ԻՇԽԱՆԻԿՆ ՈՒ ԵՐԱԺԻՇՏԸ

Թիք-թաք, թիք-թաք փոքրիկ իշխանը կը քալեցնէ իր փայտեայ զինուորները: Մէյ մը աջ, մէյ մը ձախ, ետեւ, առջեւ...: Գետնի փետուրէ բազմոցին նստած կը խաղայ զուարթ դէմքով, պահ մը կը սողայ փայտեայ զինուորը հեռո՜ւն տանելով, ծունկերուն վրայ թաթիկ-թաթիկ կը դառնայ դղեակին իրեն յատկացուած այս դահլիճին փայտեայ յատակը սրբելով: Մանկամարդ պատանուհին, իր հոգատարը, չորս կողմը կը դառնայ իշխանիկին, կը խաղայ ինք ալ, կը զուարճանայ, բայց միշտ ուշադիր, որ տակաւին քալելու անկարող իշխանիկին բան չպատահի, չվիրաւորէ ինքզինք հոս ու հոն զարնուելով, է՛հ, իշխան է ի վերջոյ, թագաժառանգը հօր...:

Նուագ մըն է, որ կը հնչէ բեմէն երիտասարդ մատներու հպումով մերթ կիթառի լարերուն, մերթ ձեռքով կիթառին արտաքին պատին...: Աչքերը փակ, կ՚ապրի երաժիշտը իւրաքանչիւր հնչիւնի հետ, իւրաքանչիւր լարի թրթռացում կը յուզէ զինք, ապրում մը կը գոյացնէ երիտասարդ դէմքին վրայ, փայլք մը, նշմար մը...: Ու դուն կը զմայլիս ի տես երիտասարդուհիին դէմքի շարժումներուն, ի լուր անուշ մեղեդիին, որուն բեմական արտայայտութիւնն ըլլան կարծես դէմքի շարժումները՝ ժպիտը, դէմքին մանկունակ խաղիկները, որ «Փոքրիկ Իշխան»ին երաժշտութեան կը զուգակցի:

«Պում» կ՚իյնայ իշխանիկին փայտեայ զինուորը, կը գլորէ իր ետեւէն կողք-կողքի շարուած զինուորները «պում-պում-պում...», իշխանիկը կը յուզուի, երաժիշտը՝ նոյնպէս, կը ծամածռին դէմքին արտայայտութիւնները ու ներքին պոռթկումը բը-ռունցքի հարուածներով կը տեսնուին ու կը լսուին կիթառին պատէն:

Պիտի լայ իշխանիկը զինուորներուն տապալումով: Երաժիշտին մատները արագ-արագ կը հարուածեն կիթառին լարերը, ճանկռտելով կը քալեն լարերուն հասակն ի վեր, ի վար...: Մանկաբարձուհին կը հասնի օգնութեան, բայց առանց զինուորներուն ձեռք իսկ դպցնելու, կ՚օգնէ ան իշխանիկին հաւաքելու ու տեղաւորելու փայտեայ զին-ւորները իր կամքին համաձայն, իր երեւակայութեան ու տեսլականին համաձայն. դաստիարակութիւն մըն է տեղի ունեցածը, ապագայ գահաժառանգին մէջ կամքն է, որ կաթ-կաթ կը հոսի: Պատահական չէ կարծես, որ խաղալիքները զինուորներ են:

Կը մեղմանայ երաժշտութիւնը, գլգլան աղբիւրի նման կը հոսի լսողութեան մէջ. իշխանիկը զինուորները մէկիկ-մէկիկ կը շարէ, մանկաբարձուհին մէկ կողմէն քաղցրեղէն կը հրամցնէ իրեն, որպէս բարենիշ իւրաքանչիւր նուաճումէ ետք: Կը խաղայ դարձեալ իշխանիկը, սովորական զուարթ դէմքով:

Երաժիշտը կը ժպտի լարերուն հարուածներուն հպումով, իշխանիկը ըլլայ կարծես ան, որ գոհ է այժմ եւ շա՜տ ուրախ: «Թիք-թաք, թիք թաք» կը քալեն զինուորները փայտեայ յատակին վրայ, մանուկ ձեռքերու օգնութեամբ:

Շա՜տ մեղմ է այժմ մեղեդին, յօրանջ մը ըլլայ կարծես, երաժիշտին դէմքէն յոգնութիւնը կ՚երեւի փոքրիկ իշխանին, խաղէ յոգնած ան կը յօրանջէ ու մանկաբարձուհին գիրկը կ՚առնէ զայն ու կը քնացնէ անուշ մեղեդիի մը ընկերակցութեամբ:

Երիտասարդուհին աղօթքի հնչիւններ կը սփռէ այս անգամ դահլիճին մէջ, կարծես մանկան խաղաղ քուն մաղթելով, հրեշտակներու օրհնութեամբ ու հսկումով, երկիւղածութիւն մը կը պատէ զայն հարուածներուն հետ մեղմ ու թովիչ հնչիւններուն, որքա՜ն հարազատ ու մաքուր, զուլալ, մանկան ժպիտին նման:

Իշխանիկին արթննալու պահն է ահա, երաժիշտը զուարթ դէմքով ու եռանդուն հնչիւններով կը նուագէ՝ «Յակոբ եղբա՛յր, Յակոբ եղբա՛յր, արթնցի՛ր...»ը, իւրաքանչիւր վանկին հետ դէմքին համաչափ ձեւ մը տալով, կարծես ինք կ՚երգէ նուագին հետ, առանց ձայնի:

Մանկաբարձուհին է որ կ՚երգէ իշխանիկին, կ՚արթնցնէ զայն զուարթ դէմքով ու եռանդուն: Նոր օրուան մը սկիզբի աւետիսն է որ գոյ է, տիեզերքին զարթնումը բարի, շող մը ջերմ, տերեւ մը կանաչ, ձնծաղիկներ գունեղ ու գեղանի, դաշտեր, լեռներ, արտեր..., կեանքն է որ կը հոսի խաւարը ճեղքող լոյսին հետ արեւին:

Համերգը կը հասնի իր աւարտին, երաժիշտը աչքերը կը բանայ ու կ՚ողջունուի բուռն ծափահարութեամբ:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Օգոստոս 3, 2018