ՎԵՐ­ՋԻՆ ՏԱ­ՐԵ­ԴԱՐ­ՁԸ

«Վա­ղը ա­մու­սի­նիս տա­րե­դարձն է, ի­րի­կու­նը մեր բո­լոր հա­րա­զատ­ներն ու բա­րե­կամ­նե­րը պի­տի գան. պէտք է ա­մէն ինչ իր ու­զա­ծին պէս պատ­րաս­տեմ, մա­նա­ւանդ ի­րեն ա­մե­նա­սի­րե­լի քաղց­րե­ղէ­նին՝ Նա­փո­լիո­նին հա­մը պէտք է իր քիմ­քին գո­հա­ցում տայ: Ու­րիշ ի՞նչ պատ­րաս­տեմ, կ՚ու­զեմ որ ա­մէն ինչ ձեռ­քիս գոր­ծը ըլ­լայ, դուր­սէն պատ­րաստ բան մը պի­տի չապսպ­րե­մ»:

Այս­պէս կը մտա­ծէր Սրբուկ, որ քսան­չորս տա­րուան ա­մուս­նա­ցած կին մըն է, սա­կայն այս տա­րի շատ ա­ւե­լի խան­դա­վառ է, քա­նի որ նոր տուն փո­խադ­րուած են ա­նոնք ու բաժ­նուած են կես­րոջ­մէն ու տա­լոջ­մէն: Սրբուկ կը սի­րէր ու կը յար­գէր իր կե­սու­րը, տա­լը, լու­սա­հո­գի կես­րայ­րը. ա­նոնք մէկ ըն­տա­նի­քի պէս էին:

Երբ հարս ե­կաւ Սրբուկ, այն­պէս զգաց որ տա­կա­ւին կը մնայ իր հօրն ու մօ­րը տու­նը, միայն հայրն ու մայ­րը փո­խուած են: Սրբու­կին ա­մու­սի­նը՝ Յո­վա­կիմ ըն­տա­նի­քին մէկ հա­տիկ տղայ զա­ւակն էր, ու­նէր քոյր մը: Բո­լո­րը ի­րա­րու հետ, եր­կար տա­րի­ներ, հա­մե­րաշխ ապ­րե­ցան. հար­ցեր կը պա­տա­հէին ան­շուշտ, ինչ­պէս բո­լոր ըն­տա­նիք­նե­րուն մէջ, բայց հոս հա­սու­նու­թիւ­նը, փոխ­զի­ջու­մը, հաս­կա­ցո­ղու­թիւնն ու գի­տակ­ցու­թիւ­նը կը հար­թէր ա­մէն հարց: Եր­բեք ա­ռան­ձին չէր մնա­ցած Սրբուկ այդ տան մէջ, ա­ռան­ձին՝ մա­նա­ւանդ ա­մուս­նոյն հետ, միայն գի­շե­րա­յին ան­կո­ղի­նի ջեր­մու­թիւ­նը եր­բեմն կը փաս­տէր ա­նոնց միու­թիւ­նը, որ շատ յա­ճախ չէր ալ պա­տա­հեր:

Տա­րի­նե­րը գլո­րե­ցան, Սրբուկ ե­րեք զա­ւակ ծնաւ, ո­րոնք հի­մա ար­դէն մէյ մէկ ե­րի­տա­սարդ­ներ են: Տան մէջ քնա­նա­լու տեղ չմնաց, ուս­տի Յո­վա­կիմ ո­րո­շեց ա­ռան­ձին տուն մը գնել եւ բաժ­նուիլ ըն­տա­նի­քէն: Շատ դժուար էր ա­նոր հա­մար այս ո­րոշ­ման յան­գի­լը, քա­նի որ ան իր մօր­մէն բաժ­նուե­լու գա­ղա­փա­րին եր­բեք չէր հա­մա­կեր­պեր: Եր­կար-եր­կար մտա­ծեց, մօ­րը հետ ալ խորհր­դակ­ցե­ցաւ, եւ մա­նա­ւանդ զգաց, որ բա­ժա­նու­մը մօր հանգս­տու­թեան հա­մար ալ ձեռն­տու է, տա­րի­քը ա­ռած է ու ծե­րու­թիւ­նը ա­նոր սե­մին կանգ­նած, խա­ղաղ տան մը մէջ ա­ւե­լի հան­գիստ կ՚ը­նէ ան: Քոյրն ալ կայ, որ կրնայ հոգ տա­նիլ մօ­րը:

Ա­հա զա­ւակ­նե­րը մեծ­ցան ու իւ­րա­քան­չիւ­րը ըն­կե­րա­յին շրջա­նակ մը կազ­մեց: Աղ­ջի­կը աչ­քա­ռու ե­րի­տա­սար­դու­հի մըն է, ո­րուն հա­մար թեկ­նա­ծու­նե­րը ար­դէն սկսած են տան դու­ռը թա­կել: Մինչ, եր­կու ե­րի­տա­սարդ ման­չե­րը կ­­՚ու­սա­նին եւ խա­ղաղ սե­նեակ­նե­րու մէջ դաս պատ­րաս­տե­լու պէտ­քը կը զգան: Այս բո­լոր մտա­ծում­նե­րու եզ­րա­կա­ցու­թեամբ առ­նուե­ցաւ տուն գնե­լու ո­րո­շու­մը:

Նոր տան մէջ, Սրբուկ նախ կը տխրէր, կը զզուէր ա­ռանձ­նու­թե­նէն, բայց հետզ­հե­տէ զգաց որ այս­պէս շատ ա­ւե­լի հան­գիստ է: Ի՛ր տունն է: Ի՛նք միայն ըն­տա­նի­քին հոգ պի­տի տա­նի, ա­նոնց ճա­շը ի՛նք պի­տի պատ­րաս­տէ:

Նախ­քան փո­խադ­րուի­լը Սրբու­կին ըն­կե­րու­հի­նե­րը կ­­՚ը­սէին Սրբու­կին, որ ա­ռան­ձին ա­մուս­նա­կան կեան­քը տար­բեր է՝ հոն միայն կը զգաս ըն­տա­նիքդ, զա­ւակ­ներդ ա­ռան­ձինդ կը դաս­տիա­րա­կես, ա­մուս­նոյդ հետ ա­ռան­ձին ժա­մա­նակ կ­­՚ան­ցը­նես. այս­պէս պէտք է ըլ­լայ ա­մուս­նա­կան կեան­քը, աս կեան­քին լաւն ու վա­տը ա­ռան­ձին պէտք է դի­մա­ւո­րես ու կեան­քի փորձ շա­հիս. սա­կայն Սրբուկ խո­տոր բա­ներ չէր նկա­տեր եւ կա­րիքն ալ չէր զգար ա­ռանձ­նա­նա­լու:

Հի­մա է որ կը հասկ­նայ ըն­կե­րու­հի­նե­րուն այդ խօս­քե­րը, ճիշդ կը հա­մա­րէ ա­նոնց իւ­րա­քան­չիւր հնչիւ­նը, քա­նի հի­մա կ՚ըն­կա­լէ «ըն­տա­նի­ք» բա­ռին իս­կա­կան ի­մաս­տը, ճիշդ է որ զա­ւակ­նե­րը մեծ­ցած են, բայց եւ այն­պէս ա­նոնց աս տա­րի­քը եւս ա­ռան­ձին վա­յե­լե­լը տար­բեր զգա­ցում մըն է: Իսկ ա­մու­սի­նը, ո­րուն հան­դէպ կոյր սէր մը մշա­կուած էր, յան­կարծ հի­մա աչ­քե­րը կը բա­ցուին, կու­րու­թիւ­նը կը փա­րա­տի, ու կը զգայ այն, զոր չէր զգա­ցած ա­մուս­նոյն հան­դէպ: Ան­կաշ­կանդ հպում­ներ, ան­հա­շիւ գիր­կընդ­խառ­նում­ներ, կրքոտ համ­բոյր­ներ ու կար­ծես ե­րի­տա­սարդ սի­րոյ ծած­կուած ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը հի­մա լոյս աշ­խարհ կու գան: Սրբուկ ինք­զինք կը զգայ նոր հար­սի պէս. նոր զգա­ցում մ­­՚է այս, որ եր­բեք չէ ապ­րած:

Ու մե­ռեալ փա­փաք մը կ­­՚արթն­նայ ա­նոր մէջ, որ «ե­րա­նի»­նե­րու շարք մը կը հիւ­սէ, բայց ո՛չ, քայլ մը ետ կ­­՚առ­նէ ու «ե­րա­նի»­նե­րը կը փո­խա­րի­նէ «փառ­ք­»ե­րով: Փառք կու տայ Բարձ­րեա­լին, որ ար­ժա­նա­ցուց զինք այս օ­րե­րուն եւս, ա­ւե­լի լաւ է ուշ, քան՝ եր­բեք. այս­պէս մտա­ծե­լով, հրճուան­քով ու խան­դա­վա­ռու­թեամբ ե­ռու­զե­ռի մը կը մատ­նուի:

Խո­հա­նո­ցին մէջ յա­ջորդ օ­րուան պատ­րաս­տու­թիւ­նը կը դա­սա­ւո­րէ, թուղ­թի մը վրայ ցան­կագ­րած է ար­դէն ու՝ բո­լոր գնում­նե­րը կա­տա­րած, ապ­րանք­նե­րու կոյ­տե­րը զի­րար յար­մարց­նե­լով կար­գի կը բե­րէ, որ մէ­կիկ-մէ­կիկ բա­ղադ­րու­թիւն­նե­րը օգ­տա­գոր­ծէ: Ու ա­հա այդ պա­հուն անն­կատ ձեռք մը կը հպի մէջ­քին, ա­պա համ­բոյր մը կը դրոշ­մուի ծոծ­րա­կին, Սրբուկ կը զգայ ա­մուս­նոյն բոյ­րը, կը դառ­նայ ու փո­խա­դարձ զգա­ցում­նե­րու գիր­կընդ­խառ­նում մը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ:

Յա­ջորդ օ­րուան բու­րում­նա­ւէտ ա­նու­շե­ղէն­նե­րը, խմո­րե­ղէն­նե­րը, պտուղ­նե­րու տե­սա­կա­նին ու խմիչ­քը ար­դէն պատ­րաստ են: Սրբուկ իւ­րա­քան­չիւ­րին մէջ կա­թե­ցու­ցած է սէր ու եր­ջան­կու­թիւն, ո­րոնք ա­ւե­լի հա­մեղ բոյր մը պար­գե­ւած են պատ­րաս­տուած տե­սա­կա­նիին:

Յո­վա­կի­մին յի­սու­նե­րորդ տա­րե­դարձն է. հրա­ւի­րեալ­նե­րը կու գան ու տան գե­ղեց­կու­թեամբ կը հմա­յուին, բայց նաեւ՝ ա­նոնք կը նկա­տեն Սրբու­կին աչ­քե­րուն փայլ­քը, որ կ՚ար­տա­ցո­լայ դէմ­քին վրայ՝ ա­նոր ե­րի­տա­սարդ գե­ղեց­կու­թիւն մը պար­գե­ւե­լով:

Գե­ղե­ցիկ սե­ղա­նին շուրջ կը հա­մախմ­բուին հա­րա­զատ­ներ ու բա­րե­կամ­ներ, կեր ու խու­մը կը սկսի, ա­մէն ոք ու­րախ է, մինչ կե­նաց­նե­րուն մաղ­թանք­նե­րը կը քաղց­րա­նան եր­կար տա­րի­նե­րու կեանք ցան­կա­լով Յո­վա­կի­մին եւ իւ­րա­քան­չիւր կե­նա­ցի մաղ­թան­քէն ետք կը լսուի Սրբու­կին սրտա­բուխ «ա­մէ­ն­»ը:

Ե­րի­տա­սարդ զա­ւակ­նե­րը ա­նակն­կալ մը պատ­րաս­տած են Յո­վա­կի­մին: Դուստ­րը դաշ­նա­մուր նուա­գող մըն է, ու կը սկսի դաշ­նա­մու­րի թու­շե­րուն հպե­լով գե­ղե­ցիկ ե­րաժշ­տու­թիւն մը սփռել, ո­րուն կը ձայ­նակ­ցին եր­կու ե­րի­տա­սարդ եղ­բայր­նե­րը՝ դաշ­նա­մու­րին եր­կու կող­մե­րը կանգ­նած աս­պետ­նե­րը:

Բայց Սրբու­կին ամ­բողջ նե­րաշ­խար­հը յան­կարծ խոր տխրու­թեամբ մը կը լե­ցուի, ան չ՚ու­զեր ար­տա­յայ­տուիլ, բայց աչ­քե­րը կ՚ար­ցուն­քո­տին: Ու ան­բա­ցատ­րե­լի զգա­ցում մը կ­­՚ապ­րի, ներ­քուստ կը խեղ­դուի կար­ծես: Ո՛չ, ո՛չ եր­ջան­կու­թեան ար­ցունք­ներ չեն ա­սոնք, այս­պէս կը զգայ ան, նա­խազ­գա­ցում մը կ­­՚ապ­րի երբ գէշ բան մը պի­տի պա­տա­հի իր ա­մե­նա­մօտ հա­րա­զատ­նե­րուն: Նոյն զգա­ցու­մը ապ­րած էր կես­րայ­րին մա­հուան նա­խօ­րէին, նաեւ՝ անդ­րա­նիկ զաւ­կին ար­կա­ծին լու­րը չհա­սած, որ­մէ հրաշ­քով փրկուած էր հի­մա դէ­մը կանգ­նած ե­րի­տա­սարդ զա­ւա­կը:

Կեղծ ժպիտ մը կը գծագ­րուի Սրբու­կին դէմ­քին վրայ: Կը մօ­տե­նայ զա­ւակ­նե­րուն, տրա­մադ­րու­թիւ­նը փո­խե­լու հա­մար կը փոր­ձէ ճո­խու­թիւն մը ստեղ­ծել եւ եր­գին ե­րաժշ­տու­թիւ­նը չա­ւար­տած կ­­՚ընդ­մի­ջէ.

-Տա­րե­դարձ է այ­սօ՜ր,- զա­ւակ­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն:

Կար­կան­դա­կը կը բե­րուի, ա­մուս­նոյն դի­մաց կը տե­ղա­ւո­րուի ու բո­լո­րը շուր­ջը կը հա­ւա­քուին: Ըն­տա­նի­քին անդ­րա­նի­կը ինք­նի­կով մը կը յա­ւեր­ժաց­նէ այս պա­հը:

Տա­րե­դար­ձին տի­րոջ գոյ­ժը յա­ջորդ օ­րուան յետ­մի­ջօ­րէին կը մթագ­նէ բո­լո­րին սրտերն ու հո­գի­նե­րը:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

 

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2016