«ՃԻՇԴ Կ՚ԸԼԼԱՅ, ՈՐ ՄԵՆՔ ԽՈՒՍԱՓԻՆՔ ԱՅՆ ԴԱՐՁՈՒԱԾՔՆԵՐԷՆ, ՈՐՈՆՔ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԵՐԱԾԵՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՏՈՒԱԾԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ»

Յանուն արդար լրագրութեան, Հայաստանեայց Եկեղեցին յուզող ընդհանուր խնդիրներուն մասին գրելը վերջերս դարձած է «մօտայիք բնոյթ» ունեցող վարժութիւն մը: Բոլորը կ՚ուզեն մեր եկեղեցւոյ հարցերուն մասին գրել, շատ յաճախ սխալ տեղեկութիւններ տալով, իրականութիւնները շեղելով եւ աջ ու ահեակ մեր կրօնական առաջնորդներուն մասին տեղի-անտեղի վերագրումներ կատարելով:

Հայ մամուլի ընդհանուր հոլովոյթին մէջ իմ սիրելի ԺԱՄԱՆԱԿ-ը իր ուրոյն տեղն ու դերը ունի: Անոր հիմնադիր խմբագիրներէն՝ Միսաք Գօչունեանի՝ Քասիմի հարիւր եւ տասը տարիներ առաջ ստորագրած խմբագրականները իրաւացիօրէն կը հանդիսանան մեր ճանապարհներուն լուսաւոր ջահեր տեղադրող առարկայական եւ ճշմարիտ խօսքէ գոհարներ, ուր խմբագիրը իր սեղանի ետին նստած անկեղծ եւ ամբողջական զրոյցի կը կանչէ բոլոր անոնք, որոնք իրօք մտահոգ են մեր ժողովուրդի, այս պարագային մեր եկեղեցւոյ խնդիրներով: Քասիմի մասին այս վկայութիւնը տալու անհրաժեշտութիւնը կը զգամ ամէն անգամ, որ գրութեան մը, յօդուածի մը, ջղայնութեան մը ու բողոքի մը առիթ կը հանդիսանան այս տողերը գրողին կողմէ լոյսին տրուած յօդուածները, ընթերցողին ըսելու համար, որ կարեւորը եւ շահեկանը մերկապարանոց եւ անվաւեր խօսքի փշրանքները «շաղ տալ»ը չէ, այլ ներկայացուած գիրին ամբողջական ըլլալն ու նամանաւանդ այդ գրութեան հանրօգուտ դեր մ՚ունենալը:

 Գիտեմ նաեւ, որ հակառակ տարբեր վայրերէ մերթ ընդ մերթ գլուխ ցցող եպերելի խօսքերուն մենք՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մեծ ընտանիքին շուրջ բոլորուածներս մեր գրիչը կը շարժենք մի միայն մեր հաւաքական շահերէն մեկնելով:

 Ճիշդ է, որ տարբեր առիթներով ու շատ բնական մղումով մերթ ընդ մերթ տարակարծութիւններ կ՚ունենաք թերթի վերահասու մարմնին հետ, բայց եւ այնպէս այդ տարակարծութեան իրաւունքը պսակումն է՝ ազատ խօսքի, ազատ մտածելու եւ ազատօրէն արտայայտուելու մեզի համար այնքան սրբազան սկզբունքներուն: Սոյն նախաբանը ստորագրելուս պատճառները երկուք են՝

 Առաջին՝ վերջին շրջանին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կամարներուն տակ տեղի ունեցած Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովին առթիւ ստորագրած մէկ յօդուածիս դէմ եղած անհիմն եւ նոյնիսկ վիրաւորական վերագրումները։

Երկրորդ՝ մեր թերթին մէջ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի հետ կատարած հարցազրոյցս, որուն մէջ տեղ գտած կարգ մը մօտեցումներուն հանդէպ իր վերապահումները յայտնած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան Տ. Կոմիտաս Վրդ. Յովնանեան (տեսնել՝ հարցազրոյցը):

Մինչ առաջին խնդրին վերաբերեալ տակաւին առիթ պիտի ունենամ աւելի երկար եւ հանգամանաւոր կերպով իմ պատասխանը ստորագրելու, երկրորդի պարագային ու յարգելով Մայր Աթոռի միաբանին կարծիքները կը բաւարարուիմ ու աւարտած կը համարեմ Տ. Սեպուհ Սրբազանին հետ իմ կատարած հարցազրոյցին մասին եղած շեշտադրումները:

Երկուքի պարագային ալ կարեւորը եւ հիմնարարը յարգանքն է:

Յարգանքը՝ նախ եւ առաջ մեր եկեղեցւոյ հանդէպ: Ու անկէ անդին փաստը, որ այս տողերը գրողը քարոզիչ մը, աղօթասաց մը, ծիսագիտական հանդէսի մը ներկայացուցիչը չէ, այլ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի տան մէջ դարբնուած լրագրող մը, որուն համար ամենէն առաջին ու վերջին խնդիրը մեր ժողովուրդին ճիշդ ու անթերի տեղեկութիւններ փոխանցելն է:

Ու այս մօտեցումին առընթեր պարտիմ խոստովանիլ, որ միշտ չէ, որ կը բաժնեմ իմ խօսակիցիս-խօսակիցներուս մօտեցումը, բայց որպէս իր գործին հանդէպ հաւատք ունեցող մարդու կեցուածքով, ստիպուած կ՚ըլլամ ներկայացուած խօսքը յանձնել ընթերցողիս դատաստանին: Ու քաջ գիտեմ, որ քիչ չեն իմ ընթերցողները, որոնց հետ իմ ունեցած կապս չի պարփակուիր միայն այս սիւնակի սահմաններուն մէջ, այլ կը կտրէ հեռաւոր մղոններ...:

Լրագրութիւնը չարակամութիւն չ՚ընդունիր, այլ կը կարեւորէ ժողովուրդին անկեղծ խօսք մը եւ որեւէ նիւթի մասին անշահախնդիր մօտեցում մ՚ունենալու քաջութիւնը:

Իսկ քաջութիւնը անպայման չի նշանակեր վիրաւորական վերագրումներ կատարելով թոյն եւ մաղձ թափել մարդոց կամ առաջնորդներու գլխուն:

Լրագրութիւնը ի վերջոյ սրբութիւն մ՚է, որուն շնորհիւ այստեղ՝ այս սիւնակով, վաւերագրումը կը կատարուի մեր այսօրուան եւ յստակ ուղենիշ մը տրուի դէպի մեր գալիքն ու ապագան:

ԺԱՄԱՆԱԿ-ը հարիւր եւ տասն տարուան վկայութեան մը իսկական օճախն է ու ես ինչքան երջանիկ կը զգամ ինքզինքս, այդ օճախին մէջ ստեղծագործելու:

-Աստուած օգնական, Հայր Սուրբ, կը ցանկայինք իմանալ, արդեօք Պոլսոյ հայոց պատրիարքի տեղապահի ընտրութենէն ետք պատրիարքական ընտրութիւններու հետ առնչուած նոր զարգացումներ կա՞ն։

-Դուք տեղեակ էք հաւանաբար, որ Պոլսոյ Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան արդէն իսկ ստանձնած է իր պարտականութիւնները, եւ իմ ունեցած տեղեկութիւններուն համաձայն, Պատրիարքութեան եկեղեցական դասու եւ ազգայիններու հետ ձեռնամուխ եղած է պատրիարքական ընտրութիւններու կազմակերպման գործընթացին։ Ժամկէտներու մասին ես տեղեկութիւն չունիմ։

-Վերջին օրերուն մեր թերթին տուած ընդարձակ հարցազրոյցին մէջ Պոլսոյ Պատրիարքութեան շուրջ ծաւալած զարգացումներուն մասնաւոր անդրադարձ կատարած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան՝ Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանը՝ իր մտահոգութիւնը յայտնելով ստեղծուած կացութեան առընչութեամբ եւ անհրաժեշտ համարելով, որ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը միասնաբար դիրքորոշում ընդունին խնդրի վերաբերեալ, որովհետեւ, իր իսկ խօսքով. «Սա ո՛չ Անթիլիասի, ո՛չ ալ Էջմիածնի հարց է»։ Ի՞նչ է այս առընչութեամբ ձեր մօտեցումը։ Ինչո՞ւ այս հարցի լուծման չի ներգրաւուիր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը։

-Ողջ յարգանքովս Սեպուհ Արք. Սարգսեանի աստիճանին եւ անոր վաստակին հանդէպ, չեմ կրնար չարձանագրել, որ Սեպուհ Արք. Սարգսեանի կողմէ առաջին անգամ չէ, որ կը տրուին գնահատականներ, կը կատարուին դիտարկումներ, որոնք, մեղմ ասած, տարակուսանք կը յարուցեն, իսկ շատերու մօտ արդարացի ընդվզում։ Այսպէս, վերջին ժամանակներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի պարագային կ՚օգտագործուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ամենայն հայոց կաթողիկոս արտայայտութիւնը, որ նաեւ արձանագրուած է իր կողմէ հրատարակուած ծիսական որոշ գրքերուն մէջ։ Այսպիսի դէպքեր արձանագրուեցան նաեւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի՝ Իրան այցելութեան ժամանակ։ Երբ Սեպուհ Սրբազանը իր վերոնշեալ յօդուածին մէջ կ՚օգտագործէ «Կ՚ենթադրեմ, որպէս ազգ, որպէս մէկ ամբողջութիւն» դարձուածքը, հարկ է ուրեմն ըլլալ պաշտպանը այն ամէնուն, ինչ որ ոչ թէ կը թուլացնէ ազգի ամբողջութիւնը, այլ ճիշդ հակառակը։ Անդրադառնալով Սեպուհ Արքեպիսկոպոսի հարզազրոյցի մէջ Պոլսոյ Պատրիարքութեան վերաբերող հատուածին, արձանագրենք, որ ինչպէս արդէն Սեպուհ Արքեպիսկոպոսն ալ կը նշէ, Պոլսոյ Պատրիարքութեան խնդիրները կը գտնուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հոգեւոր իրաւասութեան շրջանակներուն մէջ։ Այսինքն, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս եւ Ծայրագոյն Պատրիարքը ինքը կ՚որոշէ, թէ ինչ ձեւով հետամուտ ըլլալ խնդիրներու լուծմանը՝ նկատի առնելով լուծման եղանակներու արդիւնաւէտութիւնը։

Կը ցանկայինք անդրադառնալ կարեցազրոյցին մէջ Սեպուհ Արք. Սարգսեանի կողմէ օգտագործուած է «Երկու Վեհափառներ» արտայայտութիւնը։ Ուշագրաւ է, երբ սրբազանը կը խօսի Իրանի, անոր քաղաքականութեան, Իրանէն հայերու արտագաղթի մասին, իւրաքանչիւր բառը կը հնչէ կշռադատուած, տրամաբանութեան խիստ մաղով անցած, իսկ երբ կը խօսի մեր խնդիրներու, մեզի վերաբերող հարցերու մասին, հարցերուն կը տրուի ցանկալի պատասխան շփոթելով իրականին հետ։

Կը ստացուի, որ պատասխանները այլեւս չեն հնչեր, իր իսկ խօսքերով, մեր ամբողջութեան շահերէն։ Որով «երկու Վեհափառներ» բնորոշումը, ցաւօք, որը կ՚օգտագործուի նաեւ որոշ լրատուամիջոցներուն կողմէ, ոչ միայն տեղին չէ, այլեւ հակառակ է մեր եկեղեցւոյ բառապաշարին։ Նման պարագային հարկ է օգտագործել այլեւս նուիրականացուած Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս տիտղոսները, որոնք անուանում ըլլալէ զատ, ամբողջապէս կ՚արտայայտեն այս երկու հանգամանքներու ու դիրքերու առանձնայատկութիւններն ու կանոնական իրաւասութիւններու ծաւալը։ Թէեւ ներեկեղեցական կեանքին մէջ առաջացած ցանկացած խնդիր իւրաքանչիւր հոգեւորականի մտահոգութիւնն է, սակայն, կը կարծենք՝ ճիշդ կ՚ըլլայ, որ ինչպէս Պոլսոյ Պատրիարքութեան, այնպէս ալ խնդրայարոյց որեւէ կացութեան վերաբերեալ, որեւէ անձ, առաւել եւս եկեղեցականներն իրենց կարծիքներն ու մօտեցումներն արտայայտեն՝ հաշուի առնելով հարցի զգայնութիւնը, տարատեսակ տրամադրութիւնները։ Քանզի այս օրերուն, երբ փոթորկած է, թէ՛ Հայոց Սրբազան հողը, թէ Միջին Արեւելքի հայահոծ գաղութներու քաղաքական կեանքը եւ ամէնուր կը քայքայուին ազգային կղզեակները, մեր գրգռիչ յայտարարութիւններով պատճառ չդառնանք, որ քայքայումն ու պառակտումը տեղափոխուին ազգային դաշտ։ Ճիշդ կ՚ըլլայ, որ մենք՝ սիրոյ վարդապետութեան քարոզիչներս, խուսափինք այն դարձուածքներէն, որոնք մեզի կը վնասեն եւ ազգային ամբողջականութիւնը կը վերածեն ազգային հատուածականութեան, «ի վնաս մեզի եւ յօգուտ մեր թշնամեաց»։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յուլիս 3, 2017