Ալեքսանդր Սպենդիարեան. Հայ Դասական Երաժշտութեան Մեծատաղանդ Դրօշակիրը

Նո­յեմ­բեր 1-ին կը նշենք ծննդեան 146-րդ ­տա­րե­դար­ձը հայ դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան մե­ծա­տա­ղանդ վար­պե­տին՝ Ա­լեք­սանդր Ս­­պեն­դիա­րեա­նի (1871-1928)։

Հայ ժո­ղո­վուր­դի ե­րաժշ­տա­կան ժա­ռան­գու­թեան մէջ իր բարձ­րար­ժէք ներդ­-րու­մը ու­նե­ցող վար­պետն է ­Հա­յաս­տա­նի հո­ղէն հե­ռու ծնած ու ապ­րած, բայց հայ ազ­գի ու հայ­րե­նի­քի ա­մե­նէն ի­րաւ եւ ինք­նու­րոյն ե­րաժշ­տա­կա­նու­թիւ­նը լիա­թոք շնչա­ւո­րած ու աշ­խար­հին հա­ղոր­դած տա­ղան­դա­շատ ա­րո­ւես­տա­գէ­տը։

Ա­լեք­սանդր Ս­­պեն­դիա­րեան հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան ար­մատ­նե­րուն խո­րա­պէս թա­փան­ցած ու լիար­ժէք տի­րա­պե­տած ե­րա­ժիշտն է, որ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան բուռն ծաղ­կում ապ­րե­լով եւ ան­մահ եր­կեր ա­րա­րե­լով՝ հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն ժա­ռանգ յանձ­նեց այն­պի­սի հրա­շա­լի գոր­ծեր, ինչ­պի­սիք են «Ալ­մաստ» օ­փե­րան, նո­ւա­գա­խում­բի հա­մար գրո­ւած «Ե­րե­ւա­նեան է­տիւդ­ներ»ը եւ «Ղ­­րի­մի էս­քիզ­նե­ր»ը։­

Ինչ­պէս ա­րո­ւես­տի քննա­դատ­նե­րը կը վկա­յեն, Ս­­պեն­դա­րեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը կը զա­տո­րո­շո­ւին «հայ ազ­գա­յին դի­մա­գի­ծին հա­ւա­տա­րիմ մնա­լու իւ­րա­յատ­կու­թեամբ, կշռու­թայ­նու­թեամբ, բա­նաս­տեղ­ծա­կա­նու­թեամբ եւ քնա­րա­կա­նու­թեամբ»:

Իր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան գլուխ-գոր­ծո­ցը հան­դի­սա­ցող «Ալ­մաստ» օ­փե­րան ա­ռան­ձինն բա­ւա­րար է, որ­պէս­զի հա­յոց սե­րունդ­նե­րը ի­րենց յու­զաշ­խար­հին եւ ազ­գա­յին էու­թեան մէջ միշտ զգան ջեր­մու­թիւնն ու հա­րա­զա­տու­թիւ­նը հայ հո­գիի քնա­րա­կան զե­ղում­նե­րուն, խրոխտ կշռոյ­թին եւ խո­հուն ի­մաս­տու­թեան։

Հա­մա­հայ­կա­կան ու հա­մա­ռու­սա­կան տա­րո­ղու­թեամբ հաս­տա­տո­ւած մե­ծա-հըռ­չակ ար­ժէք էր Ա­լեք­սանդր Ս­­պեն­դիա­րեան եւ ար­դէն 54 տա­րե­կան էր, երբ 1924 թո­ւականին հայ­րե­նիք հրա­ւիրո­ւե­ցաւ Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ։ ­Վար­պե­տը հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւան եւ իր մեծ ա­ւան­դը ներդ­րաւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Գի­տու­թեան ու ա­րո­ւես­տի ­հիմ­նար­կի, ­Պե­տա­կան ե­րաժշ­տա­նո­ցի, Սիմ­ֆո­նիք նո­ւա­գա­խում­բի եւ ե­րաժշ­տա­կան հրա­տա­րակ­չու­թեան հիմ­նադր­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ:

Մեր ժո­ղո­վուր­դը իր ե­րա­ժիշտ ու եր­գա­հան վար­պե­տին ու ե­րաժշ­տա­կան բազ­մա­վաս­տակ դաս­տիա­րա­կին ըստ ար­ժան­ւոյն բազ­մե­ցուց հայ դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան հիմ­նա­դի­րի գա­հին։ ­Յետ մա­հու՝ Ե­րե­ւա­նի մէջ հիմ­նո­ւե­ցաւ Ս­­պեն­դա­րեա­նի ա­նո­ւան ­Տուն-թան­գարա­նը, վար­պե­տին ա­նու­նով կո­չո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յի եւ պա­լէի ա­կա­դե­մա­կան ­թատ­րո­նը, ինչ­պէս եւ՝ Ե­րե­ւա­նի թիւ ­մէկ ե­րաժշ­տա­կան դպ­­րո­ցը: Մե­ծար­ժէք ե­րա­ժիշ­տին ու եր­գա­հա­նին եր­կե­րու ամ­բողջ ընտ­րա­նին լոյս տե­սաւ 11 հա­տո­րեա­կով:

Ա­լեք­սանդր Ս­­պեն­դիա­րեա­նի Տուն-թան­գա­րա­նի կայ­քէ­ջը հե­տե­ւեալ ամ­փո­փու­մով կը ներ­կա­յաց­նէ վար­պե­տին կեանքն ու գոր­ծը, վաս­տակն ու ար­ժէ­քը.

Հայ դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան հիմ­նա­դիր, ե­րա­ժիշտ-եր­գա­հան, խմբա­վար, ման­կա­վարժ, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ Ա­լեք­սանդր Ա­ֆա­նա­սիի Ս­­պեն­դիա­րեա­նը ծնած է 1 ­Նո­յեմ­բեր 1871-ին, ­Տավ­րի­կեան նա­հան­գի Դ­­նեպ­րո­վեան գա­ւա­ռի ­Կա­խով­կա ա­ւա­նը (այժմ Ուք­րայ­նո­յ Խեր­սո­նի մարզ): Նախ­նի­նե­րը Հա­յաս­տա­նի հին մայ­րա­քա­ղաք Ա­նիէն սե­րած էին: Ե­րա­ժիշ­տի ման­կու­թիւնն ու պա­տա­նե­կու­թիւ­նը ան­ցած են Սիմ­ֆե­րե­փո­լի մէջ: Ս­­տեղ­ծա­գոր­ծա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը ե­րաժշ­տու­թեան, նկար­չու­թեան եւ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան նկատ­մամբ ի յայտ են ե­կած մա­նուկ հա­սա­կէն։

1882-էն 1890 իր տար­րա­կան ու միջ­նա­կարգ կրթու­թիւ­նը ստա­ցած է Սիմ­ֆե­րո­փո­լի կիմ­նա­զիա­յին մէջ: 1890-էն 1895 յա­ճա­խած է ­Մոս­կո­ւա­յի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նը: ­Մէկ տա­րի ու­սա­նած է Բնա­գի­տու­թեան հիմ­նար­կին մէջ, ա­պա տե­ղա­փո­խո­ւած է Ի­րա­ւա­բա­նու­թեան հիմ­նարկ:

Նո­ւա­գած է ու­սա­նո­ղա­կան նո­ւա­գա­խում­բին մէջ իբ­րեւ ա­ռա­ջին ջու­թակ: Ու­սա­նո­ղա­կան այդ տա­րի­նե­րուն, զու­գա­հե­ռա­բար, շա­րու­նա­կած է ջու­թա­կի իր դա­սե­րը մեծ թատ­րո­նի դե­րա­սան ­Պե­կարս­կիի եւ ե­րաժշ­տա­կան յօ­րի­նու­մի տե­սու­թեան դա­սե­րը ռուս ե­րա­ժիշտ ու ազ­գագ­րա­գէտ Ն. Ս. Կ­­լե­նովս­կիի մօտ: Իսկ 1896-էն 1900 ե­րաժշ­տա­կան յօ­րի­նու­մի մաս­նա­ւոր դա­սեր ա­ռած է ռուս մե­ծահռ­չակ ե­րա­ժիշտ Ն. ­Ռիմս­կի Կոր­սա­կո­վի մօտ:

1901-էն 1917, հաս­տա­տո­ւած ու ապ­րած է Խ­­րի­մի մէջ՝ ծա­ւա­լե­լով ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան, խմբա­վա­րա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ հա­սա­րա­կա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն: Այս շրջա­նին հաս­տա­տո­ւած են իր բա­րե­կա­մա­կան մտեր­միկ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ­Չե­խո­վի, ­Կորքիի, Ռե­պի­նի, ­Ռախ­մա­նի­նո­վի, ­Շա­լեա­պի­նի, Կուպ­րի­նի, Կ­­լա­զու­նո­վի, ­Լեա­դո­վի, Կ­­յո­ւիի, Ա­րենս­կիի, Պ­­լու­մեն­ֆել­տի եւ Զպրո­ւե­ւա­յի ար­ժէ­քով մե­ծե­րու հետ, ո­րոնք յա­ճախ կը հիւ­րըն­կա­լո­ւէին Ս­­պեն­դիա­րեան­նե­րու Եալ­թա­յի ա­ռանձ­նա­տան մէջ:

Խ­­րի­մի մէջ իր ու­նե­ցած ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թեան շրջա­նին է, նաեւ, որ Ս­­պեն­դիա­րեան 1917-ին ձեռ­նար­կեց, Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Բա­նաստեղծ ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեա­նի «Թմբ­­կաբեր­դի ա­ռու­մը» եր­կա­րա­շունչ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան հի­ման վրայ, «Ալ­մաստ» օ­փե­րա­յի ստեղ­ծու­մին, որ ա­ւար­տուն տեսք ստա­ցաւ միայն 1923-ին։ «Ալ­մաստ»ը ե­ղաւ Ա­լեք­սանդր Ս­­պեն­դիա­րեա­նի ե­րա-ժըշ­տա­կան ժա­ռան­գու­թեան եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ու­ղիին զար­գաց­ման գա­գաթ­նա­կէ­տը։

Հայ­կա­կան ազ­գա­յին ինք­նու­րոյն օ­փե­րա­յին ա­րուես­տի զար­գաց­ման ա­ռու­մով՝ «Ալ­մաստ»ը նշա­նա­ւո­րեց հիմ­նա­կան ու կա­րե­ւոր դար­ձա­կէտ մը։ Իր ար­հես­տա­վարժ-մաս­նա­գի­տա­կան կա­տա­րե­լու­թեամբ, ե­րաժշ­տա­կան-թատ­րեր­գա­կան յա­գե­ցո­ւա­ծու­թեամբ, ինչ­պէս եւ ձե­ւի, բո­վան­դա­կա­յին խոր­քի ու ե­րաժշ­տա­կան ար­տա­յայտ­չա­մի­ջոց­նե­րու վար­պե­տու­թեամբ, կո­թո­ղա­կան այս ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը հա­սաւ դա­սա­կան կա­տա­րե­լու­թեան՝ իր ար­ժա­նի տե­ղը գրա­ւե­լով հա­մաշ­խար­հա­յին օ­փե­րա­յին ա­րո­ւես­տի լա­ւա­գոյն նմոյշ­նե­րու շար­քին։

1924-ին ­Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խո­ւե­լէ ետք, Ս­­պեն­դիա­րեան ձեռ­նար­կեց ե­րաժշ­տա­կան մշա­կոյ­թի զար­գաց­ման լայ­նա­ծա­ւալ աշ­խա­տանք­նե­րու: Իր ջան­քե­րով Ե­րե­ւա­նի Ե­րաժշ­տա­նո­ցին մէջ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ա­ռա­ջին նո­ւա­գախմ­բա­յին դա­սա­րա­նը եւ կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ ա­ռա­ջին սիմ­ֆո­նիք նո­ւա­գա­խում­բը, ո­րուն անդ­րա­նիկ հա­մեր­գը ան­ձամբ ղե­կա­վա­րեց Ալեքանդր Սպեն­դիա­րեան ինք։

1926 թո­ւականին մեծ ե­րա­ժիշ­տը ար­ժա­նա­ցաւ Հա­յաս­տա­նի «ժո­ղովր­դա­կան ար­տիստ»ի եւ Ե­րե­ւա­նի Ե­րաժշ­տա­նո­ցի «ա­ռա­ջին պրո­ֆե­սոր»ի կոչ­ման:

Ա­լեք­սանդր Ս­­պեն­դիա­րեան մահացաւ Ե­րե­ւան՝ 1928-ի ­Մա­յիս 7-ին, թո­քե­րու բոր­բոք­ման հե­տե­ւան­քով։

Վար­պե­տը հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն կտա­կեց ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան հա­րուստ եւ բազ­մա­ժանր ժա­ռան­գու­թիւն մը. ­Մէկ օ­փե­րա՝ «Ալ­մաստ»ը, սիմ­ֆո­նիք եր­կեր՝ «Ե­րե­ւա­նեան է­տիւդ­ներ» (1925), «Ղ­­րի­մեան էս­քիզ­ներ» (1903-1912), «Ե­րեք ար­մա­ւե­նի» սիմ­ֆո­նիք պատ­կեր (ըստ Մ. ­Լեր­մոն­տո­վի - 1905), «Է­տիւդ հրէա­կան թե­մա­նե­րով», «­Կոն­ցեր­տա­յին նա­խեր­գանք» (1900), «Կոն­ցեր­տա­յին վալս», կա­մե­րա­գոր­ծի­քա­յին եր­կեր, «Կան­տա­բի­լէ», «Պ­­րե­լիւդ» լա­րա­յին քա­ռեա­կի հա­մար, «­Վալս», «­Բար­կա­րո­լա», «­Մե­նո­ւետ», «Ս­­կեր­ցօ», ռո­մանս­ներ, ձայ­նա­յին-գոր­ծի­քա­յին եր­կեր: Իր ե­րեք ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն հա­մար՝ «Ե­րեք ար­մա­ւե­նի» սիմ­ֆո­նիք պատ­կեր 1908-ին, «­Բե­դա քա­րո­զի­չը» լե­գեն­դը 1910-ին եւ «­Մենք կը հանգս­տա­նանք» մե­լո­դեկ­լա­մա­ցիան 1912-ին, Ս­­պեն­դիա­րեան ար­ժա­նա­ցած է Կ­­լինքա­յի ա­նո­ւան մրցա­նա­կի:
Հայ դա­սա­կան ե­րաժըշ-տու­թեան հիմ­նա­դի­րը գրեց ստե­ղծա­գոր­ծու­թիւն­ներ նաեւ նո­ւա­գա­խում­բե­րու հա­մար:

Յայտ­նի են ա­զա­տու­թեան պայ­քա­րի հա­մար որ­պէս կոչ հնչող Խաչատուր Ա­բո­վեա­նի «­Վէրք ­Հա­յաս­տա­-նի»ի ներշնչու­մով գրո­ւած «Այն­տեղ, այն­տեղ, դէպ վեր այն դաշ­տը» ե­րաժշ­տա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը, «Առ Հա­յաս­տան» եւ այլն:

Ս­­պեն­դա­րեան անգ­նա­հա­տե­լի ա­ւանդ ու­նե­ցաւ հայ­կա­կան ազ­գա­յին ե­րաժշ­տա­կան յօ­րին­ման դպրո­ցի եւ ա­նոր ո­ճա­կան ինք­նատ­պու­թեան ձե­ւա­ւոր­ման գոր­ծին մէջ: Ան ար­դա­րօ­րէն կը հա­մա­րո­ւի նաեւ հայ­կա­կան սիմ­ֆո­նիզ­մի հիմ­նա­դի­րը:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

«Եռագոյն» կայքէջ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2016