ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Բ.

Իսկ այստեղ երկրորդ պատճառը կը ցուցնէ, թէ Քրիստոս Աստուած է,
ըստ այն օրինակին, թէ ով որ կարողութեամբ Աստուծոյ կը հաւասարի՝
Աստուած է, իսկ Քրիստոս կարողութեամբ Աստուծոյ կը հաւասարի,
ապա ուրեմն Քրիստոս Աստուած է, եւ Քրիստոսի Աստուծոյ հաւասար ըլլալը
չորս կերպով կը ցուցնէ. առաջինը՝ ջուրը գինիի փոխարկելուն ժամանակ,
ինչպէս այստեղ կ՚ըսէ.

ՀԱՐՍԱՆԻՔԻ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Երրորդ օրը հարսանիքի էին» (տե՛ս Յհ 2.1):

Մեկնութիւն. Իմաստասէր Արիստոտէլը կ՚ըսէ. «Հինգ իրի կը հետեւի ներգործութիւնը, եւ իւրաքանչիւր էութիւն ներգործութիւն ունի», այսպէս ալ Աւետարանիչը, երբ Քրիստոսի էութիւնը ցոյց տուաւ, մօրմէն ծնելով, այժմ կը խօսի Քրիստոսի սքանչելագործութեան մասին, որով աստուածային կարողութիւնը կը յայտնէ, որովհետեւ սքանչելագործութիւնները գերիվեր են, քան արարածներուն բոլոր կարողութիւնները. Քրիստոսի սքանչելագործութիւնը չորս կերպով ցոյց կը տրուի:

Առաջին. ծննդեան ժամանակ, որ Քրիստոս յղացումով եւ Կոյսէն ծնելով ըրաւ:

Երկրորդ. գործը, որ Քրիստոս կատարեց՝ մարդոց մէջ շրջելով:

Երրորդ. գործը, որ մեռնելով կատարեց:

Չորրորդ, գործը, որ կատարեց՝ մեռելներէն յարութիւն առնելով:

Արդ, Աւետարանիչը, ինչ որ ծնունդին կը վերաբերէր ըսաւ, իսկ այստեղ սքանչելիքներու մասին կ՚ըսէ, որ Քրիստոս կատարեց երկրի վրայ շրջելով: Իսկ այստեղի հրաշքին պատճառը գինիին պակասութիւնն էր հարսանիքի ընթացքին, ատոր համար նախ կը գրէ հարսանիքի մասին ու նախ ցոյց կու տայ ժամանակն ու տեղը, երբ կ՚ըսէ. «Երրորդ օրը Գալիլիայի Կանա քաղաքին մէջ հարսանիքի մըն էին» (տե՛ս Յհ 2.1):

Մեկնութիւն. օրերուն թիւը մկրտութենէն ետք, փորձութենէն ետք եւ մէկ տարի ետք էր, որ ստուգաբար տեսանք: Առաջին օրը վաղուան միջինն է, որ Յովհաննէսն ու Անդրէասը աշակերտեցան. երկրորդ օրը վաղուան վերջը, որ Փիլիպպոսն ու Նաթանայէլը կանչեց, իսկ երրորդ օրը Կանայի մէջ հարսանիքին է, որ Նաթանայէլի քաղաքին մէջ էր:

Այս օրը երեք պատիւ ունի. նախ՝ որ Տիրոջ ծննդեան օրն է: Երկրորդ՝ երեսուն տարի ետք՝ մկրտութեան օրը: Երրորդ՝ ջուրը գինիի փոխարկելուն օրն է եւ նոր նշաններու սկիզբը, ինչպէս որ նոր էին ծնունդն ու մկրտութիւնը:

Դարձեալ նոյն միտքով. առաջինը՝ կը նշանակէ Հօրմէն ծնունդը նախքան յաւիտեանները, ըստ որում. «Քեզմով կը սկսի իմ զօրութեանս օրերը» (տե՛ս Սղ 109.3 [Արեւելահայերէն թրգմ.]): Երկրորդ՝ մօրմէն ծնունդը, որ մարդոց համար սրբութիւն եղաւ. «Հայրը Ինք ընտրեց [սրբեց] զԻս եւ աշխարհ ղրկեց» (Յհ 10.36): Երրորդ՝ գերեզմանէն յարութիւն առնելը, որովհետեւ ատիկա հարսանիքի օրն էր, ինչպէս որ խաչը պսակեց եւ փեսայութեան կ՚ըսէ Սողոմոնը (Հմմտ. Սղ 8.6: Եբր 2.9):

Տակաւին այս օրուան մասին գիտելի է ըստ Տոմարին, որովհետեւ յունուար 6-ը, որ Տիրոջ ծննդեան օրն է, եւ մարտ 17-ը, որ արարչութեան առաջին օրն է, որ ըստ եբրայեցիներուն մէկուն վրայ աւելցուածն է, եւ ապրիլ 7-ը, որ աւետումի օրն է: Այս երեք օրերը մէկ պատկերի կը դիպչին, որ երեքանձնեայ Աստուածութիւնը կը նշանակէ, այլ՝ առաջին Լոյսը Հօրմէն ծնած, Կոյսին մէջ իջաւ եւ մօրմէն ծնաւ: Իսկ մեր մօտ, առաջինը՝ ծննդեան օրն է, երկրորդ՝ մահ- ւան օրը, երրորդ՝ մեր յարութեան, որ հարսանիք է եւ Փեսային գալստեան օրը:

Դարձեալ, այս կապակցութեամբ, ըստ մարմինի երեք օր հարսանիք կը կատարենք, իսկ հարսանիք, այսինքն՝ փեսային ու հարսին հաւանութեամբ յայտնի միաւորութիւնը կը նշանակէ: Իսկ թէ որո՞ւ էր հարսանիքը, ուղղափառ վարդապետները կ՚ըսեն, թէ Շմաւոնինն էր, Կղէոբայի որդիին, Աստուածահայր Յովսէփի եղբօր:

Սուտ են անոնք, որոնք կ՚ըսեն, թէ Յովհաննէսինն էր: Չորս բանէ յայտնի է. նախ՝ ժամանակէն, որ երէկ չէ այլ առջի օրը Անդրէասի հետ միասին Քրիստոսին աշակերտեցաւ՝ ըստ Աւետարանին, եւ հիմա ինչպէ՞ս հարսանիք կ՚ընէր: Երկրորդ՝ յայտնի է պատմութիւններէն, որ կ՚ըսեն, թէ հարսանիքը Շմաւոնինն էր եւ ո՛չ թէ Յովհաննէսինը: Երրորդ՝ անպատշաճ էր, որ եթէ Տէրը օրհնէր, ու ծնունդ եւ աճում չըլլար: Չորրորդ՝ անյարմար էր օրհնել ամուսնութիւնը եւ ապա խափանել զայն, որ իրարու հակառակ կ՚երեւի՝ գործով խափանել եւ խօսքով հրամայել:

ԹԷ ՔՐԻՍՏՈՍ ՀԱՐՍԱՆԻՔԻ ԳՆԱՑ

Հարցում. Քրիստոսն ու Աստուածածինը ինչո՞ւ համար հարսանիքի գացին, որովհետեւ անվայելուչ կ՚երեւի, երբ կրօնաւոր մը հարսանիքի կ՚երթայ, անպատեհ է, մանաւանդ երբ կոյս ըլլայ, որովհետեւ բազմաթիւ անվայելուչ բաներ կը կատարուին հարսանիքի ժամանակ:

Պատասխան. Վարդապետները կ՚ըսեն, թէ Տէրը հինգ պատճառով այդ հարսանիքին գնաց. նախ՝ որովհետեւ ըստ Մոսէսի օրէնքներուն ամուսնութիւնը աւելի պատիւ ունէր, քան՝ կուսութիւնը: Երկրորդ՝ որովհետեւ Յիսուս եւ Իր Մայրը ճշմարիտը գիտէին եւ չէին կրնար մեղանչել: Երրորդ՝ որովհետեւ այդ հարսանիքին այնպիսի խեղկատակութիւն չկար, ինչպէս ներկայիս կ՚ըլլայ, որ առանց մեղքի չէ: Չորրորդ՝ Քրիստոս հարսանիքին գնաց ու օրհնեց՝ ցոյց տալով, թէ ամուսնութիւն սո՛ւրբ է եւ ո՛չ թէ պիղծ, ինչպէս ոմանք ըսին: Հինգերորդ՝ Քրիստոս հարսանիքին գնաց՝ ցոյց տալով, թէ նոյն Ի՛նքն է, որ դրախտին մէջ Ադամն ու Եւան օրհնեց եւ ըսաւ. «Աճեցէ՛ք ու շատցէ՛ք եւ երկիրը լեցուցէք» (Ծն 1.28), նոյնպէս ալ այստեղ օրհնեց ամուսնութեան օրինաւոր կարգը:

Խօսք. «Յիսուսի մայրը ըսաւ Իրեն» (Յհ 2.3):

Մեկնութիւն. Նախ՝ որպէսզի Քրիստոս հրաշքներուն պատճառ ըլլայ, կ՚ըսէ՝ «գինի չունին» (Յհ 3.2): Երկրորդ՝ նայեցաւ անոնց կարիքին եւ ուզեց ամօթի պատճառը վերացնել:

Հարցում. Մարիամ ուրկէ՞ կը յուսար, որ իր Որդիէն հրաշք կրնայ պատահիլ, որովհետեւ տակաւին չէր գործած:

Պատասխան. Վեց բանէ. նախ՝ Գաբրիէլի աւետիսէն, թէ Աստուծոյ Որդի է եւ ինչ որ ուզէ՝ կ՚ընէ: Երկրորդ՝ որովհետեւ Մարիամ Սուրբ Հոգիին բնակարան էր: Երրորդ՝ որովհետեւ ծնունդի ժամանակ տեսած էր շատ հրաշքներ, ինչպէս նաեւ մոգերուն գալը, եւ այլն: Չորրորդ՝ որովհետեւ լսեց Հօր եւ Յովհաննէսի [Մկրտիչին] վկայութիւնը, եւ [տեսաւ] Սուրբ Հոգիին էջքը մկրտութեան օրը: Հինգերորդ՝ երբ աշակերտները կը հաւաքէր, իմացաւ, թէ Իր փառքը պիտի յայտնէ: Վեցերորդ՝ որովհետեւ ճիշդ նոյն այդ պահին ազդեցութիւնը [ներշնչում, յայտնութիւն] եղաւ անոր վրայ:

ԹԷ ԽԻՍՏ ՊԱՏԱՍԽԱՆ ՏՈՒԱՒ ԻՐ ՄՕՐ

Խօսք. «Մա՜յր, մեզի ի՛նչ» (Յհ 2.4):

Հարցում. Ասիկա, որ ամէն ինչի մէջ հնազանդ էր Իր ծնողներուն (Հմմտ. Ղկ 2.50) կ՚ըսէ Ղուկաս, այստեղ ինչո՞ւ համար սաստկութեամբ կը պատասխանէ:

Պատասխան. Կ՚ըսենք, թէ բազմաթիւ պատճառներով:

Նախ՝ որովհետեւ պարծանք եւ փառք ստանալու համար խնդրեց: Կ՚ըսէ. «Իմ գործս փառասիրութեան համար չէ, այլ՝ մարդոց օգուտին եւ փրկութեան համար»:

Երկրորդ, որոհետեւ տակաւին գինին ամբողջութեամբ չէր պակսած, ատոր համար ալ չէին փափաքէր ու չէին խնդրէր:

Երրորդ՝ որովհետեւ հրամայաբար ըսաւ, ինչպէս սովորական մայրերու եւ որդիներու օրէնքով:

Չորրորդ՝ որովհետեւ այնտեղ շատ մարդիկ նստած էին, բայց անիկա [Աստուածամայրը] մօտեցաւ, որովհետեւ կ՚ուզէր, թէ անծանօթներէն մէկը խնդրէր:

Հինգերորդ՝ որովհետեւ հրաշքներուն ժամանակը տակաւին չէր հասած, քանի որ հրաշքներ կը գործէր հաստատելու համար Իր վարդապետութիւնը եւ տակաւին Իր վարդապետութիւնը յայտնապէս չէր քարոզած, այդ պատճառով կ՚ըսէ. «Իմ ժամանակս տակաւին չէ՛ հասած» (Յհ 2.4):

Վեցերորդ՝ որովհետեւ յօժար էր այդ հրաշքը կատարելուն ու այդ պատճառով հարսանիքին եկած էր, սակայն սաստելով կ՚ըսէ. «Մա՜յր, մեզի ի՛նչ», այսինքն՝ հրաշքներու պատշաճ ժամանակը գիտալը Ինծի ու քեզի համար հասարակ չէ:

Եօթներորդ՝ երբ սոսկ իմանաս եւ ո՛չ թէ հարցումով: Կ՚ըսէ. «Կարողութիւն ունիմ հրաշքներ գործելու, որովհետեւ Աստուած եմ, սակայն ժամանակը չէ»:

Ութերորդ՝ կ՚ըսէ. «Կարողութիւն ունիմ ըստ Աստուածութեանս, որ Հօրմէ է, ընել ինչ որ կ՚ուզեմ, սակայն մարմինս, որ քեզմէ ունիմ, ի՞նչ կարողութիւն ունի, որ դուն հրամայելով կ՚ըսես»:

Իններորդ՝ կ՚ըսէ. «Կամքս կայ, որպէս ըստ Աստուածութեանս, որ Հօրմէն ղրկուեցայ, որպէսզի Անոր կամքը կատարեմ, այդպէս ալ պիտի կատարեմ քուկդ, որովհետեւ Իմ մարդութեանս սկիզբը քեզմէ է»:

Տասներորդ՝ սոսկ իմացիր. «Մա՜յր, մեզի ի՛նչ», այսինքն՝ թէ Աստուածութեանս եւ մարդկութեանս բնութեամբ միանալուն, որ բնութեամբ անքակ կը մնայ, կարող եմ, որովհետեւ ժամանակին կը կատարեմ, սակայն դուն աճապարեցիր ըստ կնոջ օրէնքին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 17

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2019