Վի­զի Ցաւ

Վի­զի ցա­ւը հի­ւան­դու­թիւն մը չէ, այլ` ախ­տան­շան մը, որ կը յայտ­նուի շատ մը հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու եւ անբ­նա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րու պատ­ճա­ռով: Ժո­ղո­վուր­դին 25 տո­կո­սը կը գան­գա­տի վի­զի ցա­ւէ: Ա­նի­կա կը պա­տա­հի ո­րե­ւէ մէկ տա­րի­քի եւ եր­կու սե­ռե­րու մէջ, ա­ռանց խտրու­թեան:

Վի­զի ցա­ւը լա­ւա­պէս հասկ­նա­լու հա­մար պէտք է գիտ­նանք վի­զի կազ­մուած­քը:

Վի­զը կազ­մուած է ող­նա­յա­րի պա­րա­նո­ցա­յին (cervical) եօ­թը ող­նոսկր­նե­րէ (vertebra) եւ ա­նոնց մի­ջող­նոսկ­րա­յին սկա­ւա­ռակ­նե­րէ (intervertebral disc),  պա­րա­նո­ցա­յին ող­նա­ծու­ծէ, ջի­ղե­րու, ե­րակ­նե­րու եւ զար­կե­րակ­նե­րու հա­րուստ ցան­ցէ մը, խումբ մը մկան­նե­րէ եւ մկա­նաձ­գան­նե­րէ (tendon), աւ­շա­գեղ­ձե­րէ եւ խումբ մը օր­կան­նե­րէ` վա­հա­նա­գեղձ, յար­վա­հա­նա­գեղ­ձեր, որ­կո­րի սկզբնա­ժին եւ  խռչա­փող: Այս բո­լո­րը ծած­կուած են եւ պաշտ­պա­նուած են մոր­թով: Այս բո­լո­րին հի­ւան­դու­թիւն­նե­րով եւ անբ­նա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րով կը յա­ռա­ջա­նայ վի­զի ցա­ւը:

Ցա­ւը կը յայտ­նուի վի­զի ո­րե­ւէ մէկ մա­սին մէջ: Ա­նի­կա կ՛ըլ­լայ ժա­մա­նա­կա­ւոր կամ մնա­յուն, մեղմ կամ սաս­տիկ, ա­նակն­կալ կամ յա­րա­ճուն (progressive), տե­ղա­յին կամ տա­րա­ծուն-ար­տաուղ­ղուած (radiated): Վի­զի ցա­ւը եր­բեմն կը սաստ­կա­նայ գլխու շար­ժու­մով:

Վի­զի ցա­ւին կ՛ու­ղեկ­ցին յա­ճախ այլ ախ­տան­շան­ներ, օ­րի­նակ` բա­զու­կի եւ ձեռ­քի տկա­րու­թիւն, մատ­նե­րու թմրու­թիւն, ասղն­տուք եւ տկա­րու­թիւն, բա­զու­կի մկա­նա­յին ցաւ, կլլե­լու դժուա­րու­թիւն, գլխապ­տոյտ եւ գլխա­ցաւ եւ ու­սե­րու ու դէմ­քի ցաւ:

Վի­զի ցա­ւը կը յա­ռա­ջա­նայ հե­տե­ւեալ պատ­ճառ­նե­րով.

1. Վի­զի հա­րուած եւ վնաս (head trauma), որ կրնայ ըլ­լալ ար­տա­քին ուղ­ղա­կի հա­րուած, մար­զանք, ինք­նա­շար­ժի ար­կած,

2. Վի­զի մկա­նա­յին ճնշում եւ պրկուա­ծու­թիւն (sprain, strain),

3. Վի­զի աւ­շա­գեղ­ձե­րու ծա­ւա­լում եւ խլիրդ,

4. Վի­զի սխալ դիր­քա­ւո­րում` քնա­նա­լու եւ աշ­խա­տե­լու ըն­թաց­քին,

5. Սխալ բար­ձի գոր­ծա­ծու­թիւն քու­նի ըն­թաց­քին,

6. Եր­կար ժա­մա­նակ վի­զը պա­հել մէկ դիր­քի վրայ ան­շարժ, մա­նա­ւանդ` հա­մա­կար­գի­չի դի­մաց,

7. Սաս­տիկ պաղ օ­դի եւ հո­վի են­թա­կա­յու­թիւն եւ, հե­տե­ւա­բար, վի­զի մկա­նաձ­գան­նե­րու պրկուա­ծու­թիւն,

8. Վի­զի ող­նա­յա­րի յօ­դա­կա­պան­նե­րու (joint ligaments) վնաս-հա­րուած. մաս­նա­ւո­րա­պէս` ինք­նա­շար­ժի ցնցու­մա­յին վնաս-ար­կած (whiplash),

9. Սկա­ւա­ռա­կա­հիւ­ծիչ հի­ւան­դու­թիւն (degenerative intervertebral disc disease),

10. Մի­ջող­նոսկ­րա­յին սկա­ւա­ռա­կի ճո­ղուածք (intervertebral disc herniation),

11. Ող­նա­յա­րի-ող­նոսկր­նե­րու բոր­բո­քում (vertebral osteoarthritis),

12. Շա­րա­հիւ­սուած­քա­յին յօ­դա­բորբ (rheumatoid arthritis),

13. Բնա­թե­լամ­կա­նա­տապ (fibromyalgia),

14. Բազ­մամ­կա­նա­տապ (polymyalgia),

15. Կո­կոր­դի բոր­բո­քում­ներ,

16. Ու­ղե­ղա­պա­տեա­նա­բորբ (meningitis),

17. Վա­հա­նա­գեղ­ձի ծա­ւա­լում (hyperthyroidism) եւ խլիրդ,

18. Յար­վա­հա­նա­գեղ­ցի (parathyroid) խլիրդ,

19. Վա­հա­նա­լե­զուա­ծո­րի պար­կի (thyroglossal duct cyst) բոր­բո­քում,

20. Վի­զի ող­նա­յա­րի կողմ­նած­ռու­թիւն (scoliosis),

21. Ծուռվ­զու­թիւն (torticollis),

22. Վի­զի մոր­թա­յին զա­նա­զան հի­ւան­դու­թիւն­ներ:

Վի­զի ցա­ւը ընդ­հա­նա­րա­պէս կ՚ըլ­լայ ժա­մա­նա­կա­ւոր եւ ան­ցո­ղա­կի: Այս կը նշա­նա­կէ, որ լուրջ հարց մը գո­յու­թիւն չու­նի: Վի­զի ցա­ւին ու­ղեկ­ցող հե­տե­ւեալ ախ­տան­շան­նե­րը` բա­զու­կի եւ ձեռ­քի տկա­րու­թիւն, մատ­նե­րու թմրու­թիւն, ասղն­տուք եւ տկա­րու­թիւն, կը մատ­նան­շեն մտա­հո­գիչ հի­ւան­դու­թեան մը գո­յու­թիւ­նը:

Վի­զի ցա­ւը կրնայ ար­տաու­ղուիլ դէ­պի ուս, բա­զուկ, ձեռք, մատ­ներ եւ գան­կի ստո­րո­տը հե­տե­ւեալ ախ­տա­բա­նա­կան պատ­ճառ­նե­րով.

1. Մի­ջող­նոսկ­րա­յին սկա­ւա­ռա­կի ճո­ղուածք,

2. Մի­ջող­նոսկ­րա­յին ջի­ղե­րու անց­քե­րու նե­ղա­ցում:

Այս եր­կու պատ­ճառ­նե­րով ող­նա­ծու­ծէն դէ­պի վիզ գա­ցող ջի­ղե­րը կը ճնշուին, եւ տե­ղի կ՛ու­նե­նայ վի­զի ցաւ եւ վի­զէն դուրս ար­տաուղ­ղուած ցաւ:

3. Պա­րա­նո­ցա­յին ող­նա­յա­րի խո­ղո­վա­կի (vertebral canal) նե­ղա­ցում, ո­րուն պատ­ճա­ռով ող­նա­ծու­ծը եւ ող­նա­ծու­ծէն դէ­պի վիզ գա­ցող ջի­ղե­րը կը ճնշուին: Այս պատ­ճառ կը դառ­նայ վի­զի ցա­ւի եւ վի­զէն դուրս ար­տաուղ­ղուած ցա­ւի:

Սուր եւ ա­նակն­կալ վի­զի ցա­ւը կը պա­տա­հի` վի­զի մկան­նե­րու ա­նակն­կալ պրկուա­ծու­թեամբ, յօ­դա­կա­պան­նե­րու վնաս-հա­րուա­ծով, մկա­նաձ­գան­նե­րու պրկուա­ծու­թեամբ, ինք­նա­շար­ժի ար­կած-ցնցու­մով, սխալ պառ­կե­լու դիր­քով, սխալ բար­ձի գոր­ծա­ծու­թեամբ.

Զա­նա­զան տե­սա­կի քննու­թիւն­ներ կը կա­տա­րուին հաս­նե­լու հա­մար վի­զի ցա­ւի հիմ­նա­կան ախ­տա­պատ­ճա­ռին: Կը կա­տա­րուին վի­զի Քէ.  ճա­ռա­գայ­թա­յին պարզ նկա­րում, հա­մա­կարգ­չա­յին շեր­տագ­րա­կան նկա­րում (CT Scan), մկա­նագ­րու­թիւն (myelogram), մագ­նի­սար­ձա­գան­գա­յին (MRI) նկա­րում, ե­լեկտ­րամ­կա­նան­կա­րում(EMG) եւ ջղա­հա­ղոր­դու­մի ա­րա­գու­թեան քննու­թիւն (nerve conduction velocity test, NCVT): Հիմ­նա­կան ախ­տը գիտ­նա­լէ ետք կը կա­տա­րուի այդ ախ­տին դար­մա­նու­մը: Մինչ այդ ան­շուշտ ցա­ւա­բեկ դե­ղե­րը ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս մեծ օգ­տա­կա­րու­թիւն կ՛ու­նե­նան:

Ան­ցո­ղա­կի եւ ոչ մտա­հո­գիչ վի­զի ցա­ւը կը մեղ­մա­նայ հե­տե­ւեալ դար­մա­նա­մի­ջոց­նե­րով.

1. Վի­զը հան­գիստ եւ ան­շարժ պա­հել,

2. Վի­զի մար­ձում եւ մեղմ մար­զանք,

3. Վի­զի ջեր­մա­դար­մա­նում (պաղ կամ տաք),

4. Հագս­տա­ւէտ բար­ձի գոր­ծա­ծու­թիւն,

5. Վզաձ­գում (neck traction),

6. Ցա­ւա­բեկ, մկա­նա­հան­դար­տե­ցու­ցիչ դե­ղեր,

7. Քոր­թի­զո­նի գոր­ծա­ծու­թիւն, որ պէտք է կա­տա­րուի բժշկա­կան լուրջ հսկո­ղու­թեամբ: Քոր­թի­զո­նը կը գոր­ծա­ծուի զա­նա­զան ձե­ւե­րով` տե­ղա­յին, մոր­թա­յին, ներմ­կա­նա­յին, ներ­մոր­թա­յին եւ նե­րե­րա­կա­յին,

8. Բնա­բու­ծու­թիւն (physiotherapy),

9. Մտա­խո­հու­թիւն-խո­հա­կա­նու­թիւն (yoga),

10. Ա­սեղ­նա­բու­ժու­թիւն (acupuncture):

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐ­ՊԻՍ ՀԱՐ­ՊՈ­ՅԵԱՆ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 3, 2016