ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Առակաց գիրքին մէջ թշնամիները ատելու կամ անոնց նեղութիւններով ու կրած տառապանքներով ուրախանալու կամ չուրախանալու մասին որեւէ մէկ բան գրուա՞ծ է:

Պատասխան. Այո, գրուած է: Առակաց 24-րդ գլուխին 17-18 համարներուն մէջ կը կարդանք. «Երբ քու թշնամիդ իյնայ՝ մի՛ ուրախանար, ու երբ ոտքը սահի՝ քու սիրտդ թող չցնծայ: Չըլլայ որ Տէրը տեսնէ եւ իրեն անհաճոյ երեւնայ եւ իր բարկութիւնը անոր վրայէն դարձնէ»:

Այս համարներուն ձեւով մը լուսաբանութիւնը կրնանք գտնել Տէր Յիսուսի հետեւեալ խօսքերունմէջ. «Լսեր էք արդարեւ որ ըսուած է. “Սիրէ՛ ընկերդ եւ ատէ՛ թշնամիդ”: Իսկ Ես կ՚ըսեմ ձեզի.- Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, օրհնեցէ՛ք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք ձեզ ատողներուն եւ աղօթեցէք անոնց համար, որոնք ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն: Այսպիսով դուք ձեր Երկնաւոր Հօր զաւակները պիտի դառնաք, որովհետեւ Ան Իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը տեղացնէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ: Եթէ միայն ձեզ սիրողները սիրէք, Աստուծմէ ի՞նչ վարձատրութիւն կրնաք սպասել: Մաքսաւորներն ալ նոյնը չե՞ն ըներ: Նմանապէս, եթէ միայն ձեր ազգակիցներուն հետ բարեկամութիւն ընէք, հեթանոսներէն աւելի ի՞նչ ըրած կ՚ըլլաք: Անոնք ալ նոյնը չե՞ն ըներ: Արդ, դուք կատարեալ եղէք, ինչպէս որ ձեր Երկնաւոր Հայրը կատարեալ է» (Մտ 5.43-48):

Թշնամիները սիրել չսիրել, ատել չատելը միշտ ալ խնդրոյ առարկայ հարց եղած է շատերուն համար: Շատեր Տէր Յիսուսի խօսքերը տկարութեան որպէս նշան կ՚ընդունին, մինչ իրականութեան մէջ այդպէս չէ, ընդհակառակը, զօրութեան նշան է, որովհետեւ ինչպէս ըսուած է իրենց թշնամիները կրնան սիրել ու ներել միայն անոնք, որոնք զօրաւոր են, տկարները չե՛ն կրնար այդ բանը ընել:

Անդին, պէտք է ճիշդ հասկնալ թէ ի՛նչ ըսել կ՚ուզուի, երբ կը թելադրուի մեզի մեր թշնամիները սիրել: Պօղոս առաքեալ այսպէս կը գրէ հռոմայեցիներուն. «Որորվհետեւ, եթէ Աստուած Իր Որդիին մահովը մեզ Իր հետ հաշտեցուց դեռ այն ատեն՝ երբ տակաւին թշնամի էինք Իրեն, հիմա որ ա՛լ հաշտուած ենք՝ որքա՜ն աւելի վստահութեամբ կրնանք ըսել՝ թէ պիտի փրկուինք Քրիստոսի կեանքով: Եւ ոչ միայն այսքան. այլ տակաւին կը պարծենանք նաեւ Աստուծմով, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի շնորհիւ, որուն միջոցաւ հիմա հաշտուեցանք Աստուծոյ հետ» (Հռ 5.10-11):

Հարցնենք. Քրիստոսով մեզի ձրիօրէն պարգեւուած հաշտութենէն ետք, երբ մենք շարունակենք թշնամանալ Աստուծոյ, Աստուած անհետեւեա՞նք ու առանց վարձատրութեա՞ն պիտի ձգէ մեր թշնամանքը, չէ՞ որ յաւիտենապէս դատապարտութեան պիտի ենթարկէ՝ համաձայն մեր գործերուն: Հետեւաբար, թշնամիները սիրել դեռ եւս չի՛ նշանակեր ամենաթողութիւն շնորհել կամ ոչխարի հոգեբանութեամբ առաջնորդուիլ, այլ՝ թշնամիները սիրել կը նշանակէ նախ եւ առաջ նմանիլ մեր Երկնաւոր Հօր, երկրորդ, ընթանալ արդարութեան եւ ճշմարտութեան շաւիղներով: Ա՛յս է թշնամիները սիրելու կարեւորագոյն հասկացողութիւններէն մէկը, եւ ո՛չ թէ ինչպէս շատեր կը փորձեն բացատրել կամ ներկայացնել, որպէս տկարութեան եւ թուլութեան արարք: Դարձեալ կը կրկնենք ըսուած ճշմարտութիւնը, թէ՝ իրենց թշնամիները կրնան սիրել ու ներել միայն անոնք, որոնք զօրաւոր են, տկարները չե՛ն կրնար այդ բանը ընել:

Թշնամիները սիրելը, ինչպէս ըսինք, մեզ մեր Երկնաւոր Հօր նման կը դարձնէ, եւ մեր թշնամիները սիրելով փաստած կ՚ըլլանք այն անհերքելի իրողութիւնը, որ մենք ստեղծուած ենք Աստուծոյ պատկերով եւ նմանութեամբ (տե՛ս Ծն 1.26-27): Միւս կողմէ, պէտք չէ մոռնանք, որ թշնամիները սիրել, չի՛ նշանակեր թուլութիւն եւ տկարութիւն:

Իսկ Առակացի իմաստուն հեղինակին թելադրութիւնը յստակ է, որ մարդ պէտք չէ ուրախանայ իր թշնամիին կրած չարչարանքներով եւ նեղութեամբ, որովհետեւ Աստուած կը տեսնէ մարդուն ներսիդին, կը ճանչնայ անոր սիրտին ուղղութիւնը եւ այդ չարախնդութիւնը շատ յաճախ կրնայ իրենց վերադարձնել, որով մարդ պէտք է զգոյշ ըլլայ եւ չուրախանայ իր թշնամիներուն տառապանքներով, միշտ յիշելով, որ Աստուած մեղաւորին մահը չ՚ուզեր, այլ՝ անոր դարձի գալն ու փրկուիլը (տե՛ս Եզ 18.23): Հետեւաբար, պէտք է զգոյշ ըլլանք, եւ մենք մեզ փորձութեան չմատնենք, ինչ բանը կրնայ զրկել մեզ Աստուծոյ ներկայութենէն, կը հեռացնէ մեզ Անկէ եւ դէպի կորուստ կ՚առաջնորդէ:

Աւարտենք, Շնուտա Գ. Հայրապետին հետեւեալ հարցումին՝ ի՞նչ կը նշանակէ Տիրոջ հետեւեալ խօսքը. «Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները» (Մտ 5.44): Ինչպէ՞ս կարելի է այդ մէկը կատարել, տուած պատասխանով: Հայրապետը կը բացատրէ.

* Ընկերը սիրելը սովորական բան մըն է, որ կրնան նոյնիսկ հեթանոսն ու հերետիկոսը կատարել զայն... Սակայն, թշնամին սիրելը վսեմ բարքն է, զորս Տէրը կ՚ուզէ որ ունենանք: Ան կ՚ուզէ, որ չարութիւնը ատենք եւ ո՛չ թէ չարերը, ատենք մեղքը եւ ո՛չ թէ մեղաւորները: Մեղաւորները պարզապէս զոհերն են սխալ հասկացողութեան կամ սատանային, եւ մենք պէտք է սիրենք զիրենք ու աղօթենք անոնց համար, որպէսզի դուրս գան այն տեղէն՝ ուր որ կը գտնուին:

Ինչպէ՞ս կրնանք կատարել զայն: Պէտք է հետեւեալ կէտերուն հետեւինք.

ա) Մեր սիրտերուն մէջ ատելութիւն չունենանք ոեւէ մէկուն նկատմամբ, ինչքան ալ մեզի դէմ մեղանչէ: Այն սիրտը, որուն մէջ սէրը կը բնակի, կարելի չէ որ միաժամանակ ատելութիւնն ալ բնակի իր մէջ:

բ) Երբեք չուրախանանք որեւէ մէկ վնասով, որ կը հասնի անոր՝ որ վնաս կը հասցնէ մեզի... Ինչպէս Գիրքը կ՚ըսէ. «Սէրը... անիրաւութեան վրայ չ՚ուրախանար» (Ա. Կր 13.6):

գ) Պէտք է ատելութեան բարութեամբ եւ սիրով պատասխանենք, որով կրնանք մեզի վնաս հասցնողին զգացումները փոխել: Ինչպէս ըսաւ Սուրբ Յովհաննէս Ոսկեբերանը. «Միջոց մը կայ, որով կրնաս ազատիլ թշնամիէդ, այն է, որ զինք քեզի ընկեր դարձնես»:

դ) Թշնամութեան թշնամութեամբ պատասխանելը զայն աւելի կը բորբոքէ, իսկ թշնամութեան նկատմամբ լուռ մնալը, զայն կը պահէ նոյն տեղը՝ առանց աւելնալու. սակայն, թշնամութեան սիրով պատասխանելը կը բուժէ ու կը վերացնէ զայն:

ե) Այս պատճառով չարութեամբ մի՛ խօսիր թշնաիիդ դէմ, որպէսզի իր սիրտը թշնամութեամբ չաւելցնես: Միւս կողմէն, եթէ անոր մէջ արդար բան մը տեսար՝ գովէ՛ զինք, ատիկա որովհետեւ կ՚օգնէ, որ ան իր զգացումները փոխէ քու նկատմամբդ:

զ) Եթէ թշնամիդ նեղութեան մէջ ինկաւ, ապա՝ օգնութեան ձեռք մեկնէ անոր: Գիրքը կ՚ըսէ. «Եթէ թշնամիդ քաղցած է՝ հաց տուր իրեն» (Հռ 12.20):

է) Դարձեալ Գիրքը կ՚ըսէ. «Մի՛ պարտուիր չարէն, այլ՝ բարիով յաղթէ չարին» (Հռ 12.21): Թշնամութեան եթէ թշնամութեամբ պատասխանեցիր, արդարեւ՝ չարը յաղթած կ՚ըլլայ քեզի: Սակայն, երբ սիրով պատասխանեցիր, ատով՝ բարիով յաղթած կ՚ըլլաս չարին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 122

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2024