ԹՈՅԼ ՕՂԱԿՆԵՐՈՒ ՀԵՏՔՈՎ…
Նորութիւն մը չէ, ի հարկէ, որ Մոսկուա մեծ ճիգեր կ՚իրագործէ յաջոցնելու համար՝ այսքան երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած Անգարա-Դամասկոս գագաթաժողով մը։ Ռուսաստան կը ջանայ խրախուսել, որ այսքան տարիներու օտարումէ ետք հանդիպին՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատ։ Ձեռքսեղմում պիտի ըլլա՞յ երկու առաջնորդներուն միջեւ։ Հաւանական է, որ այդ վայրկեանէն սկսեալ ի յայտ գան երկու կուտակուած հիմնահարցերը։
Էսատ, որ կը շարունակէ մեծ պայքար մը տանիլ երկիրը ոտքի կանգնեցնելու նպատակով, միշտ նոյն տագնապներուն մէջ տեղքայլ կը կատարէ։ Երկիրը կը շարունակէ մնալ տագնապահար, իսկ հանրութիւնը՝ մեծ հաշուով հիսաթափուած։ Ի դէպ, Սուրիոյ պարագային գաղտնիք չէ, որ այդ երկրի տնտեսական թոքերը ու այդ թոքերէն ընթացք առնող շնչառութեան հիմնական ճանապարհը Հալէպ քաղաքն է։ Ճանապարհային հանգոյցի, արաբական աշխարհին վերադառնալու առումով ու մասնաւորապէս՝ երկրի արտադրութեան թիւ մէկ քաղաքը ամբողջապէս ոտքի կանգնցնելու առումով… Ու փաստ է, անշուշտ, որ քանի տակաւին Թուրքիա-Սուրիա բնականոն ու առանց լարումներու յարաբերութիւններ չկան, Հալէպ պիտի շարունակէ ապրիլ մեկուսացած։ Այս ընդհանուր պատկերին զուգահեռ՝ Սուրիոյ հիմնարար գործարարները, շատ կարեւոր ճիգեր կը գործադրեն, որպէսզի Էսատ ըմբռնէ այս վիճակը եւ ըստ այդմ պատրաստ ըլլայ նետուելու յաջորդ վակոնին, որու մէջ պիտի ըլլայ նաեւ Թուրքիոյ նախագահը։ Սա անոնց մեծ համոզումն է։
Այս տեսանկիւնէն դիտուած, բնակաբանար, Թուրքիան ալ ունի բաւական մեծ սպասումներ եւ ակնկալութիւններ, որոնք բոլորն ալ կապուած են իր շուրջ անվտանգութեան օղակը լայցնելու հիմնադրոյթին հետ։ Ու այս պարագային եւս երկու երկիրները ունին ծանր օրակարգ մը, որու երկու ծայրերուն ալ կան գործօններ, որոնք մեծ բեռ կը հանդիսանան։ Թուրքիա պէտք է խօսք հասկցնէ այն արմատական խմբաւորումներուն, որոնց հսկողութեան տակ են Սուրիոյ վեց շրջանները։ Իսկ Էսատի ուսերուն վրայ կայ շատ աւելի մեծ բեռ մը, որ կը կոչուի՝ քրտական գործօն։ Հոս է, անշուշտ, որ Թուրքիա-Սուրիա շահերու կիզակէտին կը ծագին շատ աւելի հսկայ հարցեր։ Այս առումով գործօններուն մեծագոյնը, անշուշտ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն է։ Քիւրտերու ի նպաստ նեցուկով, Սուրիոյ նաւթով հարուստ շրջաններուն մէջ ռազմական ներկայութեամբ ու ամենակարեւորը՝ Պեշար Էսատի անձին դէմ վեթոյով ԱՄՆ արդէն ծանր լուծ մը դարձած է ամբողջ Սուրիոյ համար։ Ու այս կէտին վրայ կը ծագի մեծ հարցումներէն մին։ Արդեօք Թուրքիա պատրա՞ստ է ԱՄՆ-ի խօսքը «կտրել» ու կերպով մըն ալ ամերիկեան մեծ շահերուն դէմ գալով՝ խօսիլ Պեշար Էսատին հետ։
Թրքական կողմէն երկրի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական դէմքերը, ի դէպ, շատ խելացի քայլերով կ՚առաջնորդուին։ Մինչ նախագահ Էրտողան ամէն ինչ կ՚ընէ պահպանելու համար Ռուսաստանի հետ բարձր որակով յարաբերութիւնները ու այդ առումով ալ չմերժելու համար նախագահ Վլատիմիր Փութինի Սուրիոյ հետ անպայման խօսելու ուղղեալ խորհուրդները, միւս կողմէ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, հանդէս կու գայ շատ աւելի բարձր դիրքերէ։ Ֆիտան, որ շատ յայտնի է իր շահապաշտ ու առաձգական մօտեցումներով, այսպիսով պատգամներ ալ կը յղէ նաեւ ամերիկեան կողմին։
Ի վերջոյ Սուրիոյ պարագային ստեղծուած է այնպիսի իրավիճակ մը, որուն հանգուցալուծումը օգտակար պիտի ըլլայ տարածաշրջանի հիմնական խաղացողներուն։ Իրան, Ռուսաստան, ապա Թուրքիա եւ ի վերջոյ Սուրիա պատրաստ են նոր ձեւաչափերով յառաջ տանելու բնականոնացման այս փուլը՝ պայմանով, որ ԱՄՆ չխանգարէ եւ ստեղծուած իրավիճակը ներսէն չպայթեցնէ։ Յստակ է նաեւ, որ եթէ կշիռքի վրայ դրուի վերոյիշեալ դերակատարներու ուժը եւ միւս կողմէ ճիշդ կշռուի ԱՄՆ-ի դերը, ապա առաջինը աւելի գերակշիռ է։ Այս բանը շատ հասկնալի է, անշուշտ, բոլորին համար, սակայն, այստեղ կան ԱՄՆ-ի ազդեցութիւնն ու անոր ձեռքի ազդակներու կարեւորութիւնը։ Եթէ նոյնիսկ այդ բոլորը անկարող է նոր տեսակի կացութիւն մը ստեղծել, ապա, տեղ մը կրնայ առկայ կամ ակնկալուած համաձայնութիւնները հիմնապէս խանգարել։ Աւելի՛ն, անշուշտ, ամերիկեան տեսակէտէն նախագահական ընտրութեան օրակարգով պայմանաւորուած եւ ստեղծուած բացը լաւագոյնս օգտագործելու Ռուսաստանի փորձերը կրնան ճանապարհ մը կտրել։ Անշուշտ, եթէ չստեղծուին ֆորս-մաժէօր դրոյթներ, որոնք կրնան հիմնական խաղացողներուն վիճակը բոլոր առումներով աւելի բարդացնել։
Այս բոլորին մասին ուշագրաւ էր վերլուծաբան Վահրամ Աթանէսեանի յօդուածը՝ «Պեշար Էսատ. ուրուական ըլլալէ անդին. աշխարհաքաղաքական դերակատա՞ր» խորագրեալ։ Վերջին քանի մը ամիսներու, միջազգային մամուլի հրապարակումներու լոյսին տակ ան եւս խօսած է Էրտողան-Էսատ մօտալուտ հանդիպման մասին: Յօդուածին մէջ մէջբերուած է նաեւ Ֆիտանի բացայայտումը, թէ նման քննարկումներ ինք ունեցած է՝ հետախուզական ծառայութեան գլուխը գտնուած շրջանին: Էրտողան-Էսատ հանդիպման վայրը ենթադրաբար ըլլայ Մոսկուան, բայց առաջարկներ կատարուած են նաեւ Իրաքէն եւ Քաթարէն, Սէուտական Արաբիան ալ որոշ նշաններ տուած է։
Ըստ յօդուածին՝ տպաւորութիւն կայ, թէ Էսատ Մոսկուա մեկնած է՝ քննարկելու համար Էրտողանի հետ իր հաւանական հանդիպման կապուած հարցերը: Թուրքիա Էսատին կ՚առաջարկէ Սուրիոյ հիւսիսին պայքարիլ համատեղ։ Էրտողան յայտարարած է, որ պէտք է ապահովել Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը: Յամենայնդէպս, վերլուծաբանը կը մատնանշէ, որ որեւէ երաշխիք չկայ, թէ այդպիսի համատեղ պայքարէ մը վերջ Թուրքիա Սուրիոյ հիւսիսէն զօրքերը կը հեռացնէ կամ չի պահանջեր ստեղծել թիւրքմենական ինքնավարութիւն մը:
Յօդուածին մէջ շեշտուած է, որ Էսատ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ քաղաքական ուրուական մըն է: Սուրիոյ ներկայ փխրուն կարգավիճակը հետեւանքն է Ռուսաստանի եւ Իրանի աջակցութեան, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ի զսպուածութեան։ Այս կէտէն սկսեալ կարելի է հետեւցնել, որ Դամասկոս Անգարայի հետ տարածաշրջանային-աշխարհաքաղաքական գործարքի չի կրնար երթալ, եթէ Մոսկուա եւ Թեհրան չտան հաւանութիւն։ Վերլուծաբանը պատահական չէ համարած, որ Էսատի Մոսկուայի մէջ գտնուած օրը Անգարայի մէջ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստ տեղի ունեցած է, իսկ Քրեմլինի խօսնակը՝ Փեսքով յայտարարած է, որ Փութինի Թուրքիոյ այցը աշխոյժ ձեւով կը նախապատրաստուի: Էսատի Մոսկուա այցին, Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին նախորդած են Ռուսաստան-Ատրպէյճան խորհրդատուութիւններ: Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստի օրակարգին վրայ եղած է նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման հարցը:
Կը յաջողի՞ արդեօք Էսատ ուրուականէն աշխարհաքաղաքական կամ գոնէ տարածաշրջանային դերակատար մը դառնալ։ Եւրոպական Միութիւնն ու ԱՄՆ կ՚ընդունի՞ն, որ եթէ Էսատ մնացած է թամբին, ապա, ուրեմն, պէտք է երկիւղը մէկ կողմ ձգել եւ անոր հետ յարաբերութիւններ հաստատել:
Այս հարցումներու պատասխանին հետամուտ՝ վերլուծաբանը դիտել կու տայ, որ Թուրքիա, անկասկած, կը ձգտի, որպէսզի Էսատ մնայ ուրուական՝ ստանալով անուանական օրինականութիւն: Հապա՞ Ռուսաստանը եւ Իրանը, հապա՞ ԱՄՆ-ը։ Յօդուածին մէջ իրավիճակը մտահոգիչ կը համարուի այն առումով, որ Սուրիա Մերձաւոր Արեւելքի թոյլ օղակն է: Նոյն փորձը կը կատարուի Հայաստանի պարագային. պարտադրել անոր՝ որպէս Հարաւային Կովկասի «դրսեցի»: Այս կարծրատիպը քանդելու համար ի՞նչ ներքին եւ արտաքին միջոցներ կան եւ եթէ կան, ապա ե՞րբ ու ինչպէ՞ս գործի պիտի դրուին:
Հուսկ, վերլուծաբանը իրավիճակը կը համարէ շատ պարզ, որովհետեւ Հայաստան չի կրնար ինքզինքին թոյլ տալ, որ Մերձաւոր Արեւելք-Հարաւային Կովկաս-Կեդրոնական Ասիա եռոտանիին վրայ տարածաշրջանի «եղանակային կանխատեսումէն» դուրս մնայ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/22/2024