ՏԵՍԱԿԱՆԻ ՏԵՍՈՂՈՒԹԻՒՆ
- «Իսկ այն մարդիկը որոնք իրեն հետ կ՚երթային, ապշած կեցեր էին, ձայնը կը լսէին, բայց մէ՛կը չէին տեսներ: Եւ Սօղոս գետէն ելաւ, ու բաց աչքերով՝ մէ՛կը չէր տեսներ»: (Գործք Առաքելոց 10:1.8)
- «Եկեղեցին հայկական ես աչքս գոց կը տեսնեմ»: (Վահան Թէքէեան)
- «Կը տեսնեմ ահա լուռ երեկոյին բարակ ծուխ կ՚ելլէ իմ հօր օճախէն»: (Աւետիք Իսահակեան)
Կայ Արեւելեան պատմուածք մը.- մարդ մը, տնտեսական տագնապի մէջ է. կ՚անցնի փողոցէ մը, ուր ոսկերիչի խանութ մը կայ. մարդը ներս կը խուժէ ու ոսկիներուն կը փարի, մինչ այդ խանութին տէրը ներսն է, ինչպէս նաեւ հսկիչները հոն են իբրեւ ապահովութիւն: Ոստիկանը կը հարցափորձէ ներխուժողը, թէ չտեսա՞ւ խանութին անձնակազմը, տէրը, պահակները... «ո՛չ» կ՚ըսէ,- «երբ ոսկիները տեսայ, ուրիշ բան չտեսայ... ա՛յդ էր պէտքս»:
Մտասեւեռում ըսուած բանը կայ, որ կը տեսնէ միայն ու միայն իր միտքինը. տարբեր ձեւով՝ «մարդ տեսնել ուզածը կը տեսնէ»: Ու երբ շեշտուի եւ ի՛նք ըլլայ միայն ու միայն բացարձակ, այդ պարագային նարկիզականութիւն (narcissism) կ՚անուանուի, որ անբուժելի հիւանդութիւն է (ի բաց առեալ եթէ ի՛նք բուժուիլ ուզէ): Ի՛նքն է սկիզբն ու ... չեմ ուզեր ըսել վերջը, այլ՝ յաւիտենականութիւնը, քանի որ կայ ու կը մնայ...։
Մարդկային փոխյարաբերութեան մէջ ե՛ւ գերգնահատումը, ե՛ւ թերգնահատումը, ե՛ւ նոյնիսկ անտեսումը բնակա՜ն, շա ՜տ բնական երեւոյթներ են:
Այս վերջինը, ինչպէս նաեւ նախորդները, կրնան ըլլալ դիտումնաւոր կամ անփութութեան թէ պատասխանատուութեան պակասէն. ինչ ալ ըլլայ պարագան արդարացուցիչ չի կրնար ըլլալ: Բայց կեանքը կը քալէ...։
Շուրջ եօթը տարիներ առաջ Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ, վախճանեալ վեհափառ հայրապետներուն հաւաքական հոգեհանգիստ կատարուեցաւ, կար Վեհափառ Գարեգին Բ.-ին անունն ալ... առանց յիշատակելու Տ.Տ. Գարեգին Ա.- ը... (օրին հեռաձայնեցի այս բացթողումին համար, կարելի՞ է ունենալ երկրորդը առանց ունենալու առաջինը...):
Անցնինք:
Առիթ ունեցայ կոյրերու հետ ժամանակ անցընելու: Յոյն փիլիսոփայի մը (կարծեմ Սոկրատ) հարցուցեր են, թէ ի՞նչ է գեղեցկութիւնը. պատասխաներ է՝ «կոյրերուն հարցուցէք»: Ուրեմն առիթ էր ինծի համար հարցադրելու: Հարցուցի երիտասարդուհիի մը, ըսաւ «աման Սարգիս, ինծի՞ կը հարցնես այդ հարցումը»: Շիտակը յուզուեցայ: Հարցուցի տարեց մայրիկի մը, ըսաւ «տղաս, գեղեցկութիւնը ներքի՛ն է, հոգեկան»: Սփոփեցայ:
Ի միջի այլոց իրենցմէ սորվեցայ, թէ իրենք կոյր չեն, այլ՝ ԱՉԱԶՈՒՐԿ:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք», Պէյրութ