ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Շատ յաճախ կը հանդիպինք մարդոց, որոնք տակաւին դիմացինը իր խօսքը չաւարտած, կ՚ընդհատեն ու կը սկսին խօսիլ. այդպիսի մարդոց մասին Առակագիրը անդրադարձա՞ծ է:
Պատասխան. Անշուշտ անդրադարձած է: Առակաց 18.13-ին մէջ կը կարդանք. «Ո՛վ որ բան մը չլսած պատասխան կու տայ, յիմարութիւն ու նախատինք է իրեն»:
Մեր առօրեային մէջ յաճախակի կերպով կը հանդիպինք նման մարդոց: Այդ բնաւորութեան տէր մարդիկ կամ տակաւին չեն կայացած, կամ քաղաքավարութեան մասին ոչինչ գիտեն, կամ իրենք զիրենք գիտուն կը կարծեն եւ կամ ճիշդ հակառակը իրենց տգիտութիւնը ծածկելու համար կը շտապեն միշտ խօսիլ եւ անընդհատ խօսիլ, կարծելով այդպիսով լաւ տպաւորութիւն կը ձգեն դիմացիններուն մօտ: Բայց Առակագիրին նկարագրութեամբ, այդպիսիները իրենք իրենց վրայ նախատինք կը բերեն եւ յիմարի տպաւորութիւն կը ձգեն զիրենք շրջապատող մարդոց մօտ:
Արդարեւ, քաղաքավարութիւնը կը թելադրէ մեզի լսել մեր դիմացինը, ականջալուր ըլլալ անոր խօսածներուն եւ նոր միայն խօսիլ, կամ պատասխան տալ մեզի ուղղուած հարցումներուն: Սա՛ երկխօութեան ամենէն տարրական սկզբունքն է, զիրար լսել: Միւս կողմէ, մարդ ինչպէ՞ս կրնայ իրենց ուղղուած հարցումը ամբողջութեամբ չլսած՝ պատասխան տալ այդ հարցումին. բնական չէ՞ որ նման վերաբերմունքը անլրջութեան հետեւանք կրնայ ձգել խօսակցին վրայ. բնական չէ՞ որ նման վերաբերմունքը կրնայ բացասական հետեւանքներ ունենալ:
Մարդ պատրաւոր է մինչեւ վերջ լսել իրեն ուղղուած հարցումը, կամ խօսակցութիւնը, եւ նոր միայն պատասխանել կամ արձագանգել, իսկ պատասխանելու պարագային ալ, այնպիսի պատասխան տալ՝ որպէսզի օգտակար ըլլայ դիմացինին, եւ դիմացինը իր փնտռածին կարենայ հասնիլ, այլապէս աւելի լաւ է լուռ մնայ, կամ ազնուութեամբ իր զրուցակիցին ըսէ, թէ հարցումիդ պատասխանը չեմ գիտեր:
Աւետարանին մէջ կը կարդանք Տէր Յիսուսի եւ Սամարացի կնոջ երկխօսութեան մասին, եւ թէ ինչպէս Տէր Յիսուս ուշադրութեամբ կը լսէր այդ կնոջ (կարդա՛ Յհ 4.1-30): Խաչելութեան պահուն իսկ ականջալուր լսեց Իր երկու կողմերը խաչուած չարագործներուն (կարդա՛ Ղկ 23.39-43): Չարագործներէն մէկը չդիմանալով միւս չարագործին կատարած կշտամբանքներուն Տիրոջ հասցէին, սաստեց զայն, ու դառնալով Տէր Յիսուսի խնդրեց Անկէ, որպէսզի յիշէ՛ զինք…, եւ այդտեղ իր ականջները լսեցին Տէրունական քաղցր ձայնը, թէ՝ «Վստահ եղիր, այսօր Ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ» (Ղկ 23.43):
Խաչին վրայ այս երկխօսութիւնը իւրաքանչիւր մարդու համար հրաշալի օրինակ մըն է, սորվելու ե՛րբ խօսիլ եւ ի՜նչ խօսիլ: Երկու չարագործներն ալ խօսեցան. մէկը չարութեամբ լեցուած, առանց հասկնալու ու տեսնելու կատարուածը, իսկ միւսը՝ հասկնալով եւ գիտակցելով կատարուած անարդարութեան, իր սիրտը չդիմացաւ լսել կշտամբանքի խօսքերը, որոնք կ՚ուղղուէին Տիրոջ, որով միջամտեց, ու որպէս արդիւնք՝ դրախտին արժանացաւ: Այսօր մեզմէ քանինե՞ր լուռ ու մունջ կը մնան իրենց աչքերուն առջեւ կատարուած անարդարութիւններու վերաբերեալ, քանի-քանինե՞ր ո՛չ միայն լուռ կը մնան, այլ՝ իրենք եւս իրենց չկշռադատուած խօսքերով մեղսակից կը դառնան անարդարութիւններու: Ուստի, մարդ պէտք է ուշադրութիւն դարձնէ իր բերնէն ելած իւրաքանչիւր խօսքին համար, որովհետեւ ատոնց համար հանդերձեալին մէջ հաշիւ պիտի տայ, ինչպէս մեր Տէրը ուսուցանեց Լեռան քարոզին մէջ (տե՛ս Մտ 5.21-26):
Աստուածաշունչին մէջ երկխօսութեան այլ ցայտուն օրինակ մըն է Աստուծոյ հետ Աբրահամ Նահապետին ունեցածը՝ Սոդոմ եւ Գոմոր քաղաքներուն համար: Հետաքրքրական երկու պարագայ կայ այստեղ:
Առաջին. Տէր Աստուած նախքան Սոդոմն ու Գոմորը կործանելը հետեւեալը կ՚ըսէ.
«Միթէ Աբրահամէն պիտի պահե՞մ ինչ որ պիտի ընեմ. որովհետեւ Աբրահամ անշուշտ մեծ ու զօրաւոր ազգ մը պիտի ըլլայ ու երկրի բոլոր ազգերը անով պիտի օրհնուին: Քանզի գիտեմ զանիկա, որ իր որդիներուն ու իրմէ ետքը իր տանը պիտի պատուիրէ եւ անոնք արդարութիւն եւ իրաւունք ընելու համար՝ Տիրոջը ճամբան պիտի պահեն. որպէսզի Տէրը Աբրահամին վրայ բերէ, ինչ որ խօսեցաւ: Եւ Տէրը ըսաւ. “Որովհետեւ Սոդոմի ու Գոմորի աղաղակը շատցաւ եւ անոնց մեղքը խիստ ծանրացաւ, հիմա պիտի իջնեմ տեսնելու՝ թէ բոլորովին Ինծի եկած աղաղակին պէս ըրի՞ն եւ եթէ ոչ՝ գիտնամ”» (Ծն 18.17-21):
Երկրորդ. Աբրահամի ունեցած համարձակութիւնը եւ Աստուծոյ հետ երկխօսելու պատրաստակամութիւնը: Աբրահամ իր խօսքը Աստուծոյ ուղղելով՝ այսպէս կ՚ըսէ.
«Արդեօք ամբարիշտին հետ արդա՞րն ալ պիտի կորսնցնես. թերեւս այդ քաղաքին մէջ յիսուն արդար ըլլան, արդեօք անոր մէջ եղած յիսուն արդարին համար չխնայելով պիտի կորսնցնե՞ս այն տեղը: Քա՛ւ լիցի որ այսպիսի բան կատարես, որ արդարը ամբարիշտին հետ մեռցնես ու արդարը ամբարիշտի պէս ըլլայ: Քա՛ւ լիցի, միթէ բոլոր երկրի Դատաւորը արդարութիւն պիտի չընէ՞» (Ծն 18.23-25): Աբրահամ ինքզինք այնքա՜ն հարազատ կը զգար Աստուծոյ, որ համարձակութիւն կ՚ունենայ երկխօսութեան մէջ մտնելու Աստուծոյ հետ, բարեխօսելու համար այդ քաղաքին մէջ եղող հաւանական արդարներուն համար: Բնականաբար, Աբրահամ այդ համարձակութիւնը ունեցաւ, որովհետեւ նախ Աստուած իր հետ խօսեցաւ՝ յայտնելով Իր ծրագիրը, եւ ինք մինչեւ վերջ լսելէ ետք Աստուծոյ ըսածը, սկսաւ խօսիլ Անոր հետ: Տեղափոխուինք մեր օրեր. այսօր մենք ո՛չ միայն մեզի ընձեռուած առիթները չենք օգտագործեր բարեխօսելու համար արդաներուն համար, այլ՝ ընդհակառակը, ամէն առիթ կ՚օգտագործենք, որպէսզի չարախօսենք ու բամբասենք մարդոց մասին: Սորվի՛նք Հայր Աբրահամէ, եւ մենք ալ մեր կարգին, եւ այնպիսի իրավիճակներու մէջ յայտնուինք եւ գիտակցինք, թէ մեր խօսքը կրնայ որեւէ մէկ բան փոխել, Աստուծոյ ապաւինելով խօսինք ու փորձենք օգտակար ըլլալ մեր նմաններուն:
Այստեղ սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնեմ Տէր Աստուծոյ եւ Աբրահամ Նահապետի երկխօսութեան մնացեալ մասը, որպէսզի ա՛լ աւելի համոզուինք, որ շատ յաճախ մեր խօսքը կրնայ իրավիճակներ փոխել, արդար մարդիկ՝ անարդարութենէ փրկել:
Տէր Աստուած ի պատասխան Աբրահամ Նահապետի խօսքին, կ՚ըսէ.
«“Եթէ Սոդոմի մէջ յիսուն արդար գտնեմ, անոնց համար բոլորին պիտի խնայեմ”: Աբրահամ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. “Ահա հիմա, ես որ հող ու մոխիր եմ, Տիրոջ հետ խօսելու սկսայ. թերեւս յիսուն արդարէն հինգ պակաս ըլլայ, այն հինգին համար բոլոր քաղաքը պիտի կորսնցնե՞ս”: Տէրը ըսաւ. “Եթէ հոն քառասունհինգ տեսնեմ, չեմ կորսնցներ”: Դարձեալ խօսեցաւ Աբրահամ ու ըսաւ. “Թերեւս հոն քառասուն գտնուի”: Եւ Անիկա ըսաւ. “Քառասունին համար ալ պիտի չընեմ”: Եւ ինք ըսաւ. “Ո՜հ, Տէրը չբարկանայ ու խօսիմ. թերեւս հոն երեսուն գտնուի”: Տէրը ըսաւ. “Եթէ հոն երեսուն գտնուի, պիտի չընեմ”: Եւ ինք ըսաւ. “Ահա իմ Տիրոջս հետ խօսելու սկսայ. թերեւս հոն քսան գտնուի”: Անիկա ըսաւ. “Քսանին համար ալ պիտի չկորսնցնեմ”: Եւ ինք ըսաւ. “Ո՜հ, Տէրը չբարկանայ ու միայն այս անգամ ալ խօսիմ. թերեւս հոն տասը գտնուի”: Եւ Անիկա ըսաւ. “Տասին համար ալ պիտի չկորսնցնեմ”: Եւ Տէրը Աբրահամին հետ խօսիլը լմնցուցածին պէս՝ գնաց: Աբրահամ ալ իր տեղը դարձաւ» (Ծն 18.26-33):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 62
Վաղարշապատ