ՔԱՂԱՔԻ ՎԵՐՋԻՆ ԿԵԱՒՈՒՐԸ

Քանի որ անցեալ շաբաթ արդէն իսկ հեռացած էինք Պոլիսէն, եկէ՛ք ատեն մը եւս մնանք Արեւելքի մէջ ու, յիշողութեանս թնճուկները քակելով, այցելենք տեղւոյն հայ բնակիչներուն։

Մալաթիան յիշած էի անցեալ անգամ՝ գերեզմանը, քրիստոնեայ Օսմանը եւ Մեհմէտը, անցանկալի մատուռը, եւ այլն։ Քարտէսի վրայ Մալաթիային մօտիկ, սակայն ինքնաշարժով մօտաւորապէս հինգ ժամ հեռու քաղաքը՝ Ատըեաման անցնի՛նք այս անգամ միասին։ Ատըեամանէն պատմելիքները քիչ չեն, այսօր սկսիմ, բայց վստահ եմ, որ յաջորդիւ կը վերադառնամ ու կը շարունակեմ։

Մալաթիոյ հայկական տան մը բակին մէջ, որթատունկի շուքին վերջին հրաժեշտ մը տուի Պրն. Վահէին ու տիկնոջը, շնորհակալութիւն յայտնեցի մէկ օրուայ կեցութեան, անմոռանալի նախաճաշին - որուն յատկապէս խորոված կծու պղպեղը չեմ մոռնար - եւ իրենց համով ընկերակցութեան համար, ու դուրս եկայ դէպի կայարան։

Դեղին տոլմուշին մէջ նստած, մի քանի ժամ ունէի վայելելու մայրամուտի հետ միասին գունաթափուող շրջապատս՝ արեւու վերջին շողերուն տակ հալող գագաթներ, հովին հետ մարտնչող բարտիներ, ու տեղ-տեղ յանկարծ յայտնուող գիւղեր՝ արդէն լուսինը փնտռող մինարէներով։ Տակաւին, պիտի երեւակայէի անշուշտ բոլոր այն հայկական գիւղերը, որոնք այդ պահուն չկային, բայց թերեւս ալ ա՛յն բլուրին ստորոտը, կամ այս գետի ափին արեւը կը ճամբէին ամէն օր այդ ժամուն, աւելի քան հարիւր տարի առաջ։

Մութին հետ միասին այրող ձուրտ մըն էր, որ կու գար յուշելու, թէ կիսա-անապատային բնաշխարհ կը մտնէինք։ Յաջորդ կէսօրին, Ատըեամանի մէջ արդէն՝ շուքէ շուք փախփխիլ պիտի սկսէի։

«Շնորհքով տաբատ չունի՞ս», հարցուց այժմ պոլսաբնակ Գրիգոր աղբարիկը, որ զիս կ՚առաջնորդէր իր ծննդավայրի թաղերուն մէջ։ «Չունիմ», ըսի ծունկերէս վար մերկ սրունքներուս նայելով։ «Ասանկ ուշադրութիւն պիտի գրաւես», ըսաւ ան, բայց վստահեցուց, որ բան չի պատահիր։ Գիտէի, որ շատ պահպանողական, մինչեւ իսկ կրօնամոլ շրջանակներու բոյնը եկած էի Թուրքիոյ։ «Թուրիսթ եմ, Նեմրութ սարը բարձրանալու եկայ» պիտի ըսէի ի հարկին, հետեւելով աղբարիկի խորհուրդին։

Քանի որ կիրակի էր, մեր այցին սկսանք Ատըեամանի ասորական եկեղեցիէն։ Մօտ երեսուն հոգի, բոլորն ալ տղամարդ, նստած էին սեղաններու շուրջ, պտուղ կ՚ուտէին։ Այդ տաք օդին շուքին կերուած ձմերուկը ուրիշ է։ Շուտով իմացայ, որ ներկաներուն կարեւոր մասը հայեր էին, որոնք հայկական եկեղեցի չըլլալուն պատճառով կը յաճախէին ասորականը, ուր նաեւ կնքուած էին ոմանք։ Բոլորն ալ, սակայն, քաղաքէն հեռու, շրջակայ գիւղերու կամ գիւղաքաղաքներու մէջ կը բնակէին՝ Կերկեր ու Քեահթա յատկապէս։ Քաղաքին մէջ, արդարեւ, մնացած է մէկ հայ քրիստոնեայ՝ «Կեաւուր Յ.-ն»։

Եկեղեցիէն ելլելով պիտի երթայինք կեդրոն, հին շուկայի թաղ։ «Այս աղբիւրէն ջուր կը վազէր ժամանակին», «Մօրաքոյրս այս թաղը կը բնակէր այն ատեն», եւ այլ բաներ բարձրաձայն յիշելով Գրիգոր աղբարիկը զիս անցուց շուկայի փողոցներէն, մինչեւ հասանք իր խօսքով «Ատըեամանի վերջին հայուն», ես պիտի ըսէի «Ատըեամանի վերջին քրիստոնեայ հայուն» խանութը։ Պարոն Յ.-ն անմիջապէս ճանչցաւ Գրիգոր աղբարիկը, ներս հրաւիրեց, եւ երեքով նստանք ցած խսիրէ աթոռակներու վրայ, որոնց մարդ յաճախ կը պատահի երկրի արեւելեան կողմերը։

«Այո, միայն ես մնացի», ըսաւ պարոնը ու պատմեց քիչ մը անցեալէն, քիչ մըն ալ ներկայէն։ «Երբեմն խանութէն բան մը կ՚ապսպրեմ, կ՚ըսեմ որ տուն բերեն. տանս տեղը չորս հինգ ձեւով կը բացատրեմ՝ չեն հասկնար… յոյսս կտրած՝ Կեաւուրներու թաղին երրորդ փողոցը կ՚ըսեմ, եւ հարցը կը լուծուի։ «Էհ սկիզբէն ըսէիր» կ՚ըսեն ինծի։ Հոս այսպէս է օղլում… կեաւուր չմնաց՝ կեաւուրի թաղը մնաց»։ 

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունուար 30, 2019