Մուտքը Բացարձակապէս Արգիլուած Է
Անշուշտ ասիկա չի վերաբերիր ընթացիկ աշխատանոցներու, սեփական կալուածներու եւ գրասենեակներու, ուր հասկնալի կ՚ըլլայ մուտքի արգելքը: Աշխարհի վրայ կան այնպիսի վայրեր, շրջաններ, ուր չեն կրնար մտնել ոչ միայն սովորական մահկանացուներ, այ-
լեւ՝ մեծահարուստներ, բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ընկերային բարձր դիրքերու վրայ գտնուող անձնաւորութիւններ: Բնականաբար այսպիսի պարագաներու մարդոց հետաքրքրութիւնը աւելի ու աւելի կը սրի եւ արկածախնդիրներ կը փորձեն թափանցել այդ վայրերը:
Խորհրդաւոր այսպիսի վայրեր անշուշտ առատ նիւթեր կը հայթայթեն առասպելներու, պատմութիւններու եւ շարժապատկերներու:
Կը ներկայացնենք առեղծուածային, խորհրդաւոր վայրերու փունջ մը՝ քաղուած «ԱտՄի.Ռու» եւ «Էքսփրես» կայքէջերէն:
*
ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆ, ՎԻՐՃԻՆԻԱ
Ամերիկայի Վիրճինիա նահանգին մէջ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան համար կառուց-ւած գաղտնի թաքստոցը, որ մասամբ տեղակայուած է Մաունթ Ուիզըր լերան տակ: Իրականութեան մէջ ՖԵՄԱ արտակարգ գործողութիւններու կեդրոնը կրնայ կառավարել երկիրը ճգնաժամային իրավիճակի պարագային: Կը նշուի, որ կեդրոնին մէջ կը գործեն խիստ օրէնքներ, իսկ օտարներու մուտքը, նոյնիսկ կեդրոնի հարակից տարածքներ, խստիւ արգիլուած է:
ՇՓԻՑՊԵՐԿԸՆԻ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՍԵՐՄՆԱՊԱՀՈՑԸ, ՆՈՐՎԵԿԻԱ
Այս վայրը կարելի է տարատեսակ սերմերու «Նոյեան տապան» համարել: Ասիկա կ՚երաշխաւորէ, որ համաշխարհային տարերային աղէտի պարագային մարդկութիւնը կը կարողանայ վերականգնել ոչնչացած սերմնատեսակները: Անշուշտ աւելորդ է ըսել, որ մուտքը բացարձակապէս արգիլուած է:
ՎԱԼԷ ՏՕ ԵԱՒԱՐԻ ԱՐԳԵԼՈՑ, ՊՐԱԶԻԼ
Ամազոնի անտառներու արգելոցին մէջ (85 հազար քառակուսի քիլօմեթր) հարիւրամեակներ շարունակ արտաքին աշխարհէն մեկուսացած պայմաններու մէջ կ՚ապրին զանազան ցեղախումբեր, որոնց անդամներուն թիւը կը հասնի 3 հազարի, որոնց մէջ կան այնպիսի ցեղախումբեր, որոնք բնիկներէ բացի, այլ մարդոց հետ յարաբերութիւն չեն ունեցած:
Զանոնք միայն կարելի եղած է նկարել օդէն, իսկ անոնց եւ անոնց լեզուներուն առընչուող քիչ մանրամասնութիւններ յայտնի են: Անոնց անվտանգութիւնը ապահովելու համար Պրազիլի իշխանութիւնները արգիլած են մարդոց մուտքը:
«ՏԻԶՆԻՅԵԱՆ ԱԿՈՒՄԲ 33», ՆԻՒ ՕՐԼԷԱՆ, ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ
Ասիկա կը նկատուի Տիզնիլենտի գաղտնի ընկերակցութիւնը, որուն գոյութեան մասին գիտեն միայն անոր անդամները: «Տիզնիյեան ակումբ 33»ը, իբրեւ գաղտնի ընկերակցութիւն, հիմնադրուած է 1967 թուականին, Ուոլթ Տիզնիի կողմէ: Ակումբին անդամակցած են գործարարներ, քաղաքական գործիչներ, յայտնի անձնաւորութիւններ, որոնք այցելած են Տիզնիլենտ: Հետաքրքրական է, որ գաղտնի ընկերակցութեան անդամակցելու համար անհրաժեշտ է 14 տարի սպասել կարգի, ինչպէս նաեւ՝ 10.450-27.500 տոլարի սահմաններուն մէջ մուտքի գումար վճարել, առաւել՝ 18 հազար տոլար տարեկան անդամավճար:
ԷՍ ՎԵՏՐԱ ԵՐԿՐԱՄԱԳՆԻՍԱԿԱՆ ԿՂԶԵԱԿ, ՍՊԱՆԻԱ
Քարքարոտ ու ժայռոտ Էս Վետրան ընդգրկուած է Պալէարեան կղզիներու կազմին եւ երկրամագնիսական ուժի առումով աշխարհի մէջ կը գրաւէ 3-րդ դիրքը՝ զիջելով միայն Պերմուտեան եռանկիւնին եւ հիւսիսային բեւեռին:
Կղզի այցելելը արգիլուած է մարդիկը անկանխատեսելի ուժէ պաշտպանելու համար: Էս Վետրայի մէջ ճարտարագիտական որեւէ սարք կը խանգարուի, իսկ կողմնացոյցի սլաքը կը սկսի խառնիխուռն շարժումներ ընել՝ ցոյց տալով տարբեր ուղղութիւններ:
ՍՊԱՆԻՈՅ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԳԻԼԱԾ Է ԿՂԶԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ: ՕՁԵՐՈՒ ԿՂԶԵԱԿ, ՊՐԱԶԻԼ
Փոքր կղզի մը՝ Պրազիլի ափամերձ շրջանին մէջ, ուր կը գտնուին աշխարհի ամենէն մահացու 4 հազար օձերը: Անոնց թոյնը կը հալեցնէ մարդկային մարմինը: Այնքան վտանգաւոր է, որ Պրազիլի կառավարութիւնը արգիլած է այցելուներու մուտքը:
«ՏԱՐԱԾՔ 51», ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ
«Տարածք 51»ը գաղտնի խարիսխ մըն է Միացեալ Նահանգներու Նեւատա անապատին խորերը: Ոմանք կը հաւատան, որ շրջանին մէջ կը գտնուին այլմոլորակային ճարտարագիտական սարքեր, կամ՝ գերփորձառական օդանաւեր:
Մուտքը բացարձակապէս արգիլուած է «Տարածք 51», որ շրջապատուած է ականներով եւ՝ լաւապէս պաշտպանուած:
ԹԱԳՈՒՀԻԻՆ ՆՆՋԱՍԵՆԵԱԿԸ, ԱՆԳԼԻԱ
Ննջասենեակը կը գտնուի Պեքինկհամ պալատին խորքը եւ խիստ հսկողութեան, պաշտպանութեան տակ է: Թէեւ 1982 թուականին Միքայէլ Ֆական անունով մարդ մը յաջողեցաւ մտնել ննջասենեակը:
Ասիկա նկատուեցաւ արքայական ամենէն մեծ անվտանգութեան խախտումներէն մէկը:
ՍՊԻՏԱԿԱՄՈՐԹ ԱԶՆՈՒԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱԿՈՒՄԲ, ԱՆԳԼԻԱ
Ասիկա հնագոյն եւ ամենէն անմատչելի ակումբն է Անգլիոյ մէջ: Անդամներն են՝ արքայական ընտանիքէն անձնաւորութիւններ, ազնուականներ, քաղաքական բարձրաստիճան դէմքեր եւ մեծահարուստ գործարարներ: Կիներու մուտքը արտօնուած չէ, սակայն Էլիզապեթ Բ. թագուհին 300 տարուան այս օրէնքը խախտեց՝ 1991 թուականին ակումբ այցելելով:
ԼԱՍՕ ՔԱՐԱՆՁԱՒՆԵՐԸ, ՖՐԱՆՍԱ
Պատերը ծածկուած են 17.300 տարուան հնութիւն ունեցող որմնանկարներով, որոնց հեղինակները առաջին մարդկային արարածներն են: Նկարները կը պատկերեն անասուններ եւ երկրաչափական ձեւեր:
Քարանձաւները, ուր հանրութեան համար մուտքը արգիլուած է 1963 թուականէն ի վեր, սնկային խոր-հըրդաւոր յարձակումներու շարքի մը վտանգին ենթարկուած են:
ՊՈՀԵՄԱԿԱՆ ՊՈՒՐԱԿ, ԳԱԼԻՖՈՐՆԻԱ
Ամէն ամառ, շուրջ հարիւր յիսուն տարիներէ ի վեր, այս ծածուկ, գաղտնի վայրը կը հիւրընկալէ աշխարհի ամենէն հզօր, ազդեցիկ մարդոց հաւաքը: Կիներու ներկայութիւնը արտօնուած չէ: Պոհեմական պուրակին մէջ այս առանձին, դռնփակ ժողովները ուղղակի պատասխանատու են «Մանհաթան նախագիծ»ին, որ առաջնորդած է հիւլէական ռումբի մշակման:
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՊԱՀԱՊԱՆ ԿՂԶԻ, ՊԵՆԿԱԼԻ ԾՈՑ
Բնիկ փոքր ցեղախումբի մը քանի մը հարիւր անդամներով բնակուած կղզի մը, որ ամբողջովին առանձնացած է:
Հնդկաստանի պետութիւնը այցելութեան համար արգիլեալ շրջան յայտարարած է: Մուտքը նոյնիսկ աւելի դժուար կը դառնայ, որովհետեւ կ՚ըսուի, թէ բնիկները ներքին մղում մը ունին սպաննելու օտարականներ: Ծանօթ է, որ բնիկները նետեր եւ նիզակներ կ՚արձակեն եւ խոշոր քարեր կը նետեն:
ԻՍԷԻ ՀՈՅԱԿԱՊ ՏԱՃԱՐԸ, ՃԱԲՈՆ
Այս վաղեմի Շինտօ տաճարը նուիրուած է Ամատերասու աստուածուհիին: Տաճարին ներքնամասին կը գտնուի սուրբ ձեռագործ մը՝ Սուրբ Հայելի, որ կը ներկայացնէ իմաստութիւնը կամ ազնուութիւնը: Ժամանակին անիկա գողցուած է, հրկիզուած, կորսուած եւ նոյնիսկ ծով նետուած: Բայց բաւական խորհրդաւոր կերպով՝ յայտնաբերուած:
ՄՈՐՄՈՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԳԱՂՏՆԻ ՆԿՈՒՂԸ, ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ
Լերան կողին մէջ խորունկ մխրճուած նկուղը խիստ հսկողութեան տակ կը գտնուի: Հոն կան 3 միլիառ էջեր՝ բազմաթիւ ամերիկացիներու ծննդաբանութեան եւ ընտանիքի պատմութեան վերաբերեալ:
Այցելուները միայն նկուղներուն դռները կրնան դիտել, մուտքը արգիլուած է:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան
Հարթակ
- 05/09/2025