ՀԱՆՔԱՐԴԻՒՆԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՈԼՈՐՏԸ ՈՒՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՇԻՌԸ ՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐԵԼՈՒ ՆԵՐՈՒԺԸ - Ա -
Հայաստանի դիմագրաւած բոլոր մարտահրաւէրներու միջավայրին մէջ երբեք անուշադրութեան չի մատնուիր հանքարդիւնաբերութեան ոլորտը, որ ունի երկրի տարածաշրջանային կշիռը պայմանաւորելու ներուժը։ Հայաստանի պարագային այս բնագաւառի ամենախորհրդանշական կառոյցն է Զանգեզուրի պղինձամոլիւպտենային գործարանը։ Վերջերս զրուցեցինք այս գործարանի՝ կայուն զարգացման գծով փոխ-տնօրէն Աննա Սաղապալեանի հետ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր զրոյցին սղագրութիւնը։
*
-«Mining.com» կայքէջի վրայ վերջերս անգլերէնով հրապարակուած ձեր յօդուածին մէջ շեշտը դրած էք կանանց հանքարդիւնաբերութեան ոլորտէն հեռանալուն մասին՝ զայն վերածելով «արական սեռի ոլորտի մը»։
-Հանքարդիւնաբերութիւնը աւանդաբար «տղամարդու ոլորտ» մը եղած է Հայաստանի մէջ։ Նախ՝ քանի որ հարիւր տարի առաջ ան առընչուած էր բարդ աշխատանքի հետ, որուն համար ուժի կարիքը կար եւ շատ բան ձեռքով կը կատարուէր։ Բայց վերջին քանի մը տասնամեակներու ընթացքին հանքարդիւնաբերութիւնը շատ զարգացաւ եւ մարդուժի կարիքը նախկինին բաղդատմամբ նուազած է, ամէն բան համակարգչայնացած է, մեքենայնացուած է՝ սրընթաց զարգացող թեքնոլոժիի շնորհիւ։ Բայց եւ այնպէս, տակաւին կայ վերը նշուած ընկալումը, որ այս մէկը տղամարդու ոլորտ է։ Հիմա, աշխարհի վրայ ամէն տեղ կը փորձեն կիները ներգրաւել։ Ինչո՞ւ։ Երկու պատճառով. առաջին՝ եթէ միայն տղամարդոցմէ ընտրութիւն կատարես, աշխատաշուկայէն մասնագէտներ՝ տաղանդներ (talent pool) ներգրաւելու հաւանականութիւնը ինքնաբերաբար կը նուազի։ Հետեւաբար, բոլոր ոլորտներու մէջ կ՚ուզեն կիները ներգրաւել, որպէսզի մասնագէտներու թիւը բազմանայ եւ ընտրութիւն կատարելու հնարաւորութիւնը ըլլայ մեծ։ Երկրորդ՝ կան բազմաթիւ հետազօտութիւններ, որոնք ցոյց կու տան, թէ այն ընկերութիւններուն մէջ, ուր կանայք շատ են՝ յատկապէս ղեկավար պաշտօններու վրայ, բաւական լաւ ելմտական յաջողութիւններ կ՚արձանագրեն։ Դարձեալ նոյն պատճառով այդ ընկերութիւնները կրցած են աշխատաշուկայէն ներգրաւել լաւագոյն մասնագէտները՝ չսահմանափակուելով տղամարդոցմով։ Երրորդը՝ համայնքներու մէջ կանանց ներգրաւածութիւնն է։ Հանքարդիւնաբերութիւնը շատ համայնքակեդրոն ոլորտ մըն է՝ գիւղի եւ քաղաքի կից, մայրաքաղաքէն հեռու։ Դարձեալ ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ բոլոր բնագաւառներէ ներս մեծ թիւով կանանց ներգրաւուածութեան ազդեցութիւնը աւելի լաւ է։ Բացատրութիւնը այն է, թէ կինը ստացած գումարը կը տանի ընտանիքին. ան աւելի ընտանիքակեդրոն կը կառավարէ իր դրամը եւ աւելի արդիւնաւէտօրէն կը ծախսէ իր գումարը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
•մնացեալը վաղը