ԱՆՐԻ ԹՐՈՒԱՅԱ (ԼԵՒՈՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ, 1911-2007). ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ՎԱՐՊԵՏԸ

Նոյեմբեր 1-ին, 106 տարի առաջ, լոյս աշխարհ եկաւ Լեւոն Թորոսեան անունով հայազգի արժանաւոր մանուկ մը, որ կոչուած էր Անրի Թրուայա գրչանունով իր բարձրադիր պատուանդանը նուաճելու ֆրանսական գրականութեան աշխարհահռչակ տաղանդներու փաղանգին մէջ։ Ֆրանսական գրականութեան հայազգի վարպետը 96 տարի ապրելու բախտը ունեցաւ եւ մինչեւ ծերունազարդ իր կեանքին վերջին օրերը գրիչը վար չդրաւ եւ շարունակեց ստեղծագործել ու արժանանալ միլիոնաւոր իր երկրպագուներու հիացմունքին։

Արմաւիրի չերքէզահայ Թարասովներու տոհմէն սերած էր 20-րդ դարու գրական աշխարհը նուաճած հայ ժողովուրդի մեծատաղանդ այս զաւակը, որ թէեւ իր աշխարհահռչակ Անրի Թրուայա գրչանունով ուղղակիօրէն չկապուեցաւ հայ գրականութեան ածուին, բայց արժանաւորապէս մարմնաւորեց հայկական ծագումով մեծարժէք ֆրանսացի գրողի կերպարը։

Աւելի՛ն. նաեւ սեփական ժողովուրդի ճակատագրին հետ ուղղակի կապուածութեան ապացոյցներ տուաւ Անրի Թրուայա իր երկարամեայ կեանքի ընթացքին, մանաւանդ իր մահէն քանի մը տարիներ առաջ, երբ իր ստորագրութեամբ միացաւ հայկական հարցի ճանաչումն ու դատապարտումը պահանջող՝ միջազգային հռչակի տէր հայազգի մեծանուն դէմքերու հաւաքական կոչ-դիմումին։ Հակառակ ընդհանրապէս քաղաքական եւ հասարակական յանձնառու գործունէութենէ հեռու մնալու իր ծանօթ վարքագծին։ Բացառութեան կարգով կատարուած իր այդ քայլը Անրի Թրուայա բացատրեց հետեւեալ հիմնաւորումով.- «1915-ին տեղի ունեցածը չէ ջնջուած մարդոց յիշողութենէն։ Կը կարծեմ՝ Ֆրանսան, որ համարձակութիւն ունեցաւ դատապարտելու բոլոր միւս ցեղասպանութիւնները, որոնք տեղի ունեցած են 1915-էն յետոյ, պէտք է համերաշխ ըլլայ անցեալի իրադարձութեանց վկաներուն հետ, իրադարձութիւններ՝ որոնք մէկ անուանում ունին. յանցագործութիւն՝ ընդդէմ մարդկութեան»։

Ֆրանսահայ մեծանուն գրողի ծննդեան 106-րդ տարեդարձին առիթով կ՚արժէ ընդգծել, նաեւ, որ Անրի Թրուայայի ստեղծագործութիւնը էապէս կապուեցաւ ռուսական մշակոյթին հետ։ Ռուս ժողովուրդի պատմութիւնը եւ յատկապէս 1917-ի մեծ յեղափոխութիւնը խոր ազդեցութիւն գործեցին Թրուայայի ստեղծագործական աշխարհին վրայ եւ ներշնչման աղբիւր դարձան ոչ միայն գրական վէպերու, այլեւ պատմական խորաթափանց մենագրութիւններու՝ նուիրուած թէ՛ Ցարական կայսրութեան մեծ կերտիչներուն (ինչպէս՝ Իվան Ահեղ, Մեծն Պետրոս եւ Կատարինէ ցարուհի), թէ՛ ռուսական գրականութեան աշխարհահռչակ հսկաներուն (ինչպէս՝ Պուշկին, Թոլսթոյ եւ Տոսթոյեւսքի)։

Տարբեր չէր կրնար ըլլալ գրողի եւ պատմաբանի հոգեմտաւոր աշխարհը 1 Նոյեմբեր 1911-ին Մոսկուա ծնած Լեւ Ասլանի Թարասովի (յետագային հայացուած վերանուանումով՝ Լեւոն Ալեքսանդրի Թորոսեանին), որ մեծահարուստ յարկի տակ անցուց իր մանկութեան առաջին տարիները, վայելեց ամէն կարգի շռայլութիւն, ունեցաւ առանձին հոգատարներ եւ զուիցերացի դաստիարակուհի, հմտացաւ ռուսերէնին ու ֆրանսերէնին եւ կապուեցաւ համապատասխան մշակոյթներուն։ Բայց այդ բոլոր բարիքներէն յանկարծ զրկուեցաւ, երբ պոլշեւիկներու իշխանութեան գլուխ գալով՝ տանուտէր Ալեքսանդր Թորոսեանը ընտանեօք հեռացաւ Մոսկուայէն, վերադարձաւ Կովկաս եւ սպասեց պոլշեւիկներու իշխանութեան… մօտալուտ անկումին։ Բայց երբ դէպքերը հակառակ ուղղութեամբ զարգացան եւ սպիտակռուսերը շարունակական պարտութիւններ կրեցին, Ալեքսանդր Թորոսեան 1920-ին որոշեց եւ կրցաւ, իր ընտանիքով, սպիտակռուսերը պոլշեւիկեան հալածանքէն փրկող վերջին նաւը բարձրանալ Խրիմէն, անցնիլ Պոլիս (ուր Հայաստանի Հանրապետութեան ատենի դեսպանատան կողմէ ստացաւ հայկական՝ Լեւոն Ալեքսանդրի Թորոսեան անունով անցագիր) եւ հոնկէ ալ Փարիզ, որ դարձաւ Թորոսեաններու վերջնական բնակավայրը։

Հազիւ 9 տարեկան Լեւոնի համար Ֆրանսան դարձաւ իսկական հայրենիք՝ թէ՛ լեզուամտածողութեան կազմաւորման, թէ՛ ուսման ու քաղաքացիական պատկանելութեան առումներով։ Սկզբնական տարիներուն Թորոսեանները ապրեցան մեծահարուստ սպիտակռուս աքսորականներու շրջանակին մէջ եւ անոնց բարեկեցիկ թաղամասին մէջ (Neuilly արուարձանէն ներս), բոլորին պէս հաւատալով եւ յուսալով, որ շուտով փուլ պիտի գար «Սովետական կայսրութիւնը»։ Բայց այդ սպասումը ապարդիւն անցաւ եւ Լեւոնի ծնողները աստիճանաբար մատնուեցան նեղութեանց, որովհետեւ դիւրին չէր այդ օրերու Փարիզին մէջ մեծահարուստ ռուսերու կենցաղով ապրիլ։ Ծնողքը ծանր պարտքերու տակ ինկան եւ ստիպուեցան տեղափոխուիլ աւելի համեստ պայմաններով բնակութեան շրջան։

Պատանի Լեւոն ցմրուր ճաշակեց այդ յուսախաբութեանց եւ նեղութեանց դառն բաժակը, բայց ի տարբերութիւն ծնողներուն՝ շատ աւելի արագ եւ դիւրութեամբ համարկուեցաւ ֆրանսական իրականութեան մէջ։ Ուսանեցաւ եւ աւարտեց Սորպոնի համալսարանի իրաւաբանութեան ճիւղը, 1933-ին ստացաւ ֆրանսական քաղաքացիութիւն, զօրակոչուեցաւ բանակ, ծառայեց երկու տարի եւ, այնուհետեւ, երկար տարիներ պետական պաշտօնի կոչուեցաւ Սենի ոստիկանութեան պիւտճէական բաժնին մէջ։ Թէեւ Թրուայա դիւրութեամբ ընտելացաւ ֆրանսական կեանքին, այսուհանդերձ՝ ռուս աքսորականներու դաժան ճակատագիրը եւ ռուսական հասարակափոխութեան մեծ ողբերգութիւնը խոր անդրադարձ ունեցան գրելու բնատուր տաղանդով օժտուած Լեւոնի վրայ, որ աշակերտական տարիներէն արդէն լծուած էր ստեղծագործական բեղուն աշխատանքի։

Գրական իր սկզբնական քայլերէն իսկ ան հրապարակ եկաւ Անրի Թրուայա գրչանունով եւ ֆրանսերէնով։ Ուսման եւ ապրուստի ապահովման աշխատանքի կողքին, գիշերները նուիրեց գրական ստեղծագործութեան։ Այդ շրջանի Թրուայայի պատմուածքներն ու վիպակները շատ արագ ժողովրդականութիւն գտան եւ հեղինակը արժանացուցին, 27 տարեկանին, գրական հեղինակաւոր «Քոնքուրի մրցանակ»ին։

Այդ մրցանակէն ետք Թրուայա ամբողջապէս նուիրուեցաւ գրական ստեղծագործութեան եւ պատմական հետազօտութեանց։

1959-ին՝ արդէն հանրայայտ գրող, Անրի Թրուայա ընտրուեցաւ Ֆրանսայի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի անդամ եւ իր արժանի տեղը գրաւեց «Քառասուն անմահներու» փաղանգին մէջ:

Աւելի քան 70-ամեայ իր ստեղծագործական կեանքի ընթացքին Թրուայա հեղինակ դարձաւ հարիւրէ աւելի վէպերու, վիպակներու, նորավէպերու, յուշագրութիւններու, պատմավէպերու, կենսագրական վէպերու, պատմական ու գեղարուեստական ստեղծագործութիւններու, որոնց մեծ մասը կը համարուի համաշխարհային գրականութեան մնայուն արժէքներ:

Հայազգի մեծատաղանդ գրողի հսկայական ժառանգութեան մաս կը կազմեն համաշխարհային հռչակ վայելող այնպիսի գործեր, ինչպիսիք են՝ «Սարդը», «Խաբուսիկ լոյս»ը, «Կեղծ օր»ը, «Ցանցեր»ը, «Ընդհանուր գերեզման»ը, «Աստուծոյ դատաստան»ը, «Գլուխն ուսերուն»ը, «Եւայի ժեստը», «Սգաւոր ձիւնը», «Էկլեթիէրներու ընտանիքը», «Թակարդ»ը, «Ցանք եւ հունձք»ը, «Արդարներու լոյսը», «Ապագայի ժառանգները», «Մինչեւ վաղը, Սիլվի»ն, «Երրորդ երջանկութիւն»ը եւ այլ ստեղծագործութիւններ:

27 տարեկանին իր ստացած հանրայայտ «Քոնքուր (Prix Goncourt) մրցանակ»էն ետք, Թրուայա արժանացաւ Ֆպանսական Գրականութեան եւ մշակոյթի հրամանատարի շքանշանին, ինչպէս նաեւ «Պատուոյ լեգէոնի մեծ խաչին» ու բազմաթիւ այլ պարգեւներու եւ մրցանակներու:

Անոր գիրքերը թարգմանուած են աշխարհի շատ լեզուներով:

1994-ին, Ֆրանսայի ամենայայտնի հետազօտական հաստատութեան՝ Sofres-ի կատարած մէկ հարցախոյզին համաձայն, Թրուայա կը շարունակէր մնալ ֆրանսացիներու ամենասիրելի գրողը։

Անրի Թրուայա առյաւէտ փակեց աչքերը 96 տարեկանին՝ 2 Մարտ 2007-ին, իր ստեղծած պատկառելի գրական ժառանգութեան կողքին սերունդներուն կտակելով ֆրանսացիի ու հայու (աւելի ճիշդ՝ ինչպէս ինք պիտի ըսէր, «ռուսական հայու») բարդ եւ ուսանելի համարկում մը։

Ֆրանսահայու իւրայատուկ կերպար մը՝ որուն ներաշխարհին եւ խորախորհուրդ հակասութիւններուն ու հաշտեցումներուն մասին դեռ իր սպառիչ խօսքը չէ ըսած հայ գրականագիտութիւնը։

Անրի Թրուայայի ծննդեան տարեդարձին առիթով, ընթերցողը մեծատաղանդ գրողին ստեղծագործական փիլիսոփայութեան հաղորդ դարձնելու կը ծառայէ հարցազրոյցէ մը քաղուածաբար թարգմանուած հետեւեալ խորհրդածութիւնը. «Վիպասանին համար ամենէն կարեւորն է՝ ձգել իր կերպարներուն, որ ապրին ազատ, թափանցել՝ անոնց մորթին մէջ, ենթարկուիլ՝ անոնց ճակատագրին, կարծես ատիկա գրողին սեփականը ըլլայ, եւ բացայայտել զայն՝ քայլ առ քայլ։

«… Ժամանակակից գրականութիւնը շատ բազմազան է, հետեւաբար՝ շատ աշխոյժ: Այնքան ատեն, որ մէկը կը շարունակէ գրել ըստ իր խառնուածքին եւ ոչ թէ ըստ որեւէ դպրոցի կանոններուն, գրականութիւնը Ֆրանսիայի մէջ լաւ կ՚ընթանայ: Ես կը շարունակեմ հաւատալ, որ վէպի մը էութիւնը աւելի կարեւոր է, քան ձեւը: Մեծ վիպասանները նշանաւոր դարձած են ո՛չ այն պատճառով, որ անոնք յայտնաբերած են ոճ, կառուցուածք, բառերը շարադրելու անսովոր ձեւ մը, այլ որովհետեւ անոնք ընթերցողին տուած են իւրայատուկ լուսաւորում եւ աշխարհին նայելու նոր ձեւ մը»:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 3, 2017