ՔԷ­ՍԱ­ՊԻՆ

ՔԷ­ՍԱ­ՊԻՆ

Անն­ման իմ ծննդա­վայր,
Բնու­թիւն հրա­շա­լի,
Գե­ղեց­կու­թիւն բաղ­ձա­լի,
Դրախ­տա­վայր իմ Քէ­սապ։
Երկ­նա­կար­կառ Կա­սիո­սովդ,
Զրա­հա­ւո­րուած պա­տա­նի,
Է­րա­նով միշտ զե­ղուն
Ըղ­ձա­լի իմ Քէ­սապ։
Թա­գու­հի բնու­թեան,
Ժա­ռան­գու­թիւն մեր նախ­նեաց,
Իշ­խա­նա­զուն իմ Քէ­սապ։
Լա­զուարթ երկն­քով
Խա­չեա­լին հե­տե­ւող,
Ծա­գէ ի ծագ զԻնք օրհ­նող՝
Կեն­սա­լից իմ Քէ­սապ։
Հրա­շա­փառ մա­գա­ղաթ,
Ձգո­ղա­կա­նու­թիւն ա­նի­մա­նա­լի,
Ղօ­ղանջ անլ­ռե­լի,
Ճա­ռա­գայթ անս­պառ։
Մես­րո­պեան ա­ւան­դու­թեան զի­նա­կիր,
Յա­ւէտ զի­նուոր հա­ւա­տա­րիմ,
Նման՝ Վար­դա­նանց ու Ղե­ւոն­դեանց,
Շա­րու­նա­կող ըն­թացքն ա­նոնց։
Ող­ջոյն քեզ հե­ռու­նե­րէն,
Չա­փա­նիշ հա­յու­թեան,
Պա­հա­պան ժա­ռան­գու­թեան,
Ջա­հա­կիր միու­թեան,
Ռահ­վի­րայ սե­րունդ­նե­րուն՝
Սար­դա­րա­պա­տեան ո­գիով,
Վաս­պու­րա­կա­նի անն­կուն կամ­քով՝
Տա­պա­նակ ՀԱ­ՅՈՒ­ԹԵԱՆ։
Րոշ­նա­կան բնու­թիւն,
Ցայ­գա­լոյս րե­նա­կան,
Փայլփ­լուն ե­րի­տա­սարդք,
ՔԵ­ՍԱՊ ու ՔՍԱՊ­ՑԻՔ՝
Օ՛ն դէպ յա­ռաջ, դէպ յա­ռաջ,
ՖԵ­ՏԱ­ՅԱ­ԿԱՆ Ե­ՌԱՆ­ԴՈՎ։

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

ՀԱ­ՅԸ

Հա­յը նման է գե­տի մը հո­սուն.
Ե­թէ ըն­թաց­քը խա­փա­նել ու­զեն,
Կանգ չ՚առ­ներ բնաւ, յոր­դե­լով հու­նէն,
Ճամ­բայ կը բա­նայ, կ­՚ըն­թա­նայ նո­րէն։

Հա­յը նման է ծա­ռի մը դա­լար.
Քոս տե­րեւ­նե­րը կը թա­փին հո­վէն,
Մար­դիկ ճիւ­ղե­րը թէեւ կը կտրեն,
Ար­մա­տը խորն է, ծա­ռը կայ նո­րէն։

Հա­յը նման է ա­րե­ւին լու­սեղ.
Ե­թէ գլու­խը կտրեն ու նե­տեն,
Զերթ վեր­ջա­լոյ­սի ա­րեւ հրե­ղէն,
Յա­ջորդ ա­ռա­ւօտ կը ծա­գի նո­րէն։

Հա­յը նման է թռչու­նին փիւ­նիկ.
Թշնա­մի­ներ չար ին­չո՞ւ զայն կ­՚այ­րեն,
Չե՞ն գի­տեր որ ան իր իսկ մո­խի­րէն
կը ծնի՛, կ­՚ապ­րի՛, կը թռչի՛ նո­րէն…։

ՕՆ­ՆԻԿ ՓԱ­ՆԻ­ԿԵԱՆ
(Ար­տատ­պուած՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշ­տօ­նա­կան ամ­սա­թերթ՝ «Էջ­միածին»ի ա­ռա­ջին թի­ւէն՝ 1965, էջ 109)

ՔԷ­ՍԱ­ՊՑԻՆ

Քէ­սապ­ցին նման է ան­մար կրա­կի.
Թէ որ ու­զես զայն մա­րել՝ չես կրնար,
Ո­րով­հե­տեւ ու­նի դի­մադ­րե­լու ու տո­կա­լու անն­կուն կամք,
եւ գո­յա­տե­ւե­լու ու զօ­րա­նա­լու հաս­տա­տուն հի­մունք։

Քէ­սապ­ցին նման է ան­տա­ռի ա­զատ եղ­նի­կին.
Քայ­լերն ա­րագ եւ սրըն­թաց, դէ­պի լաւն ու գե­ղե­ցի­կը,
Դէ­պի կա­տա­րեալն ու վսե­մը,
Ո­գեշն­չուած իր նախ­նի­նե­րու օ­րի­նա­կով։

Քէ­սապ­ցին նման է սի­գա­պանծ Կա­սիո­սին.
Որ թէեւ ճա­ղատ, սա­կայն գի­տէ դի­մա­նալ,
Ա­մէն տե­սակ դժուա­րու­թեանց ու նե­ղու­թեանց,
Մնա­լով միշտ սի­գա­պանծ ու վեհ։

Քէ­սապ­ցին նման է գար­նան.
Ա­մէն տա­րի նոր ուժե­րով ու նոր ծի­լե­րով դա­լա­րա­ցած,
Հա­մայն աշ­խար­հին դի­մաց հպար­տօ­րէն կը յայ­տա­րա­րէ,
Թէ՝ թէեւ փոք­րիկ բուռ մըն է հե­ռա­ւոր ան­կիւն մը,
Սա­կայն գի­տէ աշ­խար­հին տալ իր ար­գա­սիքն։

Քէ­սապ­ցին նման է ա­շու­ղի.
Որ իր երգն կ­՚եր­գէ ու­րախ ու զուարթ,
Ա­ռանց դադ­րու­մի եւ ա­ռանց յոգ­նու­թեան,
Մի՛շտ նուա­գե­լով, մի՛շտ ստեղ­ծե­լով։

Քէ­սապ­ցին նման է բրունձ­քի.
Որ գի­տէ՛ հա­րուա­ծել երբ պէտք ըլ­լայ,
Գի­տէ՛ ձեռք եր­կա­րել օգ­նե­լու՝ թէ՛ գե­ղա­կի­ցիին եւ թէ՛ օ­տա­րին.
Բայց վա՜յ է ե­կեր ա­նոր որ իր ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան դպի,
Այդ ժա­մա­նակ ալ՝ գի­տէ՛ բրունձ­քը գո­րա­ծա­ծել ըստ պատ­շա­ճի։

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յուլիս 3, 2018