոր էր։
Անշուշտ Ֆազլեանի պարագան միակը չէ, կան բազմաթիւ այլ անուններ. օրինակ՝ Ժորժ Սարգիսեան, Վարուժան Խտըշեան, Ժիրայր Աւետիսեան եւ ուրիշներ, որոնք համարուեցան լիբանանեան թատրոնի կերտման ու զարգացման մէջ կարեւոր ներդրում ունեցած դէմքեր։ Այս բոլորէն անդին ու հակառակ անոր, որ Լիբանանի մէջ թատերական կեանքին մղում տուածները ընդհանրապէս հայ բեմադրիչներ էին, աւելի ուշ եւ յատկապէս յետպատերազմեան ժամանակաշրջանին զգալի ու երեւելի դարձաւ, որ լիբանանահայ թատրոնը ապրեցաւ մեծ անկում մը։
Այդ մէկն անշուշտ կապ ունէր Լիբանանը հարուածած քաղաքացիական պատերազմին հետ, որուն հետեւանքով ալ հազարաւոր լիբանանահայեր կը հեռանային երկրէն։
Ու հակառակ այդ պատկերին, լիբանանեան թատրոնը կը շարունակէր իր վերելքը եւ արդէն վաղ 2000-ականներուն Պէյրութը կը դառնար համարաբական թատրոնի կարեւոր ամպիոններէն մին։ Այս բոլորը կարդալէ ետք ընթերցողին մօտ հարցադրում մը պիտի ծագի, թէ արդեօք տեղի ունեցած իրադարձութիւններէն ետք՝ լիբանանահայ բեմն ու թատերական կեանքը շարունակե՞ց անկում ապրիլ։
Այս հարցումին կտրուկ պատասխան մը տալով՝ պէտք է ի պատիւ այդ դարաւոր գաղութի մշակութային մարմիններուն ու ղեկավարութեան փաստագրել, որ գաղութը ունեցաւ, կարողացաւ ունենալ թատերական կեանքի նուիրեալներու նոր հոյլ մը, որոնք ձեռք-ձեռքի տալով կարողացան նոր եռանդ հաղորդել գաղութի մշակութային կեանքին։ Եւ ահա՛, այս նիւթի ընդհանուր տեսարանին մէջ ընթերցողներուս ուշադրութեան կը յանձնեմ լիբանանահայ բեմադրիչ Յարութիւն Գնդունիի հետ կատարած հարցազրոյցս։
*
-Պարոն Գնդունի, կ՚ըսուի, որ լիբանանահայ գաղութին գլխաւոր բաղկացուցիչ տարրերէն մէկը թատրոնն է: Այսօր ինչպէ՞ս կը բնութագրէք լիբանանահայ թատրոնը:
-Լիբանանի մէջ ներկայիս գլխաւոր հինգ թատերախումբեր կը գործեն՝ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը (բեմադրիչ՝ Յակոբ Տէր-Ղուկասեան), ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը (բեմադրիչ՝ Յարութ Գնդունի. նախապէս բեմադրիչն էր Վարդան Մկրտիչեան), ԹՄՄ-ի «Երուանդ Օտեան» թատերախումբը (բեմադրիչ՝ Վաչէ Ատրունի), «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը (բեմադրիչ՝ Յարութ Գնդունի), «Թէաթրոն» թատերախումբը (բեմադրիչ՝ Սուրէն Խտըշեան):
Այս հինգ թատերախումբերը ամէն տարի բեմ կը հանեն նոր եւ որակաւոր թատերախաղեր եւ կը գնահատուին մամուլին ու մտաւորականներու կողմէ։ Կան նաեւ անորակ ներկայացումներ բեմ հանող չակերտեալ բեմադրիչներ, որոնք կը լեցնեն սրահներ։ Այս պարագային կրնամ ըսել, որ հասարակը միշտ ալ սիրուած է հասարակին կողմէ: Այդ հանդիսատեսը մեր ներկայացումներուն չի գար, կամ անոնցմէ շատ քիչեր է, որ կու գան։
-Որոշ ժամանակ մը ապրած էք Լիբանանէն դուրս եւ ձեր վերադարձէն ետք ծաւալած էք թատերական գործունէութիւն: Ներկայիս ի՞նչ պաշտօն կը վարէք, պատմեցէք նաեւ ձեր այժմ վարած ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի մասին:
-Ես այս տարի հրաւիրուեցայ ստանձնելու ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի բեմադրիչի եւ գեղարուեստական ղեկավարի պաշտօնը։ Սոյն խումբով, այս տարուան մարտին բեմ հանեցի, անգլիացի թատերագիր Մայքըլ Գունիի «Ակամայ ստախօսը» կատակերգութիւնը՝ իմ իսկ թարգմանութեամբ։
Ինչ կը վերաբերի ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին, նախ նշեմ, որ ան այս տարի կը բոլորէ իր 60-ամեակը: Հիմնուած է 1959-ին։ Ունեցած է գլխաւոր տասն բեմադրիչներ՝ Պերճ Ֆազլեան, Գրիգոր Սաթամեան, Երուանդ Ղազանճեան, Վիգէն Ստեփանեան, Գրիգոր Տեկիրմենճեան, Վարդան Մկրտիչեան, Վաչէ Տօնէրեան, Արտաշէս Յովհաննէսեան, Յարութ Գնդունի եւ Վաչէ Ատրունի։ 60 տարիներու ընթացքին բեմ հանած է 58 թատերախաղեր, ունեցած է հարիւրաւոր անդամներ, աւելի քան 50 մնայուն դերասաններ։
2019-ի դրութեամբ, թատերախումբը ունի շուրջ տասնհինգ դերասաններ, որոնցմէ տասն իմ նոր բեմադրած «Ակամայ ստախօսը» կատակերգութեան մէջ դեր ունին։ Կան նաեւ տասն վարչական եւ այլ պատասխանատուներ։
-Լիբանանի մէջ միութենական թատերախումբերը ընդհանրապէս սիրողական մակարդակի վրայ եղած են, ինչպէ՞ս կը կարողանաք մանաւանդ ոչ-արհեստավարժ դերասաններով ներկայացում պատրաստել եւ հրամցնել հանրութեան:
-Ոչ-արհեստավարժ դերասաններուն հետ ես անձնապէս աշխատելու ձեւը գտած եմ։ Թատերախաղը որոշուելէն ետք դերաբաշխումը կը կատարեմ, ու կը սկսինք սեղանի աշխատանքին՝ նախ ճիշդ կարդալու փորձերը կ՚ըլլան, յետոյ շեշտերը կու տամ, ձայնի ելեւէջ, ռիթմը՝ ուր արագ կամ դանդաղ պիտի խօսի եւ այլն։ Այս բոլորը սեղանի շուրջ կ՚ըլլան։ Ապա ոտքի կ՚ելլեն, էջ առ էջ քալելու տեղերը կը նօթագրեն ու կ՚անցնինք փորձերու։ Այս աշխատանքը կը տեւէ չորսէն վեց ամիս։
Փորձառու դերասանները շատ չեն յոգնեցներ, նորեկներուն հետ առանձին փորձեր կ՚ընեմ։ Վերջին ամիսը մանրամասնութիւններու վրայ կ՚աշխատինք: Բեմադրիչը ոչ-արհեստավարժ դերասանին ստիպուած է իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն տալու եւ բացատրելու։
Ես կը հաւատամ, որ արուեստագէտ դերասանները ի ծնէ այդպիսին կ՚ըլլան եւ անոնք են, որ կը պահեն մեր թատրոնը։
-Պէյրութի մէջ միշտ լուռ պայքար եղած է աւանդական հայ թատրոնին եւ երգիծախառն, զաւեշտախառն թատրոնին միջեւ եւ վերջիններս յաճախ աւելի շատ գրաւած են հայ հանդիսատեսին «սիրտ»ը, այն առումով որ մեծ կ՚ըլլար անոնց հանդիսատեսին թիւը, ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս իրողութիւնը:
-Ինչպէս քիչ առաջ նշեցի, այո՛, կան անորակ ներկայացումներ բեմ հանող «բեմադրիչներ», որոնք աւելի շատ կը լեցնեն սրահները։ Սակայն պէտք է ըսեմ, որ Շէմմէսեան, Հելվաճեան, Հարպոյեան եւ այլն, ասոնք առընչութիւն չունին լուրջ թատրոնին հետ։ Նախ մասնագիտացած չեն, ունին թատրոնի նախնական գիտելիքներ՝ անմակարդակ, բեմադրական եւ դերասանական աշխարհէն անտեղեակ մարդիկ են, որոնք թատերական աշխարհը կը պղտորեն։ Կը նմանին այն մարդուն, որ հայերէն չի գիտեր եւ բանաստեղծութիւն կամ երգի բառեր կը գրէ։ Ոչ մէկ գնահատական խօսք տպուած է մամուլին մէջ այս մարդոց մասին։ Ասիկա իմ անձնական կարծիքս է։
-Ինչպէ՞ս կը տեսնէք լիբանանահայ թատրոնի ապագան:
-Շնորհիւ վերը նշուած հինգ գլխաւոր թատերախումբերու եւ բեմադրիչներու, լիբանանահայ թատրոնի մակարդակը բարձր է։ Երբեմն կ՚ըլլան ներկայացումներ, որոնք չեն զիջիր արհեստավարժ խումբերու մակարդակին: Ըսել կ՚ուզեմ, ունինք փորձառու դերասաններ եւ բեմադրիչներ, որոնց ներկայացուցած թատերախաղերը բարձր որակի են։ Տեղացի բեմադրիչներ եւ դերասաններ, յաճախ կու գան մեր ներկայացումները դիտելու եւ գնահատանքով կ՚արտայայտուին։
Այստեղ սակայն կ՚ուզեմ յիշեցնել, որ քաղաքացիական պատերազմէն առաջ եւ նոյնիսկ պատերազմի ընթացքին, թատերախումբ մը չորս շաբաթավերջ կը լեցնէր սրահը, հիմա՝ երկու շաբաթավերջ։ Առաջ 6000-էն 8000 հանդիսատես ունէինք, հիմա՝ 2500 կամ 2000։ Այս պարագային արդէն աւելի քան յստակ է, որ գաղութի թիւը բաւական նուազած է։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԳՆԴՈՒՆԻ
Լիբանանահայ բեմադրիչ Յարութիւն Գնդունի իր թատերական գործունէութեան սկսած է 1964-ին։ Հայկազեան համալսարանը աւարտելէ ետք մեկնած է Հայաստան, ուր հետեւած է Երեւանի Պետական գեղարուեստա-թատերական կաճառի Բեմադրական բաժանմունքի դասընթացքներուն ու վկայուած։
Գնդունի 1979-ին Պէյրութի մէջ հիմնած է «Երիտասարդական թատրոն» թատերախումբը, որ գործած է տասն տարի։ 1991-1994 թուականներուն ստանձնած է ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի բեմադրիչի եւ գեղարուեստական ղեկավարի պաշտօնը: 2017-2018 թուականներուն՝ որպէս դասախօս հրաւիրուած է, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հիմնած «Կրթական-հայագիտական դասընթացք»ի տնօրէնութեան կողմէ, դասաւանդելու «Թատրոն»ի դասընթացքներ։
Գնդունի թարգմանած է աւելի քան երեսուն թատերախաղեր, հեղինակ է թատերախաղերու, աշխատակցած է թերթերու, հեղինակ է թատերագիտական յօդուածներու, բեմադրած է շուրջ քառասուն թատերախաղեր եւ որպէս դերասան մարմնաւորած է աւելի քան յիսուն կերպարներ:
Գնդունի ներկայիս կը պատրաստէ «Լիբանանահայ թատրոնը 1920-ականէն մինչեւ 2020» ծաւալուն գործը, որ լոյս պիտի տեսնէ 2020 թուականին, որուն մէջ ընդգրկուած են Լիբանանի մէջ գործունէութիւն ծաւալած բոլոր խումբերը՝ բեմադրիչներ, դերասաններ ու անոնց մասին լոյս տեսած մամուլի յօդուածներէն մէջբերումներ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան