«ԿԵԱՆՔԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ». ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ

Հա­լէ­պա­հայ գրող, հրա­պա­րա­կա­խօս, ար­ձա­կա­գիր, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ, 120 գիր­քե­րու հե­ղի­նակ, բժիշկ Թո­րոս Թո­րա­նեան, սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մի պատ­ճա­ռով հե­ռա­նա­լով իր ծննդա­վայ­րէն, հաս­տա­տուած է Հայ­րե­նի­քի մէջ, կը շա­րու­նա­կէ նոյն ե­ռան­դով ու ջա­նա­սի­րու­թեամբ, նուի­րու­մով ստեղ­ծա­գոր­ծել, մաս­նա­կից ըլ­լալ Հա­յաս­տա­նի մշա­կու­թա­յին կեան­քի ան­ցու­դար­ձե­րուն: Վեր­ջերս Թո­րոս Թո­րա­նեան Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան գրա­դա­րա­նը հարս­տա­ցուց իր նոր՝ 2016-ին լոյս ըն­ծա­յած գիր­քե­րով: Թո­րոս Թո­րա­նեա­նի «Ակ­նարկ­ներ Տքթ. Փրոֆ. Սու­րէն Դա­նիէ­լեա­նի եւ «Սփիւռք» գի­տաու­սում­նա­կան կեդ­րո­նի աշ­խա­տու­թիւն­նե­րուն շուրջ», «Հար­ցազ­րոյց­ներ՝ Սու­րիոյ մէջ դուր­սէն պար­տադ­րուած պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւան­քով Հայաստանի կող­մէ սի­րով ըն­դու­նուած հա­յե­րու հետ», «Ա­նա­հիտ Թօփ­չեան. վի­պա­գիր, ար­ձա­կա­գիր» գիր­քե­րը քա­նի մը ա­միս է, որ մեր գրա­սե­ղան­նե­րու վրայ են:

Մշա­կոյ­թի ան­խոնջ մշա­կին հետ ծա­ւա­լած «Հա­յերն այ­սօր»ի հա­մար պատ­րաս­տուող զրոյ­ցի ըն­թաց­քին, վաս­տա­կա­շատ մտա­ւո­րա­կա­նը պատ­մեց իր հե­տաքրք­րա­կան ու յու­զիչ կեան­քի պատ­մու­թիւ­նը, զրու­ցեց իր ան­ցած ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան հա­րուստ ու տպա­ւո­րիչ, բազ­մա­բո­վան­դակ գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին:

*

«Ծնած ու մեծ­ցած եմ Հա­լէ­պի մէջ, ար­մատ­ներս Կի­լի­կիա­յէն են: Հայրս չեմ յի­շեր, ո­րով­հե­տեւ եր­կու տա­րե­կան ե­ղած եմ, երբ ան մա­հա­ցած է: Մեծմայրս եղեռնի ժա­մա­նակ վտա­րած են գիւ­ղէն. մեր գիւ­ղը Ներ­սէս Շնոր­հա­լիի գիւ­ղին՝ Հռոմկ­լա­յին շատ մօտ գտնուած է, Ճի­պին կո­չուած է, որ ա­նուա­նա­փո­խուած է՝ Սայ­լակ քա­յայի: Մայրս կը պատ­մէ, որ ե­րա­խա­նե­րով փո­ղոց դուրս կ՚ել­լէին, կը քա­լէին. ծնող­նե­րը կը փնտռէին ու չէին գտներ ի­րենց ե­րա­խա­նե­րը, յե­տոյ կը գտնէին Հռոմկ­լա­յի մէջ: Այդ ժա­մա­նակ մայրս 5-6 տա­րե­կան ե­ղած է. մեծմայրս քե­ռիս գրկած, քա­լե­լով հա­սած է մին­չեւ Ե­գիպ­տոս, մին­չեւ Սուէ­զի ջրանցք. իսկ մայրս յանձ­նած է քիւրտ ըն­տա­նի­քի մը՝ ը­սե­լով, որ ճա­նա­պար­հին մեռ­նե­լու փո­խա­րէն՝ ա­ւե­լի լաւ է մնայ ձեր մօտ: Մեծհայրս օս­մա­նեան բա­նա­կի զի­նուոր ե­ղած է, լքած է բա­նա­կը, փա­խած եւ գիւղ գա­ցած: Ը­սած են, որ աղ­ջի­կը կ՚ապ­րի քիւրտ ըն­տա­նի­քի հետ, գա­ցած է, որ աղջիկը ետ վերց­նէ, քիւրտ ըն­տա­նի­քը դէմ չէ ե­ղած. ե­րա­խա­յին ը­սած են, որ հայ­րը ե­կած է, ար­դէն քրդա­խօս դար­ձած ե­րա­խան ը­սած է, որ աչ­քե­րը իր հօ­րը աչ­քերն են, բայց մօ­րու­քը շփոթ­մունք յա­ռա­ջա­ցու­ցած է. կը հա­մո­զեն, որ իր հայրն է: Մեծհայրս ե­րա­խան գրկած, դժուա­րու­թեամբ հա­սած է Հա­լէպ: Մինչ այդ զի­նա­դա­դար կնքուած է 1918-ին, անգ­լիա­ցի­ներն ու ֆրան­սա­ցի­նե­րը ը­սած են, որ հա­յե­րը կրնան վե­րա­դառ­նալ ի­րենց բնա­կա­վայ­րե­րը: Ժո­ղո­վուր­դը նա­ւով, յե­տոյ՝ հան­րա­կառ­քե­րով կը հասց­նեն Հա­լէպ, ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կը հան­դի­պին ի­րարու եւ ըն­տա­նի­քը կ՚ամ­բող­ջա­նայ՝ մեծհայրս, մեծմայրս, քե­ռիս ու մայրս: Կը վե­րա­դառ­նան գիւղ՝ Ճի­պին, այդ գիւ­ղը ու­նէր իր ե­կե­ղե­ցին ու դպրո­ցը՝ Կի­լի­կեան 6-ա­մեայ վար­ժա­րա­նը. հայրս այդ վար­ժա­րա­նը յա­ճա­խած է: (…) Մենք կը հաս­նինք Հա­լէպ, ուր ալ 1928 թուա­կա­նի Փետ­րուար 29-ին կը ծնիմ ես. չորս տա­րին ան­գամ մը կը մեծ­նամ: Վար­պետ Մար­տի­րոս Սա­րեանն ալ նոյն օ­րը ծնած է: Մին­չեւ հինգ տա­րե­կան դառ­նալս ես հա­յե­րէն չէի գի­տեր, յե­տոյ սոր­վե­ցայ, յա­ճա­խե­ցի Ազ­գա­յին Պօ­ղոս Կիւլ­պէն­կեան վար­ժա­րան, ո­րուն բա­րե­րա­րը իր մա­հա­ցած ե­րա­խա­յին՝ Պօ­ղո­սի­կի ա­նու­նով կո­չած էր դպրո­ցը. Լոն­տո­նի մէջ մեծ գոր­ծա­րան­նե­րու տէր էր, իր կնոջ՝ Վեր­ժի­նի մա­հէն յե­տոյ ալ, ա­նոր ա­նու­նով՝ Վեր­ժին Կիւլ­պէն­կեան մայ­րա­նոց ա­նու­նով ծննդա­տուն բա­ցաւ, եւ այն մե­ծա­հա­սակ տղա­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք չէին կրնար դպրոց յա­ճա­խել՝ գոր­ծա­րան հիմ­նեց, ուր տղա­նե­րը կրնա­յին սղոց­նե­րով փայտ տա­շել, փայտ կտրել, գո­նէ ար­հեստ մը սոր­վիլ: Ան Հա­լէ­պի մէջ հիմ­նեց նաեւ «Եփ­րատ» օ­րա­թեր­թը, եր­կու տա­րի ինք ե­ղաւ խըմ-բա­գի­րը, յե­տոյ ու­րի­շին յանձ­նեց: Այդ հրա­շա­լի մար­դը հայ ազ­գի մեծ նուիրեալ­նե­րէն էր: Այն­պէս որ Հա­լէ­պը մե­զի հա­մար կար­ծես երկ­րորդ Հա­յաս­տան դար­ձաւ, ուր եր­կի­րէն բե­րած բո­լոր սո­վո­րու­թիւն­նե­րը պահ­պա­նուե­ցան. Հա­լէ­պը այ­սօր ա­ւե­րակ­նե­րու վե­րա­ծած են: Յե­տոյ եր­կու տա­րի յա­ճա­խած եմ Հա­լէ­պի Ամե­րի­կեան գո­լե­ճը, ուր տա­րուան վար­ձը չէի կրնար վճա­րել, ուս­տի ա­տոր դի­մաց կը մաք­րէի դա­սա­սե­նեակ­նե­րը: Այդ­տեղ ա­ւար­տե­ցի 8-ա­մեա­կը: Երկ­րոր­դա­կան ու­սումս շա­րու­նա­կած եմ Կիպ­րո­սի Մել­գո­նեան վար­ժա­րա­նին մէջ: Հե­տա­գա­յին, երբ ար­դէն ա­մուս­նա­ցած էի եւ եր­կու ե­րա­խա­ներ ու­նէի, գա­ցինք Պուլ­կա­րիա: Ես եւ կինս հե­տե­ւե­ցանք հա­մալ­սա­րա­նա­կան դա­սըն­թացք­նե­րու. ես եր­րորդ շրջա­նի ու­սա­նող էի, կինս՝ երկրորդ, ե­կանք Հա­յաս­տան, մէկ տա­րի ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­ցինք Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի բա­նա­սի­րու­թեան բա­ժի­նին մէջ, ե­րա­խա­ներս յա­ճա­խե­ցին Եղիշէ Չա­րեն­ցի ա­նուան դպրոց, այ­նու­հե­տեւ կնոջս՝ Ար­մի­նէի հետ խորհր­դակ­ցե­ցանք եւ ո­րո­շե­ցինք ընտ­րել բժիշ­կի մաս­նա­գի­տու­թիւն. ու­սա­նե­ցանք, ա­ւար­տե­ցինք: Սկիզ­բը գա­ցի Փա­րիզ, այն­տեղ վա­նե­ցի մօ­տիկ բա­րե­կամ ու­նիմ, որ հա­մալ­սա­րան ա­ւար­տե­լու ա­ռի­թով ո­րո­շեց զիս նուէր մը ը­նել՝ Փա­րիզ-Վան ու­ղե­ւո­րու­թեան տոմս: Գա­ցի Վան, գիրք գրե­ցի Վա­նի մա­սին, շա­տե­րը ին­ծի այդ գիր­քով ճանչ­ցան: Կար­պի­սը ին­ծի տուն տուաւ, բժիշ­կի գի­շե­րա­յին աշ­խա­տանք գտաւ եւ ը­սաւ, որ կրնամ Ար­մի­նէին հետ, ըն­տա­նի­քով գալ: Սա­կայն Ար­մի­նէի հետ խորհր­դակ­ցե­ցանք եւ ո­րո­շե­ցինք, որ ծեր ծնող­ներ ու­նե­նա­լով՝ ա­ւե­լի ճիշդ կ՚ըլ­լայ եր­թանք մեր ծննդա­վայ­րը: Գա­ցինք Դա­մաս­կոս, աշ­խա­տե­ցայ որ­պէս վի­րա­բու­ժու­թեան թմրեց­նող, ո­րով­հե­տեւ այն­տեղ այդ մաս­նա­գի­տու­թեան կա­րի­քը կար, եւ իմ կար­գիս վի­րա­բու­ժու­թեան թմրեց­նող պատ­րաս­տե­ցի, Ար­մի­նէն ալ կա­նանց բժիշկ աշ­խա­տե­ցաւ: Ապ­րե­ցանք մին­չեւ սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մը. Ար­մի­նէիս հետ ապ­րե­ցայ 60 տա­րի­ներ. 60 տա­րի­ներ մենք եր­կու­քով գիրք կար­դա­ցինք, զա­ւակ­ներս նոյն­պէս ըն­թեր­ցա­սէր են: Հի­մա գեր­դաս­տա­նով այս­տեղ ենք՝ տղաս իր ըն­տա­նի­քով այս­տեղ է, եր­կու աղ­ջիկ ու­նի, մե­ծը այս տա­րի 10-րդ դա­սա­րան փո­խադ­րուե­ցաւ, աղ­ջիկս մե­զի հետ է, եղ­բայրս՝ իր ըն­տա­նի­քով, այս­տեղ ծնած ծոռ ու­նիմ Ա­րե­գի ա­նու­նով, որ ար­դէն երեք տա­րե­կան է: Մէկ ծոռ ալ՝ Նոյ ա­նու­նով, դուր­սը կ՚ապ­րի, այս­տե­ղի քա­ղա­քա­ցիու­թիւն ու­նի: Մին­չեւ Հայ­րե­նի­քի մէջ մշտա­կան բնա­կու­թիւն հաս­տա­տելս՝ ես միշտ ե­կած եմ Հա­յաս­տան, մաս­նակ­ցած Գրող­նե­րու միու­թեան հա­մա­գու­մար­նե­րուն, մշտա­պէս կապ ու­նե­ցած եմ հայ մե­ծա­նուն գրող­նե­րու հետ, այ­ցե­լած՝ ա­նոնց օ­ճախ­նե­րը, զրոյց­ներ ի­րա­կա­նա­ցու­ցած, շրջած եմ աշ­խար­հով մէկ, դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ կար­դա­ցած, ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցած. եր­կու ան­գամ գա­ցած եմ Չի­նաս­տան, Հնդկաս­տան, եր­կու ան­գամ գա­ցած եմ Աւստ­րա­լիա, Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա, Պրա­զիլ, տար­բեր թե­մա­նե­րով դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ կար­դա­ցած եմ: Իւ­րա­քան­չիւր այ­ցիս վաթսուն ե­լոյթ ու­նե­ցած եմ: Լոն­տո­նի մէջ դա­սա­խօ­սած եմ Պա­րոյր Սե­ւա­կի մա­սին՝ ցու­ցադ­րե­լով նաեւ լու­սան­կար­նե­րը, Հա­մօ Սա­հեա­նի մա­սին դա­սա­խօ­սած եմ...։ Ամ­բողջ գի­շեր մը Սե­ւա­կի հետ զրու­ցած ու բա­նա­վի­ճած ենք, Հա­մօ Սա­հեա­նի յար­կին ներ­քոյ հե­տաքր­քիր զրոյց­ներ ու­նե­ցած ենք…։

Նուի­րուե­ցայ գրա­կան աշ­խար­հին եւ մինչ օրս այդ աշ­խար­հին մէջ եմ, կը գրեմ, կը տպագ­րեմ գիր­քեր տար­բեր թե­մա­նե­րով: Միայն այս տա­րի գրած եմ ութ գիր­քեր, ո­րոնց­մէ չեն տպագ­րուած ե­րե­քը. հո­վա­նա­ւոր կը փնտռեմ:

Տա­րի­քիս ա­ռու­մով բան մը պատ­մեմ. քա­նի մը օ­րեր ա­ռաջ գա­ցած էի հան­դիպ­ման. (Ե­րե­ւա­նի Բժշկա­կան հա­մալ­սա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րէն եմ, ընդ­հա­նուր բժշկու­թեան բա­ժի­նը ա­ւար­տած եմ, Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու միու­թեան ան­դամ եմ տակաւին 1968 թուա­կա­նէն՝ ու­սա­նո­ղա­կան տա­րի­նե­րէն) գա­ցի Բժշկա­կա­նի նախ­կին տնօ­րէ­նին՝ ա­կա­դե­մի­կոս Վի­լէն Յա­կո­բեա­նի մօտ, ի­մա­ցաւ իմ կա­տա­րած հսկա­յա­կան աշ­խա­տան­քին մա­սին, զար­մա­ցաւ ու ը­սաւ՝ պէտք է բժիշկ­նե­րը խորհր­դակ­ցու­թեան հրա­ւի­րենք, տես­նեն, թէ 90-ի մօտ տա­րի­քին այս­քան գործ ինչ­պէ՞ս ը­րած ես...։ Մեր գրող­նե­րէն Անդ­րա­նիկ Ծա­ռու­կեա­նը երեսուն տա­րի­ներ ա­ռաջ հար­ցուց, թէ իմ այդ­չափ խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը ե՞րբ պի­տի վեր­ջա­նայ, ես պա­տաս­խա­նե­ցի՝ լեռ­նե­րէն բխող աղ­բիւ­րին հար­ցու­ցէք, թէ ին­չո՞ւ գի­շեր-ցե­րեկ ան­դա­դար կը բխի. Ծա­ռու­կեան ժպտե­ցաւ եւ ը­սաւ, որ շատ լաւ պատ­կեր գծե­ցի ու ա­ռա­ջար­կեց գրել այդ մա­սին… Երեսուն տա­րի­ներ անց գրե­ցի այդ մա­սին եւ տպագ­րե­ցի «Ան­դին» ամ­սա­գի­րին մէջ: Հի­մա կ՚ապ­րիմ Հա­յաս­տան, հայ­րե­նա­դարձ եմ, սփիւռ­քա­հայ, սա­կայն այս բո­լո­րը մէկ ա­նուն ու­նի՝ հայ...։ Ես ըլ­լա­լով սփիւռ­քա­հայ՝ կ՚ու­զեմ, որ հա­յաս­տան­ցին ճիշդ պատ­կե­րա­ցում կազ­մէ Սփիւռ­քի մա­սին: Կը պատ­րաս­տուիմ գրել նաեւ իմ կեան­քի վէ­պը. գիր­քի ընդ­հա­նուր վեր­նագ­րի ա­նունն է՝ «Եր­կիր եր­թալն է ճիշդ», ա­տի­կա գիր­քի ա­ռա­ջին բա­ժինն է, երկ­րորդ բա­ժի­նը կը կո­չուի «Իմ կեան­քի վէ­պը». պե­տու­թեան կող­մէ պէտք է տպագ­րուի, խոս­տա­ցած են նե­րա­ռել 2017 թուա­կա­նի ծրա­գ­րին մէջ: Երեք հարիւր ա­նուն գիր­քեր ու­նիմ հրա­տա­րա­կուած (խմբագ­րուած, ո­րոշ մա­սի յա­ռա­ջա­բա­նի հե­ղի­նակն եմ), ո­րոնց­մէ հարիւր քսանը իմ հե­ղի­նա­կած­ներն են։ Ը­նե­լիք­ներ շատ կան, պէտք է աշ­խա­տիմ: Շատ մեծ գրա­դա­րան ու­նե­ցած եմ, Հա­լէ­պի մէջ ալ գրա­դա­րան ձգած եմ, սա­կայն Հա­լէ­պէն յոյսս կորսն­ցու­ցած եմ: Մէկ-եր­կու շա­բա­թէն լոյս կը տես­նէ վեցերորդ գիրքս, եօթներորդ գիրքս գրած եմ Ռու­բէն Սե­ւա­կի մա­սին: Ա­հա իմ կեան­քի մեծ պատ­մու­թիւ­նը, որ հնա­րա­ւո­րինս հա­մա­ռօ­տա­կի ներ­կա­յա­ցու­ցի Ձեր ու­շադ­րու­թեան»:

Յի­րա­ւի, գրա­կա­նու­թեան ան­խոնջ մշա­կի մը մեծ կեան­քի մեծ պատ­մու­թիւն է. պատ­մու­թիւն, որ իր բազ­մա­բո­վան­դակ ու տա­րո­ղու­նակ է­ջե­րով նաեւ հան­րա­գի­տա­րա­նա­յին գի­տե­լիք­նե­րու շտե­մա­րան եւ հա­րուստ ժա­ռան­գու­թիւն է սե­րունդնե­րուն հա­մար:

ԿԱ­ՐԻ­ՆԷ Ա­ՒԱ­ԳԵԱՆ

«Զար­թօնք»

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 3, 2016