ՖՐԱՆՑ ՔԱՖՔԱ ԵՒ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Չեխ ծագումով աւստրացի գրող Ֆրանց Քաֆքա (1883-1924) իր ստեղծագործութիւններուն մէջ անդրադարձած է վախերու, անվճռականութեան, առանձնութեան, աշխատանքային կեանքէ ներս անարժէքութեան զգացումին, ինքնաօտարման, չափէ դուրս հնազանդութեան եւ ժամանակակից մարդոց իրենց միջավայրի հետ շփման բացակայութեան: Բազում մեկնաբանութիւններ տրուած են Քաֆքայի ստեղծագործութիւններու վերաբերեալ եւ գրեթէ իւրաքանչիւր գրականութեան կամ փիլիսոփայական դպրոցէն ներս ուսումնասիրուած են Քաֆքայի ուժեղ գրական հմտութեան առանձնայատկութիւնները, որոնք կ՚արտացոլեն իր սեփական տեսակէտները: Թէեւ Քաֆքայի ստեղծագործութիւնները կը քննուին, սակայն կ՚երեւի, որ ան կ՚առաջարկէ հարուստ աղբիւր, որ պէտք է գնահատուի նաեւ բազում ոլորտներէ ներս։

Քաֆքայի պատմութիւնները տեղի կ՚ունենան այն աշխարհներու մէջ, ուր կրնանք գտնել ինչպէս ծանօթ, այնպէս ալ անծանօթ ապրումներ:  Ըստ էութեան, Քաֆքայի պատմութիւնները որքան ալ երեւակայական աշխարհներու մէջ անցնին, խոր են, որովհետեւ հիմնուած են իրականութեան վրայ: Իւրաքանչիր յօդուածով կա՛մ կերպարները, վայրերը կամ նկարագրուած իրավիճակը ձեւով մը կապուած են իրական կեանքի հետ: Այնուամենայնիւ, այս պատումները միշտ կ՚ունենան շրջադարձային կէտ:

Քաֆքա վարպետօրէն կարողացած է հաւասարակշռութիւն հաստատել իրապաշտութեան եւ երեւակայութեան միջեւ։ Սա ընթերցողները կը մղէ վերագնահատել աշխարհը ընդհանուր առմամբ: Իր կարգ մը գիրքերու միջոցով Քաֆքան խոշորացոյցի տակ կ՚առնէ այնպիսի հասկացութիւններ՝ ինչպէս մեկուսացումը, դաժանութիւնը, քաջութիւնը եւ փոխակերպումը:

Քաֆքայի համար գրելը այնքան մեծ նշանակութիւն ունէր, որ ան այդ արարքը կը նկարագրէր՝ որպէս պաշտամունքի ձեւ։ Ան նաեւ արտայայտած էր իր մտածումները ընթերցանութեան եւ գիրքերու մասին։

«Կարդալը միտքը խթանող աշխատանք է, այդ պահանջկոտ է եւ համապատասխան պայմաններու ներքեւ տեսակ մը խանդավառութիւն կը յառաջացնէ», գրած է Է. Պ. Ուայթ՝ 1951 թուականին՝ ընթերցանութեան ապագային մասին։ Իրականութեան մէջ, այն հարցումը, թէ ինչո՞ւ գիրքերը կարեւոր են եւ ընթերցանութիւնը ինչպէ՞ս կ՚ազդէ  մարդու հոգիին վրայ, զբաղեցուցած է մեծահասակներէն մինչեւ երիտասարդներու միտքերը, Քարլ Սականի «Քոզմոս»ի հիասքանչ խորհրդածութենէն մինչեւ 9-ամեայ աղջիկը, որ կը հարցնէ, թէ ինչո՞ւ ունինք գիրքեր։ Բայց թերեւս գիրքերու մեր հոգւոյն վրայ ազդեցութիւնը լաւագոյն ձեւով նկարագրուած է կեանքի գեղեցկութեան նկատմամբ յաճախ մութ, ընկճուած, սակայն բացառիկ զգայուն Ֆրանց Քաֆքայի կողմէ։

1903 թուականի նոյեմբերին «Նամակներ ընկերներուն, ընտանիքին եւ խմբագիրներուն» գիրքին մէջ 20-ամեայ Քաֆքան կը գրէ իր մանկութեան ընկերոջը՝ արուեստի պատմաբան Օսքար Փոլլաքին. «Որոշ գիրքեր, կարծես, սեփական ամրոցի օտար սենեակներու բանալիներ ըլլան»:

«Ըստ իս, մենք պէտք է պարզապէս կարդանք այն գիրքերը, որոնք մեզ կը «դանակահարեն» եւ կը վիրաւորեն։ Եթէ մեր կարդացած գիրքը մեզ չ՚արթնցներ այնպէս, ինչպէս կարծես մեր գլխուն հարուած ստացած ենք, ապա ինչո՞ւ կարդալ այդ մէկը։ Աստուա՛ծ իմ, կարծես մենք կատարեալ երջանիկ կ՚ըլլայինք, եթէ գիրքեր չունենայինք։ Բայց մեզի պէտք են գիրքեր, որոնք կը կործանեն մեզ, կը պատճառեն խոր տառապանք՝ ինչպէս մէկու մը մահը՝ որ մենք մեզմէ աւելի կը սիրենք, ինչպէս ամայի անտառներու մէջ բանտարկուիլը, ինչպէս ինքնասպանութիւնը: Գիրքը պէտք է ըլլայ մեր ներաշխարհին սառած ծովու կացինը։ Սա իմ համոզումն է», կ՚ըսէ Քաֆքա։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2022