ԿԱԶԶԷՆ ՊԱՏՐԱ՞ՍՏ Է ՆՈՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ

Փետ­րուա­րի վեր­ջին օ­րե­րուն պա­ղես­տի­նեան Կա­զզէ ար­ձա­կուած հրթի­ռը նոր լա­րուա­ծու­թեան դուռ կը բա­նար հա­կա­մար­տող կող­մե­րուն մի­ջեւ:

Քա­նի մը ա­մի­սէն իս­րա­յէ­լեան բա­նա­կին եւ Կա­զզէի պա­ղես­տի­նեան ջո­կատ­նե­րուն մի­ջեւ «լայ­նա­ծա­ւա­լ» գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէն ան­ցած պի­տի ըլ­լան ե­րեք տա­րի­ներ: Ու այս ամ­բողջ շրջա­նին կող­մե­րէն ոչ մէ­կը կը թաքց­նէ, որ լրջօ­րէն կը պատ­րաս­տուի յա­ջորդ պա­տե­րազ­մա­կան փու­լին, որ պի­տի ըլ­լայ ա­ւե­լի «մեծ» եւ ա­ւե­լի «ճա­կա­տագ­րա­կա­ն»:

Յի­շեց­ման կար­գով պէտք է նշեմ, որ 2014 թուա­կա­նի Օ­գոս­տո­սին սկիզբ ա­ռած Կա­զզէի պա­տե­րազ­մը տե­ւեց քա­ռա­սու­նինն օր: Պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ա­ւար­տե­ցան ի նպաստ ոչ ո­քի: Մինչ իս­րա­յէ­լեան կող­մը տուաւ եօ­թա­նա­սու­նե­րեք զո­հեր (ո­րոնց վե­ցը քա­ղա­քա­ցի­ներ էին), իսկ զո­հուած պա­ղես­տին­ցի­նե­րուն թի­ւը հա­սաւ եր­կու հա­զար ե­րեք հա­րիւ­րի:

Այդ պա­տե­րազ­մի ա­մե­նէն մեծ հա­րուած կրող­նե­րը ե­ղան պա­ղես­տին­ցի եւ ՄԱԿ-ի ԻՒ­ՆԻ­ՍԷՖ-ին պատ­րաս­տած տուեալ­նե­րով՝ Կա­զզէի վեր­ջին պա­տե­րազ­մին զո­հուե­ցան հինգ հա­րիւր չորս ե­րա­խա­ներ:

Այս բո­լո­րէն զատ մեծ ա­ւե­րուա­ծու­թիւն­նե­րու են­թար­կուած Կա­զզէ քա­ղա­քը ցայ­սօր ալ չէ յա­ջո­ղած իր «վէր­քե­րը բու­ժե­լ»: Քա­ղա­քին մէջ աճ ար­ձա­նագ­րած է ան­գոր­ծու­թիւ­նը եւ քիչ չէ թի­ւը այն բան­կիչ­նե­րուն, ո­րոնք տար­բեր մի­ջոց­նե­րով կը փոր­ձեն հե­ռա­նալ ի­րենց ծննդա­վայ­րէն:

Այս բո­լո­րէն ան­դին «Հա­մա­ս­»ի տի­րա­պե­տու­թեան տակ ապ­րող այդ հա­տուա­ծին մէջ կը տի­րեն բա­ւա­կա­նին ծանր պայ­ման­ներ: «Աշ­խար­հէն կտրուա­ծ» վի­ճա­կով գո­յա­տե­ւող Կա­զզէն կ՚են­թար­կուի կրօ­նա­կան թե­քում ու­նե­ցող «Հա­մա­ս­»ի օ­րէնք­նե­րուն, ո­րոնք հե­ռու են քա­ղա­քա­ցիա­կան պե­տու­թեան հա­մա­կար­գով ապ­րող պե­տու­թիւն մը ըլ­լա­լու դրուած­քէն:

Ա­ւե­լի՛ն, «Հա­մա­ս­»ի ստեղ­ծած հա­մա­կար­գին մա­սին յստակ, բա­ցո­րոշ եւ բա­ցա­յայտ տե­ղե­կու­թիւն­ներ չեն հրա­պա­րակուիր ու շար­ժու­մը կը շա­րու­նա­կէ «իր ո­ճո­վ» եւ բա­ւա­կան «մու­թ» պայ­ման­նե­րու տակ ղե­կա­վա­րել ի­րեն բա­ժին ին­կած քա­ղա­քը:

Վե­րա­դառ­նա­լով ան­ցեալ պա­տե­րազ­մի մա­սին ընդ­հա­նուր գնա­հա­տա­կա­նին՝ հարկ է նշել, որ պա­տե­րազ­մի «ար­դիւնք­նե­րը» եր­բեք ձեռն­տու չե­ղան Իսրա­յէ­լի կա­ռա­վա­րու­թեան հա­մար: «Քան­­դենք բո­լոր պա­ղես­տի­նեան գետ­նու­ղի­նե­ր­»ը կար­գա­խօ­սով մէջ­տեղ ե­կած գոր­ծո­ղու­թիւ­նը ոչ միայն չյա­ջո­ղե­ցաւ դրա­կան ար­դիւնք­ներ ար­ձա­նագ­րել, այլ ա­կա­մայ նպաս­տեց Կա­զզէի պա­ղես­տի­նեան դի­մադ­րու­թեան ան­պար­տե­լի ըլ­լա­լու դրոյ­թին կարծ­րա­տի­պաց­ման:

Իս­րա­յէ­լեան օ­դու­ժին կող­մէ ե­րե­սուն նկուղ­նե­րու ոչն­չա­ցու­մը դրա­կան ազ­դե­ցու­թիւն չու­նե­ցաւ եւ չսա­տա­րեց «Հա­մա­ս­»ի զի­նուո­րա­կան թե­ւին՝ «Ըզ ալ տին ալ Քա­սա­մ­»ի ջո­կատ­նե­րու «թե­ւա­թափ­մա­ն»:

Ու այդ եօթ շա­բաթ­նե­րու ըն­թաց­քին նոյն ջո­կատ­նե­րու ա­նու­նով հան­դէս ե­կող «Ա­պու Օ­պայ­տա»ի պատ­կե­րասփ­ռուած «պատ­գա­մ»­նե­րը «ա­հու­սար­սա­փ» տա­րա­ծե­ցին Կա­զզէի մերձ գտնուող իս­րա­յէ­լեան քա­ղաք­նե­րու բնա­կիչ­նե­րուն հա­մար:

Այս­քա­նը 2014 թուա­կա­նի պա­տե­րազ­մին մա­սին: Ինչ կը վե­րա­բե­րի այ­սօ­րուան ընդ­հա­նուր վի­ճա­կին, եւ ինչ­պէս վե­րը նշե­ցինք Փետ­րուա­րին իս­րա­յէ­լեան «Աս­քա­լա­ն» շրջա­նին վրայ Կա­զզէէն ար­ձա­կուած հրթի­ռին վե­րա­բե­րեալ, ա­պա պէտք է յստա­կեց­նել եր­կու կա­րեւր հան­գա­մանք:

Ա. Հրթի­ռը դէ­պի Իս­րա­յէլ ար­ձա­կող կող­մը «Հա­մա­ս­»ը չէր:

Բ. Ար­ձա­կուած հրթի­ռին դէմ Իս­րա­յէ­լի հա­կա­դար­ձու­մը կը կա­տա­րուէր բա­ւա­կան ուշ, զար­մաց­նե­լով նոյ­նիսկ «Հա­մա­ս­»ի ղե­կա­վար­նե­րը:

Այդ զար­գա­ցու­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք «Ալ Քա­սա­մ­»ի բան­բե­րը՝ Ա­պու Օ­պայ­տա պատ­կե­րասփ­ռուած «պատ­գա­մ­»ով կը յայ­տա­րա­րէր, որ ի­րենք պատ­րաստ են պա­տե­րազ­մի: Հա­կա­ռակ Ա­պու Օ­պայ­տա­յի այս յայ­տա­րա­րու­թեան, «Հա­մա­ս­»ի մօ­տիկ մէ­կէ ա­ւե­լի պա­տաս­խա­նա­տու­ներ կը յայտ­նէին, որ Իս­րա­յէ­լի վրայ նե­տուած հրթի­ռը «ի­րենց կող­մէ» ար­ձա­կուած չէ:

Ու այս ա­ռի­թով ա­ռա­ջին ան­գամ յայտ­նի կը դառ­նար, որ Կա­զզէի մէջ բա­ցի «Հա­մա­ս­»էն կան նաեւ այլ կող­մեր։ Ա­նոնք նոյն­պէս ար­մա­տա­կան են եւ գտնուե­լով «Հա­մա­ս­»ի ազ­դե­ցու­թեան գօ­տիէն դուրս, կը կա­տա­րեն «յա­տուկ պա­տուէր­նե­ր»:

Այս ի­րադ­րու­թեան մէջ սա­կայն յստա­կօ­րէն ե­րե­ւե­լի կը դառ­նար, որ իր ներ­քին ընտ­րու­թիւն­նե­րուն պատ­րաս­տուող «Հա­մա­ս» շար­ժու­մը շատ ալ «ան­հան­գիս­տ» չէր այդ հրթիռ­նե­րու պատ­մու­թե­նէն:

Գա­լով իս­րա­յէ­լեան կող­մին, պէտք է նշել, որ անց­նող շա­բաթ­նե­րուն Իս­րա­յէ­լի մա­մու­լին մէջ բարձ­րա­ձայ­նուող հիմ­նա­կան թե­ման կը հան­դի­սա­նար 2014 թուա­կա­նի պա­տե­րազ­մին ընդ­հա­նուր «սայ­թա­քում­նե­ր­»ուն քննար­կու­մը եւ հոն է նաեւ, որ հան­րու­թիւ­նը սուր քննա­դա­տու­թիւն­ներ կ­­՚ուղ­ղէր երկ­րի զինուո­րա­կան հաս­տա­տու­թեան՝ բա­նա­կին, յա­ճախ դի­տար­կե­լով, որ բա­նա­կի «սխալ վար­մուն­ք­»ին եւ գոր­ծե­լաո­ճին հե­տե­ւան­քով ոչ միայն պա­ղես­տի­նեան դի­մադ­րու­թեան «գլխա­ւոր յե­նա­րա­ն» հան­դի­սա­ցող նկու­ղա­յին անց­քե­րը քանդուե­ցան, այլ սկսաւ ամ­րա­նալ «Ալ Քա­սա­մ­»ի ան­պար­տե­լի մար­մին մը ըլ­լա­լու տե­սա­կէ­տը:

Այս­քա­նէն ան­դին յստա­կօ­րէն կը բնո­րո­շուէր, որ Իս­րա­յէ­լի Կա­զզէի դէմ նոր պա­տե­րազ­մը դար­ձած է ան­խու­սա­փե­լի:

Խա­ղա­ղու­թիւն կեր­տե­լու վե­րա­բե­րեալ եր­կու կող­մե­րուն սուր տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը եւ Սպի­տակ տան մէջ Նե­թա­նի­յա­հու-Թրամփ հան­դիպ­ման լոյ­սին տակ հրա­պա­րա­կուած վեր­լու­ծու­թիւն­նե­րը։ Ա­նոնք ի­րենց կար­գին ցոյց կու տա­յին, որ Նե­թա­նի­յա­հու­ի կա­ռա­վա­րու­թեան Կա­զզէի դէմ նոր լայ­նա­ծա­ւալ զինուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու սկսե­լու գոր­ծըն­թա­ցը ու­նի քա­ղա­քա­կան «կա­նաչ լոյ­ս» եւ այ­սօր պակ­սո­ղը ամ­րագ­րումն է «ժամ­կէտ»ի մը, ո­րուն շնոր­հիւ իս­րա­յէ­լեան բա­նա­կը պի­տի սկսի իր նոր պա­տե­րազ­մին շուրջ 2 մի­լիոն բնակ­չու­թիւն հա­շուող Կա­զզէի դէմ:

Խօ­սե­լով «Հա­մա­ս­»ի մէջ տեղ գտնող եւ հա­սուն­ցող քա­ղա­քա­կան ընդ­հա­նուր ըն­թա­ցա­կար­գին մա­սին, պէտք է դի­տար­կել, որ վեր­ջին շրջա­նին այս շար­ժու­մի Կա­զզէի նախ­կին վար­չա­պե­տը՝ Իս­մա­իլ Հա­նի­ա բա­ւա­կան ա­րագ քայ­լե­րով կը պատ­րաս­տուի ընտ­րուիլ նոյն կազ­մա­կեր­պու­թեան «քա­ղա­քա­կան գրա­սե­նեա­կ­»ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ: Հա­նի­ա, որ ընտ­րուե­լու պա­րա­գա­յին պի­տի փո­խա­րի­նէ Խա­լէտ Մըշ­հա­լը (վեր­ջին տասն­մէկ տա­րի­նե­րու շար­ժու­մի քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ), հան­րու­թեան կը ներ­կա­յա­նայ նոր մօ­տե­ցում­նե­րով: Ու հա­կա­ռակ Ե­գիպ­տո­սի իշ­խա­նա­զուրկ նա­խա­գահ Մուհամ­մէտ Մուր­սիի բան­տար­կու­թե­նէն եւ Ապ­տըլ Ֆա­թահ Ալ Սի­սիի երկ­րի ղե­կը ստանձ­նե­լէն ի վեր եր­կու կող­մե­րուն մի­ջեւ ե­րե­ւե­լի դար­ձած «սառ­նու­թեա­ն», այ­սօր յստակ է, որ Հա­նի­ա սկսած է դառ­նալ Գա­հի­րէի «նա­խա­սի­րա­ծ» գոր­ծիչ­նե­րէն մին:

Սի­սի, որ գործ­նա­կան քայ­լեր ի­րա­կա­նաց­նե­լով «փա­կել տուա­ւ» Ռա­ֆահ-Կա­զզէ բո­լոր գաղտ­նի ճա­նա­պարհ­նե­րը, ներ­կա­յիս ալ յստակ քայ­լե­րով կը փոր­ձէ իր ձեռ­քին մէջ պա­հել «պա­ղես­տի­նեան խա­ղա­քար­տ­»ը:

Մինչ մէկ կող­մէ Գա­հի­րէ «տուն կու տա­յ» եւ իր մօտ «կը պա­հէ» Ֆաթ­հի ա­ռա­ջին դէմք ըլ­լա­լու յա­ւակ­նորդ Ահ­մատ Տահ­լա­նը, այ­սօր ալ յստակ է, որ միւս կող­մէ կը նա­յի «Հա­մա­ս­»ին ու ա­նոր նոր ա­ռաջ­նոր­դին հետ «լե­զու գտնե­լէ» ետք պի­տի փոր­ձէ պա­ղես­տի­նեան եր­կու կող­մե­րուն տնօ­րի­նող «հայ­րը ըլ­լա­լ»:

Այս տուեա­լը նշե­ցի, ո­րով­հե­տեւ Իս­րա­յէլ-Պա­ղես­տին ո­րե­ւէ բա­խու­մի պա­րա­գա­յին եւ ինչ­պէս միշտ կա­րե­ւոր դեր եւ ը­նե­լիք պի­տի ու­նե­նայ Գա­հի­րէն:

Այդ մէ­կը բնա­կա­նա­բար չի վե­րա­բե­րիր զի­նուո­րա­կան ե­րե­սա­կին, այլ խօս­քը լա­րու­մը մեղ­մաց­նե­լու հա­մար ըլ­լա­լիք հար­թակ մը ստեղ­ծե­լու մա­սին է ու չի բա­ցա­ռուիր, որ Գա­հի­րէ, ինչ­պէս 2014 թուա­կա­նին, այ­սօր ալ կա­րե­ւոր դեր մը ստանձ­նէ:

Վե­րը խօսք գնաց ա­մե­րի­կեան «կա­նաչ լոյ­ս­»ին մա­սին ու գաղտ­նիք ալ չէ, որ ա­մե­րի­կեան «ա­յո­՛»ն պայ­մա­նա­ւո­րուած է ոչ միայն տեղ տա­լով իս­րա­յէ­լեան կող­մի պա­տե­րազ­մի սկսե­լու «բուռն փա­փաք­նե­րուն», այլ հա­շուի առ­նե­լով ա­րա­բա­կան ընդ­հա­նուր գե­տի­նը ու այս փու­լին մաս­նա­ւո­րա­պէս Գա­հի­րէի կե­ցուած­քը, որ մին­չեւ այս պա­հը շրջա­նին մէջ հան­դէս կու գայ բա­ւա­կան հա­ւա­սա­րակշ­ռուած եւ «խա­ղա­ղու­թեան հա­մար պայ­քա­րո­ղ­»ի դիր­քե­րէ:

Ա­մէն պա­րա­գա­յի չի բա­ցա­ռուիր, որ Կա­զզէն դար­ձեալ թի­րախ դառ­նայ իս­րա­յէ­լեան նոր եւ ան­ցեալ ան­գամ­նե­րէն շատ ա­ւե­լի ա­րիւ­նա­լի պա­տե­րազ­մի մը:

Իս­րա­յէ­լի ներ­քին քա­ղա­քա­կան կեան­քէն ներս կա­րե­ւոր հան­դի­սա­ցող զի­նեալ բա­խում­ներ ու­նե­նա­լու օ­րա­կար­գը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն դար­ձած է նա­խընտ­րանք քա­ղա­քա­կան իշ­խա­նու­թեան մը հա­մար, որ «նե­ղը մնա­լու» պա­հուն իր պա­հա­րա­նէն կը հա­նէ պա­տե­րազ­մի շե­փո­րը։ Ան յա­ռա­ջա­ցած ծանր ու քաո­սա­յին դրու­թեան մէջ կ՚օգ­տուի ստեղ­ծուած վի­ճա­կէն ու իր հան­րու­թեան մօտ հա­կա­պա­ղես­տի­նեան զգա­ցում­նե­րու հրահ­րու­մով կը ստա­նայ հա­մա­պա­տաս­խան ար­ձա­գանգ:

Այդ ար­ձա­գան­գը ան­շուշտ լսե­լի պի­տի դառ­նայ իս­րա­յէ­լեան յա­ռա­ջի­կայ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք նա­խա­տե­սուած են 2019 թուա­կա­նին:

Ա­մէն պա­րա­գա­յի եր­կու կող­մե­րուն հա­մար լու­ծում չբե­րող ո­րե­ւէ պա­տեր­զա­մի ան­մի­ջա­կան զո­հե­րը պի­տի դառ­նան ան­զէն բնակ­չու­թիւ­նը եւ ինչ­պէս միշտ, ան­պաշտ­պան դրու­թեան մէջ ապ­րող Կա­զզէի խա­ղաղ բնակ­չու­թիւ­նը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2017