ՄՈՍԿՈՒԱ Ի՛ՆՉ «ՔՈՏԵՐ»ՈՎ Կ՚ԸՆԴՈՒՆԻ ԽԱՉԱՏՈՒՐՈՎ-ՔՈՉԱՐԵԱՆ ԹՂԹԱԾՐԱՐԸ

2016 թուականն էր։ Արցախի քառօրեայ պատերազմը նոր հասած էր լրումին, երբ Երեւանի մէջ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան։ Ցոյցերուն թիրախը ԵԱՀԿ-ն էր, որ ըստ ցուցարարներուն, թերացած էր իր պարտականութիւններուն մէջ։ Այդ ժամանակ շատեր կը խօսէին, որ Արցախի մէջ եղած դէպքերը կրնան քաղաքական նոր իրավիճակ մը ստեղծել Երեւանի մէջ։ Վէրքը մեծ էր, հասարակութեան լայն շերտերուն հոգիները խռոված ու «աչքերը կարմիր»։ Եղած դէպքերը միանշանակ չէին ընկալուեր, սակայն կար աքթիվիստներու «հոծ բանակ» մը, որ գիշեր ցերեկ կ՚աշխատէր հակառուսական որեւէ միջավայր ստեղծելու համար։ Մեղադրանք ԵԱՀԿ-ին դէմ, մեղադրանք ՀԱՊԿ-ին դէմ ու մեղադրանք մանաւանդ Մոսկուային դէմ։ Աւելի վերջ դարձեալ հրապարակ կը վերադառնար ռուսաստանեան արդիական զէնքերու Պաքուին մատակարերելու խնդիրը, ինչ որ աւելիով «կը թէժացնէր» առանց անոր ալ Երեւանի մէջ «զով տեղ գտած» հակառուսական ընդհանուր բորբոքումը։

 Այս բոլորը անշուշտ ժամանակի ընթացքին կը տեղափոխուէին «յետին փլան» ու քաղաքական կեանքը կը վերագտնէր իր անդորրը։

 Չմոռնամ նաեւ ըսել, որ Երեւան ապրող հայերուն մեծ մասը առիթ չէր փախցներ ծաղրելու եւ հեգնանքի առարկայ դարձնելու Մոսկուայի ճիգերով կազմուած ՀԱՊԿ-ն, զայն համարելով անիմաստ ու անօգուտ կառոյց մը։

Աւելի վերջ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող խմորումներուն արդիւնքով՝ Հայաստանին առիթ կը տրուէր ամբողջութեամբ ներգրաւուելու ՀԱՊԿ-ի գործունէութեան մէջ եւ բաւական երկար որոնումներէ ետք Հայաստանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի նախագահ զօրավար Եուրի Խաչատուրով կը դառնար ՀԱՊԿ-ի ղեկավար։ Տակաւին այդ օրերուն էր նաեւ, որ ներիշխանական փակ սենեակներուն մէջ քննարկութեան կը դրուէր Խաչատուրովի այդ մարմնին համար նախագահի թեկնածու առաջադրուելու պարագան ու շատեր նկատել կու տային, որ այդ կարգադրութիւնը տեղի ունեցած է Խաչատուրովը Երեւանէն «հեռացնել»ու նպատակով, որովհետեւ նոյն զինուորականը թիրախ դարձած էր ծանր քննադատութիւններու, կապուած քառօրեայի ընթացքին մեղմ ըսած անոր «ոչ-արհեստավարժ» պահուածքին հետ։ Իսկ ինչ որ այսօր կը կատարուի ու անկախ «խաղը» տնօրինողներու փափաքէն սկսած է դուրս գալ Հայաստանի «նեղ» շրջապատէն ու հասնիլ աւելի հեռու եւ ազդեցիկ վայրեր։ Վերլուծական բացառիկ մուտք ունենալու չէ մարդս, որպէսզի ընկալէ, որ Մոսկուա-Հայաստան յարաբերութիւններու նուրբ թելին վրայ որեւէ տեսակի պարանաձգութիւն կրնայ վտանգաւոր հետեւանքներ ունենալ ոչ միայն «խաղ»ը տնօրինողին, այլեւ ամբողջ Հայաստանին համար։ Անշուշտ չեմ ուզեր հաւատալ, որ Խաչատուրովի դէմ հնչած մեղադրանքները, անոր կալանաւորումն ու ապա ազատ կացուցուիլը կամ Ռոպերթ Քոչարեանի կալանաւորումը, ինչպէս վերը նշեցի, պարանաձգութեան հետեւանքը ունին կամ կրնան ունենալ, սակայն յստակ է, որ Երեւանի մէջ տեղի ունեցող դէպքերը բնաւ ալ «հանգիստ աչք»ով չեն դիտուիր Մոսկուայի կողմէ։ Աւելի մտահոգիչը այն է, որ այս բոլորէն անդին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մոսկուայի հետ իր յարաբերութեանց ընդհանուր եզրագծին մէջ, մինչեւ այս յօդուածին գրուիլը, չկարողացաւ որեւէ դրական «ժեսթ» մը կամ նշան մը կատարել։ Այս մէկը կ՚արձանագրեմ մանաւանդ հաշուի առնելով, որ բացի Մոսկուայի նման հզօր «բարեկամ»ի մը հետ յարաբերութիւններու ընդհանուր կանոնակարգէն, Հայաստանի երիտասարդ վարչապետը Քրեմլինի ղեկավարութեան «հաւատարմագրեր» յանձնելու լուրջ խնդիր ունի։ Չեմ գիտեր որքանով լուրջ է ընկալել, վարչապետին յաճախ արտասանած խօսքերը այն մասին, թէ՝ «Հայաստան ամերիկամէտ չէ, Հայաստան ռուսամէտ չէ, ոչ ալ իրանամէտ, այլ Հայաստան հայամէտ ու հայաստանամէտ է»։ Չեմ ալ ուզեր նման «վրան բաց» խօսքերու մեկնաբանութիւնը կատարել, սակայն աւելի քան ապահով եմ, որ այսօր (միշտ մինչեւ այս նիւթիւն գրուիլն ու հրապարակուիլը) Երեւանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները, եթէ ամերիկամէտ չեն, ապա առնուազն Ռուսաստանը նեղ կացութեան մատնելու համար եղած քայլեր են, ու ամենավտանգաւորը այն է, որ անոնք կը կատարուին առանց ամբողջական գիտակցումի, կամ Հայաստանի այսօրուան դրութիւնը «ծանր ու թեթեւ» ընելու։ Ի դէպ նոյն կարծիքը ունի ռուսաստանցի յայտնի քաղաքագէտ՝ Վիոտոր Լուկիանով։

ԼՈՒԿԻԱՆՈՎԻ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՅՕԴՈՒԱԾԸ

 Ռուսաստանցի յայտնի քաղաքագէտ Վիոտոր Լուկիանով Հայաստանի վերջին զարգացումներուն մասին ուշագրաւ յօդուած մը ստորագրած է։ Ան «Արդեօք պարզութիւնը աւելի լա՞ւ է» խորագրեալ յօդուածին մէջ մասնաւորապէս նկատել կու տայ. «Փաշինեան հակառուսական օրակարգ չունի, բայց եղածը խաղ է կրակի հետ»։ Ստորեւ ընթերցողներուս ուշադրութեան կը յանձնեմ Լուկիանովի ստորագրած յօդուածին կարեւորագոյն բաժինները։ Նշեմ, որ յօդուածը լոյս տեսած է ռուսերէն ու արեւելահայերէնի թարգմանուելէ ետք տպագրուած՝ հայրենի «Մետիամաքս» կայքէջին մէջ։

*

Նախկին նախագահի կալանաւորումը նախադէպ է ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ ողջ յետխորհրդային տարածքի համար: Ռուսաստանի մէջ ոչ պակաս արձագանգ գտաւ մեղադրանքի առաջադրումը նոյն գործով անցնող Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովին: Այսինքն՝ միջազգային պաշտօնեայի, որ բարձրագոյն պաշտօն կը զբաղեցնէ ռազմական դաշինքի մէջ, որու առաջատար պետութիւնը Ռուսաստանն է: Այս հանգամանքը ստիպեց շարք մը մեկնաբաններու, խօսիլ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան մտածուած հակառուսական քաղաքական ընթացքի մասին, որուն Ռուսաստանի հետ դաշնակցային յարաբերութիւններուն հաւատարմութեան առումով շատերը կը կասկածին։ Սակայն Հայաստանի, ինչպէս նաեւ այլ պետութիւններու մէջ տեղի ունեցողը դիտարկել միայն Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի դիմակայութեան լոյսի ներքոյ, ինչպէս վարժ են շատ վերլուծաբաններ, կը նշանակէ պարզացնել պատկերը:

Ամէնուրեք տարածուած միտումը ներքին իրավիճակի գերիշխումն է արտաքինին հանդէպ: Հասարակութիւններու մէջ տրամադրութիւններու փոփոխութիւնը, անոնց դժգոհութիւնը՝ քաղաքական գործիչները կը ստիպեն արագ փոխել ընթացքը: Իսկ եթէ անոնք անկարող են այդ ընել, ալիքը նոր ուժեր կը բերէ, առանց կարեւորութիւն տալու, թէ արդեօք անոնք ունա՞կ են պատասխանատու խելամիտ քաղաքականութիւն վարելու: Մարդիկ պարզապէս կ՚երթան նոր մարդոց եւ նոր կարգախօսներու ետեւէ: Այս առընչութեամբ Թրամփը, Մաքրոնը, Սալվինին եւ Փաշինեան՝ նոյն ոճի, բայց միանգամայն տարբեր մասշտապի երեւոյթներ են:

Նոր ուժերուն համար գլխաւորը այն է, որ իրենք իսկապէս կրնան արձագանգել ներքեւէն եկող պահանջներուն: Եթէ չեն կրնար, աջակցութիւնը արագ կը կրճատուի, եւ այդ ապացոյցը Մաքրոնի վարկանիշի ցուցանշային անկումն է: Նոր ալիքի քաղաքական գործիչները մէկ հասցէատէր ունին՝ սեփական ընտրողը, եւ անոնք ուշադրութիւն չեն դարձներ կամ կարեւորութիւն չեն տար, թէ ինչպէ՛ս իրենց գործողութիւնները կ՚անդրադառնան միջազգային յարաբերութիւններուն վրայ: Թրամփը ասոր վառ օրինակն է:

ՀԱՊԿ-ի գործող գլխաւոր քարտուղարի դատական հետապնդումը Ռուսաստանի մէջ կ՚ընկալուի որպէս վիրաւորական, ցուցադրական, ու նաեւ, դուրսէն կատարուած քայլ։ Համարձակութեամբ կը պնդեմ, որ այն մարդիկ, որոնք Երեւանի մէջ կը կայացնէին այդ որոշումը, եթէ անգամ մը մտածէին անոր միջազգային հետեւանքներուն մասին, ապա այդ մօտեցումը ձգուած էր ամենավերջը։ Սեփական քաղաքական բնավայրի վերաձեւման անհրաժեշտութիւնը, կաշառակերութեան դէմ պայքարը, մեծ կենսագրութիւն ունեցող քաղաքական «քլաններ»ու ազդեցութենէն ազատուիլը (որոնցմէ ամենահզօրի գլուխը Քոչարեանն է)՝ «յեղափոխական» իշխանութեան բացարձակ առաջնահերթութիւնն է: Երբ ղեկավարը իշխանութեան գլուխ կ՚անցնի փողոցային բողոքներու ալիքի վրայ, անոր պէտք են սեփական վճռականութեան ապացոյցներ: Եւ «կողմնակի վնասները», ինչպիսին է այս պարագային յիմար վիճակի մէջ յայտնուած ՀԱՊԿ-ն, ուշադրութեան չեն արժանանար:

Ի հարկէ, այն, ինչ կը կատարուի, նախապատմութիւն ունի, եւ կարելի է խօսիլ արեւմտեան ազդեցութեան մասին, սակայն ոչ աւանդական իմաստով: Հայաստանի (եւ ոչ միայն) ժամանակակից աշխուժութիւնը՝ ամբողջապէս ներքին զարգացման արդիւնք է: Այդ պայմանաւորուած է շարք մը գործօններով, ինչպէս նաեւ՝ շատ կարեւոր արեւմտեան գործօնով:

Սերունդը, որու հետ ընդունուած է կապել «գունաւոր յեղափոխութիւնները»՝ այն ժամանակի ծնունդ է, երբ երիտասարդ քաղաքական խաւերու ձեւաւորման կ՚աջակցէր Արեւմուտքը: Բազմաթիւ ծրագիրներ կ՚իրագործուէին արագացուած ռեժիմով եւ պարզեցուած ընթացակարգերով: Այդ երեւան բերաւ քաղաքական աքթիվիստներ, որոնք կը մերժէին այն ամէնը, ինչ որ եղած է իրենցմէ առաջ եւ կ՚օգտագործէին անհերքելի կարգախօսներու հաւաքածոյ՝ կաշառակերութեան, ժողովրդավարութեան, ազատութեան, քաղաքացիական հասարակութեան մասին: Եւ, ի հարկէ, մեծ տեղ կու տային հակագաղութային փաթոսին, որովհետեւ 2000-ականներուն եւ 2010-ականներու առաջին կէսին արեւմտեան հիմնարկները հաճոյքով կը սատարէին հակառուսական արշաւները:

Հիմա իրավիճակը կրկին փոխուած է: Արեւմուտքը չափազանց շատ եւ սուր խնդիրներ ունի: Սակայն փոփոխութիւնները, որոնց հիմքերը վաղուց դրուած են, կը շարունակուին եւ կարգախօսներու այդ հաւաքածոն կը շարունակէ մնալ շատերու զինանոցին մէջ՝ արդէն առանց յատուկ արտաքին սնուցման:

Դաշնակիցներու հետ յարաբերութիւններու առընթեր անսպասելի քայլերը հաստատ Հայաստանի օգտին չեն ըլլար: Նման բաներով զբաղուիլը ամէնուրեք աճող աշխարհաքաղաքական լարման պայմաններու մէջ՝ խաղ է կրակի հետ, որքան ալ ծանրակշիռ չըլլան զօրավար Խաչատուրովին ներկայացուող հայցերը: Եւ այն փաստը, որ Երեւանի գործողութիւններու մէջ իրականութեան մէջ չկայ հակառուսական քայլ կամ դաշնակիցներու հանդէպ «ետքայլ» ընելու ցանկութիւն, պարտադիր չէ որ եղածները իբրեւ մեղմացուցիչ հանգամանք դիտարկուին։ Ինչպէս ռուսական ասացուածքը կ՚ըսէ. «Պարզութիւնը երբեմն գողութենէն ալ վատ է»:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2018