ՆԱՄԱԿՆԵ՜Ր… ՃԱԿԱՏԱԳԻՐՆԵ՜Ր…

Ներկայ ժամանակներուն մէջ, երբ հաղորդակցութեան բազմաթիւ գործնական եւ արագ միջոցներ ամէն օր կը ստեղծուին, տակաւին նամակատան եւ նամակաբաշխի միջոցով նամակներ ստանալը տարբեր մթնոլորտ մը կը ստեղծէ: Մանաւանդ ձեռագիր նամակները աւելի անմիջականութիւն ունին: Նամակները, սակայն, պատմութեան ընթացքին զանազան ճակատագիրներ ունեցած են, եւ բաշխումի թերացումը ճակատագրական եղած է ոմանց համար: «Պի.Պի.Սի.»ի կայքէն քաղելով՝ կը ներկայացնենք քանի մը դրուագներ:

*

ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՆԱՄԱԿԱԲԱՇԽԸ ԱՇԽԱՏԱՆՔԷ ԱՐՁԱԿՈՒԵՑԱՒ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԻ ՄԸ ՄԷՋ ՎԵՑ ՀԱԶԱՐ ՆԱՄԱԿՆԵՐ ԹԱՓԵԼՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Բնաւ մտածա՞ծ էք, թէ աշխատանքի մը համար ձեր ներկայացուցած առաջարկին ինչո՛ւ պատասխան չէք ստացած, կամ դրամատնային քարտի դիմումը ոչ ոք ստացած է եւ կամ բաւական ատենէ նամակ չէ եկած անձէ մը, որմէ կը սպասէիք…

Եթէ դուք կը գտնուիք Հնդկաստանի Օրիսա նահանգի Օհանկա գիւղին մէջ, լաւ կարելիութիւն կայ, որ նամակը ուղարկուած է:

Պարզապէս նամակաբաշխը ձեզի բնաւ չէ հասցուցած նամակը, որ կուտակուած է չբաշխուած անթիւ նամակներու վրայ:

Հին նամակներու եւ ծրարներու թաքստոց մը պատահաբար յայտնաբերուեցաւ, երբ խումբ մը դպրոցականներ կը խաղային վերջերս լքուած նամակատան մը մէջ: Բակին մէջ խաղալու ատեն անոնք նկատեցին խոշոր տոպրակներ, որոնցմէ դուրս ցցուած էին նամակներ: Երբ անոնք պրպտեցին, յայտնաբերեցին դրամատնային քարտեր եւ հաշիւներու տետրակներ, անոնք անմիջապէս տեղեակ պահեցին իրենց ծնողները: Ապա իշխանութիւնները սկսան զբաղիլ այս հարցով:

Ի յայտ եկաւ, որ կան աւելի քան 6 հազար նամակներ եւ ծրարներ, որոնցմէ ամենէն հինը կը կրէ 2004 թուականը: 1500 նամակներ կարելի եղաւ փրկել, մնացեալները խոնաւցած կամ ցեցերու կողմէ վնասուած էին:

Դժկամ, անպարտաճանաչ պաշտօնեան կը կոչուի Եակեննաթ Փուհան, նամակատան մասնաճիւղի պատասխանատուն, որ վերջին տասնամեակին առանձինն էր գիւղի նամակատան մէջ:

Ծոյլ, բայց ճարպի՞կ

Եւ մինչ կը թուէր, թէ ան ծոյլ է նամակաբաշխումի մէջ, սակայն ան ճարպիկ էր: Որեւէ նամակ կամ ծրար, որ յատուկ արձանագրուած էր, անմիջապէս հասցէատիրոջը կը յանձնէր, որովհետեւ գիտէր, որ նամակը ղրկողը կրնայ հետեւիլ եւ ստուգել:

Սովորական նամակները, սակայն, կը հասնէին պահեստանոց, այլ ոչ թէ՝ նախատեսուած հասցէատիրոջ: Անհասկնալի է, թէ ինչո՛ւ նամակաբաշխը այդքան աննկատօրէն անտեսած է իր պարտականութիւնները:

Իրաւապահ մարմիններու կողմէ հարցաքննութեան ատեն ան պաշտպանեց ինքզինք՝ ըսելով, որ տարիներէ ի վեր ինք «չէր կրնար լաւ քալել եւ ի վիճակի չէր նամակները բաշխելու»:

Հարցը քննող իրաւապահները ապշած են, թէ ինչո՛ւ այդ տարիներու ընթացքին ոչ մէկ բնակիչ բողոքած է:

Ինչ որ կարելի է փրկել, այժմ պիտի ուղարկուի իր տիրոջը, թէեւ՝ քանի մը տարիներու ուշացումով:

«Ես անձամբ նկատեցի Հնդկաստանի ծովուժին կողմէ նամակ մը, որ կը կրէր 2011 թուականը: Ատիկա ուղղուած էր գիւղէն երիտասարդի մը, որ ծովուժին միանալու դիմում ներկայացուցած էր», ըսաւ քննիչներէն մէկը:

Սակայն բազմաթիւ նամակներ բնաւ չհասան իրենց պատշաճ հասցէատիրոջը, քանի որ բազմաթիւ նամակներ շատ վնասուած են այն տարիներու ընթացքին, եւ կարելի չէ կարդալ անունները:

1950-ԱԿԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐԷՆ ՍԻՐԱՅԻՆ ՆԱՄԱԿ ՄԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱԾ Է

Սիրային նամակ մը վերադարձած է այն կնոջ, որ գրած է իր ապագայ ամուսինին՝ աւելի քան վաթսուն տարի առաջ:

79-ամեայ Լուի Էտիւիէն իր ամուսնութեան հաստատագիրով նամակը դրած է չինական հին շաքարամանի, կուժի մը մէջ, բայց հինգ տարի առաջ ատիկա սխալմամբ տուած է բարեգործական խանութի մը: Չինական կուժը գնած է Քորթու Տէյվիս, որ տուած է իր ընկերոջը՝ Լիզի Տիքսընին: Ան գտած է սիրային նամակը, երբ Ռոշի տան մէջ կուժը պատահաբար ձեռքէն գետին ինկած եւ փշրուած է:

Տիկին Տէյվիս սիրային նամակին եւ ամուսնութեան հաստատագիրին նկարները ֆէյսպուքեան էջին վրայ տեղադրած է, եւ հարիւրաւոր մարդիկ պատասխանած եւ օգնած են զոյգը գտնելու:

Հինգ ժամուան մէջ ընտանիքի անդամ մը յայտնաբերած է՝ եւ հաղորդակցած:

«Ես բնաւ չէի կարծեր, որ մենք կը գտնենք ատոնք», ըսաւ ան:

«Փաստօրէն զոյգը գտնելը զարմանալի էր: Իմ ընկերս հեռաձայնեց ինծի եւ ըսաւ, որ գիտէ անոնց հարսը՝ Միշէլ Էտիւիէնը»:

Տիկին Տէյվիս ապա հրաւիրուած է անոնց տունը եւ անձամբ յանձնած է սիրոյ նամակը Տերեքին եւ Լուիին:

Համակրելի զոյգը

«Ես բարձրացայ փողոցը, գտայ իրենց փոքրիկ հանգստեան տունը, թակեցի դուռը, եւ իրենք զիս ներս հրաւիրեցին: Շատ ջերմ զոյգ մըն էին», ըսաւ ան:

Լուին փաթթուեցաւ ինծի եւ ըսաւ. «Դուն այն տիկինն ես, որ մեզ կը փնտռէ»:

Ես ատիկա տուի անոնց, եւ անոնք չէին գիտեր ինչպէս շնորհակալ ըլլալ ինծի:

Աչքերս արցունքով լեցուեցան եւ ամբողջ ճամբան լացի:

Լուի կ՚ըսէ, որ ինք 1961 թուականին պատրաստած է իրենց ամուսնութեան հաստատագիրին պատճէնը, երբ մոռցած է, թէ ո՛ւր պահած է բնօրինակը, որ փաստօրէն ամբողջ ընթացքին կը գտնուէր շաքարի չինական հին կուժին մէջ:

Այժմ 80-ամեայ կինը սիրային այդ նամակը գրած է պատանեկան տարիքին:

ԼԱՆԵԼԼԻ ՆԱՒԱՍՏԻԻՆ Ա. ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՐՏԻՆ ԳՐԱԾ ՆԱՄԱԿԸ 98 ՏԱՐԻ ԵՏՔ ՍՏԱՑԱԾ Է ԸՆՏԱՆԻՔԸ

Համաշխարհային Ա. պատերազմի նամակը, Օրքնէյի մէջ տեղակայուած նաւաստիի մը կողմէ գրուած, անոր ընտանիքը պիտի ստանար 98 տարի ետք: Նաւաստին այդ նամակը ուղարկած էր Կալեսի իրենց տունը:

«Ձեր կապոյտ բաճկոնով տղան» ստորագրութիւնը կրող նամակը, որ գրուած է դեկտեմբեր 1916 թուականին, յայտնաբերուեցաւ աւելի քան վաթսուն տարի ետք, կղզիին մայրաքաղաքը՝ Քիրքուոլի մէջ կրակարան-վառարանի մը ետին:

Նամակը յանձնուեցաւ տեղական արխիւին, ուր հաստատեցին, որ ատոր հեղինակն է Լանելլիի նաւաստին՝ Տէյ Ֆիլիփս: Նաւաստիին թոռնուհին գացած է Օրքնէյ՝ անձամբ ստանալու համար նամակը:

Մերի Հոճ, որ կը բնակի Չեսթըրի մէջ, նոյնպէս ծոռն է անոր, որուն հասցէագըր-ւած էր նամակը. Տէյ Ֆիլիփսին հայրը՝ Ճոն Ֆիլիփս կը բնակէր Լանելլիի մէջ:

Դրոշմաթուղթով նամակը, որուն վրայ գրուած է հասցէն, յայտնաբերուեցաւ 1980 թուականին, Քիրքուոլի մէջ, նորոգութեան ընթացքին:

«Ես անմիջապէս գիտցայ, որ իմ մեծ հայրս է: Ես ճանչցայ անունը եւ հասցէն՝ նամակին նկարին վրայ», ըսաւ Մերի Հոճ՝ «Կապոյտ բաճկոնով տղուն» թոռնուհին:

Բայց միայն վերջերս նամակը յանձնուած էր Օրքնիի գրադարանին եւ արխիւին:

Հետքը գտնելու համար ընտանիքը ամբողջ աշխարհի մէջ աշխատանքի լծած էր համացանցային ոչ արհեստավարժ հետախոյզներ: Աշխատանքը համադրողն էր Օրքնիի գրադարանի եւ արխիւի պաշտօնատար Լիւսի Կիպպոն:

«Առաջին առեղծուածը այն էր, թէ ինչպէ՛ս նամակը կրակարանին ետին հասած է», բացատրեց ան:

«Դրոշմաթուղթ զետեղուած եւ հասցէն գրուած է, ուրեմն գրողը նպատակ ունեցած է ղրկել ատիկա», աւելցուց Կիպպոն:

Հոլովոյթին հետեւող մարդոցմէ մէկը յիշեցուց, որ այդ տուներուն մէջ գտնուող վառարանները իրենց ետին ունէին բացութիւն մը եւ պատին կ՚ամրացուէին:

«Այսպէսով, մենք կրնանք միայն ենթադրել, թէ գրողը այնտեղ ձգած է, եւ երբ նամակը անհետացած է, կարծած է, թէ մէկը իրեն համար նամակատուփին մէջ տեղադրած է ատիկա», նշեց Կիպպոն:

Հեղինակը գտնելը

«Բայց յետոյ կար աւելի մեծ առեղծուածը՝ ո՞վ էր «Կապոյտ բաճկոնով տղան»: Այնպէս որ, մենք մեր պլոկին վրայ զետեղեցինք, որպէսզի ուրիշներ օգնեն: Ես զարմացած էի, որ մարդիկ այդքա՛ն ոգեւորուած էին»:

«Կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ մենք սկսանք պատասխաններ ստանալ Անգլիայէն, Կալեսէն, Օրքնիէն, նոյնիսկ Աւստրալիայէն, եւ շատ արագ մենք կրցանք յայտնաբերել Կալեսի մարդահամարի եւ զինուորական տուեալները», կ՚ըսէ Լիւսի Կիպպոն:

Պատմութիւնը հետազօտողներուն մեկնակէտն էին նամակին պահարանին վրայի անունը եւ հասցէն. Ճոն Ֆիլիփս, Սուանզի փողոց, Լանելլի:

Հեղինակը նոյնպէս կը նշէ Քաթի եւ Պլոտի անունները:

1911 թուականի մարդահամարի որոնումը ցոյց կու տայ Սուանզի փողոցի տան մէջ ապրող այլ ընտանիք մը: Սակայն որոնող խումբը Ֆիլիփսի ընտանիքը գտած է դիմացի փողոցին մէջ: Իսկ Ճոն, Տէյվիտ, Քաթի եւ Պլոտուին՝ բոլորը արձանագրուած են հոն:

Տիկին Կիպպոն ըսաւ. «Մենք այստեղ միայն խմբակ մը ունինք արխիւներուն մէջ: Մեր միջոցները սահմանափակ են առանձին արդիւնքի հասնելու համար»:

«Բայց համացանցի վրայ զետեղելով՝ մենք կրցանք ներգրաւել աւելի մեծ լսարան եւ աւելի մեծ թիւով հետազօտողներ ու մասնագէտներ՝ մեզի պատասխան տալու համար»:

Արքայական ծովուժի տուեալներու որոնումը ցոյց տուաւ, որ նոյն հասցէով Տէյվիտ Ֆիլիփս իրօք հասցէագրած է Օրքնէյ, բրիտանական ծովուժի «Սիքլոփս» մարտանաւէն:

Ան 1919 թուականին զօրացրուած է, բայց իրեն հետ տարած է հարսնցու մը՝ Քաթերինա Իզապելլա Քողիլ անունով:

Ընտանիքը՝ գտնուած

Տիկին Կիպպոն կ՚ըսէ, որ խումբին բոլոր անդամները ուրախ են, որ «Կապոյտ բաճկոնով տղան» չէ մահացած Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին, եւ նոյնիսկ՝ աւելին. յայտնաբերուած է, որ Տէյը եւ Պելլան, ինչպէս յայտնի է, ունին դուստր մը՝ Մինին:

Պատմութեան որսը աւարտեցաւ, երբ Մինիին դուստրը՝ Տէյի թոռնուհին՝ Մերի Հոճ յայտնուեցաւ Չեսթըրի մէջ:

Մերի Հոճ մեծցած է իր մեծ մօր եւ մեծ հօր հետ՝ անոնց Լանելլիի պտղավաճառի խանութին մէջ:

Ան ըսաւ, որ իրեն տրուած առիթը՝ յիշելու իր մեծ հայրը, ամենէն արժէքաւոր նուէրն է, ինչ որ ինք ստացած է: Ան ըսաւ. «Ես լացի, երբ լսեցի, ատիկա իմ նախնական արձագանգս էր, քանի որ ես ամէն օր կը մտածեմ անոնց մասին, այնպէս որ, նման յուշարար ստանալը բացառիկ էր»: Ատիկա ճնշող էր:

«Ես անմիջապէս գիտցայ, որ ան իմ մեծ հայրս է: Ես ճանչցայ անունը եւ հասցէն՝ նկարին նամակին վրայ: Խոր զգացումներու եւ ցնցումներու խառնուրդ մըն էր, պարզապէս անհաւատալի էր: Մենք բոլորս կը տրտնջանք այն մասին, թէ ի՛նչ տեղի կ՚ունենայ համացանցի մէջ, բայց շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ ատոր համար, քանի որ առանց այդ բոլոր մարդոց օգնութեան՝ այդ նամակը բնաւ ինծի պիտի չվերադառնար»:

98 տարի ետք, Տիկին Հոճ կ՚ըսէ, որ պատրաստ չէր նամակատան միջոցով ստանալ ատիկա եւ անձամբ կ՚այցելէ Օրքնի՝ նամակը առնելու համար:

Միաժամանակ Օրքնիի գրադարանը եւ արխիւը խոստացած են այլ նամակ մը չձգել վառարանին ետին։

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2018