ԻՆՉՈ՞Ւ ՍՊԱՆՆԵՑԻՆ ՆԱՀԷՏ ՀԱԹԹԱՐԸ

Կի­րա­կի, 25 Սեպ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ւօ­տուն, ե­րեք կա­պար­ներ վերջ կու տա­յին Յոր­դա­նան­ցի մտա­ւո­րա­կան Նա­հէտ Հաթ­թա­րի կեան­քին:

50-ա­մեայ ծայրայեղական մը Հաթ­թա­րը կը սպան­նէր մայ­րա­քա­ղաք Ամ­մա­նի Ար­դա­րա­դա­տու­թեան պա­լա­տի շէն­քի դրան շեմին:

Հաթ­թար, որ նոր դուրս ե­կած էր բան­տէն, կ՚իյ­նար որ­պէս ա­զա­տու­թեան եւ ա­զատ խօս­քի ռահ­վի­րայ մը:

Նոյն օ­րը ե­րե­կո­յեան ա­նոր ծննդա­վայր «Ալ Ֆհէ­ս» շրջա­նին մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նար ո­գե­կոչ­ման մի­ջո­ցա­ռում մը, որու ընթացքին խօսք առ­նող­նե­րը շեշ­տը կը դնէին վրէժխնդ­րու­թե­նէն խու­սա­փե­լու վրայ: Քրիս­տո­նեայ Հաթ­թա­րի մա­հը կրնար ներ­քին խռո­վու­թիւն­նե­րու վտան­գա­ւոր ա­լի­քի մը սկիզ­բը դնել երկ­րի մը մէջ, ո­րուն գլխա­ւոր սահ­մա­նա­յին եր­կի­րը՝ Սու­րիան մտած էր ա­րի­ւան­հե­ղու­թեան ծանր եւ ան­վերջ թուա­ցող փա­կու­ղի մը:

Այս բո­լո­րէն ան­դին Հաթ­թա­րի սպանու­թիւ­նը կը կա­տա­րուէր նիւ­թա­կան հա­տուց­ման դի­մաց մտա­ւո­րա­կան եւ լրագ­րող Հաթ­թա­րին բան­տէն դուրս գա­լէն օ­րեր անց: Հաթ­թար, որ լի­բա­նա­նեան ա­մե­նէն տա­րա­ծուած «Ալ Ախ­պար» օ­րա­թեր­թի մշտա­կան աշ­խա­տա­կիցն էր, ֆէյս­պու­քեան իր է­ջին տե­ղադ­րած էր իս­լա­մու­թեան «աս­տուա­ծա­յին էու­թիւ­նը» ծաղ­րի են­թար­կող ծաղ­րան-­կար մը, ու ա­նոր հա­մար էր նաեւ, որ ան են­թար­կուած էր բան­տար­կու­թեան: Կի­րա­կի օր ան կ՚ուղ­ղուէր երկ­րի Ար­դա­րա­դա­տու­թեան պա­լատ, ուր վկա­յու­թիւն պի­տի տար կա­պուած՝ իս­լա­մու­թիւ­նը վար­կա­բե­կող գծան­կա­րի հրա­պա­րակ­ման խնդրին:

Սպան­նեա­լի գոր­ծա­կից­նե­րէն մին Խա­լիլ Հար­պի կար­ծի­քով՝ ­Հաթ­թա­րի դէմ ար­ձա­կուած կա­պար­նե­րը ուղ­ղուած էին ոչ միայն ա­նոր, այլ նաեւ երկ­րի թա­գա­ւոր Ապ­տալ­լա Բ.-ի դէմ: Ա­նոր կար­ծի­քով՝ Հաթ­թա­րի դէմ կա­տա­րուած ա­րար­քը նոյն­պէս ուղ­ղուած էր Ա­րեւ­մուտ­քի ու մաս­նա­ւո­րա­պէս ԱՄՆ-ի մի­ջին-ա­րե­ւե­լեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան դէմ ե­ղող մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան: Այս­տեղ պէտք չէ մոռ­նալ, որ նախ­քան Սու­րիոյ դէպ­քե­րը, Հաթ­թար տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով ու բա­ցա­յայտ կեր­պով յայ­տարա­րած էր, թէ կտրա­կա­նա­պէս կը մեր­ժէ Ա­րեւ­մուտ­քի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ու ա­ւե­լի փոր­ձու­թիւն կը հա­մա­րէ «Ա­րա­բա­կան գա­րուն» կո­չուա­ծը: Սպան­ու­թեան հետ կա­պուած կայ նաեւ Յոր­դա­նա­նի ներ­քին քա­ղա­քա­կան կեան­քին տար­բեր շեշ­տադ­րում­նե­րը: Այն ի­մաս­տով, որ մինչ Հաթ­թար իր բա­ցա­յայտ ժխտա­կան կե­ցուածք­ներով Ա­րեւ­մուտ­քի որ­դեգ­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րուն դէմ էր, ան նոյն­պէս բա­ցա­յայտ ժխտա­կան դիր­քո­րո­շում ու­նէր Ռիա­տի ու յատ­կա­պէս սա­լա­ֆիստ իս­լամ­նե­րու ա­րարք­նե­րուն եւ ա­նոնց որ­դեգ­րած գոր­ծե­լաո­ճին դէմ:

Տա­կա­ւին մեր մտքե­րուն մէջ թարմ է, երբ ան ա­ռանց բա­ռե­րը ծամծ­մե­լու կը քննա­դա­տէր Ամ­մա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը՝ շրջա­նին մէջ ե­ղած ա­հա­բեկ­չա­կան ա­րար­քին դէ­մը չկա­րե­նալ առ­նե­լուն վե­րա­բե­րեալ: Յի­շեց­ման կար­գով նշեմ, որ այս տա­րուան Յու­նի­սին արմատական զի­նեալ յար­ձա­կում մը գոր­ծած էին «Ալ Պաք­հա» շրջա­նին մէջ գտնուող երկ­րի գաղտ­նի սպա­սար­կու­թեան կեդ­րո­նի մը դէմ եւ սպան­նած՝ հոն գտնուող ա­պա­հո­վա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն հինգը:

Այս բո­լո­րէն բա­ցի կար նաեւ Հաթ­թա­րի անվ­տան­գու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու խըն-դի­րը: Երբ քրիս­տո­նեայ գոր­ծի­չը բան­տէն դուրս կու գար, ա­նոր պա­րա­գա­ներն ու ըն­կեր­նե­րը կա­ռա­վա­րու­թենէն կը պա­հան­ջէին ա­մէն գնով ա­պա­հո­վել ա­նոր անվ­տան­գու­թիւ­նը, սա­կայն կա­ռա­վա­րա­կան պաշ­տօ­նա­տար ան­ձինք կը մեր­ժէին ա­ռա­ջար­կը յայտ­նե­լով, որ ի­րենք ի զօ­րու չեն նման բան կա­տա­րելու:

Հաթ­թա­րի սպան­ու­թեան մա­սին գրող վեր­լու­ծա­բան­ներ ա­նոր դէմ կա­տա­րուա­ծը կը հա­մե­մա­տէին ու կը նմանց­նէին Յոր­դա­նա­նի նախ­կին վար­չա­պետ­նե­րէն՝ Ո­ւաս­ֆի Ալ Թալ­լի դէմ պա­տա­հա­ծին հետ: 1971 թուա­կա­նին Ո­ւաս­ֆի Ալ Թալլի, որ Գա­հի­րէ մեկ­նած էր մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րե­լու ա­րաբ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րու խորհր­դա­ժո­ղո­վին, կը սպան­նուէր Գա­հի­րէ հաս­նե­լէն միայն 48 ժամ ետք: Ա­նոր սպան­ու­թիւ­նը կը ստանձ­նէր «Սեւ Սեպ­տեմ­բե­ր» ա­նու­նը կրող կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը, որ այդ ա­րար­քը կը կա­տա­րէր «լու­ծե­լու հա­մար պա­ղես­տին­ցի­նե­րու վրէ­ժը եւ վե­րա­կանգ­նե­լու հա­մար պա­ղես­տին­ցի զի­նեալ­նե­րու վար­կ»ը: Ի դէպ, այս յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը կը կա­տա­րէր ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թեան մաս­նա­կից ե­ղող պա­ղես­տին­ցի զի­նեալ­նե­րէն մին՝ Ժաուատ Ա­պու Ա­զի­զա: Հասկ­նա­լու հա­մար այդ սպան­ու­թեան շար­ժա­ռիթ­նե­րը, պէտք է յի­շել Ամ­մա­նի մէջ պա­տա­հած դէպ­քե­րը 1970 թուա­կա­նի Սեպ­տեմ­բե­րին, երբ Հիւ­սէյին թա­գա­ւո­րի ան­մի­ջա­կան հրա­մա­նով յոր­դա­նա­նեան բա­նա­կը բա­խում­ներ կ՚ու­նենար երկ­րին մէջ ա­նօ­րէն ա­րարք­ներ եւ ին­քնիշխան քայ­լեր առնել փորձող պա­ղես­տի­նեան ջո­կատ­նե­րուն հետ, ո­րուն գլխա­ւո­րա­գոյ­նը Եա­սէր Ա­րա­ֆա­թի (ա­պա­գա­յին Պա­ղես­տի­նի ա­ռա­ջին նա­խա­գահ) գլխա­ւո­րած ջո­կատ­նե­րուն հետ: Այդ բա­խում­նե­րը կ՚ա­ւար­տէին պա­ղես­տի­նեան կող­մին ե­րե­ւե­լի պար­տու­թեամբ (մինչ յոր­դա­նան­ցի 1300 բա­նա­կա­յին­ներ կը սպան­նուէին, ան­դին պա­ղես­տին­ցի զո­հե­րուն թի­ւը կարգ մը աղ­բիւր­նե­րու հա­մա­ձայն կը հաս­նէր 20 հա­զա­րի) եւ այդ փու­լի ա­ւար­տին ա­ւե­լի քան 7 հա­զար պա­ղես­տին­ցի զի­նեալ­ներ կը յայնձ-նըւէին Յոր­դա­նա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան: Այս նմա­նե­ցու­մը կը կա­տա­րուէր, ո­րով­հե­տեւ Հաթ­թար տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով յայ­տարա­րած էր իր հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը եւ հիա­ցմուն­քը Ալ Թալ­լի հան­դէպ՝ ը­սե­լով, որ իր կար­ծի­քով ա­հա­բե­կուած վար­չա­պե­տը երկ­րի ազ­գայ­նա­կա­նու­թեան գլխա­ւոր դրօ­շա­կիրն ու ա­ռաջ­նորդն է:

Շա­բաթ մը ա­ռաջ սպան­նուած Հաթ­թար խոր­քին մէջ մո­լե­ռանդ քրիս­տո­նեայ մը չէր, յար եւ նման այն քրիս­տո­նեայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րուն, ո­րոնց հա­մար հիմ­նա­կա­նը կրօն­քը չէր, այլ կրողը այն գա­ղա­փար­նե­րուն, ո­րոնք կան քրիս­տո­նէա­կան ուս­մուն­քին մէջ: Այ­սինքն հա­ւա­տալ մար­դու, խօս­քի, ըմբռ­նու­մի ա­զա­տու­թեան եւ ի­րա­ւունք­նե­րու հա­ւա­սա­րու­թեան:

Հաթ­թար նաեւ կը պատ­կա­նէր այն հա­րիւ­րա­ւոր մտա­ւո­րա­կան­նե­րու փա­ղան­գին, որ հա­կա­ռակ քրիս­տո­նեայ ըլ­լա­լուն, յա­ջո­ղե­ցան Մի­ջին Ա­րե­ւե­լքի ա­րա­բա­կան տաս­նեակ եր­կիր­նե­րու մէջ հի­մը դնել գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան դպրոց­նե­րու եւ ե­ղան ա­ռաջ­նորդ­նե­րը այդ եր­կիր­նե­րը ղե­կա­վա­րող իշ­խող կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն:

Յոր­դա­նան­ցի մտա­ւո­րա­կա­նին գլխա­ւոր կո­չը այ­լին, դի­մա­ցի­նին, օ­տա­րին կար­ծիք­նե­րը յար­գելն էր ու յե­նլով խօս­քի ա­զա­տու­թեան վրայ փոր­ձել դրա­կան տե­ղա­շարժ յա­ռա­ջաց­նել, ցայ­սօր ալ փակ հա­մա­րուած հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րուն մէջ:

Հաթ­թա­րը սպան­նո­ղը յայ­տա­րա­րած էր. «Ես զինք սպան­նե­ցի, իս­լա­մու­թեան դէմ ը­րած վեր­ջին հրա­պար­ակու­մին հա­մա­ր», բայց եւ այն­պէս ա­նոր սպան­ու­թեան հիմ­նա­կան պատ­ճա­ռը միայն այդ հրա­պա­րա­կու­մը չէր:

Կա­յին նաեւ այլ պատ­ճառ­ներ, ո­րոնց հան­րա­գու­մա­րին ե­րե­ւու­մով պարզ կը դառ­նար, որ այս գոր­ծի­չին սպան­ու­թիւ­նը տար­բեր ա­ռում­նե­րով ալ «պա­հան­ջուա­ծ» ու «պիտանի» սպան­ու­թիւն էր:

Երբ շա­հե­րու, հա­շիւ­նե­րու, խար­դա­վանք­նե­րու հո­րի­զո­նա­կան գի­ծե­րը կը հաս­նին հան­դիպ­ման «կար­միր կէ­տ»ի մը, այն ա­տեն հեշտ կ՚ըլ­լայ յա­նուն հա­սա­րա­կու­թեան անվ­տան­գու­թեան պահ­պան­ման նման ա­նա­սե­լի ո­ճիր­ներ գոր­ծի դնել:

Քննար­կե­լով սպան­ու­թեան դէպ­քը, պէտք է ան­պա­յա­ման հարց տալ, թէ ին­չո՞ւ եւ ի՞նչ պատ­ճառ­նե­րով սպան­նու­ե­ցաւ Նա­հէտ Հաթ­թա­ր:

Քիչ չեն այն վեր­լու­ծա­բան­նե­րը, ո­րոնց կար­ծի­քով՝ Հաթ­թար սպան­նուած է ոչ միայն իս­լա­մու­թեան դէմ ե­ղող իր հրա­պա­րա­կած պատ­կե­րին հա­մար, այլ այն պատ­ճա­ռով, որ ան երկ­րի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րէն տար­բեր մօ­տե­ցում ու­նէր կա­պուած ՝ յատ­կա­պէս վեր­ջին շրջա­նին մէջ տի­րող ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն վե­րաբ­րեալ:

Ան աչ­քի կը զար­նէր մա­նա­ւանդ Սու­րիոյ տագ­նա­պին ա­ռըն­թեր իր որ­դեգ­րած կե­ցուաք­նե­րուն հա­մար, որու ընթացքին ցայ­տուն կեր­պով կը քննա­դա­տէր «Ա­րա­բա­կան գար­նա­ն» մեծ կեղ­ծիք մը ըլ­լա­լը եւ կը պաշտ­պա­նէր Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւն­ներն ու Նա­խա­գահ Պեշար Է­սա­տը:

Նոյն ա­ռու­մով տե­ղի ու­նե­ցա­ծը ա­նա­խորժ շեշտ մը կը պա­րու­նա­կէր կա­պուած՝ երկ­րի Ապտ­ալ­լա թա­գա­ւո­րին հետ, մա­նա­ւանդ որ սպան­ու­թիւ­նը կը կա­տա­րուէր օր ցե­րե­կով ու վայ­րի մը մէջ, ուր ա­պա­հո­վա­կան եւ գաղտ­նի սպա­սար­կու­թեան մար­մին­ներ ու­նէին ի­րենց գրա­սե­նեակ­նե­րը:

Ե­ղա­ծը նաեւ կը մատ­նէր նոր ի­րա­կա­նու­թեան մը մա­սին, ո­րուն գաղտ­նա­զեր­ծու­մը կրնար բա­ւա­կան մտա­հո­գիչ հար­ցում­նե­րու տուն տալ:

Ին­չո՞ւ Նա­հէտ Հաթ­թա­րը եւ ի՞ն­չու այս հանգ­րուա­նին:

Զէնք չու­նե­ցող, ա­պա­հո­վա­կան բջիջ­նե­րու չտի­րա­պե­տող ու մա­նա­ւանդ ա­տե­լու­թեան վրայ հիմ­նուած խօս­քի մը ա­ռաջ­նոր­դը չե­ղող ա­նոր ընդ­հա­նուր գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը դար­ձած էր փուշ, այն փակ հա­սա­րա­կու­թեան հա­մար, որ այ­սօր կը պայ­քա­րի ա­մէն գնով իր դի­մա­գի­ծը ցոյց տալ երկ­րին մէջ: Նկա­տա­ռե­լի է նաեւ, որ Յոր­դա­նա­նի ա­ռաջ­նոր­դը կը փոր­ձէ ա­մէն գնով հե­ռու պա­հել իս­լա­միստ բջիջ­նե­րու ա­լի­քը իր երկ­րէն:

Ու­րեմն բա­ցի ան­կէ, որ իս­լա­միստ զի­նեա­լին փամ­փուշտնե­րը կը զգետ­նէին Հաթ­թա­րը, ա­նոնք նոյն­պէս «բաց պատ­գա­մ» մը կ՚ուղ­ղար­կէին Ապ­տալ­լա Բ.-ին՝ ը­սե­լու հա­մար մէկ բան: Ը­սե­լու հա­մար որ՝ «մենք դար­ձած ենք ան­կա­ռա­վա­րե­լի ու մե­զի հա­մար ան­հա­սա­նե­լի թի­րախ­ներ ընդ­հան­րա­պէս չկա­ն»:

Ու նաեւ յայտ­նե­լու որ՝ «Տե­սէք մենք ա­մենէն թոյլ օ­ղա­կը ընտ­րե­ցինք ու պատ­րաստ են վա­ղը շատ ա­ւե­լի ծանր հա­րուած մը տալ, ե­թէ ...»:

Ու­շագ­րաւ է նաեւ կեցուածքը Յոր­դա­նա­նի գաղտ­նի սպա­սար­կու­թեան մար­մին­նե­րու, ո­րոնք մին­չեւ այս պա­հը կը մեր­ժեն մեկ­նա­բա­նել ե­ղա­ծը եւ կը նա­խընտ­րեն լուռ ձե­ւով հե­տե­ւիլ յա­ռա­ջի­կայ զար­գա­ցում­նե­րուն:

Ա­մէն պա­րա­գա­յի ե­ղա­ծը կը հա­մա­րուի մեծ ցնցում երկ­րի մը հա­մար, որ անց­նող հինգ տա­րի­նե­րուն ան­ցաւ եւ կը շա­րու­նա­կէ անց­նիլ տար­բեր եւ տա­րաբ­նոյթ ցնցում­նե­րէ:

Ցնցում­ներ, ո­րոնք ջու­րի ե­րես ե­լան ներքա­ղա­քա­կան ան­հա­մա­ձայ­նու­թեան մը պատ­կե­րով եւ ո­րոնց դի­մաց Ապ­տալ­լա թա­գա­ւոր փոր­ձեց դի­մա­կա­յել ա­րագ փո­փո­խու­թիւն­ներ ը­նե­լով եւ նոր նա­խա­րար­ներ կամ կա­ռա­վա­րու­թիւն պաշ­տօ­նի կո­չե­լով:

Բայց այս բո­լո­րէն զատ զգա­լի է, որ այ­սօր ա­ւե­լի քան ո­րե­ւէ ժա­մա­նակ, Յոր­դա­նա­ն սկսած է դառ­նալ Սա­լա­ֆիստ գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան մը հիմ­նա­կան ա­ւա­զան­նե­րէն մին:

Ու Նա­հէտ Հաթ­թա­րին սպան­ու­թիւ­նը թե­րեւս պէտք է հասկ­նալ, որ­պէս տե­ղւոյն հա­սարա­կու­թեան ներ­քին ու ար­տա­քին դի­մադ­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը կամ զար­գա­ցում­նե­րուն դի­մաց ա­նոր ար­ձա­գան­գե­լու ու­ժա­կա­նու­թիւ­նը հասկ­նա­լու փորձ:

Հաթ­թար ան­ցաւ պատ­մու­թեան: Ա­նոր գա­ղա­փար­նե­րը մնա­ցին պատ­նէ­շի վրայ:

Այս բո­լո­րը կան, սա­կայն ա­ւե­լի վտան­գա­ւորը սպա­սե­լի զար­գա­ցում­ներն են, ո­րով­հե­տեւ Յոր­դա­նա­նի ու մաս­նա­ւո­րա­պէս Ամ­ման­ի հա­սա­րա­կու­թեան այս մեծ ո­ճի­րին դի­մաց ցոյց տուած թոյլ ար­ձա­գան­գը ցու­ցա­նիշ է, թէ նոյն հա­սարա­կու­թեան մէջ ար­մա­տա­կան սկսած է դառ­նալ միատարր հա­սա­րա­կու­թեամբ մը ապ­րե­լու բա­ւա­կան մտա­հո­գիչ «պատ­գա­մ»ը:

Ի վեր­ջոյ Նա­հէտ Հաթ­թար Սու­րիոյ, Լի­բա­նա­նի, Ի­րա­քի քրիս­տո­նեա­նե­րուն զո­հը կամ նա­հա­տա­կը չէ:

Ան ա­զատ խօս­քի, ար­դա­րու­թեան եւ մա­նա­ւանդ խղճի ա­զա­տու­թեան զի­նուորն է:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2016