ՕՏԱՐ ԲԱՐՔԵՐ
ԹԷՅԱՍԵՂԱՆ, ԲԱՅՑ ՈՒ՞Ր…
2016 թուականի պաշտօնական տեղեկութեանց համաձայն, աշխարհի ամենաշատ թէյ գործածող առաջին երեք երկիրներն են՝ Թուրքիա, Իրլանտա եւ Միացեալ Թագաւորութիւն։
Անգլիոյ մէջ՝ «Յետմիջօրէի թէյը» (Afternoon Tea) շատ կարեւոր է եւ տեղի կ՚ունենայ ժամը 15.30-էն 17.00-ի միջեւ։ Թէյին հետ անգլիացիք կը ճաշակեն կարագով հաց, փոքր չափի սանտուիչներ եւ անշուշտ անուշեղէն։
Ամերիկայի մէջ ալ նոյն միջոցառումը կը կոչուի «High Tea» եւ տեղի կ՚ունենայ յետմիջօրէի ժամը 1.00-էն 4.00-ի միջեւ։ Հոս ալ դարձեալ կը հրամցուի թէյի կողքին՝ փոքր չափի սանտուիչներ (finger sandwitches) եւ անշուշտ անուշեղէնի տեսակներ։
Հոս պէտք է նշել, որ կարգ մը զբօսանաւերու վրայ ալ նոյն միջոցառումը տեղի կ՚ունենայ յետմիջօրէին, ուր դարձեալ կը հրամցուի թէյ եւ նմանօրինակ ուտեստեղէններ։
Այս բոլորը պիտի ծառայեն որպէս ներածական մեր բուն նիւթին։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ, թէ ո՞ւր տեղի ունեցած է այդ նշանաւոր թէյասեղանը, որ գրաւած է աշխարհի ուշադրութիւնը։
Ուրեմն դէպքը պատահած է 5 մայիս 2021-ին, սակայն Կինեսի մրցանակներու գիրքը արձանագրած է զայն այս տարի։ Վերոյիշեալ թէյասեղանը տեղի ունեցած է Էվէրէսթ լերան լանջին վրայ, որ կը գտնուի ծովու մակերեսէն 6.498 մեթր բարձրութեան վրայ։ Անշուշտ խնդրոյ առարկայ երկիրը՝ Նեփալն է։
Ամերիկացի լեռնագնաց Անտրէ Հիոյզ սապէս արտայայտուած է իրենց խմբային յաղթանակէն վերջ. «Կեանքի լաւագոյն փորձառութիւնները անոնք են, որոնք տեղի կ՚ունենան ուրիշներու հետ եւ կը յուսամ, որ մեր յաղթանակը ներշնչէ բոլոր անոնք՝ որոնք կ՚ուզեն հասնիլ իրենց երազներու իրականացման, ի՜նչ բարձունքի վրայ ալ գտնուին անոնք»։
Հիոյզ նաեւ աւելցուցած է, որ դիւրին չէր այդքան ապրանք եղնուղտով փոխադրել դէպի այդ բարձունքը, որովհետեւ սաստիկ հով կար այդ օր եւ նոյնիսկ ձիւնած էր թէյասեղանի ժամանակ, ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ…
ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ, ԲԱՅՑ ՈՐՈ՞ՆՑ ՄԻՋԵՒ…
Ամուսնութիւնները շատոնց դադրած են իմաստաւորուելէ։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ առաջին տարին չանցած՝ արդէն ամուսնութիւններուն յիսուն տոկոսը ամուսնալուծութեամբ կը վերջանայ։
Սակայն դժբախտաբար ամուսնալուծուողները նորէն կ՚ամուսնանան, կ՚ամուսնալուծուին, դարձեալ կ՚ամուսնանան եւ այսպէս անիւը կը թաւալի, առանց տեղ մը հասնելու։
Հիմա ալ ամուսնութեանց ուրիշ նորութիւն մը մէջտեղ ելած է, որն է կենդանիներու ամուսնութիւնը։ Եղբայր, մարդիկ չկրցան գլուխ հանել ամուսնութիւններու կնճիռը եւ կ՚ուզեն զայն փակցնել խեղճ կենդանիներու գլխուն, բայց ինչո՞ւ՝ չեմ հասկնար։
Հիմա խօսինք օրինակներով։
37 տարեկան Թարա Հելուիկ՝ Թեքսաս նահանգի Տալլաս քաղաքէն, ունի էգ շուն մը որ կը կոչուի Թուիքսի: Իսկ 22 տարեկան Մաքայլա Ուիլսըն՝ Արիզոնա նահանգի Ֆինիքս քաղաքէն, ունի արու շուն մը, որ կը կոչուի Քաուպոյ։ Հետաքրքրական է գիտնալ, որ երկու շուներն ալ երկու տարեկան են։
Այդ երկու շուները իրարու հանդիպած են շուներու ճամբարի մը մէջ անցեալ տարուան փետրուար ամսուան մէջ եւ «սիրահարուելով նշանուած» են։ Իսկ տասն ամիս վերջ՝ անոնք «ամուսնացած» են հարսին տան մէջ։ Հետաքրքրական է նաեւ գիտնալ, որ 40 հրաւիրուած շուներէն, 37-ը ներկայ գտնուած են պսակադրութեան հանդիսութեան, որ արժած է 25 հազար տոլար!
Այս առիթով հայկական ասացուածք մը մտաբերեցի, որ կ՚ըսէ. «Էշն ի՞նչ գիտէ նուշը, կ՚երթայ կ՚ուտէ փուշը»: Հետեւաբար՝ շունը ի՞նչ կը հասկնայ ամուսնութենէն, նոյնիսկ եթէ պաշտօնապէս պսակադրուի։
Ըստ իս, եթէ կենդանիներու միջեւ ամուսնութիւն պիտի կնքուի, այդ պէտք է ըլլայ կամ ծովաձիերու եւ կամ ալ թեւատներու միջեւ։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ այդ կենդանիները՝ արու եւ էգ, միասին կը մնան մինչեւ իրենց կեանքի վերջը՝ ըստ կենդանաբանական աշխարհի տեղեկագրական տուեալներուն։ Երանի՜ թէ մարդիկ ալ կարենային միասին ամուսնացած մնալ՝ մինչեւ իրենց կեանքի վերջը…
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ