«ԿԱՄԵՆԱԼԸ՝ ԿԱՐԵՆԱԼ Է»
Ժամանակը կամազուրկ մարդոց թշնամին է, բայց ջանադիր մարդուն՝ ամէնօրեայ ընկերը։ Ժամանակ-ընկերը կամքի տէր մարդուն համար արագահոս եւ հապճեպ թռչող է, իսկ կամակոր մարդուն համար՝ դանդաղ, անպիտան եւ «անդամալոյծ» մը սոսկ։ Ժամանակ-ընկերը բանուկ մարդուն հետ ժամանցի համար չ՚ընկերանար, այլ ան կը փորձէ աւելի հեռու սլանալ՝ կամքի տէր երիտասարդը աւելի նպատակասլաց դարձնելու եւ յղկելու համար։
Հսկայ գործ մը իր նպատակին հասցնող ուժը ԿԱ՛ՄՔՆ է։ Կեանքի իմաստը նպատակներու ձգտելու գեղեցկութեան մէջ է։ Սակայն այդ նպատակի ետին կայ շարժիչ ու խթանող ուժ մը՝ կամք մը, որ մարդս կը յառաջմղէ դէպի գագաթնակէտ, սլացք։ Առանց այդ սլացքին՝ կեանքը իմաստ չ՚ունենար, իսկ մարդ կամայաբար իմաստազրկելով իր կեանքը՝ կը նմանի այն լքուած ճահիճին, որ խոտան ու վտանգաւոր է շրջակայ մարդոց համար։
Եթէ փորձենք քննել եւ համեմատել անցեալն ու ներկան պիտի պարզուի, թէ տարեց եւ դեռատի սերունդներու հասկացութեան, կամեցողութեան եւ հոգեբանութեան մէջ առկայ են բացայայտ տարբերութիւններ ու ընկալումներ։ Նորահաս իւրաքանչիւր սերունդ կը ստեղծէ իւրայատուկ նոր մտածողութիւն, նոր հաւատալիքներ, նոր ըմբռնումներ, նոր կենցաղակերպ, առօրեայ նոր վարքագիծ եւ նոր մշակոյթ, որոնք հիմնովին կը տարբերին անցեալէն, հինէն։ Այս ընթացքը անընդհատ կը շարունակուի, կը յարատեւէ, այնպէս որ շատ չանցած նորը կը դառնայ հին ու ժամանակավրէպ։
21-րդ դարու նոր սերունդը աւելի ուշիմ եւ աւելի բանիմաց է քան զինք կանխողները, որովհետեւ կեանքը խօլական եւ յարաճուն թափով կը յառաջդիմէ ու կը զարգանայ։ Արդի արհեստագիտութիւնը, բարօր եւ բարգաւաճ կեանքը, հեռահաղորդակցութեան յեղափոխութիւնը, տեղեկութիւններու հետեւողական ու յորդառատ հոսքը, գիտաուսումնական եւ մշակութային այն եզակի հնարաւորութիւնները, որոնք ընձեռուած են նորահասակ սերունդին, զայն կը դարձնեն աւելի ատակ եւ կարողունակ, աւելի հարուստ մտահորիզոնի տէր, մանաւանդ՝ աւելի ընդունակ ու աւելի հմուտ գիտամշակութային նորագոյն նուաճումներուն բացուելու, ծանօթանալու եւ ժամանակակից ճարտարագիտութեան տիրանալու։ Հանգամանք մը, որ հսկայաքայլ յառաջխաղացք ու մեծ ոստումներ կատարելու, սեփական ընդունակութիւններ ու կարելիութիւններ մշակելու, ուսումնառական եւ գիտահետազօտական արտակարգ, շռնդալից յաջողութիւններ եւ նուաճումներ արձանագրելու պատեհութիւն կ՚ընծայեն անոր։ Բայց այս բոլորին տիրապետելու, յաջողութեան հասնելու եւ ինքնահաստատուելու համար՝ կամքի ուժ ունենալը հրամայական ու անհրաժեշտ է։ Յաջողութեան բանաձեւը կամեցողութիւնն է, իսկ կամեղոցութեան մարմնացումը՝ կարենալն է եւ զայն գործով արդիւնաւորելն է։
Կամքը, հոգեբանական տեսութեամբ, մարդու գիտակցուած, նպատակասլաց, պատճառաբանուած ու հոգեկան աքթիւ գործունէութիւնն է, զոր ուղղուած է ցանկալի նպատակի հասանելիութեան գիտակցմամբ: Կամքի շնորհիւ մարդ կը կարողանայ նպատակներ առաջադրել, վճիռներ կայացնել եւ զանոնք կեանքի կոչել։ Կամքը որեւէ գործողութեան հանդէպ անձի գիտակցուած պատրաստակամութիւնն ու նպատակաուղղուածութիւնն է, զոր անմիջականօրէն կապուած է մտածողութեան եւ յուզական ոլորտներուն հետ։ Կամքի արտաքին անմիջական դրսեւորումները շարժումներն են, որոնք միաւորուելով՝ գործողութիւններու կը վերածուին, իսկ վերջիններս նպատակաուղղուած գործունէութիւնը կը ձեւաւորեն մարդու հոգեկան աշխարհին մէջ։ Պէտք է նաեւ նշել, որ կամքի ներքին դրսեւորումները ամփոփուած են զուտ հոգեկան երեւոյթի՝ կամածին ուշադրութեան մէջ։
Կամքը ցանկութիւն չէ, այլ այդ ցանկութիւնը իրականացնելու համար անհրաժեշտ մղիչ ուժերու միաւորում: Կամքի ուժը նպատակաուղղուած յամառութիւն է եւ ոչ թէ կամակորութիւն։ Մարդու կամային գործունէութիւնը կ՚ընդգրկէ յստակ նպատակ, գործունէութեան ծրագիր եւ գործելու միջոցներ։ Իսկ մարդու կամային հիմնական յատկութիւններն են՝ ինքնուրոյնութիւն, վճռականութիւն, նպատակասլացութիւն, յամառութիւն, ինքնատիրապետում…։
Ականաւոր փիլիսոփայ Պենետիքդ Սպինոզան կամքը գործնական բանականութիւն կը համարէր։ Կամքը, ըստ իրեն, բանականութեան նման ճշմարտութեան, կեղծիքի հաստատման կամ ժխտման ընդունակութիւնն է եւ անհրաժեշտութեան ճիշդ ըմբռնման վրայ հիմնուած բանական ցանկութիւն:
Խորքին մէջ կամքն ու բանականութիւնը իրարու հետ չեն համընկնիր, բայց առանց մտածողութեան ու իմացական ընդունակութիւններու՝ մարդ արարածը չի կրնար երեւոյթները ճիշդ ձեւով հասկնալ, նպատակներ ընտրել եւ որուն իբրեւ հետեւանք, իր ջանքերը ի զուր կը վատնէ՝ աննշան նպատակներ ձեռք բերելով ու իր կեանքը վասն ոչինչի ապրելով։ Մտքի բարձր զարգացումը ու լայն մտահորիզոնը մեզի թոյլ կու տան արժէքներու այնպիսի համակարգ մը ունենալ, որուն գործունէութիւնը արդիւնաւէտ եւ օգտակար է մեր շրջապատին համար։ Զարգացած մտքի շնորհիւ կրնանք անհեռանկարային գործունէութիւններէն ճիշդ ժամանակին հրաժարիլ եւ նոր նպատակադրումներ կատարել:
«Կամենալը՝ կարենալ է», բայց կամենալը իր տեսակներն ունի։ Ոմանք մրցումի մը ամբողջ տեւողութիւնը ինքնաջերմացումով, մարզադաշտ մուտք գործելու, խաղին մասնակցելու կամեցողութեամբ, նախապատրաստութեամբ կամ սպասումով կը սպառեն։ Ոմանք ալ իրենց ողջ գոյութիւնը կեանքի դաշտ ներկայանալու, զայն լիարժէքօրէն ապրելու հեռանկարով, նախածրագրող ջանքերով կը քաշքշեն, կը վատնեն, բայց չեն յաջողիր նուաճել թիրախը եւ չեն հասնիր իրենց նպատակներուն։ Այսօրինակ մահկանացուներ, պահեստի խաղացողներ, երկրորդ կարգի կատարողներ, կեանքի եզերային գիծէն դուրս կանգնողներ կը համարուին։ Անոնց թէեւ երբեմն չեն պակսիր հիմնական խաղացողներու կամ կատարողներու յատուկ հմտութիւն, շնորհքներ եւ կարողութիւն, սակայն որոշ պատճառներով, կամովին թէ ակամայօրէն կը մնան դաշտէ կամ հարթակէ դուրս, կեանքի թոհուբոհէն հեռու։
Եթէ ամէն ոք հիմնական խաղացող կամ գլխաւոր դերակատար ըլլար՝ ոչ խաղ տեղի կ՚ունենար, ոչ ալ կեանքը տիրականօրէն կը շարունակուէր։ Բայց հարցը այն է, որ շատեր չեն գոհանար, չեն բաւարարուիր իրենց վստահուած դերերով կամ աշխատանքով, միշտ կը փափաքին, կ՚ակնկալեն աւելին, աւելի որակեալը, աւելի առաջնայինը՝ յարատեւօրէն ձգտելով աւելի բարձրին, աւելի արդիւնարարին եւ աւելի հեռանկարայինին։
Այդպիսիներու կենցաղը, վարքը, գործելաոճը, վերաբերմունքը, համոզումները, մտածելակերպը, յարաբերութիւնները, իրենց վերաբերող կամ զիրենք շրջապատող ամէն ինչ, ամէն երեւոյթ կ՚ապացուցէ, որ անոնք կեանքի կիզակէտէն հեռու լուսանցքի վրայ սպասելու կոչուած են միշտ, քուլիսներու ետին գործելու դատապարտուած։ Որքան ալ տքնին, ինչ միջոցի ալ դիմեն, անոնց ջանքերը պիտի մնան ապարդիւն, որովհետեւ եսապաշտութեան եւ ինքնամոլութեան մոլուցքէն հրահրուած՝ կ՚ուզեն ամէն բանի տիրակալը եւ կառավարողը դառնալ։ Կեանքը նման մարդուկներու վերապահած է մրցահարթակի սահմանագիծէն դուրս նստարաններ միայն։ Առ այդ, պէտք չէ աճապարես ու միակողմանի, սահմանափակ դատողութեամբ անբաղձալի, բարոյալքող եզրակացութիւններու քու անձդ առաջնորդես, այլ ընդհակառակը, անաչառութեամբ եւ իրատեսօրէն չափէ սեփական կարելիութիւններդ ու կարողութիւններդ՝ առանց գերադասելու կամ ստորագնահատելու կարողութիւններդ ու շնորհքներդ։ Այդպիսով պիտի յաջողիս լիարժէքօրէն քեզի վստահուած աշխատանքը կամ նպատակդ իր կատարին հասցնել եւ ունենալ առանցքային դերակատարութիւն գործնական թէ ընկերային կեանքիդ մէջ։
Քրիստոս «Տէրունական Աղօթք»ին ընդմէջէն մեզի ցոյց տուաւ, որ երկրի ու երկնքի վրայ ամէն գոյակ Աստուծոյ կամքով ստեղծուեցաւ եւ գոյաւորուեցաւ։ «Եղիցին կամք Քո, որպէս յերկինս եւ յերկրի» (Մտ 6.10)։ Կարելի չէ Աստուծոյ մարդը դառնալ՝ առանց Աստուծոյ կամքը կատարելու: Երբեք դուն քեզի հարց տուա՞ծ ես, թէ որո՛ւ կամքը կը կատարես։ Աստուծո՞յ, թէ՞ աշխարհի կամքը։ Հարուստի մը կամ ղեկավարի մը հաճութիւնը շահելու համար՝ անոր կամակատա՞րը կ՚ուզես դառնալ: Կ՚արժէ՞ ստեղծուածին սրտի փափաքը կատարելու համար՝ Ստեղծիչին սիրտը կոտրել: Աշխարհը դժբախտաբար կը գնահատէ իր սիրած ու զինք սիրող մարդիկը, եւ ո՛չ թէ աշխատող ու նպատակասլաց մարդիկը: Աշխարհը կը բարձրացնէ իր կամքը կատարող մարդիկը, եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ կամքը կատարող մարդիկը: Աշխարհը կը պատուէ իր դիմաց քծնող մարդիկը, եւ ո՛չ թէ անկեղծութեամբ գործող մարդիկը:
Երբ մեր կամքը կը բաղխի Աստուծոյ կամքին հետ, այլ խօսքով՝ երբ Աստուած բան մը կը կամենայ, իսկ մենք՝ ուրիշ բան, կամ երբ կը պնդենք մեր կամքի կատարման վրայ, Աստուած գիտակցաբար թոյլ կու տայ, որ մեր կամքը կատարենք։ Սկզբնական շրջանին յաղթականի ոգիով ժամանակաւորապէս կը յոխորտանք։ Երբ մեր գործը կ՚ընդհարի Աստուծոյ գործին, ուրիշ խօսքով՝ երբ գործ մը կը կատարենք, որ Աստուծոյ կամեցած գործը չէ եւ Աստուծոյ գործին հակառակ է, Աստուած մեզ երեսի վրայ չի ձգեր, այլ մեզ դաստիարակելու համար՝ կը համբերէ։
Մեր սխալներուն ու տկարութիւններուն հանդէպ Աստուծոյ ցուցաբերած համբերութիւնը, իրականութեան մէջ մեր դաստիարակութեան համար են։ Երկնաւոր Հայրդ թոյլ կու տայ, որ շատ բան փորձառաբար սորվիս եւ յաճախ փորձառաբար եկածն է, որ քեզ կը կերտէ ու ներսիդիդ նկարագիր կը կառուցէ: Աստուած երբեմն նոյնիսկ կը թողու, որ որոշ բաներ դառն փորձառութեամբ սորվիս, որպէսզի քեզի ցոյց տայ, թէ Իր կամքին հակառակիլը ու քու կամքիդ կատարումը հետապնդելը՝ կործանարար հետեւանք կրնայ ունենալ:
Երկու եղբայրներ Քէնսըս դպրոցին մէջ կ՚աշխատէին եւ ամէն առաւօտ դասարանի վառարանը վառելու պարտականութիւնը ստանձնած էին։ Օր մը, իրենց սովորութեան համաձայն, վառարանը կը մաքրեն ու զայն փայտով կը լեցնեն։ Մէկ եղբայրը փայտերուն վրայ մէկ շիշ վառելակազ պարպելէ ետք՝ կրակը կը վառէ։ Ակնթարթի մը մէջ մեծ պայթում մը տեղի կ՚ունենայ, որ նոյնիսկ շէնքը հիմնովին կը ցնցէ։ Մեծ եղբայրը կը մահանայ, իսկ միւս եղբօր ոտքերը ամբողջապէս կ՚այրին։ Յետագային հետազօտողները կը յայտնաբերեն եղելութեան դրդապատճառը՝ ըսելով, թէ շիշին մէջ սխալմամբ քարիւղ լեցուած էր։
Բժիշկը կ՚որոշէ վիրաւոր միւս եղբօր ոտքերը հեռացնել։ Խեղճ ընտանիքը այս լսելով՝ կը տրտմի։ Իրենց մեծ զաւակը արդէն հողին յանձնած էին, իսկ հիմա իրենց միակ զաւակը իր ոտքերը կորսնցնելու վտանգին դէմ յանդիման կը գտնուէր։ Սակայն իրենց հաւատքը երբեք չեն կորսնցներ։ Բժիշկէն կը խնդրեն գործողութիւնը քանի մը ամիսով յետաձգել։ Բժիշկը կ՚ընդառաջէ անոնց առաջարկին, իսկ անոնք օրն ի բուն անձանձրոյթ կ՚աղօթեն ու Ամենակալէն կ՚աղերսեն, որ իրենց զաւկին ոտքերուն բժշկութիւն պարգեւէ։
Երկու ամիս արդէն անցած էր։ Ծնողները ամէն օր բժշկին հետ կը վիճէին եւ կը յամառէին, որ իրենց զաւակը օր մը դարձեալ պիտի կարողանայ քալել։ Բժիշկը տղուն ոտքերը չի հեռացներ։ Երբ ոտքերուն վիրակապերը կը քակէ, կը տեսնէ, որ աջ ոտքը միւս ոտքէն 6 սմ. աւելի կարճ է, իսկ ձախ ոտքին մատները գրեթէ չկային։ Երիտասարդը չէր յուսալքուած ու վճռակամ էր։ Ցաւի մէջ տառապելով հանդերձ, ամէն օր կը մարզուի եւ ի վերջոյ մէկ-երկու քայլ նետելու կը յաջողի։ Ժամանակ մը ետք յենակներէն կը ձերբազատի, քալելու եւ վազելու կը սկսի։
Պատմութեան հերոսը իր կեանքին ընթացքին շարունակ կը վազէ, որովհետեւ բուռն կերպով փափաքած էր, մտադրած էր եւ նպատակին հասնելու համար՝ ոչ մէկ ճիգ խնայած էր։ Իր վիրաւորուած, ապա բժշկուած ոտքերը զինք աշխարհի ախոյենութեան կը հասցնեն։ Ան Կլենա Քենինկհըմն էր, որ ապագայ «Madison Square Garden»ի կողմէ «Աշխարհի ամենաարագ մարդ» տիտղոսին կ՚արժանանայ։
Սիրելի՛ ընթերցող, կեանքը գործել է, իսկ գործելը՝ պայքար։ Պայքարը քեզ երջանկութեան կ՚առաջնորդէ, սակայն պայքարելու համար՝ պէտք է զօրաւոր կամք ունենաս, որովհետեւ կամքը պայքարի զօրացուցիչ դեղն է։ Դժբախտ է այն մարդը, որ իր կամքը կ՚անդամալուծէ ու պայքարը կը դադրեցնէ։ Եթէ կամքդ եւ պայքարի ոգիդ բռնցքաւորուին՝ ժայռեր կը փշրեն, լեռներ կը հարթեն, անիրագործելին՝ իրագործելի, անհնարինը՝ հնարաւոր, անհասանելին՝ հասանելի կը դարձնեն։ Եթէ կամեցողութիւն ունիս, անտարակոյս կարողութիւն ալ ունիս։ Կրնայ ըլլալ հնարաւորութիւններդ չներեն՝ երազանքներդ կամ նպատակներդ իրագործելու համար։ Բայց սա չի նշանակեր, որ ամէն դուռ քու առջեւդ փակուած են։ Երկնաւոր Հօրդ դիմէ եւ անկարելին՝ կարելին պիտի դարձնէ։ Քեզի կը մնայ Անոր կամքը կատարել եւ զԻնք կեանքի ուղեկիցդ դարձնել։
Եթէ չես ուզեր ստուերի մէջ ծուարած սովորական խաղացող, համալրողներու ցանկին մաս կազմող անճարակ էակ մը ըլլալ, ուրեմն կամքդ ջլապինդ պահէ եւ աչքերդ սեւեռէ կեանքիդ գերագոյն արժէքին ու նպատակին։ Միշտ մտաբերէ, որ «կարենալը՝ կամենալ է»…։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Հարթակ
- 11/30/2024