ԲԱՐԵՐԱՐ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ

Արդէն վեցերորդ ամիսնը գլտորեցինք առանց Վահան Իշխանեանին։ Կեանքի մէջ կան մարդիկ, կան նաեւ ընկերներ, որոնք կրնան անմիջական կապի մէջ չըլլալ հետդ, կրնան շատ հեռու ապրիլ, կրնան նոյնիսկ այլ երկիր մը փոխադրուած ըլլալ, սակայն կարեւոր չէ, անոնց բարերար ներկայութիւնը, անոնց տեսակը, անոնց գոյնն ու էութիւնը անխափան կերպով կը շարունակէ մնալ առօրեայիդ մէջ։

Վահանը անոնցմէ մին էր. մէկը, որուն հետ կրնայիր մեծ վէճերու կիզակէտին յայտնուիլ, սակայն օրեր անց միայն վերստին բարեկամանալ, վերստին ընկերանալ ու վերստին վիճիլ։

Վահանին հետ ծանօթութիւնս սկիզբ առած էր 90-ականներու աւարտին, երբ անմիջական կապի մէջ էի գրողներու շրջանակի կարգ մը ազնիւ, ազնուագոյն ընկերներու հետ։ Գուրգէն Խանճեան, Վահան Թամարեան, Լեւոն Խեչոյեան, Լեւոն Ջաւախեան, Ռաֆայէլ Նահապետեան, Գրիգոր Յակոբեան, Սեւան Տէյիրմենճեան եւ տակաւին շատ ու շատ անուններ, սակայն այս անուններուն առանցքայինը Վահանն էր։ Ան ո՛չ միյան գրականութեան կողքին լրագրութեան զինուոր էր, այլեւ Վահանին համար մեծ նշանակութիւն ունէր արեւմտահայոց բանն ու գիրը։ Գիտէր սփիւռքի նրբութիւնները, ընկալումները, գիտէր Պոլիսը իր հազարամեայ խորհուրդներով ու գիտէր նաեւ Պէյրութը, որպէս արդիական սփիւռքի նորաստեղծ համայնք իր մեծ ու փոքր ալիքներով ու պայքարներով։

Վահանը մեր մէջ ամենահայն էր։

Երեւանի ամենէն «նեղ» առանցքի մանրամասնութեամբ, ամենէն թաքուն պատումով, ամենէն «երեւանեան» առօրեայով, նաեւ սփիւռքի ամենէն «լայն» հասակցութեամբ, համայնքներու եւ գաղութներու համ ու հոտով, համալսարանի օրերէն իրեն «նուէր» մնացած ընկերներու աւանդով եւ յիշողութիւններով։ Իբր այդ, Վահանը դարձաւ ու մնաց՝ որպէս ամենէն շատ երանգ ունեցող, ամենէն շատ մեր գոյներն ու ջղայնութիւնները իմացող, սակայն ամենէն շատ իր ու մեր Հայաստանը պաշտող մարդը։

Այո՛, Վահան Իշխանեան ամենէն աւելի կը պաշտէր Հայաստանը. այդ կարօտին մէջ ապրեցաւ, այդ կարօտով լիացաւ ու այդ կարօտով ալ հեռաւոր Գանատայի մէջ... մեզմէ բաժնուեցաւ։ Այստեղ կը դժուարանամ ըսել, որ Վահան Իշխանեան մահացաւ, որովհետեւ այնքան ատեն որ անոր գիրը կենսունակ է, այնքան ժամանակ որ անոր գիրը ապրող ու ապրեցնող է, Վահանը պիտի շարունակէ ապրիլ։

Ան պիտի ապրի, հակառակ անոր, որ մասնաւորապէս վերջին ամեակներուն լրագրութեան դռները փակուեցան իր առջեւ ու ինչ-ինչ պատճառներով Վահանը դարձաւ «լուսանցքի բնակիչ»։ Խորքին մէջ բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն այդպէս ընել, լուսանցքայնացնել Վահան Իշխանեանը, պահու մը համար կը մոռնային եւ գուցէ կ՚ուրանային, որ Վահանը մի՛շտ իրադարձութիւններու կիզակէտին էր։ Շատ լաւ գիտէր Հայաստանի ներքաղաքական պայքարներու արմատները, անցեալը ու գիտէր նաեւ, որ ի՛նչ կրնայ պատահիլ վաղը։ Վերլուծող միտք էր ան, անհանգիստ միտք մը, պայքարի ելած միտք մը, որ մինչեւ իր կեանքի աւարտն ու վերջին շունչը ապրեցաւ Հայաստանի մեծ ու փոքր հոգսերով։

Անշուշտ, տակաւին կարելի է երկար գրել Վահան Իշխանեան լրագրողին մասին, որ ունէր ուրոյն գիծ, հետաքննող երակ եւ ճշմարտութիւնները ջուրի երես հանելու տաղանդ, որ շատ յաճախ աշխատեցաւ իր դէմ ու այդ պատճառով ալ քծնանքէ եւ շողոքորթութենէ հեռու ապրող լրագրող Վահանը դարձաւ ու մնաց լրագրութեան համայնքի «անտեսուած ասպետ»ը։ Բոլոը, նոյնիսկ իր դէմ վատաբանութիւններ կատարողները շատ լաւ կը հասկնային, որ Վահանը իր գրածին, իր ստորագրութեան եւ իր խօսքին տէրն է, հաւանաբար այդ պատճառով ալ փակեցին բոլոր հնարաւոր դռները իր առվեւ։ Ու ինչքան դժուար էր Վահանին համար այն տառապանքը, որ կը գոյանար արժապատիւ աշխատանք մը, մնայուն եւ բարւոք կեանք մը մէջտեղ բերելու համար պաշտօն մը չունենալու իրողութիւնը։

Տակաւին երկար պիտի գրուի Վահանին մասին ու այստեղ մեր եւ յառաջիկայ տողերուն մէջ գանատահայ մտաւորական Ռաֆֆի Աճէմեանի կողմէ արտասանուած դամբանական խօսքը պարզապէս նախերգանք մըն են այն ընկերոջ մասին, որ այսօր մեր հետ չէ, սակայն անոր յիշատակը, անոր մաքուր ժպիտը եւ աներեր ձայնն ու մշտանորոգ գաղափարաներն ու գիրը կը թեւածեն մեր մտքերուն ու հոգիներուն մէջ։

*

Հինգ տարի առաջ էր, կարծես երէկ ըլլար։ Վահանը զանգեց, Մոնթրէալ եմ ըսաւ։ Տեսնուինք։ Երկար ատենէ ի վեր ծանօթ էինք, անշուշտ, քանի մը տարի առաջ Հայաստան ալ տեսնուած ու անձամբ ծանօթացած, սակայն Մոնթրէալի մէջ առիթ պիտի ըլլար իրարու հետ աւելի յաճախակի շփուելու՝ ընկերական ու մտերիմ մթնոլորտի մէջ։ Շատ աղուոր բարեկամութիւն մը ստեղծուեցաւ, մտաւորական բարեկամութիւն մը՝ Հայաստան-սփիւռք մտքերու հանդիպումի ընդհանուր յայտարարի մը տակ։ Սակայն ատկէ շատ աւելին էր Վահանը, աշխարհի լայն տարածքներուն՝ թէ՛ մտաւորական իմաստով, թէ՛ մշակութային՝ իր անսահման հետաքրքրութեամբ ու հոյակապ կերպով բաց մտքով, միաժամանակ մինչեւ ակունքները գացող հայրենասիրութեամբ մը՝ կապուած Հայաստանի հողին ու իրականութեան։ Որքան կ՚ափսոսար երբ կը խօսէր Հայաստանի մէջ վերջին տարիներու ապիկարութիւններուն ու ձախողութիւններուն մասին։ «Պատկերացնո՞ւմ ես, որ մարդիկ սերունդներով ապրել են պապենական իրենց հողերուն վրայ ու ալ հոն հայ պիտի չապրի...», կ՚ըսէր։ Կարդացէ՛ք մեծ հօրը, որուն անունը կը կրէր՝ Վահան Չերազի մասին գեղեցիկ գրութիւնները։ Այնքա՜ն յուզիչ է տեսնել, թէ որքան նուիրումով փարած են մարդիկ հայրենիքի գաղափարին, Պոլիսը ձգած, եւրոպաները ու ամերիկաները ձգած եկած հաստատուած են այն ատեն հազիւ երկիրի նմանիլ սկսող կտոր մը հողին վրայ։ Ի՜նչ վեհ նպատակներով եկեր ու քանի մը տարի չանցած իրենց կեանքերը վրայ տուեր։ Չվերջացող ողբերգութիւն մըն է կարծես, կը զգաք ատիկա Վահան Չերազ երէցի գրած նամակներուն մէջ, օրինակ, սակայն, նոյն ատեն անհաւատալիօրէն վարակիչ է հոն գաղափարի պայծառութենէն բխող լաւատեսութիւնը՝ ընդդէմ ամէն դժուարութեանց։ Վահան Չերազ կրտսերն ալ այդպէս էր։ Թէեւ որոշ չափով զգացած էր, որ առժամաբար պէտք էր հեռանալ Հայաստանէն, տեսնելով որ գրչին առջեւ փակուեր էին լրագրութեան դռները, սակայն մօտէն կը հետեւէր ու այնքա՜ն բուռն կերպով կը հակազդէր քաղաքական իրադարձութիւններուն։ Չէր հանդուրժեր սուտն ու կեղծիքը ու մեր երկրին վերջին հարիւր տարուան պատմութիւնը քաջ գիտնալով, բնազդային կերպով կը զգար վտանգները ու զառածումները ամէն քայլի ետեւ։ Անկախութենէն ասդին քաղաքական բոլոր սադրանքներն ու իրադարձութիւնները գոց գիտէր, ամենայն մանրամասնութեամբ, թուականներով ու անուններով։ Ծանօթ է ձեզի հրապարակագրական իր վաստակը։ Սուր գրիչը չէր խնայեր բոլոր քծնող ու ազգադաւ կեցուածքներէ։ Նոյն ատեն սակայն անհաւատալի կարդացող էր։ Կը սիրէր ամէն լեզուի գրականութիւն կարդալ, կը սիրէր համաշխարհային ֆիլմարուեստն ու սինեման ու յաճախ կը գրէր կարդացածին ու տեսածին մասին «Ինքնագիր» հանդէսին, անձնական պլոկին, ինչպէս նաեւ Դիմատետրի էջերուն։ Իր ներկայութիւնը Մոնթրէալ մեր կեանքը ճոխացուցած էր եւ անձնապէս երախտապարտ եմ այն առիթին համար, որ ունեցանք քանի մը տարի զինքը գոնէ իսկապէս վայելելու, իրեն հետ կրքոտ ու երկար զրոյցներն ու իր համայնասփիիռ հետաքրքրասիրութիւնը։ Իր մեկնումով Մոնթրէալը կարծես կ՚ամայանայ։ Մենք կ՚ամայանանք, կորսնցնելով զինք ո՛չ միայն իբրեւ սիրելի ընկեր, այլ որպէս սփիւռք-Հայաստան հայութիւն, որովհետեւ Վահանը այն քիչ զրուցակիցներէն էր, որ ո՛չ միայն խորապէս ծանօթ էր մեր ժողովուրդի երկու ափերուն, ո՛չ միայն գիտէր, կարդացած էր, այլ մեծցած էր ուղղակի տան մը մէջ, ուր սփիւռք եւ Հայաստան անընդհատ շփումի մէջ եղած էին սկիզբէն։ Կը պատմէր ինչպէս ամէն Հայաստան այցելող մտաւորական կամ ծանօթ դէմք իրենց տունը այցի կու գար. չէ՜ որ հայրը Ռաֆայէլ Իշխանեանն էր, մայրն ալ Բիւրակն Չերազ-Անդրէասեանը, այդ զոյգ՝ կրկնակի կերպով մտաւորական մականուններով իսկ հայութեան ապագան երազողները ի մի բերող՝ Մինաս Չերազի Պոլիսէն մինչեւ Անդրանիկ Անդրէասեանի Գալիֆորնիան։ Այդ զրոյցն է, որ աստիճան մը կ՚ամայանայ այսօր, որովհետեւ Վահանը կամրջողներու այն ցեղէն էր, հազուագիւտ արարածներ, որոնք մէկ երկրի երկու երազները իրենց անձին ու մտքին մէջ իրարու կրնան կապել ու քով քովի բերել։ Վկայ՝ վերջին 15 տարիներուն ծաւալած փոխադարձ ծանօթացման այն գործունէութիւնը, որ կը դրսեւորուէր Երեւանի մէջ «Ինքնագիր» ակումբի գրական հանդիպումներու շարքերով ու հրատարակչական գեղեցիկ գործունէութեամբ։ Իսկական սփիւռք-Հայաստան հանդիպում մը եղան անոնք, մտաւորական հանդիպում, հեռու՝ փառասիրական ու լոզունգային որեւէ սին կոչերէ։ Որովհետեւ այդ ալ Վահանն էր. չէր ախորժեր ու հեռու կը մնար ցուցամոլական բոլոր փուճ արարքներէն, մինչ իր փնտռածը միշտ բան մը սորվիլն էր դիմացինին մասին ու բան մը աւելցնել շրջապատին վրայ։ Առանց հաշիւի տուող էր, խրոխտ լրագրողի կողքին՝ մտաւորական փնտռտուքի ծարաւով ապրող համեստ ու իսկական աշխատաւոր մը։ Լոյսերու մէջ հանգչիս սիրելի Վահան։ Ձգած բացդ մեծ է։ Վաստակդ ու յիշատակդ կը մնան մեզ մխիթարող։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 3, 2022