ԱՇՆԱՆ ԳԻՇԵՐ ՄԸ
Անգամ մը աշնան պատահեցաւ, որ շատ անհաճոյ եւ անպատեհ դիրքի մը մատնուիմ, հազիւ թէ քաղաք ոտք կոխած էի, տեսայ, թէ տասնոց մը իսկ չկար գրպանիս մէջ պանդոկ մը գիշերելու համար։
Հագուստներս մաս առ մաս ծախելէ վերջ, առանց որոնց կարելի կ՚ըլլար կեանքը դարձեալ շարունակել, եկայ թաղամաս մը, ուր ամբողջ նաւարկութեան եղանակին կը փրփրէր աղմկարար եւ աշխատասէր կեանքով մը։ Բայց հիմա լռած էր եւ ամայացած, որովհետեւ հոկտեմբերի վերջին օրերն էինք։
Յամառօրէն կը քննէի խոնաւ աւազուտքը։ Երկայնքն ի վեր թափառելով առանձին, ուտելիքի պատառ մը գտնելու յոյսով։ Որքա լաւ կ՚ըլլար, եթէ պնակ մը լեցուն կերակուր ունենայի։
Մեր ներկայ մշակոյթի գոյավիճակին մէջ, միտքի անօթութիւնը շատ աւելի դիւրին կը գոհանայ քան ստամոքսի անօթութիւնը։
Կը շրջիս փողոցներու ընդմէջէն, դուն զքեզ կը գտնես շրջապատուած շատ մը շէնքերով, որոնք գէշ չեն արտաքնապէս եւ ազատօրէն կրնաս խորհիլ, թէ անոնց ներքին կահաւորումն ալ նոյնպէս չի կրնար գէշ ըլլալ, եւ անոնց տեսքը կը գրգռէ մէջդ ընդհանրացող գաղափարներ, ճարտարապետութեան, առողջապահութեան եւ ուրիշ շատ մը իմաստուն եւ բարձրաթռիչ նիւթերու։ Անոնց մէջ կրնաս հանդիպիլ տաքուկ եւ բծախնդրօրէն հագուած ժողովուրդի մը, ամէնքն ալ շատ քաղաքավար, որոնք գիտեն վարպետութեամբ խոյս տալ քեզմէ առանց փափաքելու նշմարել խղճալի գոյութիւնդ։ Լաւ, լաւ, անօթի մէկու մը միտքը աւելի առողջ է, քան թէ միտքը լաւ սնած մէկու մը, ահաւասիկ պարագայ մը ուրկէ կրնաս յանգիլ ճարտար հետեւութիւններու ի նպաստ գէշ սնած մարդուն։
Գիշերը կը մօտենար, անձրեւը կը տեղար եւ քամին սաստկօրէն կը փչէր հիւսիսէն, կը սուլէր պարապ կրպակներու մէջ, կը փչէր գինետուններու ծեփուած ապակիներու մէջէն, փրփուրի պէս կը մտրակէր գետին ալեակները, որոնք իրենց տիղմը կը ցայտեցնէին աւազուտ ափին վրայ, կը բարձրացնէին իրենց ճերմակ գագաթը, իրարու ետեւէ վազելով եւ աճապարելով իրարու ուս կ՚ելլէին։ Կարծես գետը կը զգար մօտալուտ ձմեռը եւ կը վազէր ըստ բախտի հեռու սառոյցին կապանքներէն, զորս հիւսիսային քամին կրնար շատ լաւ անցնիլ իր վրայ այս գիշեր։ Բնութեան մելամաղձոտ եղերերգութիւնը շեշտուած էր զոյգ մը հովէն թալանուած ուղիներով եւ ողնափայտը կոտրած նաւակով մը, որ պարաններով ամրացած էր անոնց բունին։
Շուրջը ամէն բան ամայի եւ տխուր էր… կարծես ամէն բան մեռած ըլլար զիս ձգելով ապրողներուն մէջ, ուր պաղ մահ մըն ալ ինծի կը սպասէր։ Այն ատեն տասնութը տարեկան էի, լաւ տարիք մը։
Կը քալէի ու կը քալէի խոնաւ աւազին մէջէն, ակռաներս հնչեցնելով ի պատիւ ցուրտին եւ անօթութեան, յանկարծ, երբ պարապ կողովներէն մէկուն մէջ ուտելու համար բան մը կը փնտռէի, անոնց ետեւը նշմարեցի դէպի գետին կծկտած կնոջական կերպարանք մը, խոնարհած ուսերով եւ յորդող անձրեւէն թրջուած հագուստներով, ուստի ուշադրութեամբ դիտեցի, թէ ի՞նչ կ՚ընէր ան։ Կարծէք փոս մը կը փորէր աւազին մէջ իր ձեռքերով, կողովներէն մէկուն յատակէն։
«Ինչո՞ւ համար կը փորես», հարցուցի բաւական մօտենալով իրեն։
Պզտիկ ճիչ մը արձակեց եւ շուտ մը ոտքի ելաւ։ Հիմա որ հոն կը կենար նայուածքը ինծի յառած ու լայն բացուած գորշ աչքերը սարսափով լեցուած, նշմարեցի, թէ աղջիկ մըն էր իմ տարիքիս հաւասար, շատ հաճելի դէմքով մը, դժբախտաբար սակայն խարանուած երեք խոշոր եւ կապոյտ նշաններով, որոնք կ՚աւրէին իր գեղեցկութիւնը։ Անոնցմէ երկուքը աչքերուն տակ, իսկ երրորդը քիչ մը աւելի խոշոր ճակատին վրայ։
Նշաններու իրարու վրայ ունեցած հեռաւորութեան հաւասարութիւնը ապահովաբար արուեստագէտի մը գործն էր, մարդկային կազմը աւրող արհեստին լաւատեղեակ։
Աղջնակը ինծի նայեցաւ եւ աչքերուն մէջ երեւցող ցասումը հետզհետէ անյայտացաւ։ Ձեռքերէն աւազը թօթուեց, շտկեց բամպակեայ գլխու ծածկոցը, ծռեցաւ եւ ըսաւ.
«Կարծեմ դուն ալ ուտելիք կը փնտռես, փորէ ուրեմն, իմ ձեռքերս յոգնեցան»։
Սկսայ փորել։ Իսկ ան քիչ մը սպասել եւ զիս դիտելէ վերջ, գետին նստաւ եւ սկսաւ օգնել ինծի։
Լռութեան մէջ աշխատեցայ։ Այժմ չեմ կրնար ըսել, թէ կրցի այդ պահուն խորհիլ ընկերային եւ բարոյական օրէնքներու մասին, ըստ որոնց մարդ պէտք է ամէն վայրկեան ուրիշի մը կեանքը խորհի, պէտք է խոստովանիմ, թէ այնքան խորապէս տարուած էի գործովս, որ կատարելապէս մոռցած էի ամէն բան, ի բացառեալ մէկ բանէ, թէ ի՞նչ պիտի գտնէի վերջապէս։
«Մինչեւ յատակը հասա՞ր», հարցուց մեղմօրէն օգնականս, «մենք խրամատ կը փորենք եւ վերջապէս պիտի յանգինք կարծր բեկորներու միայն», ապա գլուխով ցոյց տուաւ փոքրիկ խանութ մը. «Հոս պէտք է որ կտոր մը հաց գտնուի… նաեւ պաղ միս…։ Այս կրպակը լաւ կ՚աշխատի, կոտրենք կղպանքը, աւրուած է արդէն»։
Լաւ գաղափարներ հազուադէպօրէն կ՚ելլեն կնոջ մը գլուխէն, բայց ինչպէս կը տեսնէք, երբեմն կ՚ելլեն իրապէս։ Ես միշտ արժէք տուած եմ լաւ գաղափարներու եւ կարելի եղածին չափ օգտագործած զանոնք։
Կղպանքը ուժով մը քաշեցի եւ զայն կոտրեցի։ Յանցանքի ընկերս անմիջապէս գետին ծռեցաւ եւ օձի մը պէս սողոսկեցաւ վրան բաց սակառի մը վրայ, ցած ձայնով ըսաւ ինծի հիացած.
«Դուն վարպետ մըն ես»։
Այս օրերուս կնոջական գովասանք մը շատ աւելի սիրելի է ինծի որքան այր մարդունը, նոյնիսկ եթէ երբեք ան եղած ըլլայ շատ աւելի հռետորական։
«Բան մը գտա՞ր ուտելիք»։
«Շատ մը պարապ շիշեր, մուշտակի կտորներ, արեւանոց մը եւ երկաթէ դոյլ մը»։
Յոյսերս ի դերեւ կ՚ելլէին, երբ յանկարծ ընկերուհիս պոռաց.
«Հաց, շերտ մը հաց… միայն թրջած է… առ»։ Շերտը ինկաւ ոտքերուս մօտ, ինչպէս նաեւ ինքը՝ քաջ ընկերուհիս։ Ես արդէն պատառ մը խածած էի, հաւաքեցի բերանիս մէջ եւ սկսայ ծամել…։
«Ինծի ալ տուր քիչ մը… պէտք չէ որ հոս կենանք»։
«Ո՞ւր երթանք»։ Չորս կողմը քննեց, մութ էր, խոնաւ եւ խստաշունչ։
«Տես շրջած նաւակ մը կայ հեռուն, հոն երթանք»։
«Երթանք»։
Դէպի հոն քալեցինք լեցնելով մեր բերանները հացի խոշոր պատառներով… անձրեւը աւելի սաստկացաւ, գետը մռնչեց, տեղ-տեղ ծիծաղկոտ սուլիչներ արձակելով, մարդու մը պէս, որ ոչ մէկ բանէ կը վախնայ եւ որուն հերոսներն էին հովը եւ ես։ Աղջնակը ձախ կողմէս կը քալէր եւ ինծի քայլ կը յարմարցնէր։
«Ի՞նչ է անունդ», հարցուց իրեն, ինչո՞ւ համար չգիտնայի։
«Նաթաշա», պատասխանեց ան կտրուկ, բարձրաձայն ծամելով իր պատառը։
Իրեն նայեցայ։ Սիրտս իմ մէջ կը ցաւէր։ Ապա նայեցայ մշուշին, որ պատած էր չորս կողմս։ Այնպէս կը թուէր, թէ ճակատագրիս հակասող կողմը կը ժպտէր ինծի ցուրտ եւ առեղծուածային։
Անձրեւը կը մաքրէր նաւակին փայտերը առանց կենալու եւ իր հարուածները յառաջ կը բերէին մելամաղձոտ խորհուրդներ։ Ալիքներու միօրինակ ձայնը անհանդուրժելի բան մը կը պատմէր, անծայրածիր, տքնաջան հառաչը աշխարհի, վիրաւորուած եւ յոգնաբեկ, անվերջանալի փոփոխութիւններէն լուսաւոր եւ գաղջ ամառուան մը, դէպի ցուրտ, մշուշոտ եւ խոնաւ աշունը։
Մենք ապաստան գտած էինք նաւակին տակ, բայց հանգիստ չէինք։ Անձրեւի փոքր եւ պաղ կաթիլներ ներս կը մտնէին փչող հովին հետ եւ մենք ցուրտէն կը դողայինք։ Մեծ փափաք մը կը զգայի քնանալու համար։ Նաթաշան ծունկերը ձեռքերուն մէջ առած, կռնակը նաւակին կռթնցուցած, յամառօրէն գետը կը դիտէր։ Գունատած դէմքին վրայ աչքերը անհունապէս խոշոր կ՚երեւէին, այդ հետքերուն պատճառաւ։ Երբեք չէր շարժեր եւ այս անշարժութիւնն ու լռութիւնը մէջս հետզհետէ վախի զգացում մը առաջ կը բերէին դրացուհիիս հանդէպ։ Կ՚ուզէի խօսիլ իրե, բայց չէի գիտեր ի՞նչպէս սկսիլ։
«Ի՞նչ անիծեալ բան է այս կեանքը», հառաչեց լիաբերան, պոռթկալով։ Բայց ասիկա գանգատ մը չէր, այլ իր պարզունակ հոգին կ՚ուզէր յանգիլ եզրակացութեան մը, զոր պիտի չմերժէի ընդունիլ։ Բայց իմ կարգիս ես ալ կը լռէի եւ ան կարծէք զիս չէր նշմարեր եւ կը շարունակէր անշարժ նստիլ հոն։
«Ո՞վ խարանեց քեզ», հարցուցի, նոյն վայրկեանին աւելի զգայացունց նիւթ մը չէի կըր-նար երեւակայել։
«Փաշքան», ըսաւ ցած ձայնով մը։
«Ո՞վ է Փաշքան»։
«Սիրած մարդս… փռապան մը»։
«Կը ծեծէ՞ր քեզ յաճախ»։
«Երբ գինովնար կը ծեծէր զիս… յաճախ…»։
Ու շարունակեց։ «Ան փռապան մըն էր, շէկ պեխերով եւ շատ լաւ կիթառ կը նուագէր, զուարթ երիտասարդ մըն էր, սիրուն, լաւ կը հագուէր»։ Այս պատճառաւ սիրահարուած եւ իր ունեցած դրամները վստահած էր անոր։ Այն դրամները՝ զորս ընկերները տուած էին իրեն շաքար գնելու համար։ Այս դրամով կը գինովնար եւ կը ծեծէր զինք, բայց այնքան հոգ պիտի չընէր, երբ ան չիյնար ուրիշ աղջիկներու ետեւէ իր իսկ աչքերուն առջեւ։
«Միթէ անարգանք չէ՞ ասիկա, ուրիշներէ ի՞նչ բանով վար կը մնամ։ Այս կը նշանակէ, թէ կը խնդար իմ վրաս ստորինը։ Անցեալ օր խնդրեցի տանտիկնոջմէն քիչ մը դուրս ելլել։ Իրեն գացի եւ տեսայ Տիմքան, որ քովը նստած էր, երկուքն ալ գինով։ «Ստորին» պոռացի, վրաս յարձակեցաւ, կից տուաւ եւ մազերէս քաշեց։ Ապա պատռեց հագուստս, որ բաւական նոր էր։ Ապտակ մը իջեցուցի եւ ինք պատռեց գլուխի ծածկոցս…։ Աստուած իմ, ի՞նչ պիտի ընեմ հիմա», յանկարծ հեծկլտաց ցաւակոծ եւ պրկուած։
Հովը կ՚ոռնար, ակռաներս դարձեալ կը սկսէին կափկափել եւ ան կրցածին չափ ինծի կը մօտենար պաշտպանուելու համար ցուրտէն, այնպէս որ կրնայի մօտէն տեսնել իր աչքերուն փայլը։
«Ինչ թշուառ արարածներ էք դուք, մարդիկդ, եթէ կարենայի, ամէնքդ միասին կ՚այրէի ձեզ հնոցի մը մէջ։ Ձեզ կտոր կտոր կ՚ընէի։ Դուք քծնելով կը մօտենաք մեզի եւ մենք, յիմարներս կը յանձնուինք մեր ամէն ինչը ձեզի յանձնելով, ապա անմիջապէս ոտքի կոխան կ՚ընէք մեզ, թշուառ թափառականներ»։
Չկար չարութիւն, չկար ատելութիւն, երբ այս բառերը կ՚արտասանէր, իր ձայնը շատ հանդարտ էր։
Բոլոր ասոնք շատ աւելի զօրաւոր ազդեցութիւն մը ըրին վրաս, որքան ամենէն պերճախօս եւ յոռետես բանախօսութիւնները։ Մեռնող մէկու մը ճգնաժամը աւելի բնական է, որքան անոր նկարագրութիւնը։
Մեղմօրէն հառաչեցի։
Գրեթէ նոյն վայրկեանին շուրջս զգացի երկու փոքրիկ բազուկներ, որոնցմէ մին վզիս իսկ միւսը դէմքիս վրայ։
«Ի՞նչ բան կը նեղէ քեզ»։
Կը կարծէի, թէ ուրիշ մէկը կ՚ընէ այս հարցումը եւ ոչ թէ Նաթաշան, երբ քիչ առաջ ըսած էր, թէ ամէն այր մարդ թշուառ մըն էր։
«Ի՞նչ բան է, որ կը նեղէ քեզ, կը մսի՞ս, կը սառի՞ս, ինչո՞ւ կը լռես բուի մը պէս։ Պէտք էր առաջուընէ ըսէիր ինծի, թէ կը մսիս։ Եկուր, պառկէ գետին… երկարէ, ես ալ քովդ պիտի պառկիմ… հոս։ Բազուկներովդ փաթթուէ ինծի… ուժով։ Շուտ կը տաքնաս… յետոյ կռնակ կռնակի կու տանք… գիշերը շուտ կ՚անցնի, կը տեսնես… դուն ալ խմած ես… վռնտուած ես աշխատած տեղէդ, հոգ մի՛ ըներ»։
Եւ հանգստացուց, քաջալերեց զիս։
Իսկ ես հոս էի ահաւասիկ, լրջօրէն զբաղած մարդկային ճակատագրին հետ, մտածելով ընկերութեան մասին, անոր քայքայումին, վերելքին, ջանալով ամբողջ կարելիութեամբս ըլլալ կարող եւ գործօն ընկերային ուժ մը։ Կին մը այժմ կը տաքցնէր զիս իր մարմինովը, դժբախտ, ծեծուած, որսացուած էակ մը, որ չունէր տեղ եւ արժէք կեանքի մէջ։ Եւ որուն համար միտքէս չէի անցըներ օգնել երբեք, մինչեւ որ ան օգնեց ինծի, եւ որուն չեմ գիտեր ի՞նչպէս օգնելու էր դրապէս, հակառակ անոր որ այդ գաղափարը պաշարած էր միտքս։
Ո՜հ, պատրաստ էի խորհելու, թէ այս ամէնքը կը պատահէին երազի մէջ, անհաճոյ եւ ճնշող երազ մը։
Բայց ո՜հ, անկարելի էր այսպէս խորհիլ, որովհետեւ անձրեւի պաղ կաթիլներ կը կաթկթէին վրաս, Նաթաշան կը ճնշէր զիս, իր գաղջ շունչը երեսիս կը փչէր եւ հակառակ վոտքայի թեթեւ հոտին, ինծի հաճելի կու գար։ Հովը կը հառաչէր, կը փրփրէր, անձրեւը փոշիի նման կը տեղար նաւակին վրայ, ալիքները կը զարնուէին եւ մենք երկուքս զիրար գրկած, չէինք դողար ցուրտէն։ Բոլոր ասոնք այնքան իրական էին, որ վստահ եմ, թէ ոչ մէկը կրնար երազել այսքան ճնշող եւ սարսափազդու անուրջ մը՝ որպիսին էր այս իրականութիւնը։
Բայց Նաթաշան կը խօսէր անդադար այս կամ այն նիւթին վրայ, կը խօսէր ազնուօրէն եւ գրաւչօրէն այնպէս, ինչպէս կին մը միայն կրնայ խօսիլ։ Իր ձայնին եւ բառերուն ազդեցութեան տակ պզտիկ կրակ մը կը սկսէր այրիլ մէջս, կարծէք սիրտս կը հալէր։
Յանկարծ արցունքներ յորդեցան կարկուտի պէս, աչքերէս, մաքրելով ամէն բան՝ որ անիմաստ էր, ցաւ էր եւ աղտոտութիւն իմ մէջ նախապէս։
«Եկուր պիտի անցնի ամէն ինչ։ Հոգ մի՛ ըներ, պիտի անցնի։ Աստուած քեզի պիտի տայ ուրիշ առիթ մը։ Շիտակ ճամբու մէջ պիտի մտնես եւ պիտի առնես քեզի արժանի տեղդ դարձեալ եւ ամէն բան պիտի շտկուի»։
Եւ շարունակեց համբուրել զիս… շատ համբոյրներ տուաւ ինծի… այրող համբոյրներ… եւ այս ամէնը ոչ մէկ բանի փոխարէն։
Ասոնք առաջին համբոյրներն էին կնոջ մը կողմէ տրուած ինծի, նաեւ լաւագոյն համբոյրները, որովհետեւ միւսները ոչ մէկ բան սորվեցուցին ինծի։
«Եկուր, շատ մի՛ խորհիր, զարմանալի տղայ, վաղն իսկ ես պիտի գտնեմ քեզի համար տեղ մը, եթէ երբեք դուն չկարենաս գտնել», իր հանդարտ, համոզող շունչը կարծէք երազէ մը կու գար ականջիս։
Երկուքս մինչեւ առաւօտ հոն պառկեցանք։ Եւ երբ արշալոյսը բացուեցաւ, սողացինք մակոյկին ետեւէն եւ քաղաք իջանք։ Ապա ընկերաբար բաժնուեցանք իրարմէ, ա՛լ անգամ մըն ալ իրարու չհանդիպելու պայմանաւ։ Ամիսներ ամբողջ, ամէն տեղ եւ ամէն անկիւն փնտռեցի ազնիւ Նաթաշան, որուն հետ անցուցած էի աշնան գիշերը, ճիշդ նկարագրուածին պէս։
Եթէ երբեք մեռած է - խաղաղութիւն հոգիին - իսկ եթէ երբեք դեռ կ՚ապրի - դարձեալ խաղաղութիւն։ Թող իր անկման գիտակցութիւնը երբեք չմտնէ հոգիէն ներս… այն ատեն կեանքը իրեն համար պիտի ըլլայ անպտուղ եւ աւելորդ տառապանք մը, եթէ երբեք կ՚արժէ զայն ապրիլ…։
ՄԱՔՍԻՄ ԿՈՐՔԻ
Թրգմ. ՊԵՐՃՈՒՀԻ ՏԱՅԵԱՆ-ՄԱԿԱՐԵԱՆ
Հարթակ
- 02/05/2025