ԱԿՆԱՐԿ - 85 - ՇՆՈՒՏԱ ՀԱՅՐԱՊԵՏ. ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ. ՁԵՌՔ ԴՆԵԼ
Հարցում. Հոգեւորականներուն մարդոց գլուխին ձեռք դնելը դաւանաբանական եւ հոգեւոր ի՞նչ իմաստներ ունի:
Պատասխան. երբ եպիսկոպոսներէն կամ քահանաներէն մէկը իր ձեռքը մարդու մը վրայ կը դնէ, այս կը նշանակէ, որ այդ եկեղեցական հայրէն որոշ շնորհք մը կ՚անցնի այն մարդուն, որուն գլուխին դրած է իր ձեռքը:
Ի՞նչ է այդ շնորհքը: Ի՞նչ են ատոր տեսակները:
1.- ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Կրնայ ըլլալ, որ ձեռքը դրուի պարզապէս օրհնութիւն պարգեւելու համար: Ինչպէս պատահեցաւ երբ հայրերու հայրը՝ Յակոբ, իր ձեռքերը դրաւ Յովսէփի որդիներուն վրայ (աջը՝ Եփրեմին, իսկ ձախը՝ Մանասէին) եւ օրհնեց զանոնք (Ծն 48.13-20):
Ինչպէս նաեւ Տէր Յիսուս եւս նոյն ձեւով օրհնեց մանուկները. «Գրկեց զանոնք, Իր ձեռքերը անոնց վրայ դրաւ ու օրհնեց զանոնք» (տե՛ս Մր 10.16):
Կրնայ ըլլալ որ օրհնութիւնը ձեռքերը բարձրացնելով ալ տրուի եւ ո՛չ թէ ձեռքերը դնելով, մանաւանդ եթէ օրհնուողներուն թիւը մեծ է, եւ գործնականօրէն կարելի չէ մէկ կամ երկու ձեռք դնել անոնց վրայ:
Ասոր մասին Հին կտակարանին մէջ կայ Ահարոն Քահանայապետի օրինակը, թէ ինչպէս ժողովուրդը օրհնեց. «Ահարոնը իր ձեռքերը դէպի ժողովուրդը բարձրացուց եւ օրհնեց զանոնք» (Ղւ 9.22): Նոյն ձեւով ալ Տէրը օրհնեց առաքեալները. «Ապա զանոնք տունէն դուրս տարաւ դէպի Բեթանիա, ձեռքերը բարձրացուց եւ օրհնեց զանոնք» (Մր 24.50):
2.- ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՆ ՊԱՐԳԵՒԵԼ
Նախքան Սուրբ Միւռոնով Դրոշմի խորհուրդը կատարելը, առաքեալները իրենց ձեռքերը կը դնէին մարդոց վրայ, որով Սուրբ Հոգին կը ստանային: Ինչպէս պատահեցաւ սամարացիներուն, երբ Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալները իրենց ձեռքերը դրին անոնց վրայ, որով Սուրբ Հոգին ստացան (Գրծ 8.17): Տակաւին, ինչպէս պատահեցաւ Եփեսոսի ժողովուրդին, երբ Պօղոս առաքեալը իր ձեռքերը դրաւ անոնց վրայ, Սուրբ Հոգին անոնց վրայ հանգչեցաւ (Գրծ 19.6):
Ներկայիս այդ ձեւին փոխարէն կը գործածենք Ս. Միւռոնով կատարուող Դրոշմի խորհուրդը: Սակայն, ծեր կիներու պարագային՝ որոնք մեծ տարիքի կը մկրտուին, կարելի է ձեռքերը դնել՝ Սուրբ Հոգին պարգեւելու համար: Ինչպէս նաեւ մեծ տարիքի այր մարդոց՝ անոնց մարմինի երեւցող մասերը Միւռոնով դրոշմելէ ետք:
3.- ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ
Սարկաւագական եւ քահանայական բոլոր աստիճաններու ձեռնադրութեան, ամէն մէկ աստիճանի յատուկ ըսելիքը արտասանելով:
Եօթը սարկաւագներու ձեռնադրութեան ժամանակ, առաքեալները աղօթեցին եւ իրենց ձեռքերը դրին անոնց վրայ (Գրծ 6.6):
Նոյն ձեւով ձեռքեր դրուեցան Բառնաբասի եւ Սաւուղի վրայ (Գրծ 13.3): Պօղոս առաքեալը իր ձեռքը դրաւ իր աշակերտ՝ Տիմոթէոսին վրայ (Եփեսոսի եպիսկոպոսին), եւ յիշեցուց անոր, ըսելով. «Կը յիշեցնեմ քեզի, որ բոցավառ պահես այն շնորհքը որ Աստուած քեզի տուաւ՝ երբ քեզ ձեռնադրեցի (ձեռքերս դրի վրադ)» (Բ. Տմ 1.6): Ու խրատած է զինք այս ուղղութեամբ (ձեռնադրութիւն կատարելու՝ ձեռք դնելու), ըսելով. «Մի՛ աճապարեր ոեւէ մէկուն վրայ ձեռք դնելու, որպէսզի ուրիշներու մեղքերուն բաժնեկից չդառնաս» (Ա. Տմ 5.22):
4.- ԲԺՇԿՈՒԹԵԱՆ
Տիրոջ մասին ըսուած է. «Բոլոր անոնք որոնք զանազան ցաւերէ բռնուած հիւանդներ ունէին, Յիսուսի բերին: Յիսուս անոնցմէ իւրաքանչիւրին վրայ Իր ձեռքերը դնելով՝ կը բժշկէր զանոնք» (Ղկ 4.40): Իսկ տասնութ տարիներէ ի վեր հաշմանդամութեամբ տառապող կնոջ պարագային, կը կարդանք. «Յիսուս ձեռքերը անոր վրայ դրաւ, եւ կինը անմիջապէս բժշկուեցաւ եւ սկսաւ զԱստուած փառաւորել» (Ղկ 13.13):
Տէրը նոյն այդ զօրութիւնը տուաւ Իր սուրբերուն. «…Հիւանդներուն վրայ ձեռք պիտի դնեն եւ զանոնք բժշկեն» (Մր 16.16): Անանիա Դամասկացին իր ձեռքերը Տարսոնացի Սաւուղին վրայ դրաւ՝ որպէսզի կարենայ տեսնել (Գրծ 9.12): Իսկ Պօղոս առաքեալ իր ձեռքերը Պոպլիոսի հօր վրայ դրաւ, որ ջերմով եւ թանչքի ցաւերով հիւանդ էր, որով բժշկեց զինք (Գրծ 28.8):
5.- ԶՕՐՈՒԹԵԱՆ
Այս արտայայտութիւնը փոխաբերական իմաստով գործածուած է՝ որոշ զօրութիւն մը պարգեւելու կապակցութեամբ:
Ինչպէս ըսուած է. «Տիրոջ ձեռքը Եղիայի վրայ էր» (Գ. Թգ 18.46), այսինքն՝ Տէրը անոր զօրութիւն պարգեւեց: Նոյն բանը Եզեկիէլի համար ալ ըսուեցաւ. «Տիրոջ ձեռքը անոր վրայ էր» (Եզ 1.3), որով Տիրոջ ամպը, տեսիլքներ եւ յայտնութիւններ տեսաւ: Եզեկիէլ ըսաւ. «Այնտեղ, Տիրոջ ձեռքը վրաս էր» (Եզ 3.22), որով Տիրոջ փառքը տեսաւ:
Այս զօրութիւնը Կարմիր ծովը ճեղքելուն մէջ կ՚երեւի, ուր Տէրը Մովսէսին ըսաւ. «Ձեռքդ երկարէ ծովուն վրայ եւ ճեղքէ՛ զայն» (Ելք 14.16, 21):
6.- ՓՈԽԱՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆ
Զոհեր մատուցելու ժամանակ, որպէսզի մեղաւորները փոխարինէ, եւ որպէսզի անոնց մեղքերը անոնցմէ իրեն տանի:
Մեղաւորը իր ձեռքը զոհի գլուխին կը դնէր, որպէսզի փոխարինէ զինք, որով մեղքը իրմէ անոր կը փոխուէր, եւ ան իր փոխարէն կը մեռնէր, եւ զայն որպէս փրկագին կ՚ընդունէր…: Այդ պատճառով, ան իր մեղքը անոր գլուխին վրայ կը խոստովանէր, որպէսզի զոհը իր փոխարէն շալկէր զայն (մեղքը) (Ղւ 5.5):
Իր ձեռքը թող դնէ ողջակէզին վրայ (Ղւ 1.4), մեղքի զոհին (զուարակին) վրայ (Ղւ 4.4) եւ խաղաղութեան զոհին վրայ (Ղւ 3.2): Քաւութեան մեծ օրը, քահանայապետը իր ժողովուրդը ներկայացնելով՝ «իր ձեռքերը ողջ նոխազին գլուխին կը դնէր եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր մեղքերն ու անօրէնութիւնները կը խոստովանէր, զանոնք նոխազին գլուխին վրայ դնելով» (Ղւ 16.21):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ