ՔԱՂԱՔԱԳԷՏ ՀԱՅԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ ԱՌԿԱՅ ԱՄԵՆԱԹՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԽԻՍՏ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ Է»

Հայրենի քաղաքագէտը կարեւոր փակագիծեր բացաւ Հայաստանի այսօրուան ընդհանուր իրավիճակին մասին։ Ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ Փաշինեանի կառավարութիւնը, որոնք են իշխանութիւններու ամենախոցելի կէտերը եւ ինչ ակնկալել, որպէսզի տարի մը առաջ ընթացք առած փոփոխութիւններու ընդհանուր գործընթացը երկիրը տանի դէպի ապահով ափ։

Այս բոլորին մասին հարցազրոյց մը ունեցանք քաղաքագէտ Հայկ Մարտիրոսեանին հետ։ Հարկ է նշել, որ անպայմանօրէն չենք բաժներ հարցազրոյցին մէջ տեղ գտած բոլոր գաղափարները, բայց եւ այնպէս պէտք է ուշադրութեամբ կարդալ, թէ ինչ հանգամանքներու ընդհանուր պրիսմակին մէջ կը գտնուի Հայաստանի քաղաքական դաշտը։

*

-Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ծանրակշիռ զարգացումներէն գրեթէ մէկուկէս տարի վերջ, այսօր ի՞նչ մնաց թաւշեայ յեղափոխութենէն։

-Քանի որ այդ յեղափոխութիւնը թաւշեայ էր՝ մնաց միայն խաբկանք: Ես յանգած եմ այն եզրակացութեան, թէ «թաւշեայ» բնութագրումը նոր իշխանութիւնները կցեցին իշխանափոխութեան՝ արդարացնելու համար իրենց անկամութիւնը՝ կատարելու խորքային, համակարգային փոփոխութիւններ եւ չերթալու կտրուկ քայլերու, որոնք իրենց հանգիստ կառավարման ճամբուն վտանգաւոր համարեցին: Ակնյայտօրէն այդ մէկը տգէտ մօտեցում էր եւ իրենց անհեթեթ թաւիշով՝ կառավարումը մեծապէս խոցելի դարձուցին: Իմ տեսակէտը ընդհանրապէս այն է, որ Հայաստանի ժողովուրդը սկսաւ յեղափոխութեան, զայն յանձնեց Փաշինեանին եւ իր հետ քալող խումբին։ Իսկ Փաշինեանն ու իր հետ քալողները ստանալով իշխանութիւն, դաւաճանեցին ժողովուրդին կողմէ իրենց տրուած վստահութեան։ Այդպէսով մեծագոյն վտանգներ ստեղծեցին պետութեան եւ ժողովուրդին համար: Երկրին մէջ ամենաթողութեան մթնոլորտը ատոր առաջին ծիծեռնակն է:

-Բոլորս գիտենք, որ երկրի օրէնսդրական գլխաւոր մարմինը կը գտնուի իշխանութիւններու ամբողջական հովանաւորութեան տակ, այդ մէկն ինչ որ տեղ կը խանգարէ երկրին մէջ առողջ քաղաքական գործընթացներու սպասելու առումով։

-Այո, այդպէս է: Բայց այդ երեւոյթը այդքան վտանգաւոր չէր ըլլար, եթէ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը գոնէ որոշ որակ մը ունենար: Փաշինեան Ազգային ժողովը լեցուցած է ապիկար, անուղեղ եւ վտանգաւոր գաղափարներ դաւանող մարդոցմով՝ մասնաւորապէս լեւոնականներով, որոնք անընդունակ են աշխատելու եւ վերածուած են գործադիրի իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն կնքողներու: Անշուշտ «Իմ քայլը» խմբակցութեան մէջ կան մէկ-երկու խելացի եւ որակեալ պատգամաւորներ, բայց աննախադէպ մեծամասնութիւն եւ գլխաքանակ ունեցող խմբակցութեան համար այդ աններելի փոքրամասնութիւն է եւ որեւէ եղանակ չի ստեղծեր:

-Ի՞նչ պէտք է ըլլայ այսօրուան իշխանութիւններուն հիմնական առաջադրանքը եւ մինչեւ հիմա պէտք է լուծէին ի՞նչ խնդիրներ, որոնք չեն լուծուած։

-Հիմնական խնդիրը Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ եւ անոր համար գրուած սահմանադրութեան փոփոխութիւնն էր, որուն բացայայտօրէն դէմ է եւ այդ մասին յայտարարած է ինքը՝ Փաշինեանը: Հիմա՝ երբ Սարգսեանի աթոռին ինքն է՝ այդ սահամանդարութիւնը այլեւս անոր հաւանութեան արժանացաւ: Երկրորդը՝ համակարգային փոփոխութիւնն է, որ իր մէջ կը ներառէ խմբային զանգուածային զտում: Այդ նոյնպէս այս իշխանութիւնը չըրաւ եւ պիտի չընէ: Ատոր ճիւղերէն մէկն ալ դատական համակարգի արմատական փոփոխումն էր, որ նոյնպէս Փաշինեան տապալեց եւ հիմա ատոր համար շատ թանկ կը վճարէ՝ ինչպէս որ կանխատեսած էինք: Երրորդը՝ անցեալի յանցագործները պատժելն է: Այդ նոյնպէս իշխանական թաւիշի տրամաբանութեան մէջ չի տեղաւորուիր: Բացի Մանուէլ Գրիգորեանէն եւ Ռոպերթ Քոչարեանէն՝ որեւէ մէկը բանտը չէ: Կը պարզուի՝ Հայաստանի մէջ միայն երկու հոգի կարելի էր մեղադրել յանցագործութիւններու համար: Փոխարէնը Փաշինեան, վերացնելով կենցաղային կաշառակերութիւնը՝ ներդրած է պետական կաշառակերութեան նոր ձեւ մը, որու միջոցաւ անցեալին ահռելի գումարներ թալանածներն ու յանցագործները պիւտճէ կը մուծեն իրենց թալանածի փոքրիկ մէկ մասը եւ այդպէսով այլեւս կ՚ազատին ամէն տեսակի յետագայ պատասխանատուութենէ: Այդ իւրաքանչիւր ժողովրդավարական յեղափոխութեան արժէքներու անթոյլատրելի դաւաճանութիւն է:

-Արդեօք նախկին իշխանութիւնները հնարաւորութիւն ունի՞ն վերադառնալու։

-Ոչինչ բացառուած է: Փաշինեանի միակ լծակը այսօր իր հետեւորդներու սատարումն է, իսկ այդ բանակը հետեւողականօրէն կը նուազի: Հակառակ կողմը՝ նախկիններն են՝ ահռելի նիւթական միջոցներով, լրատուամիջոցներով, կապերով, գաղտնի համակիրներով թէ՛ ներսէն եւ թէ դուրսէն: Եւ ինչպէս կը տեսնենք՝ Փաշինեանի անվճռականութեան պատճառով այդ ուժերը յստակ վրէժխնդիր ծրագիրներ ունին: Այդ ծրագրերուն մէջ անոնք գաղտնօրէն կը ներքաշեն Արցախի ղեկավարութիւնը, որոնց, անհեռատեսօրէն, իրենց հակաժողովրդական կառավարումը շարունակել թոյլ տուաւ Փաշինեանը: Հիմա Արցախի իշխանութիւնները Հայաստանէն անջատողական գիծ կը վարեն եւ Ստեփանակերտի մէջ կը հաստատեն նախկին վարչաձեւի կեդրոնացուած որջ մը: Ընդհանրապէս Արցախի հարցի վերաբերեալ Փաշինեանի քա-ղաքականութիւնը սարսափեցնող սխալականութիւն ունի եւ այդ շատ վտանգաւոր է մեր ժողովուրդին համար:

-Փաշինեան յաճախ կը խօսի այն մասին, որ կոփուած-պատրաստուած իշխանախումբ մը չունի: Արդեօք իր ունեցած պաշտօնէութեան կազմերը, որեւէ կերպով կրնա՞ն վնաս տալ իր իշխանութեան։

-Իր պաշտօնեաները ոչ թէ կը վնասեն, այլ կը քանդեն, ոչ միայն իր իշխանութիւնը, այլեւ՝ երկիրը: Եւ եթէ կը բողոքէ իր խմբակիցներու որակէն՝ ապա այդ միայն իր մեղքն է: Երկրի ղեկավարը ինքն է, հայ ազգի պաշտօնեաներու որակական շտեմարանը՝ անսպառ: Ինք ունէր բոլոր հնարաւորութիւնները՝ ընտրելու թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ սփիւռքէն լաւագոյն փայլուն մասնագէտները, որոնք թէ՛ կարողութիւն եւ թէ կամք կ՚ունենային յեղափոխական որակական փոփոխութիւններ կատարելու եւ կառավարում իրականացնելու համար: Փոխարէնը պետական բարձրագոյն պաշտօններու մեծամասնութեան Փաշինեան նշանակած է իր հետ քալած, իրեն անխօս եւ անքննադատօրէն ենթարկուող անգոյն եւ անորակ խմբակիցներ: Հետեւաբար՝ պատասխանատուն միայն ու միայն ինքն է: Իսկ ինչ կը վերաբերի իր դժգոհութիւններուն, ապա ան իրականութեան մէջ չի դժգոհիր ալ: Ուղղակի հռետորական հնարք կ՚ընէ եւ իրականութեան մէջ կ՚արդարացնէ նոյն այդ պետական պաշտօնեաները եւ անոնց որակը: Փաշինեանի «Ազատութիւն» կայանին տուած վերջին հարցազրոյցը ատոր լաւագոյն վկայութիւնն է:

-Շատեր կ՚ըսեն, որ Հայաստանի հիմնական մարտահրաւէրները կապ ունին երկրի բնապահպանական ոլորտին, ջերմուժի եւ այլ առօրէական հարցերու հետ։ Ձեր կարծիքով, այդ հարցերը իրողապէս կարելի՞ է Հայաստանի համար լուրջ մարտահրաւէրներ համարել։

-Ի հարկէ: Առանց առողջ բնութեան՝ չկայ Հայաստան: Ադպէս է ամէն երկրի պարագային: Անակնկալ էր, անսպասելի էր, բայց պարզուեցաւ, որ նոր իշխանութիւնը բոլորովին չի հետաքրքրուիր բնապահպանութեամբ եւ իրականութեան մէջ կը շարունակէ նախկիններու գիծը: Միակ տարբերութիւնը այն է, որ նախկինները իրենք աշխուժօրէն կը մասնակցէին յանուն անձնական եկամուտներու՝ բնութեան ոչնչացման, իսկ հիմա նոր իշխանութիւնները այդ մէկը չեն ըներ, բայց ամենեւին չեն ալ խոչընդոտեր այլոց կողմէ շարունակուող ոչնչացումը: Որեւէ ջրաելեկտրակայան Հայաստանի մէջ չէ փակուած, Թեղուտի աղէտաբեր հանքավայրը վերաբացուած է, Ամուլսարի հարցով ակնյայտօրէն իշխանութիւնը ուղիներ կը փնտռէ հանքատէրերու կամքը իրականացնելու համար, Սեւանի հարցով ամբողջական բարձիթողի վիճակ է, Արարատեան դաշտավայրի ընդերքային ջուրերը անխնայ եւ անվերականգնելիօրէն ոչնչացնող որեւէ ձկնաբուծարան չէ փակուած, կենդանիներու որսագողութեան դէմ, Հայաստանի անտառներուն եւ արգելավայրերուն մէջ ոչինչ եղած է: Փոխարէնը բարձիթողիութիւնը այն աստիճանի հասած է, որ Իջեւանի անտառները ոչնչացնող անտառագողերը ապստամբեցան պետութեան դէմ՝ պահանջելով օրինականացնել իրենց յանցաւոր գործունէութիւնը: Եւ չկայ մէկ անտառահատ, որ դատուած ըլլայ: Այս իշխանութիւնը աղէտալիօրէն անփոյթ կառավարում կ՚իրականացնէ եւ ողբերգութիւնը այն է, որ ժողովուրդի զգալի մէկ հատուած, ինչպէս նաեւ սփիւռքի գերակշիռ մեծամասնութիւնը չեն տեսներ այդ, եւ կը շարունակեն մնալ դեռ անցեալ տարուան գարնան իրադարձութիւններու տպաւորութեան ներքոյ:

-Իրան-Միացեալ Նահանգներ գերլարուած իրավիճակին ու հաւանական բախումի մը պարագային, ի՞նչ քայլերու պէտք է դիմէ Հայաստանի իշխանութիւնը։

-Նման անցանկալի, աղէտալի բեմագրութեան պարագային Հայաստանը պէտք է զօրացնէ հարաւային սահմանին զգօնութիւնը եւ պատրաստուի՝ Ատրպէյճանի հնարաւոր յարձակման:

-Այսօրուան դրութեամբ սփիւռքահայութիւնը հիասթափուա՞ծ է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններէն եւ տրուած մեծ խոստումներու ի կատար չածուելէն յետոյ։

-Այո, այդպէս է: Ես ատոր ականատես կ՚ըլլամ սփիւռքի մէջ: Բայց սփիւռքի մէջ քիչ չեն նաեւ անոնք, որոնք միայն այն հանգամանքի շնորհիւ, որ Փաշինեան իշխանութեան գլուխ է՝ կը շարունակեն Երեւանի իշխանութիւններու պաշտամունքով զբաղուիլ եւ ամէն բանի վրայ աչք փակել: Ընդհանրապէս հայկական սփիւռքը պարտաւոր է քաղաքականապէս առաւել գրագէտ դառնալ, հետեւիլ Հայաստանի ներքաղաքական իրական գործընթացներուն եւ ռոմանթիք միտումները մէկդի թողնել։ Սփիւռքը ունի պարտաւորութիւն՝ Հայաստանի հայրենակիցներուն օգնելու՝ արդիւնաւէտ կառավարման համակարգ ունենալու եւ այդ գործին մէջ պէտք է գոնէ իր բարոյական մասնակցութիւնը ունենայ: Այս առումով որոշակի յառաջընթաց կայ, բայց այդ մէկը դեռ բաւարար չէ: Առաւել մեծ մասնակցութիւն եւ առաւել իրատեսական դիրքորոշումներ անհրաժեշտ են: Այդ շարքին՝ եւ այս իշխանութեան վրայ բարոյական եւ նիւթական ճնշումներու կիրառումը՝ փոփոխութիւններու պահանջ դնելով: Սա իշխանութիւն մըն է, որ դուրսէն, յատկապէս սփիւռքէն գումարներ մուրալով եւ տնտեսական ներդրումներու երազներով կ՚ապրի եւ այդ մէկը լաւ լծակ է սփիւռքի համար՝ պաշտօնական Երեւանին հասկցնելու, որ այդ ամէնը ստանալու համար պէտք է սին խոստումներէն իսկական գործի անցնիլ եւ ազգային քաղաքականութիւն վարել՝ լքելով Լեւոն Տէր-Պետրոսեանէն սերող բազում գաղափարներու շարունակական կիրառումն ու ապակառավարումը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Օգոստոս 3, 2019