ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂ. Ո՛Չ ՊԱՏԵՐԱԶՄ, Ո՛Չ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ՎԻՃԱԿԸ ԿՐՆԱՅ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻԼ
Ղարաբաղցիք նշեցին անկախութեան 25-րդ տարեդարձը: Տարբեր հանգամանքներու տակ կը նշուէր այս տարուան տօնը եւ այդ մէկը պայմանաւորուած էր մի քանի պարագաներով:
Այս վիճակին ամենէն էական նախադրեալն էր, բնականաբար, Ապրիլին տեղի ունեցած քառօրեայ պատերազմը, որուն հետեւանքները մինչեւ այս պահը կարգ մը շրջաններու մէջ տակաւին չեն վերացած:
Բացի նիւթական մեծ վնասներէն, հարիւրէ աւելի զոհուած զինուորներու պատճառած վիշտը չէ ջնջուած անզէն բնակիչներու մտապատկերէն:
Թալիշի, Մարտակերտի, Ճեպրաիլի եւ այլ շրջաններու մէջ հեղուած արիւնը ցոյց կու տար, թէ պատերազմը որքան մօտ է Ղարաբաղին:
Արիւնը, ուրեմն կը գծէր նոր սահմանագիծ, որ սակայն տակաւին չէ ստացած իր վերջնական տեսքը: Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարար զօրավար Լեւոն Մնացականեանին հետ իմ ունեցած հակիրճ զրոյցին ընթացքին ան խօսելով սահմանային իրադրութեան մասին՝ կը շեշտէր, որ հայկական զինեալ ուժերու բոլոր ստորաբաժանումները պատրաստ են լաւագոյնս կատարել իրենց վիճակած պարտաւորութիւնները: Մնացականեան նաեւ չէր թաքցներ պատերազմի վերսկսման հաւանականութիւնները: Ան այս առումով կ՚ըսէր. «Այնքան ժամանակ, երբ բանակ կայ, այդ կը նշանակէ, որ պատերազմի հաւանականութիւնը առկայ է»:
Այս բոլորով հանդերձ, եթէ փորձենք Ապրիլէն ետք եղած ընդհանուր սահմանային իրադրութեան մասին խօսիլ, պէտք է յստակօրէն ընդգցծենք, որ Մայիսէն մինչեւ Օգոստոս համընկնած ժամանակահատուածին սահմանային ընդհանուր կարգավիճակը վերջին մէկ տարուան ընթացքին ամենէն կայունն էր: Ճիշդ է, որ ատրպէյճանեան կողմը հայկական սահմանապահ դիրքերուն ուղղութեամբ կը շարունակէ ամէնօրեայ դրութեամբ կրակ բանալ, բայց այսօրուան իրադրութիւնը շատ աւելի խաղաղ է, քան ըսենք ապրիլեան դէպքերէն առաջ եղած ընդհանուր սրացումները: Հակառակ ասոր, մեծապէս նուազած են հայկական կողմին կրած մարդկային կորուստները: Անշուշտ, այս բոլորը կարելի չէ ընկալել որպէս ընդհանուր խաղաղութեան մը նախասկիզբը, բայց եւ այնպէս, դարձեալ յստակ է, որ Պաքուի կողմէ վերջին ամիսներուն որդեգրուած «ռազմական իրավիճակը» առաւելագոյնս հանդարտ պահելու որոշումը իր մէջ նոյնպէս կը պարփակէ՝ առնուազն սպասողական դիրքերու մէջ ըլլալու որոշում մը:
Անշուշտ Պաքուի կողմէ այս բացայայտ «մեղմացում»ը կրնայ մէկ օրէն միւսը դարձեալ փոխուիլ ու ստեղծել նոր իրադրութիւն մը։ Բայց եւ այնպէս, լայնածաւալ նոր պատերազմի մը շղթայազերծումը կարիքն ունի մի քանի ընդգծուած պայմաններու, որոնք այսօր կը բացակային Հարաւային Կովկասի մէջ:
Հասկնալի է նաեւ, որ Ուաշինկթընի Կովկասի հանդէպ ցուցաբերած ակնյայտ անտարբերութեան փոխարէն, Մոսկուա դարձած է շրջանին մէջ կողմերուն գաղտնաբառ փոխանցող եւ գրեթէ միակ գլխաւոր խաղացողը: Երբ Մոսկուա-Անգարա յարաբերութիւնները ծանր սրացում ապրեցան, քիչ չեղան այն վերլուծաբանները, որոնք գրեցին, թէ ապրիլեան պատերազմի հրահրումը կապ ունի նաեւ այդ ընդհանուր լարուածութեան հետ: Այսինքն կողմերուն համար շատ հաւանական էր, որ Ղարաբաղ դառնար պատերզամական նոր օճախ մը, ուր Անգարա եւ Մոսկուա պիտի նախընտրէին իրարու դէմ «պատգամ»ները հոն հնչեցնել:
Այս բոլորի կողքին կար նաեւ Պաքուի կողմէ արագ գործողութեամբ մը մեծ տարածքներ վերցնելու համար մշակուած ծրագիրը, որ պիտի աւարտէր Ղարաբաղի ու Հայաստանի համար շատ դժուարին բեմագրութիւններ պարունակող «պարտադրուած» բանակցութիւններով:
Բայց այս բոլորը չեղան: Չեղան, անշուշտ, որովհետեւ հակառակ հայկական կողմին ունեցած մեծ բացթողումներուն, ղարաբաղեան սահմանապահ զօրքերը ոչ միայն փայլուն կատարեցին իրենց վրայ դրուած պարտականութիւնը, այլ աւելի՛ն «պարտադրեցին», որպէսզի Պաքու խնդրէ Մոսկուայի անմիջական միջմատութիւնը՝ 5 Ապրիլին հրադադար յայտարարելու համար:
Վերը խօսեցանք սահմանի համեմատական «անդորր»ին մասին ու ասոր զուգահեռ տեսանելի է նաեւ, որ Պաքու առաջուան նման մարտաշունչ «ներբող»ներով հանդէս չի գար:
Ճիշդ է, որ Իլհամ Ալիեւի իշխանութեան համար Ղարաբաղի հարցը դարձած է քաղաքական ներքին օրակարգի հիմնական առանցքներէն մին, բայց եւ այնպէս Ապրիլին Ատրպէյճանի բանակին կրած կորուստներուն հետեւանքով՝ այդ «գործօն»ը սկսած է թուլանալ:
Մինչ Հայաստանի ընդդիմութիւնը կը շարունակէ մնալ «կառավարելի», անդին Պաքուի մէջ կրնան կատարուիլ այնպիսի զարգացումներ, որոնց հանրագումարով Ալիեւի՝ ղարաբաղեան հարցը զինուորական ընտրանքներով լուծելու մասին կատարուած յոխորտանքները ջուրը կ՚իյնան:
Պաքու Ապրիլին նախայարձակ էր:
Նախայարձակ ու ծանր կորուստներ ստանալէ ետք դարձաւ քաղաքական բանակցութիւններ կայացնելու ջատագով:
Նախքան բանակցութիւնները, ատրպէյճանական կողմը սխալ դիտարկումներով, անտեղի եւ կեղծ մեկնաբանութիւններով շարունակեց հրահրել երկու կողմերուն միջեւ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող անվստահութեան «խարոյկ»ը:
Այսօր այս իրադրութեան մէջ է ղարաբաղեան հիմնահարցը: Ու այս բոլորէն անդին ներկայ «սթաթիւքօ»ի (կարգավիճակ) պահպանման հաւանականութիւնները շատ աւելի մեծ են, քան խնդրի որեւէ լուծման (ըլլայ ան զինուորական կամ բանակցային ճանապարհով) հեռանկարի երեւում:
Այս իրավիճակը անշուշտ բարդ է երկու կողմերուն համար ալ:
Հայկական կողմը, որ ապրիլեան ծանր դէպքերուն հետեւանքով կ՚ապրի բաւական մեծ «շոք» մը, պէտք է արագօրէն դուրս գայ այս բոլորէն եւ հաստատ քայլերով շարունակէ պետականաշինութեան գործընթացներ:
Պատերզամը լաւագոյն այլընտրանքը չէ, ղարաբաղցիք լաւ գիտեն այդ մէկը ու առանց յոխորտանքի գիտեն նաեւ, որ կայուն խաղաղութեան համար պէտք է ամէն գնով պատրաստ ըլլալ ... պատերազմի:
ԳԵՐՄԱՆԱՑԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՐԴ ԵԱՆ ՔԼԱՅՆ. «ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԴԷՄՔԻՆ ԵՍ ԱՆԿԵՂԾ ԺՊԻՏ ՏԵՍԱՅ»
«Ղարաբաղի ժողովուրդը հիւրասէր է եւ անկեղծ: Մարդիկ շահ ապահովելու համար չէ, որ կը ժպտան, այլ անկեղծ են», Ստեփանակերտի մէջ մեզի հետ զրուցելու ժամանակ ըսաւ գերմանացի ճանապարհորդ Եան Քլայն: Այս վերջինը, որ իրեն համար ընտրած է «Կոզ Ապրոտ» (Goes Abroad) ծածկանունը, Ղարաբաղ հասած է անցնելով զանազան քաղաքներէ եւ անոր նպատակն է՝ Ասիոյ երկիրներու մէջ մեծ շրջապտոյտ մը կատարել հասնիլ Փաքիստան: «Ես քիչ ետք Հադրութ պիտի երթամ։ Իմացայ, որ շատ գեղեցիկ շրջան մըն է եւ հոն մի քանի օր մնալէ ետք պիտի վերադառնամ Ստեփանակերտ ու ապա անցնիմ Թեհրան», նշեց Եան, որ տակաւին բաւարար ժամանակ չէ ունեցած շփուելու Ղարաբաղի ժողովուրդին հետ։ Ան նաեւ ըսաւ. «Զիս հիացնողը այս ժողովուրդին սիրալիր եւ պատրաստակամ ըլլալն է: Կը զգաս, որ դրամի համար չէ անոնց մարդամօտութիւնը, այլ հիւրասէր ըլլալը հայերուն ու ղարաբաղցիներուն համար կարեւոր յատականիշ մըն է»:
Եան աւելցուց, որ իրեն համար բաւական դժուար պիտի ըլլայ Փաքիստան երթալը, բայց ինք այդ գիտակցութեամբ ճամբայ ելած է: «Իրանի մէջ երկու ամիս պիտի մնամ, որովհետեւ բաւական մեծ երկիր մըն է: Այնտեղէն պիտի անցնիմ Իրան-Փաքիստան սահմանային հատուածը։ Առանց սահմանային ուժերու օգնութեան անհնար է մուտք գործել, որովհետեւ ինչպէս գիտէք, Պալուշստանը զինուորական գործողութիւններու թատերաբեմ է», նշեց գերմանացի ճանապարհորդը, որ աւարտած է Ֆրանքֆուրթի համալսարանը։ Ան մտադիր է յառաջիկային հայերէն սորվիլ։ «Շատ անհրաժեշտ է լեզու իմանալը։ Հիմա որ Իրան պիտի մեկնիմ, շատ աւելի ինքնավստահ եմ, որովհետեւ քիչ մը պարսկերէն գիտեմ, յառաջիկային կը ծրագրեմ հայերէն լեզուն սորվիլ եւ ամէն գնով պիտի յաջողիմ», շարունակեց Եան եւ բացատրեց, որ իր ճանապարհորդութիւններ կատարելու նպատակն է մարդոց հետ խօսիլ։ Ճանապարհորդութիւնները առիթներներ կու տան՝ ճանչնալ անծանօթ մարդիկ, լսել անոնց պատմութիւնները, տեղեկանալ անոնց կեանքին, անցեալին եւ արմատներուն։
Մեր զրոյցի աւարտին Եան շնորհաւորեց արցախցիները՝ անկախութեան տօնին առթիւ եւ խաղաղութիւն մաղթեց անոնց ու համայն հայ ժողովուրդին՝ համար։ Ան մաղթեց, որ ղարաբաղցիներու դէմքերուն ուրուագծուած ժպիտը յաւերժօրէն ուղեկից ըլլայ իրենց:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ստեփանակերտ