ԱՐՄԻՆ­Է ՉՈՒՔԱՍԸԶԵԱՆ. ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԱՆԳԼԻԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒՀԻՆ

Հա­յու­թեան ա­ռըն­չու­թիւ­նը Պէյ­րու­թի Ա­մե­րի­կեան Հա­մալ­սա­րա­նին (ՊԱՀ) ար­դէն ա­ւե­լի քան հա­րիւ­րա­մեայ պատ­մու­թիւն մը ու­նի: Դեռ Ե­ղեռն­էն իսկ ա­ռաջ, թէ՛ կիլ­իկ­իա­հայ եւ թէ ա­րեւմ­տա­հայ ու­սում­նա­տենչ երի­­տա­սարդ­ներ ու­սա­նել­ու կը ղրկուէին կամ կու գայ­ին այն ա­տեն Սիր­իըն Փրո­թեսթ­ընթ գոլ­ըճ կոչ­ու­ող այս ե­րախ­տա­շատ հաս­տա­տութ­իւն­ը: Նոյն հաս­տա­տութ­են­էն մաս­նա­գէտն­եր ու հե­տազ­օտ­ողն­եր ուս­ում­նաս­ի­րու­թիւնն­եր կը կա­տա­րէին մա­նա­ւանդ Կիլ­իկ­իոյ բու­սա­կան աշ­խարհ­ի հրա­շա­լիքն­եր­ուն ուղղ­ութ­եամբ:

Ճիշդ է, որ ՊԱՀ­-ի հայ ու­սա­նող­ութ­եան եւ հայ­կա­կան ա­ռընչ­ութ­եան մա­սին վեր­ջերս մագ­իստ­րա­կան փայ­լուն թէզ մը պաշտ­պա­նեց եր­ի­տա­սարդ պատ­մա­բան Հրաչ Ք­­ես­թէն­եա­ն, խո­րա­նալ­ով ՊԱՀ­-ի մինչ­եւ 1920­­-ա­կանն­եր­ու հայ ու­սա­նող­ու­թեան գոր­ծուն­էու­թ­եան պա­տում­ին մէջ: Ճիշդ է նա­եւ, որ ՊԱՀ­-ի հայ ու­սա­նող­ութ­եան յ­­ու­շա­մատ­եան մ­­ը լոյս տե­սած է, որ կ՚ընդգրկ­է 1908-1933 շրջան­ի հայ ու­սա­նո­ղա­կան մ­­իութ­եան պատ­մութ­իւ­ն­ը, ա­սոնց­մով սա­կայն չ­­ի սպառ­իր հա­մալ­ը-սա­րա­նին հա­յա­պատ­ում­ը, որ իւր­օր­ի­նակ հա­յել­ի կը հան­դի­սա­նայ 1940-1970-ա­կանն­եր­ու լի­բա­նա­նա­հայ բարձ­րագ­ոյն կրթու­թեան մղու­­մ­ին:

Տեղ­եակ չ­­ենք, որ նման աշ­խա­տանք մ­­ը գոյ­ութ­իւն ուն­ի Պէյր­ութ­ի Սէն Ժոզ­էֆ Հա­մալ­սա­րա­նի «հա­յա­պատ­ում»ին մա­սին, որ նոյն­քան կա­րեւ­որ է: Այս­պիս­ի ուս­ում­նա­սի­ր­ութ­իւնն­եր­ը կրնայ­ին ի միջ­ի այ­լոց բա­ցա­յայ­տել նա­եւ Լի­բա­նան­ի հայ ­օ­ճա­խին կրթա-մը­տա­ւո­րա­կան տար­ո­ղութ­եան թա­փը, ինչ-պ­էս եւ նպաստ­ը՝ Լի­բա­նան­ի կրթա­կան-գ­­ի­տութ­եան հա­մա­կար­գին: Դժբախ­տա­բար բա­նա­ւո­­ր վ­կա­յու­թիւն­նե­ր, ցա­քուց­րի­­ւ յու­շե­­ր ու գրու­թի­­ւննե­ր ու­նի­­նք մի­այն ՊԱ­Հ-ի այս ու այն բա­ժան­մուն­քի հայ տե­սու­չի­­ն, դա­սա­խօ­սի­­ն ե­ւ հայ­կա­կան ի­րա­գոր­ծում­նե­­րու մա­սին: Լաւ կ՚ը­­լլայ, ո­ր նի­ւթա­կան քա­ջալե­րան­քով յանձ­նա­րա­րուի ու­սում­նա­սէ­րի մը՝ նման հե­տա­զօ­­տու­թի­­ւննե­ր լո­յսի­­ն բե­րե­­լու հա­մար:

Կա­րի­­քը կա՞յ յի­շե­­ցնե­լու, թէ մենք՝ լի­բա­նա­նա­հա­յերս ա­ռա­ջի­­ննե­րն ե­նք որ պէտք է սե­ւե­­ռուն մտա­հո­­գու­թիւ­նը ու­նե­­նանք նման ու­սում­նա­սի­րու­թի­­ւննե­րու ծնուն­դին սա­տա­րե­լու: Նման ու­սում­նա­սի­րու­թի­­ւննե­ր մե­ր ան­մի­ջա­կան ան­ցեալն ե­­ն, յա­նուն լի­բա­նանեան հայ­րե­նի­­քի­ն մե­ր թա­փած ճակ­տի քրտին­քի­­ն գ­րա­ւո­ր յու­շար­ձան­նե­­րն ե­ն, ո­րո­­նք ա­ռա­ւե­­լ փաս­տա­ցի շօ­շա­փե­լի­­ու­թի­­ւն կու տան տե­ղա­կան մեր ներդ­րու­մի­­ն ու նպաս­տի­­ն:

Այս մտա­ծում­նե­­րը դար­ձեալ վե­­րապ­րե­ցայ, երբ կար­դա­ցի, թէ աս­կէ յի­սուն տա­րի ա­ռաջ, Փետ­րուար 1966-ին, Պէյ­րու­թի Ա­մե­րի­­կե­ան Հա­մալ­սա­րա­նի Անգ­լիա­կան գրա­կա­նու­թե­­ան  բաժ­նէն մա­գիս­­տրա­կան տիտ­­ղո­սով կը վկա­յ­ւ­­էր Ար­մի­նէ Յով­հան­նէ­սի Չու­քա­սը­զեա­­ն: Ա­նոր ա­ւար­տա­ճա­ռը ու­սու­­մնա­սի­րու­թիւ­­նն էր նոր­զել­­ան­տա­ցի հե­ղին­­ակ Քեթ­­րին Մենս­ֆիլ­տի պատ­մու­­ածք­նե­րու­­ն:

Չու­քա­սը­զեա­­ն ա­ռա­ջին լի­բա­նան­ցին եւ ա­ռա­ջին հայն էր (Լիբ­նա­նա­նի մէջ), որ կ՚ար­ձա­նագ­րէր նման կրթա­կան յա­ջո­ղու­­թիւն մը:

Արմինէ Չու­քա­սը­զեա­­նի երկ­րոր­­դ մա­գիս­­տ­րա­կա­նը (Էմ. Ֆիլ., անգ­լե­րէն­­ի) կու գայ Լոն­տոն­­ի Հա­մալ­սա­րա­նի Քուին Մէյ­րի գո­լէճ­­էն: Այս ան­գամ ա­նոր մա­գիս­­տրակա­նի ա­ւար­տա­ճա­ռի նիւ­թը Իր­լան­տա­յի եւ Անգ­լիոյ մէջ անգ­լօ-իր­լան­տա­ցի թա­տե­րա­գիր Ճոն Մի­լին­­կթըն Սին­ճի թա­տե­րա­խա­ղե­րու քննա­կան ըն­­կա­լու­­մն էր­­:

Շրջա­նա­ւար­տու­­թե­նէ ետք, Արմինէ Չու­քաս­զեա­­ն դա­սա­ւան­դած է տար­բեր հա­մալը-սա­րան­ներ­­ու մէջ եւ սե­մին­­ար­ներ տուած՝ մա­գիս­տ­րա­կա­նի ու­սա­նող­ներու՝ անգ­լիա­գի­տու­­թեան մէջ­­:

Վեր­ջեր­­ս ան հրա­տա­րա­կեց անգ­լե­րէն բա­նաս­տեղ­­ծու­թիւ­­ննե­րու հա­տոր մը՝ Memories and Cities վեր­նագ­րով, ուր ընդգր­կուած են քա­ռա­սուն անգ­լե­րէն եւ տասն ֆրան­սեր­­էն բա­նաս­տեղ­­ծու­թիւ­­ններ:

Ներ­կա­յիս ա­ւար­տին կը հասց­նէ իր կարճ պատ­մուածք­նե­րու անգ­լե­րէն հա­տո­րը:­­

Կը շնոր­հա­ւո­րեն­­ք Չու­քաս­զեա­նը իր յիս­նա­մեայ նուա­ճու­մին առ­թիւ:

ՏՔԹ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 3, 2016