«ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ»

Քառասնորդաց պահեցողութեան ճանապարհորդութիւնը արդէն իր աւարտին հասաւ, իսկ խաղաղ նաւահանգիստին ծովափը հեռուէն սկսաւ երեւիլ: Մինչեւ խաղաղ նաւահանգիստ հասնիլը սակայն, նաւարկողներուն կը սպասէ նախ եւ առաջ հաճելի ու խաղաղ օր մը եւ ապա վեց փոթորկոտ օրեր, որոնք պիտի գան վերջնական գնահատականը տալու մեր կատարած ճանապարհորդութեան:

Այս գրութեամբ պիտի անդրադառնամ Աւագ շաբթուան մասին, ընթերցողներուն ներկայացնելով, 2017 թուականին, Իբթանպուլի մէջ լոյս տեսած Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ երանաշնորհ հոգեւորականներէն եւ Պոլսոյ հայոց պատրիարք՝ Շնորհք Գալուստեանի (29 Սեպտեմբեր 1913, 7 Մարտ 1990, Պատրիարք՝ 3 Յունուար 1962) «Աւագ շաբաթ» աշխատասիրութիւնը: Գրախօսականէ աւելի գիրքի ներկայացումն է կատարածս, նկատի ունենալով, որ քանի մը օր ետք մուտք պիտի գործենք Աւագ շաբաթ:

Շնորհք Պատրիարքին հեղինակած «Աւագ շաբաթ» աշխատասիրութիւնը արդարեւ, ուսումնասիրական աշխատանք ըլլալէ առաջ, առաջին հերթին է՛ աստուածաբանական-բարոյախրատական ձեռնարկ մը, ինչպս նաեւ գեղարուեստական զգայացունց երկասիրութիւն մը, որով սրբազան հեղինակը իր պարզ, դիւրըմբռնելի եւ երբեմն խոր միտքերով, ընթերցողները կ՚առաջնորդէ մասնակիցը դառնալու Աւագ շաբթուան իւրաքանչիւր հանգրուանին: Մասնակից՝ ո՛չ միայն մտածումով, այլեւ վերապրելով այն բոլոր իրադարաձութիւնները, որոնք մեզմէ 2000 տարի եւ աւելի առաջ պատահած են, որպէս թէ այսօր ըլլային, իսկ մենք՝ դերակտարները:

Աւագ շաբթուան նախօրեակին լաւ պիտի ըլլար, որ իւրաքանչիւր հայ հաւատացեալ ձեռք ձգէր այս գիրքը եւ իւրաքանչիւր Աւագ շաբթուան օր կարդար օրուան յատուկ գրութիւնը:

Անոնք որոնք կը փափաքին այս հատորէն ունենալ, կրնան դիմել Պոլսոյ հայոց պատրիարքութին:

Անցնինք հատորին:

Հատորը լոյս տեսած է «Շնորհք Պատրիարք - 100 Մատենաշար»ին մէջ, թիւ 6: Թղթակազմ հատորը բաղկացած է 256 էջերէ: Հատորը հրատարակութեան պատրաստած ու էջադրած է Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան: Հատորին սրբագրութիւնը կատարած են՝ Ն.Ս.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Մութաֆեան, Վաղարշակ Սարկաւագն ու Արտաշէս Մարկոսեանը: Գիրքի կողքին պատրաստութիւնը կատարած են՝ Գրիգոր Սահակեան, Սարվէն Տանէ եւ Արիս Քարաֆիլ: Հատորին շարուածքը կատարուած է «Արաս» հրատարակչութեան կողմէ: Հատորին հրատարակութիւնը իրականացած է Տիար Արամ Գամպուրեանի մեկենասութեամբ, ի յիշատակ ողբացեալ կողակիցին՝ Շաքէ Գամպուրեանի: Հատորին հրատարկաութեան յանձնախումբի անդամներն են՝ Գերպ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Հոգշ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան, Սարվէն Դպիր Տանէ եւ Արիս Քարաֆիլ:

Հատորը կը սկսի յանուն հրատարակութեան յանձնախումբի՝ Վաղարշակ Սարկաւագի «Աւագ շաբթուան սեմէն մտնել Շնորհք Պատրիարքի հետ» առաջնորդող խօսքով: Բարեշնորհ Սարկաւագը անդրադառնալով այն իրողութեան, որ Շնորհք Պատրիարքի «Աւագ շաբաթ» երկը ցարդ Իսթանպուլի մէջ չէ հրատարակուած, կը գրէ. «Չենք գիտեր ինչ պատճառներով, երանաշնորհ հեղինակի սոյն երկը առաջին անգամ լոյս տեսած է Պէյրութի մէջ: Նոյնութեամբ վերահրատարակուած է նաեւ Նիւ Եորքի եւ Թեհրանի մէջ: Իսկ այս վերահրատարակութեամբ «Աւագ շաբաթ»ը առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ հեղինակին 29 տարիներ որպէս պատրիարք գահակալած Իսթանպուլի երկնակամարին ներքեւ». եւ ««Աւագ շաբաթ» հատորը աւելի քան քառասուն տարիներ առաջ ի լոյս կ՚ընծայուի մամուլի սիւնակներուն մէջ, որպէս յօդուածաշարք «Աւագ շաբթուան խորհրդածութիւններ», ապա «Աւագ շաբթուան խոհեր» խորագիրներով (24 Մարտ - 9 Ապրիլ 1971, 17 Փետրուար - 31 Մարտ 1972, 28 Մարտ - 21 Ապրիլ 1973-ին, Մարմարա): Ապա որպէս անջատ հատոր լոյս կը տեսնէ Պէյրութի «Տօնիկեան» տպարանէն, 1974-ին: Նիւ Եորքի մէջ նոյնութեամբ կը վերահրատարակուի, 1990-ին: Իսկ Թեհրանի թեմի առաջնորդութեան կողմէ կը հրատարակուի 2005-ին, արեւելահայերէնով»: Իսկ անդրադառնալով այս հատորի ոդիսականին մասին, կը գրէ. «Պէտք է ըսել, որ երկարաշունչ եւ արկածախնդրական ոդիսական մը ունեցաւ սոյն հրատարակութիւնը: Մարդուժի պակասի պատճառով սոյն գիրքի շարուածքը կատարուեցաւ «Արաս» հրատարակչութեան կողմէ: Առաջին սըր-բագրութիւնը կատարուեցաւ այնտեղ՝ Արտաշէս Մարկոսեանի ձեռամբ: Ն.Ս.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հայրը փափաքած էր անձամբ վերանայիլ սրբագրութեանց եւ բաւական աշխատանք տարած էր պատրաստուած թղթածրարին վրայ: Նախ մեր հոգեւոր պետին բազմազբաղ վիճակը, ապա անհանգստութիւնը պատճառ եղան, որ ուշանայ սոյն հրատարակութիւնը»:

Առաջնորդող խօսքին կը յաջորդէ երանաշնորհ պատրիարքին կենսագրական գիծերը: Ապա, սրբազան հեղինակին առաջնորդող խօսքը՝ «Ընդհանուր ակնարկ Աւագ շաբթուան վրայ»: Սրբազան հեղինակը կը գրէ. «Աւագ շաբաթը Յիսուսի կեանքին կարեւորագոյն շրջանն է: Մինչ աւետարանիչները մեր Փրկիչին երեք տարիներու գործունէութեան եւ քարոզութեան կը յատկացնեն գրքերուն գրեթէ երկու-երրորդը, անդին Յիսուսի կեանքի վերջին եօթնեակին կը վերապահեն իրենց գրքերուն գրեթէ մէկ-երրորդը: Որովհետեւ Աւագ շաբաթը իր մէջ կը համադրէ Յիսուսի կեանքի վերջին ութ օրերու կարեւորագոյն խօսքերը, գործքերը եւ տնօրինութիւնները»: Եւ. «Ուրեմն՝ Աստուծոյ անհուն սիրոյն եւ խորագոյն խորհուրդներու յայտնութեան շաբաթն է Յիսուսի կեանքին վերջին եօթնեակը:

Չարչարանքի եւ չարութեան շաբաթ:

Յաղթանակի եւ յարութեան շաբաթ»:

Անդրադառնալով անուանումին, Հեղինակը կը գրէ. «Արեւմտեան քրիստոնեաներ զայն կը կոչեն «Սուրբ Շաբաթ». իսկ արեւելեաններ՝ «Աւագ Շաբաթ»: Իրականութեան մէջ ան երկուքն ալ է: ՍՈՒՐԲ է, որովհետեւ տարբեր է տարուան միւս շաբաթներէն, եւ սուրբ տնօրինութիւններ կը կատարուին անոր մէջ: ԱՒԱԳ է, որովհետեւ մեծ տարողութեամբ խօսքեր, դէպքեր եւ խորհուրդներ տեղի կ՚ունենան իր մէջ: Ինչպէս շատ մը ուրիշ պարագաներու՝ այնպէս ալ այստեղ, Արեւելք եւ Արեւմուտք զիրար կը լրացնեն եւ ոչ թէ իրարու կը հակասեն»: Իսկ անդրադարձ կատարելով Աւագ շաբթուան եկեղեցական արարողութիւններու մասին, Շնորհք Պատրիարք կը գրէ. «Աւագ շաբթուան տօնակատարութեան հասարակաց երեւոյթը աստուածաշնչական ընթերցուածներուն ճոխութիւնն է: Յատուկ միտում կայ, կարծես, տօնացոյցը կազմողներուն կողմէ, որչափ կարելի է երկար պահել հաւատացեալը եկեղեցիին մէջ, լեցնելու համար անոր միտքը սուրբգրական գրեթէ անհատնում ընթերցուածներով, որոնք կա՛մ այն օրը պատահած դէպքերու մասին են, կա՛մ նոյն օրը Յիսուսի կողմէ խօսուած քարոզներ, առակներ ու հրաժեշտի մտերիմ զրոյցներ են, եւ կա՛մ օրուան խորհուրդին հետ հեռուէն ու մօտէն առընչութիւն ունեցող Հին կտակարանէն վերցուած կտորներ են»:

Աւագ շաբթուան ընդհանուր պատկերացումը կատարելով, սրբազան հեղինակը կը գրէ. «Եօթնեակը կը սկսի յաղթանակով եւ կ՚աւարտի յաղթանակով: Միջանկեալ մասը կեանքն իսկ է, իր ելեւէջներով եւ վերիվայրումներով, իր գուպարներով եւ գայթումներով, ուրախութեան պոռթկումներով լուսաւոր եւ տառապանքի հառաչներով վիրաւոր: Քիչ անգամ մարդկութեան հոգիի հակադիր հակումները այնքան շեշտօրէն իրարու կը յաջորդեն ու իրարու կը բախին, որքան՝ այս օրերուն:

«Համամարդկային տարողութեամբ ծանրաբեռն շաբաթ մըն է Աւագ եօթնեակը»:

Ապա տասը գլուխներու մէջ հեղինակը հերթականութեամբ մանրամասնօրէն կը խօսի, կը մեկնէ ու բացատրութիւններ կու տայ Ծաղկազարդի, Դռնբացէքի, Երուսաղէմի տաճարին, Աւագ Երկուշաբթիի, Երեքշաբթիի, Ձիձենեաց լերան քարոզի, վերջին դատաստանի առակներու, Աւագ Չորեքշաբթիի, Հինգշաբթիի, Ուրբաթի եւ Շաբաթի մասին:

Առաջին գլուխին մէջ, պատրիարք հայրը խօսելով Ծաղկազարդի մասին, կ՚ըսէ. «Աւագ շաբաթի վարագոյրը կը բացուի ժողովրդային ազնիւ տրամադրութիւններու սխրալի պոռթկումով մը: Ընկերային կեանքի գրեթէ բոլոր երեւոյթները ներկայ են այստեղ. ուրախութիւն, երգ, հանդէս մէկ կողմէն, ու լաց, նախանձ եւ ընկերային տարբեր ըմբռնումներու բախումներ միւս կողմէն:

Օրուան շքեղ այս անունը յատուկ է մեզի միայն: Հայ ժողովուրդի այն դիպուկ յօրինումներէն՝ ուր իրը եւ անունը զիրար կը գրկեն երջանիկ հարազատութեամբ...:

«Մեր ժողովուրդը սերտ նմանութիւն մը նշամարած է Յիսուսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին եւ գարնան բնութենէն ներս յաղթական ծաւալումին միջեւ...:

«Իրաւամբ Յիսուսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքը Անոր մեծութեան ծաղկումն է: Անոր աստուածային հեղինակութեան պարուրուած կոկոնին բացուիլն է: Անոր ցարդ անտեսանելի մնացած փառքին ճառագայթումն է»:

Հեղինակը խօսելով Քրիստոսի Մեսիա ըլլալու մասին, կը բացատրէ, թէ ինչպէս հրեայ ժողովուրդին մօտ հին ժամանակներէ սկսեալ աստիճան առ աստիճան աճած էր Ազատարարի մը գաղափարը, որ «եբրայական լեզուով այս փրկիչը կը կոչուի ՄԵՍԻԱ, որ կը նշանակէ Օծեալ, այսինքն՝ Աստուծմէ նշանակեալ եւ Աստուծոյ լիազօրութիւնը ունեցող անձնաւորութիւն»: Այդ Մեսիան՝ Օծեալը, Յիսուս Ի՛նքն էր, որ Իր եռամեայ առաքելութեան ընթացքին Իր քարոզութեամբ եւ կատարած գործերով փորձեց հասկցնել հրեաներուն, թէ իրենց սպասած Ազատարարը Ի՛նքն էր, սակայն հրեաները կը դժուարանային հասկնալ: Այս պատճառով՝ «Յիսուս, երբ Իր քարոզութեան եւ առաքելութեան շրջանը աւարտած նկատեց, եւ զգաց թէ համրուած են Իր կեանքին օրերը, եկած համարեց ժամանակը, որ հանդիսաւոր ձեւով, հրապարակաւ եւ Իր ժողովուրդի կրօնական կեդրոնին մէջ, բարձրաղաղակ յայտարարուի Իր Մեսիա ըլլալու ճշմարտութիւնը»: Իսկ այդ բարձրաղաղակ յայտարարութիւնը պիտի իրականանար Իր յաղթական մուտքովը Երուսաղէմ, ուր պիտի դիմաւորուէր հազարաւորներու կողմէ, որոնք բացագանչութիւններով եւ օրհնութիւններով պիտի դիմաւորէին զԻնք, ըսելով. «Ովսաննա՜ Բարձրեալին. օրհնութիւն Դաւիթի Որդիին. օրհնեալ է Տիրոջ անունով եկողը. օրհնութիւն ի բարձունս... Կեցցէ Դաւիթի թագաւորութիւնը. խաղաղութիւն երկրի վրայ, փառք ի բարձունս, ովսաննա, ովսաննա, Ալէլուիա»: Սրբազան հեղինակը գեղեցիկ կերպով եւ հանգրուան առ հանգըր-ւան կը նկարագրէ, թէ ի՜նչ պատահեցաւ այդ յաղթական մուտքի ընթացքին եւ ապա:

Երկրորդ գլուխին մէջ, Շնորհք Պատրիարք կը խօսի Դռնբացէքի արարողութեան մասին: Այս արարողութիւնը մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ իւրայատուկ եւ ամենէն խորհրդաւոր արարողութիւններէն մին է: Դռնբացէք, այսինքն՝ դուռ բանալ, այս պարագային՝ եկեղեցիներու դռները բանալ: Դռնբացէքի արարողութիւնը կը կատարուի Ծաղկազարդի երեկոյեան: Շնորհք Պատրիարք կը գրէ. «Ծաղկազարդի երեկոյին կատարուած ԴՌՆԲԱՑԷՔը արտացոլումն է առաւօտեան տօնախմբութեան՝ մեր հոգեւոր աշխարհէն ներս: Երկուքն ալ մուտքի արարողութիւններ են: Մէկը կը յիշատակէ Յիսուսի յաղթական մուտքը ի քաղաքն Երուսաղէմ, իսկ միւսը կը պատկերացնէ մեր խորհրդանշական մուտքը ի Վերին Երուսաղէմ: Մէկը ընդելուզուած է ովսաննաներու գովերգութեամբ, իսկ միւսը՝ «բաց մեզ Տէր զդուռն ողորմութեան» աղաչական ողբերգութեամբ»:

Անցեալին, այս արարողութիւնը կատարուած է եկեղեցիէն դուրս՝ եկեղեցւոյ դրան առջեւ, իսկ ներկայիս այն կը կատարուի եկեղեցիէն ներս՝ Սուրբ Խորանի վարագոյրին դիմաց: Դռնբացէքի այս արարողութիւնը թատրերգութեան կը նմանի, եւ այս ուղղութեամբ սրբազան հեղինակը. «Սրբազան տրամա մըն է Դռնբացէքը, օժտուած հին սրբազան արարումներու բոլոր տարրերովը: ...Աստուծոյ ԲԱՐՈՒԹԻՒՆԸ եւ ՈՂՈՐՄԱԾՈՒԹԻՒՆԸ հիմունքը կը կազմեն ամբողջ տրամային»: Արարողութեան հիմքը կը կազմէ երկու հոգեւորականներու երկխօսութիւնը, մէկը վարագոյրին դուրսի կողմը ծնկած՝ «ժողովուրդին ներկայացուցիչը», իսկ միւսը՝ վարագոյրին ներսի կողմը՝ «Աստուծոյ խօսնակը»: Երկխօսութեան հիմնական գաղափարը այն է, որ մարդ գիտակցելով իր ինկած վիճակին, կամովին եւ համոզումով կը խնդրէ վերստին դառնալ Հօր Աստուծոյ ներկայութեան եւ վայելել Անոր ներկայութիւնը:

Երրորդ գլուխին մէջ պատրիարք հայրը կը խօսի Երուսաղէմի տաճարին մասին: Առաջին հերթին կը ներկայացնէ տաճարին պատմականը, ապա կը խօսի մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ժամանակաշրջանին տաճարին ունեցած բաժանմունքներուն մասին:

Չորրորդ գլուխին մէջ սրբազան հեղինակը կը խօսի Աւագ Երկուշաբթի օրուան խորհուրդի մասին: Հեղինակը կը գրէ. «Այս օրը, Աւագ Չորեքշաբթիին հետ, մնացեր է առանց տօնական անունի, թէեւ զուրկ չեն երկուքն ալ Յիսուսի տնօրինութիւններէն, որոնք պատահած են այդ օրերուն: Եթէ օրուան շարականներուն հարցնենք, անոնք պիտի ըսեն, որ Աւագ Երկուշաբթին յատկացուած է Ստեղծագործութեան խորհուրդին, եւ Զեբեդեան եղբայրներու խնդրանքին՝ նստելու Յիսուսի աջ ու ձախ կողմերը՝ Անոր Արքայութեան մէջ»: Եւ. «Աւագ շաբթուան առաջին երեք օրերը ծիսական նոյն կաղապարին վրայ կառուցուած են: Այս երեք օրերուն կը կատարուին առաւօտեան եւ երեկոյեան սովորական ժամերգութիւններ միայն: Տօնացոյցը յատկապէս կը շեշտէ, որ այս երեք օրերը «Տէր Ամենակալ», Արեւագալի ժամերգութիւն եւ Ս. Պատարագ չկան: Ասոնք փոխարինուած են աստուածաշնչական ԵՐԿԱՐ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐՈՎ:

«Ըստ այսմ երեք օրերու մէջ ալ Առաւօտեան ժամերգութեանց վերջաւորութեան կը կարդացուին աւետարանական հատուածներ, որոնք կապ ունին այդ օրուան հետ: Իսկ երեկոյեան ժամերգութեան սկիզբները կը կարդացուին Հին կտակարանի կարեւորագոյն դէպքերը, որոնք պատմական ու բարոյական հիմքը կը կազմեն ամբողջ Աստուածաշունչի կառուցուածքին, եւ արդարացումը՝ Քրիստոսի փրկագործ տնօրինութեանց»:

Ապա, հեղինակը անդրադարձ կը կատարէ Աւագ Երկուշաբթի օրուան աստուածաշնչական ընթերցումներուն, եւ յատկապէս կը խօսի աւետարանական երկու հատուածներու մասին.

ա. Չորցած թզենիի.

բ. Տաճարի մաքրագործումը.

գ. Տաճարի մաքրագործումին թելադրանքները:

Առաջին կէտին մէջ հեղինակը ներկայացնելէ ետք աւետարանական հատուածը, մանրամասնութեամբ կը խօսի հաւատքի մասին, կը բացատրէ, թէ ի՞նչ է հաւատքը, եւ կու տայ հետեւեալ հաստատումը. «Հաւատալը այնքան հաստատ եւ ստոյգ մարդկային կարողութիւն մըն է, որքան սիրելը կամ մտածելը»:

Երկրորդ կէտին մէջ, հեղինակը կը ներկայացնէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին տաճարը մաքրագործելուն դէպքը:

Իսկ երրորդ կէտին մէջ, հեղինակը կը խօսի տաճարի մաքրագործումին թելադրանքներուն մասին, որորնք կը բաժնէ հիմնական չորս կէտերու.

«1. Այս մաքրագործումով Յիսուս ամենէն առաջ կը յայտնէ Իր ցասումը աղօթքի եւ պաշտամունքի սահմանուած Աստուծոյ տան աշխարհիկ նպատակներու գործածութեան դէմ.- Պաշտամունքը եւ աղօթքը Յիսուսի համար մարդու բարձրագոյն գործողութիւնն է: Ոչ մէկ ուրիշ արարք պէտք չէ խանգարէ զայն: Որքա՜ն պէտք ունին մեր եկեղեցիները բարեկարգումի եւ մաքրագործումի այս մարզին մէջ յատկապէս...:

«2. Կրօնքն ու եկեղեցին պէտք չէ գործածուին եւ նկատուին իբրեւ անդրուար կամ միջոց ուրիշ աշխարհիկ նպատակներու: Եկեղեցին իր աստուածատուր նպատակէն զատ ուրիշ նպատակի չի կրնար ծառայել: Կրօնքը գեղարուեստական բաւարարութիւն գտնելու համար ստեղուած դրութիւն մը չէ...

«3. Այս մաքրագործումով Յիսուս ճակատ առ ճակատ եկաւ Իր ժամանակի մեծագոյն շահարար ուժին, այսպէս ըսենք՝ դրամատիրութեան հետ: Քրիստոնէական Եկեղեցին, որ ինքզինք կը նկատէ Քրիստոսի գործին շարունակողը, եթէ չնետուի ընկերութեան «տաճարները» մաքրագործելու պայքարին մէջ, Յիսուսի խիզախութեամբ եւ Անոր կորովով, երբեք պիտի չնկատուի արժանաւոր շարունակողը Յիսուսի առաքելութեան...

«4. Տաճարի մաքրագործման այս արարքն ալ Յիսուսի երէկ [Ծաղկազարդին] սկսած գործերուն նպատակին շարունակութիւնն էր: Անոր Մեսիայութիւնը հաստատող եւ Անոր աստուածառաք հանգամանքը ճշդող գործերէն մէկն էր նաեւ մաքրագործումը, որ ինքնին աստուածային հեղինակութիւն մը կ՚ենթադրէր իր մէջ, որուն պիտի առարկեն տաճարի տէրերը եւ զոր պիտի հաստատէ Յիսուս այնքան իմաստուն կերպով յաջորդ օրն իսկ: Այս արարքը որքան կատղեցուց իր հակառակորդները, նոյնքան ալ հաճելի տպաւորութիւն գործեց ժողովուրդի հասարակ ու բարեպաշտ զանգուածին վրայ...»:

Հինգերորդ գլուխին մէջ Շնորհք Պատրիարք կը ներկայացնէ Աւագ Երեքշաբթի օրուան խորհուրդը: Կը գրէ. «ԱՒԱԳ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻՆ մեր կարծածէն ու գիտցածէն աւելի կարեւոր օր մըն է: Կրնանք կոչել զայն Յիսուսի կեանքին ԵՐԿԱՐԱԳՈՅՆ ՕՐԸ, այն իմաստով, որ այն օրը ամենէն շատ բան խօսուած՝ ու ամենէն կարեւոր յայտնութիւնները եղած են: Խօսուած է առտուան կանուխ ժամերէն մինչեւ ուշ գիշեր:

«Աւագ Երեքշաբթին կրնանք նկատել Քրիստոսի հանրային գործունէութեան եւ հրապարակային քարոզութեան վերջին օրը, որ գրեթէ ամբողջութեամբ կ՚անցընէ տաճարի շրջանակի մէջ...

«Աւագ Երեքշաբթի օրը Յիսուսի խօսածները երկու գլխաւոր մասերէ կը բաղկանան: Առաջին մասը խօսքի գուպարներ են՝ Յիսուսի եւ հրեայ ժողովուրդի կրօնական ու աշխարհիկ վարիչներու միջեւ, տաճարի շրջանակին մէջ: Իսկ երկրորդ մասը յայտնութեանց շարք մըն է, խօսուած աշակերտական սեղմ շրջանակի մէջ, Ձիթենեաց լերան վրայ»:

Աւագ Երեքշաբթի օրը մեր ժողովուրդին ծանօթ է նաեւ որպէս Տասը կուսանացի օր, իսկ Տօնացոյցին մէջ այս օրը նշուած է, որպէս՝ «Յիշատակ Տասն Կուսանաց»:

Շնորհք Պատրիարք Աւագ Երեքշաբթի օրուան աւետարանական հատուածներու ընթերցուածները բաժնած է տաս գլուխներու, եւ տուած է անոնց բացատրութիւնն ու մեկնութիւնը:

ա) Յիսուսի իշխանութիւնը (Մրկ. ԺԱ. 27-33):

բ) Երկու որդիներու առակը (Մատթ. ԻԱ. 28-32):

գ) Չար մշակներու առակը (Մարկ. ԺԲ. 1-12):

դ) Հարսանիքի սեղանին առակը (Մատթ. ԻԲ. 1-14):

ե) Տալ կայսրինը՝ կայսեր, Աստուծոյնը՝ Աստուծոյ (Մրկ. ԺԲ. 13-17):

զ) Յարութիւն մեռելոց (Մրկ. ԺԲ. 18-27):

է) Մեծ պատուիրանը (Մրկ. ԺԲ. 28-34):

ը) Ո՞վ է Մեսիան (Մրկ. ԺԲ. 35-37):

թ) Վայ կեղծաւորներուն:

ժ) Այրիին լուման (Մրկ. ԺԲ. 41-44):

Գիրքի վեցերորդ գլուխով, սրբազան հեղինակը կը ներկայացնէ Ձիթենեաց լերան քարոզը: Խօսելով քարոզի մասին, կը գրէ. «Որոշ չէ, թէ Երեքշաբթի երեկոյի՞ն, թէ՝ Չորեքշաբթի օրը խօսուած է: Եկեղեցին կը կարդայ զայն Աւագ Երեքշաբթի երեկոյին. բայց պնդողներ կան, որ այդ քարոզը խօսուած է Աւագ Չորեքշաբթի օրը»:

Ձիթենեաց լեռը Երուսաղէմ քաղաքին դիմացը կը գտնուի: Յիսուս եւ Իր աշակերտները նստած են «Ձիթենեաց լերան լանջքին, «յանդիման տաճարին»: Անգամ մը եւս իրենց դիմաց պարզուած է գրաւիչ գեղեցկութիւնը տաճարին եւ քաղաքին»: Քարոզի առաջին թեման եղած է տաճարին աւերումը: Քրիստոս, նախապէս խօսած էր այդ մասին: Իսկ հիմա, Իր առաքեալները կ՚ուզէին իմանալ, թէ ե՞րբ պիտի կատարուէր այդ աւերումը: Այս մասին հեղինակը մէջբերած է Պիլի Կրահամի մէկ գրութիւնը, որ վերցուցած է «Տիսիժըն» կրօնական ամսագիրի 1972 Յունուարի թիւէն:

Ձիթենեաց լերան քարոզներուն վերջաբանը առակներու փունջ մըն է, որ պատրիարք հայրը անուանած է «Վերջին դատաստանի առակները», եւ զանոնք ներկայացուցած է չորս առանձին բաժիններով: Այսպէս.

ա) Հաւատարիմ եւ անհաւատարիմ վերակացուներու առակը (Մատթ. ԻԴ. 45-51):

բ) Տասը կուսանաց առակը (Մատթ. ԻԵ. 1-13): Այս առակի մասին հեղինակը կը գրէ. «Յայտնի է, որ շատ ժողովրդական եղած է այս առակը քրիստոնէական բոլոր շրջանակներու մէջ: Հայց. Եկեղեցին այս առակով մկրտած է Աւագ Երեքշաբթին: Աւելին, զայն վերածեր է գողտրիկ տրամայի մը, երկրորդը՝ Աւագ շաբթուան սրտառուչ թատերական պատկերներէն: Արդարեւ մեր տօնացոյցը հետեւեալ պատուէրը ունի այս մասին, նախ քան Աւագ Երեքշաբթիի երեկոյեան ընդարձակ աւետարանական հատուածին ընթերցումը, որուն մէջ է նաեւ այս առակը. «Թող հագուեցնեն տասը մանուկներ, անոնց ձեռքերուն տալով վառուած մոմեր, ըստ տասը կոյսերու օրինակին, ու այդ մանուկները թող գան ու կենան Աւետարանի առջեւ»: Ու այս փոքրիկները աւելի քան ժամ մը կը կենան այնտեղ, իբրեւ կենդանի պատկեր, յիշեցնելու համար տասը կոյսերը, մէկ կարեւոր տարբերութեամբ. այս պարագային յայտնի չ՚ըլլար, թէ ով «իմաստուն» է եւ ով «յիմար». վասնզի անոնցմէ ոչ մէկին մոմը կը մառի -ինչպէս կ՚ըլլայ առակին «յիմար»ներունը. ու այս «սրբագրութիւնը» կ՚ըլլայ նախ խնայելու այդ կենդանի եւ զգայուն փոքրիկներէն հինգին. եւ երկրորդ՝ եւ աւելի կարեւորը՝ ըսել տալու համար այս անգամ այդ մանուկներու բերնով ներկայ ժողովուրդին. «Տեսէ՛ք մեր բոլորին մոմերն ալ վառուած կը մնան. այնպէս պէտք է ըլլայ նաեւ ձերինը»: Այս գողտրիկ տրաման լրիւ եւ մեծ հանդէսով, այսպէս ըսենք, կը բեմադրուի յատկապէս Իսթանպուլի Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցիին մէջ, որ այդ երեկոյին լեցուած կ՚ըլլայ հսկայ բազմութեամբ»:

գ) Քանքարներու առակը (Մատթ. ԻԵ. 14-30):

դ) Վերջին դատաստանի առակը (Մատթ. ԻԵ. 31-46):

Եօթներորդ գլուխին մէջ Շնորհք Պատրիարք կը խօսի Աւագ Չորեքշաբթի օրուան խորհուրդին մասին: Այս մասին պատրիարքը կը գրէ. «Յիսուսի երկրաւոր կեանքին վերջընթեր խաղաղ օրն է Աւագ Չորեքշաբթի: Այդ օր Յիսուս տաճար չգնաց աղօթելու կամ քարոզելու: Իր վերջին ըսելիքները արդէն ի լուր աշխարհի յայտարարած էր երէկ այնքան վճռական ու տրամադիկ պայմաններու ներքեւ: Այսօր կարծես պէտք կը զգայ ինքնամփոփումի եւ ինքնապատրաստութեան Իր մեծ զոհագործութեան համար, զոր երկու օրէն պիտի կատարէր մարդոց փրկութեան համար»:

Աւագ Չորեքշաբթի օրուան ընթացքին երկու յատկանշական դէպքեր պատահած են.

ա) Դաւադրութիւն Յիսուսի դէմ (Մատթ. ԻԶ. 3-5):

բ) Բեթանիոյ օծումը:

Առաջին դէպքը մարդկութեան պատմութեան վատթարագոյն դէպքն է, որով Աստուծոյ ձեռագործը եղող մարդը, պիտի համաձայնէր մատնել իր Ստեղծիչը, հրեայ րաբբիներու դաւադրութեան մասնակիցը դառնալով: Մատնիչը բոլորին ալ ծանօթ է: Արդարեւ, «Յուդայի այս ելոյթը անբացատրելի եւ եղերական տրամ մը կը մնայ ոչ միայն Աւետարանի մէջ, այլ նաեւ ամբողջ մարդկային պատմութեան մէջ: Թէեւ աններելի՝ բայց գոնէ մարդկայնօրէն հասկնալի էր քահանայապետներուն որոշումը Յիսուսը սպաննելու: Նախանձը, ամբարտաւանութիւնը, ատելութիւնը՝ նման չարագործութիւններ շատ ընել տուած է մարդոց որդիներուն: Բայց ինչպէ՞ս բաատրել Յուդային երեւնալը թատերաբեմին վրայ: Ի՞նչ շարժառիթներէ, ի՞նչ նպատակներէ դրդուած կրնայ ըլլալ ան, գործելու համար վատթարագոյն այս արարքը»:

Իսկ երկրորդ դէպքը՝ օծումը, որ իրականացաւ Մարիամի ձեռքով, «Քրիստոս տեսանելի կերպով եւս օծուեցաւ իբրեւ յաւիտենական Քահանայապետ եւ Թագաւոր տիեզերքի, Աստուծոյ կողմէ անտեսանելիօրէն օծուելէն յետոյ»:

Այս երկու դէպքերուն հեղինակները՝ Մարիամն ու Յուդան են, որոնք «իրարու հակադիր երկու ծայրեր են: Անոնք Յիսուսի հանդէպ եկու հակադիր կեցուածքներ կը խորհրդանշեն: Մէկը ամբողջական սէր եւ երախտիք, միւսը՝ ամբողջական մերժում եւ ուրացում: Այս երկու ծայրերուն միջեւ կը տարածուին կեցուածքի այն բիւրաւոր աստիճանները, որոնք կ՚երեւին մեզմէ ամէն մէկի կեանքին մէջ: Այս երկու կեցուածքները, եթէ ջերմաչափի նմանցնենք, անոնք կը միանան իրարու զերոյի վրայ, որմէ յետոյ կը սկսին թիւերը զերոյէն ՎԱՐ եւ զերոյէն ՎԵՐ:

«Ու մեզմէ ամէն մէկս, առանց բացառութեան, առաւել կամ նուազ աստիճաններով, շարունակութիւնը կը կազմենք Մարիամի կամ Յուդայի: Ճակատագրական հարցումը այն է, ո՞ր մէկին...»:

Գիրքի ութերորդ գլուխին մէջ սրբազան հեղինակը կը ներկայացնէ Աւագ Հինգշաբթի օրուան խորհուրդը: Աւագ Հինգշաբթին ինչպէս բոլորիս ծանօթ է, հարուստ է խորհրդաւոր արարողութիւններով, որոնք կը ներկայացնեն այդ օրերուն պատահած իրադարձութիւնները: Այսպէս, Աւագ Հինգշաբթի օրն է, որ մեր Տէրն ու Փրկիչը Իր ընտրեալներուն հետ Վերնատան մէջ վերջին ընթրիքը ըրաւ: Այդ ընթրիքի ընթացքին լուաց Իր աշակերտներուն ոտքերը, հաստատեց Ս. Հաղորդութեան խորհուրդը, եւ այլ դէպքերու յիշատակումն է, որ կը կատարենք: Ամենէն յատկանշականը սակայն Վերջին ընթրիքն է: Շնորհք Պատրիարք Վերջին ընթրիքի ընթացքին պատահած դէպքերը բաժնած է չորս բաժիններու, այսպէս.

ա) Ոտնլուայ (Յովհ. ԺԳ. 1-15). Այս բաժինին մէջ Շնորհք Պատրիարք կը նկարագրէ, թէ Տէրը ինչպէս կը լուայ Իր աշակերտներուն ոտքերը, աշակերտներուն կեցուածքը՝ մանաւանդ Պետրոսին, եւ Քրիստոսի տուած բացատրութիւնը Իր կատարած արարքի մասին: Հեղինակը այս ուղղութեամբ կը գրէ. «Մեր եկեղեցիներու մէջ Աւագ Հինգշաբթի երեկոյին կատարուած Ոտնլուայի արարողութիւնը, երրորդ Սրբազան տրաման է, որ Եկեղեցին մեր դիմաց կը դնէ Աւագ շաբթուան ընթացքին: Տառապէս գրեթէ կրկնումն է աւետարանական դրուագին, ընդելուզուած աստուածաշնչական ընթերցուածներով եւ սրտառուչ մեղեդիներով: Ամբողջ արարողութեան կեդրոնական գաղափարները երկուք են. Խոնարհութիւն եւ Սէր: Ոտնլուայի առաջին մեծ աղօթքին մէջ Աստուծմէ կը խնդրենք նախ, որ «հեռացնէ մեզմէ ամէն տեսակ հպարտութիւն եւ ամբարտաւանութիւն եւ հագցնէ մեզի ճշմարիտ խոնարհութիւն եւ հեզութիւն»: Կ՚աղերսենք նաեւ որ տայ մեզի «քաղցրութիւն եւ սէր, որ լրումն է օրէնքին»: Կը կարդացուի սիրոյ յորդորը Յովհաննէսի Ա. Թուղթէն. «Սիրելիներ սիրենք զիրար. վասնզի սէրը Աստուծմէ կ՚իջնէ, եւ սիրողը Աստուծմէ ծնած կ՚ըլլայ, Աստուծոյ ճանաչողութեան հասած կ՚ըլլայ» (Ա.Յովհ. Դ. 7-21): Անոր կը յաջորդէ Յովհաննէս Պլուզ կոչեցեալ վարդապետի Սիրոյ ճառը, որ յարասութիւնն է վերի առաքելական յորդորակին»:

բ) Երբ մատնիչը կը մեկնի (Յովհ. ԺԳ. 21-30). Ոտքերու լուացումէն ետք, մատնիչը՝ Յուդան կը բաժնուի ընտրեալներու դասէն, երթալու եւ կատարելու մարդկային պատմութեան ամենէն դժնդակ մատնութիւնը: Շնորհք Պատրիարք անդրադառնալով այն իրողութեան, թէ մեր Տէրը գիտէր, թէ ո՛վ պիտի մատնէր զինք, կը գրէ. «Ոչինչ այնքան խռովիչ, ընդվզեցուցիչ եւ զզուեցուցիչ է, որքան գիտնալը, թէ քովդ նստած մարդը մատնիչ է: Մատնիչը «վատ մարդն է», որմէ աւելի գէշ մարդ չի կրնար ըլլալ: Դժուարութիւններուն, պատիժներուն եւ մահերուն ամենէն դառնահամը մատնիչի մը ձեռքով եղածն է»: Իսկ անդրադառնալով Յուդային, կը գրէ. «...Յուդան երբ ֆիզիքապէս եւս բաժնուեցաւ Քրիստոսէն եւ իր ընկերակիցներէն, իր հոգեկան աշխարհին վրայ իջաւ գիշեր մը, որ առաւօտ պիտի չունենար այլեւս»:

գ) Վերջին ընթրիքը հաստատութիւն Ս. Հաղորդութեան խորհուրդի (Մրկ. ԺԴ. 12-25). Վերջին ընթրիքի հիմնական առանցքը՝ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդին հաստատումն է: Այս մասին սրբազան հեղինակը կը գրէ. «Յիսուս Իր Վերջին ընթրիքի ընթացքին կը հաստատէ մեծագոյնը եւ սրբազնագոյնը եկեղեցիի խորհուրդներուն՝ պարզագոյն արարմունքով մը, պարզագոյն բառերով ու պարզագոյն տարրերով...: ...Հակառակ այս պարզութեան, սակայն, մեր եկեղեցին զայն կը կոչէ «Խորհուրդ խորին, անհաս անսկիզբն»: Եւ շատ իրաւամբ»: Բացատրելով, թէ ինչո՞ւ մեր Տէրը հաստատեց այս խորհուդը, հեղինակը կու գայ այն եզրակացութեան, թէ «Հաղորդութեան խորհուրդի հաստատումով Յիսուսի նպատակն էր Աստուածութեան մէջ գոյութիւն ունեցող ներդաշնակ յարաբերութիւնը եւ նոյն սիրոյ ու նոյն կեանքի հաղորդակցութիւնը փոխադրել նաեւ երկրի բնակիչներուն մէջ. նախ վերահաստատելով բնականոն յարաբերութիւնը Աստուծոյ ու մարդկութեան միջեւ, եւ ապա՝ Մարդու եւ իր ընկեր արարածին միջեւ»:

Ապա պատրիարք հայրը կը փորձէ թափանցել այս «խորին» ու «անհաս» խորուրդին մէջ, փորձելով մեկնել զայն: Իր մեկնութիւնը կատարած է թուարկելով այն անուանումները, որոնք տրուած են Հաղորդութեան սուրբ խորհուրդին: Այսպէս.

1) ՏԷՐՈՒՆԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ. «Ամէն մէկ Ս. Պատարագ Տէրունական ընթրիք մըն է, որ կը սարքուի մեր եկեղեցիներու Ս. Սեղաններու վրայ: Արդարեւ, ամէն մէկ պատարագի արարողութեան ընթացքին կ՚իրականանայ այն ինչ որ Ս. Պատարագի կեդրոնական շարականներէն մէկուն մէջ կ՚ըսենք.

«Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ.

Որ էնն Աստուած աստ բազմեցաւ.

Խաղաղութեան ձայն հնչեցաւ.

Սուրբ ողջունի հրաման տուաւ»:

2) ՊԱՏԱՐԱԳ. «Այս խորհուրդը պատարագ է այն իմաստով, որ անոր մէջ Քրիստոս յանուն եւ ի դիմաց մեզի, մեղաւորներուս, ինքզինք Աստուծոյ կ՚ընծայէ, ի քաւութիւն եւ ի թողութիւն մեր մեղքերուն, ինչպէս գործնականապէս ըրած էր Գողգոթայի վրայ: Հին կտակարանի «քաւութեան նոխազ»ին կամ գառնուկին պէս, որ իբրեւ ողջակէզ Աստուծոյ կ՚ընծայուէր, նուիրողներու մեղքերուն համար»:

3) ԳՈՀՈՒԹԻՒՆ. «Այս անունն ալ թէեւ մեր մէջ գործածական չէ եղած, բայց իրականին մէջ մեր Ս. Պատարագը գրեթէ ծայրէ ի ծայր գոհութեան եւ օրհնութեան պատարագ մըն է: Կը սկսինք զայն «օրհնեալ Թագաւորութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ» գոհաբանական մաղթանքով եւ կը շարունակենք սարկաւագի ազդարարութեամբ. «եւ գոհացարուք զՏեառնէ բոլորով սրտիւ»: Ս. Պատարագի մէջտեղերը ունինք ծանօթ գոհաբանական երգը. «Գոհութիւն եւ փառաբանութիւն մատուցանեմք քեզ Տէր Աստուած մեր, վասն սուրբ եւ անմահ Պատարագիս, որ ի վերայ Սրբոյ Սեղանոյս»:

4) Ս. ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԻՒՆ. «Ամենէն ընդհանրական բառն է, գործածուած գրեթէ բոլոր եկեղեցիներէն: Այս անունը կու գայ Խորհուրդին Հոգիէն, այսինքն՝ այն նպատակէն, որուն համար հաստատուած է ան, որ է՝ հաղորդակցութեան մէջ դնել արարածը Արարչին հետ, մեղաւորը՝ Քաւչարարին, փրկուածը Փրկչին հետ: Այս Խորհուրդը կենսական կապն է քրիստոնեայի եւ Քրիստոսի միջեւ»:

«Եթէ կը պակսի հաւատացողներու եւ նոյն եկեղեցի յաճախողներու միջեւ սիրոյ շաղկապը, դա ինքնին նշան է, որ հաղորդութիւն չկայ իրենց եւ Աստուծոյ միջեւ: Եթէ Աստուծոյ սիրոյն եւ կեանքին հաղորդ եղած ըլլայինք, ինքնաբերաբար հաղորդ պիտի ըլլայինք իրարու սիրոյն: Այս երկուքը իրարմէ կախեալ են եւ զիրար կ՚ենթադրեն: Ունենալ սէր հանդէպ Աստուծոյ եւ չունենալ մարդոց նկատմամբ սէր՝ անկարելիութիւն մըն է: «Եթէ մէկը ըսէ, որ Աստուած կը սիրեմ, եւ իր եղբայրը կ՚ատէ, սուտ է: Մէկը, որ չի սիրեր իր նմանը, զոր կը տեսնէ, ինչպէ՞ս կրնայ սիրել զԱստուած, զոր չի տեսներ» (Ա.Յովհ. Ե.20)»:

5) ՆՈՐ ՈՒԽՏ. «Թէեւ այս բառով չենք կոչեր Ս. Հաղորդութիւնը, սակայն մարդերու փրկութեան համար Յիսուսի թափած արիւնը Իր իսկ կողմէ յայտարար-ւեցաւ որպէս «Արիւն ՆՈՐ ՈՒԽՏԻ»:

«...Ուրեմն ամէն քրիստոնեայ, առանց բացառութեան, «ուխտաւոր» մը կամ «ուխտադիր» մըն է, որ դաշինք կնքած է, ուխտ ըրած է հաւատարիմ ըլլալու իր Աստուծոյն՝ եւ պահելու Անոր պատուիրանները: Իսկ Աստուած խոստացած է օժտել զայն փրկարար շնորհքով եւ արժանացնել այն յաւիտենական կեանքին: Եթէ մարդը հաւատարիմ չըլլայ իր խոստումին, կը զրկուի թէ՛ քրիստոնէական շնորհէն եւ թէ՝ յաւիտենական երանական կեանքէն»:

6) ԽՈՐՀՈՒՐԴ. «Ամէն բանէ վեր եւ ամէն բանէ առաջ Խորհուրդ մըն է Ս. Հաղորդութիւնը, այսինքն՝ ճշմարտութիւն մը, որուն ամբողջական ըմբռնումը կը խուսափի մարդկային հասկացողութենէն»:

«Խորհուրդը ունի տեսանելի կամ զգալի երես մը եւ անտեսանելի ու անըմբռնելի կողմ մը: Ս. Հաղորոդութեան պարագային տեսանելի եւ շօշափելի են ե՛ւ հացը ե՛ւ գինին, իսկ անտեսանելի եւ անըմբռնելի կը մնան այդ հացին եւ գինիին Քրիստոսի մարմինին եւ արեան «փոխարկուելու» պարագան, ինչպէս նաեւ զանոնք ճաշակելով՝ մեր մեղքերէն սրբուիլը եւ յաւիտենական կեանք ժառանգելը»:

7) ՅԻՇԱՏԱԿ. «Երբ Ս. Հաղորդութիւնը կը հաստատէր Յիսուս ըսած էր, «ասիկա ըրէք Իմ յիշատակիս համար» (Ղուկ. ԻԲ. 19): Պօղոս Առաքեալ եւս կը կրկնէ Տիրոջ այդ խօսքը»:

«Յիշուելիքը ուրեմն այն իրողութիւնն է, թէ Ան մեր մեղքերուն համար մեռաւ. ուրիշ խօսքով մենք եղանք Անոր մահուան պատճառը. եթէ ինկած չըլլայինք, եթէ մեղանչած չըլլայինք, Անոր մեռնելուն կարիք պիտի չմնար: Սէր եւ Մոռացում իրարու հակառակ եզրեր են: Եթէ կը սիրենք՝ ուրեմն պիտի յիշենք միշտ մեր սիրելին: Սէր եւ յիշատակութիւն իրարմէ անբաժան են»:

դ) Վերջին Կտակ. Այս բաժինին մէջ հեղինակը կը խօսի մեր Տիրոջ տուած Վերջին կտակին մասին: Վերջին կտակը կոչուած է նաեւ «Վերնատան քարոզ»: Այս մասին հեղինակը կը գրէ. «"Վերնատան քարոզ"ն ալ լեցուն է նոր յայտնութիւններով եւ հիմնական ճշմարտութիւններով»:

Վերջին կտակը կամ Վերնատան քարոզն ալ սրբազան հեղինակը բաժնած է երկու բաժիններու: Այսպէս.

1) ՆՈՐ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆ. Նոր պատուիրանը՝ սիրոյ պատուիրանն էր, որ Յովհաննէս Առաքեալը այնքա՜ն գեղեցիկ կերպով նկարագրած է զայն իր Աւետարանին 13-րդ գլուխին մէջ:

2) ՄԽԻԹԱՐԻՉԸ. Քրիստոսի խոստումն է՝ տրուած Իր առաքեալներուն, թէ Մխիթարիչը պիտի գայ: Այս մասին հեղինակը կը գրէ. «Հրաժեշտի Իր խօսքերուն մէջ Յիսուս կը ներկայացնէ Ս. Հոգին իբրեւ շարունակողը Իր ուսուցման եւ Իր գործին, զԻնք փոխարինողը Իր երկրաւոր բացակայութեան ընթացքին»:

«Մխիթարիչը "Ճշմարտութեան Հոգին է"»:

«Հոգին մարդոց պիտի շնորհուի Յիսուսի մահուամբ եւ Անով կատարուած փրկագործութեամբ»:

Այս հիմնական երկու կէտերէն բացի այլ կէտեր ալ կան Յիսուսի հրաժեշտի քարոզին մէջ: Այսպէս.

ա) Խաղաղութիւն թողուլն ու տալը մարդկութեան (կարդա՛ Յովհաննէսի Աւետարանի 17-րդ գլուխ, 27-րդ համար):

բ) Երթալ եւ գոյութիւն ունեցած օթեւանները պատրաստել Իր հետեւորդներուն համար:

գ) «Ես եմ»ներու շարք մը:

1) «Ես եմ ճանապարհը, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը»:

2) «Ես եւ Հայր իմ մի ենք»:

3) «Ես եմ որթատունկը, իսկ դուք՝ ճիւղերը»:

Կտակը կ՚աւարտի մեր Տիրոջ հետեւեալ խօսքերով. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք. սակայն քաջալերուեցէք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհի»:

Այս արտայայտութեան յաջորդած է մեր Տիրոջ աղօթքը, որ կոչուած է նաեւ Քահանայապետական աղօթք: Այս մասին պատրիարք հայրը կը գրէ. «Քրիստոս կ՚աղօթէ ամէնքիս համար, տիեզերական Եկեղեցիին համար. սակայն Իր ուզածը չէ ոեւէ մէկը այն բիւրաւոր խնդրանքներէն, որ մեր շրթներէն կը բարձրանան Ամենակալի աթոռին առջեւ: Քրիստոսի ուզածը մեր չուզածն է: Այսինքն՝ Եկեղեցիի Միութիւնը: Ստոյգ է, որ շրթունքով կ՚ուզենք ու կը հոլովենք Միութիւն բառը, սակայն ոչ թէ Քրիստոսի կամեցածին պէս: Քրիստոսի խնդրածը մեզի չի տրուիր, եթէ մենք ալ չուզենք զայն: Խաղաղութիւնը եւ Միութիւնը նախ մենք պիտի կամենանք, եւ ապա իբրեւ շնորհ պիտի ընդունինք Աստուծմէ: Մեր կամքին հակառակ ոչ միութիւն եւ ոչ ալ խաղաղութիւն կը շնորհուի մեզի...:

«... Յիսուս Իր աղօթքը վախճանին կը բերէ սա խնդրանքով. «Հայր արդար... այն սէրը, որով զիս սիրեցիր, անոնց մէջ ըլլայ»: Սէր եւ Յիսուս, իրարու հոմանիշ եզրեր են, ինչպէս մեր Շնորհալին կ՚երգէ. «Սէր անուն Յիսուս, սիրով Քով ճմլեա, սիրտ իմ քարեղէն»: Սիրով սկսած էր Յիսուս Իր հրաժեշտի խօսքին եւ սիրով կ՚աւարտէ Իր Քահանայապետական աղօթքը»:

Գիրքին իններորդ գլուխին մէջ, պատրիարք հայրը կը ներկայացնէ Աւագ Ուրբաթ օրուան խորհուրդը: Այս մասին ան կը գրէ. «Երբ կը մտնենք ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹէն ներս, մեր գլխարկներուն հետ մեր կօշիկներն ալ պէտք է հանենք, նմանեալ Մովսէսի, որուն հրահանգուեցաւ հանել իր կօշիկները, երբ կը մօտենար Անկէզ Մորենիին: Աւագ Ուրբաթը արդարեւ եկեղեցական տարիին ծանրագոյն եւ սրբազնագոյն օրն է, ուր կը կատարուի Աստուծոյ Որդիին արիւնոտ ողջակէզը, որ անարիւն եւ անկիզելի կը շարունակուի 1941 տարիներէ ի վեր, եւ պիտի շարունակուի մինչեւ որ Զոհուած Գառնուկը բանայ մէկիկ-մէկիկ պատմութեան «Եօթը կնիքները»:

Աւագ Ուրբաթը գերագոյն փաստն է Աստուծոյ անսահման սիրոյն եւ մարդոց անյատակ ապերախտութեան:

ՕՐԸ՝

Յիսուսի Մատնութեան եւ մարդու վատութեան:

Քրիստոսի Չարչարանքներուն եւ մարդու Չարութեան:

Անմեղին դատապարտութեան, մեղապարտին Փրկութեան:

Անոր Խաչելութեան, մեր Ազատագրումին:

Անմահին մահուան, մահկանացուին Անմահութեան:

Լոյսի Թաղման, խաւարեալներուն Յարութեան:

Աւագ Ուրբաթի դրուագները երեւան կը բերեն մարդկային նկարագրին վատթարագոյն գիծերը, եւ Աստուծոյ բնութեան վեհագոյն ճառագայթները: Դժուար է մտնել անկէ ներս, առանց ինքզինքը նուաստացած զգալու իբրեւ մարդ, եւ առանց խոնարհելու Աստուծոյ ներողամտութեան անհուն մեծութեան առջեւ»:

Այս գլուխին մէջ սրբազան հեղինակը ներկայացման տարբեր ձեւ մը որդեգրած է, որով խօսքը տուած է ժամանակակիցներուն, անոնց՝ որոնք այդ օրուան դէպքերը ապրած են: Իսկ «մենք պիտի ըլլանք լոկ ունկնդիրներ եւ քայլ առ քայլ պիտի հետեւինք ու եթէ հնար է՝ մէջը պիտի մտնենք մարդկային պատմութեան մեծագոյն այդ տրամին»:

Արդարեւ Աւագ Ուրբաթ օրուան դէպքերը պատրիարք հայրը ներկայացուցած է տասն բաժիններու մէջ: Այսպէս.

ա) ԳԵԹՍԵՄԱՆԻ. այս բաժինին մէջ հեղինակը կը խօսեցնէ Յովհաննէս Առաքեալը, որ կը ներկայցնէ Գեթսեմանի պարտէզին մէջ կատարուած անցուդարձները, Յիսուսի աղօթելը, աշակերտներուն քնանալը, հրեաներուն գալը՝ ձերբակալելու համար Յիսուսը: Հրաշալի կերպով մըն ալ Յոհաննէս Առաքեալի բերանով հեղինակը կու տայ Քրիստոսի մարդեղութեան վկայութիւնը. «Պէտք է խոստովանիմ, որ կեանքիս ամենէն անմեկնելի փորձառութիւններէն մէկը եղաւ Գեթսեմանիի այդ տագնապը: Եւ լաւ, որ եղաւ: Առանց անոր ես ալ թերեւս տարուէի վարանումներ ունենալու՝ մեր Տիրոջ լրիւ եւ ամբողջական մարդանալու պատմական իրականութեան մասին, քանի որ այսքան խոր տպաւորած էր Ան զմեզ Իր աստուածային հեղինակութեամբ եւ հրաշագործ կարողութեամբ, Իր Յարութենէն առաջ եւ յետոյ: Գեթսեմանիին վկան ըլլալէ յետոյ այլեւս անվարան կրնայի յայտարարել ընդդէմ անոնց, որոնք Յիսուսի մարդեղութիւնը երեւութական կը համարէին. «Ով որ չի խոստովանիր զՅիսուս Քրիստոս ՄԱՐՄՆՈՎ եկեալ, նա մոլորեցուցիչ է եւ նեռն» (Ա.Յովհ. Դ.2-3, Բ.Յովհ. 7)»: Ապա մի քանի օրինակներ կու տայ, թէ մարդիկ ինչպէս կը փորձեն մանրամասն ուսումնասիրել Գեթսեմանիի մէջ պատահածները, եւ իր խօսքը ամփոփելով՝ կ՚ըսէ. «Հետեւաբար եղբայրներ, մի փորձէք մտնել խորունկ Խորհուրդին մէջ Գեթսեմանիի, ձեր սահմանափակ ուղեղներով: Յիսուս այնտեղ ապրեցաւ ԱՆԴՈՀԱՆՔԸ ամբողջ մարդկութեան մեղքերը քաւելու երկունքին»:

բ) ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՅԻՍՈՒՍԻ. Այս բաժինին մէջ հեղինակը մատնիչ Յուդային բերանով կը պատմէ մատնութեան հանգրուանները եւ Քրիստոսի ձերբակալութիւնը: Յուդան կը խօսի. «Վերադարձին շրջուած էր թափօրին կարգը: Գեթսեմանի գալու ատեն կարեւորագոյն մարդը ես էի. Առջեւէն կը քալէի իբրեւ հրամանատարը խումբին: Իսկ կարեւոր մարդերը, պաշտօնականները, այսինքն մեր ազգային Մեծ Ժողովին ներկայացուցիչները՝ ամենէն ետեւէն, հաւանական որեւէ վտանգէ հեռու մնալու մտահոգութեամբ: Վերադարձին անոնք առաջ անցած էին. Յիսուս ձերբակալուած կը քալէր մէջտեղէն, քանի մը ուժեղ մարդերէ շրջապատուած, իսկ խառնիճաղանճը -սպասաւորները- ետեւէն ու ամենէն յետոյ կը քալէի ես: Դերս վերջացած էր եւ ալ ոչ ոք կարեւորութիւն կու տար ինծի: Այնպէս կը զգայի որ իրական ձերբակալուածը ես էի...»: Ապա կը նկարագրէ իր ապրումները մատնութենէն ու ձերբակալութենէն ետք, թէ ինչպէս կ՚երթայ ու երեսուն արծաթը կը վերադարձնէ, քահանաներուն անտարբեր կեցուածքը, եւ ապա՝ կախուիլը: Իր վերջին խօսքերը կ՚ըլլան. «Ես սահմանուած էի Աւետարանի քարոզիչ դառնալու. չկրցայ: Այժմ եւ Գեհենի յաւիտենական քարոզիչն եմ»:

գ) ՅԻՍՈՒՍ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԻ ԱՌՋԵՒ.

Կը խօսի Կայափան. «Ձեռքերը կաշկանդած մեր ներկայութեան հանուեցաւ Գալիլիացի Քարոզիչը, որուն մասին շատ բան լսած էինք, եւ զոր ծուղակը ձգելու համար շատ ծրագիրներ որոճացեր էինք, զոր սակայն առաջին անգամ կը տեսնէինք դէմ յանդիման: Վերէն վար չափեցինք զինքը եւ մեր բնազդական առաջին տպաւորութիւնը այն եղաւ, որ կ՚արդարացնէր իր մասին մեր լսածները: Մեր դիմաց կանգնած էր ուղիղ եւ ուժեղ անձնաւորութիւն մը: Մեղապարտի կամ մինչեւ իսկ ձերբակալեալի ոչ մէկ հով կար վրան. կը պահէր ուժեղ եւ առաքինի մարդու իր անկախութիւնը եւ խաղաղութիւնը»: Եւ ապա մանրամասութեամբ կը նկարագրէ այն բոլոր անցուդարձները, որոնք կատարուած են ատեանին մէջ եւ տրուած վճիռը՝ «ՄԱՀԱՊԱՐՏ Է: Վճիռը արձակուած էր: Ատեանը վերջ գտած էր»:

դ) ՊԵՏՐՈՍԻ ՈՒՐԱՑՈՒՄԸ. Այս բաժինով հեղինակը կը ներկայացնէ Պետրոսի ուրացումը:

Կը պատմէ Պետրոս. «Աստուած զիս օժտած էր որքան համարձակ նկարագրով, նոյնքան ալ անձնուէր սրտով. սակայն շրջապատս ուր կը տիրապետէր հպարտութիւնը եւ կոպտութիւնը, զիս վերածեր էին պիտանիի եւ խոտանի խառնուրդի մը. ես ձկնորս էի արհեստով, օրին մէկը ինկայ ուռկանին մէջ Մեծ Ձկնորսին, որ զիս վերածեց մարդոց որսորդի, հոգիներ որսալու համար յաւիտենական կեանքի արքայական սեղանին»:

«Ուրացութիւնս մաս կազմեց Քրիսոոսի չարչարանքներուն: Որքան Յուդայի համոյրը եւ իր թշնամիներուն ծաղրանքն ու ձաղանքը վիրաւորած էին Իր աստուածային սիրտը, նոյնը ըրաւ նաեւ իմ ուրացումս: Սակայն միւս կողմէ՝ պէտք է խոստովանիմ, որ այս չարիքը բարիքով վերջացաւ ինծի համար: Իրական երկունք մը եղաւ ինծի, որ նախ ծնաւ մէջս հոգի ապաշխարութեան, որ իր կարգին պատճառ եղաւ իմ վերականգնումիս: Թերեւս կեանքիս ոչ մէկ փորձառութիւնը այնքան արմատական ու վճռական դեր ունեցաւ իմ նկարագրիս դէպի լաւը փոփոխութեան մէջ, որքան իմ ուրացութիւնս եւ անոր յաջորդող ցաւագին վիճակս»:

ե) ՅԻՍՈՒՍ ՊԻՂԱՏՈՍԻ ԱՏԵԱՆԻՆ ԱՌՋԵՒ. Այս բաժինի մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ Յիսուսին Պիղատոսի ատեանին առջեւ տարուիլը, ապա Հերովդէսի պալատ, դարձեալ Պիղատոսի ատեան եւ տրուած վճիռը:

Կը խօսի Պիղատոս. «Վերի պաշտօնասենեակիս պատուհանէն նշմարեցի, որ արտաքին գաւիթը հաւաքուած ամբողջ վոհմակը կը հետեւէր ամբաստանեալին եւ զինուորներուս դէպի Հերովդէսի պալատը: Խաղաղութիւնս վերագտած էի»:

Կը խօսի Հերովդէս. «...Հակառակ այս բոլորին սակայն ԼՈՅՍԸ, որ իջած էր առաջին անգամ իմ երկրիս մէջ, ես ուզեցի մարել զայն, առնուազն հեռացնել զայն սահմաններէս: Այդ ԼՈՅՍԸ այն օրը անձամբ եկած էր իմ դուռս. սակայն ես եւ շուրջիններս նախընտրեցինք խաւարը, որովհետեւ մեր կեանքը շաղախուած էր չարութեամբ: Յիսուսի ինծի հետ չխօսիլն անգամ նշան մըն էր, որ ես անյուսօրէն կորսուած մըն էի: Ու ներկայիս ես կ՚ապրիմ մեր նախընտրած խաւարին եւ կորուստին տանջանքը դժոխքին մէջ: Սրբութիւնը մեր ոտքը եկած էր. ու մենք կոխկռտեցինք եւ ծաղրեցինք այդ Սրբութիւնը: Այս է մեր աններելի եւ յաւիտենական դատապարտութիւնը»:

Կը շարունակէ Պիղատոս. «Խաղաղութիւնս, զոր գտած ըլլալ կը կարծէի օձիքս ազատելով անսովոր այս դատավարութեան տաղտուկէն, երկար չտեւեց: Ատեն մը վերջ նորէն լեցուեցաւ պալատիս արտաքին գաւիթը ամբոխային աղմուկով»: Ապա հեղինակը կը ներկայացնէ, թէ ինչպէս Պիղատոս փորձ մը կը կատարէ ազատելու համար «Ամբաստանեալը»՝ Բարրաբբան մէջտեղ բերելով: Սակայն չի յաջողիր, որովհետեւ «ամբոխը դրդուած քահանայապետներէն, միաբերան կ՚աղաղակէր.

- Խաչէ՛ զայն, խաչէ՛ զայն եւ արձակէ՛ մեզի Բարրաբան...:

... եւ մարդ ղրկեցի որ արձակեն Բարրաբան»:

Կը խօսի Բարրաբան. «Յիսուս Նազովրեցի իմ տեղս մեռաւ ու ես ազատ արձակուեցայ բանտի խաւարէն եւ մահուան մղձաւանջէն: Նոյնը պատահած է իրենց հոգեւոր եւ բարոյական մարզին մէջ ձեզմէ ամէն մէկին համար: Դուք ամէնքդ արդէն իսկ մահուան դատապարտուած էիք, եթէ Ան խաչի մահուան դատապարտուած չըլլար, դուք անխուսափելիօրէն պիտի կրէիք ձեր մահապատիժը, ինչպէս ես բացայայտօրէն պիտի կրէի իմինս»:

զ) ՅԻՍՈՒՍԻ ՁԱՂԱՆՔԸ. Այս բաժինին մէջ սրբազան հեղինակը կը խօսի Յիսուսի կրած չարչարանքներուն մասին, եւ թէ ինչպէս Պիղատոս Յիսուսը յանձնեց հրեաներուն:

Կը խօսի Ղուկիանոս Հարիւրապետը. «Ես այն հռովմայեցի հարյիւրապետն եմ, որուն հսկողութեան տակ կատարուեցան Յիսուսի Չարչարանքները եւ Խաչելութիւնը: Խորապէս տպաւորուած՝ Չարչարանաց եւ Խաչելութեան առթիւ Անոր ցուցաբերած ազնիւ ոգիէն եւ արտասանած խօսքերէն, ու մանաւանդ՝ պատահած հրաշալի երեւոյթներէն, ես Աստուծոյ շնորհիւ ունեցայ հոգեկան կերպարանափոխութիւն մը ու եղայ Քրիստոսի Աստուածութեան հաւատացող առաջին հեթանոսը»:

«Մինչեւ օրս իմ հոգեկան աշխարհէն սարսուռ կ՚անցնի եւ կը ցնցուի ամբողջ էութիւնս, երբ վերյիշեմ այս անմարդկային տեսարանը, որուն եթէ ոչ կազմակերպիչը, գէթ հսկիչը ի պաշտօնէ ես էի, եւ որմէ այնքան հաճոյք կ՚առնէի ես ալ՝ որքան զինուորներս...: ...Ոչ մէկ թշնամական ակնարկ կամ խօսք կը նետէր զինքը չարչաչողներուն: Դէմքին վրայ իջած էր աննկարագրելի թախիծ մը: Իր արիւնաթաթախ դէմքին վրայ արցունք չէր երեւեր: Աչքերը առ հասարակ գոց էին եւ տարուած վիճակ մը ունէր: Բայց որոշ կերպով կը զգայի, որ ներքնապէս կ՚արտասուէր Յիսուս: Որո՞ւ վրայ. այդ ետքէն հասկցայ ես: Ցաւէն չէ որ կու լար, այլ՝ վիշտէն: Իր վրայ՝ կամ Իր հաշւոյն չէ, որ կը վշտանար, այլ՝ մեր վրայ եւ մեր հաշւոյն, որ մարդ կրնար այդ աստիճան գռեհկանալ ու գազան դառնալ»:

Կ՚եզրակացնէ Պիղատոս. «Ես դատավարութեան ընթացքին երկու նպատակ կը հետապնդէի: Նախ՝ պահպանել խաղաղութիւնը. այսինքն առիթ չտալ խռովութեան: Երկրորդ՝ ազատել Յիսուսը: Սակայն քանի խնդրոյն մէջ խրեցայ, այնքան համոզուեցայ, որ անկարելի էր այս երկու նպատակները միաժամանակ յաջողցնել: Մէկը պէտք էր զոհել, փրկելու համար միւսը: Ու ես զոհեցի Յիսուսը, այսինքն՝ Արդարութիւնը»:

է) ԽԱՉԻ ՃԱՄԲԱՆ ԵՒ ԽԱՉԵԼՈՒԹԻՒՆԸ. Այս բաժինին մէջ պատրիարք հայրը կը ներկայացնէ Խաչի ճանապարհը եւ խաչելութիւնը:

Կը խօսի Սիմոն Կիւրենացի. «Մարդոց որդիներէն ամենէն բախտաւորներէն եղայ, որ ինծի տրուեցաւ շնորհը վերջին պահուն ճանչնալու, սիրելու, հաւատալու ու մանաւանդ ՕԳՆԵԼՈՒ մեր Փըրկ-չին՝ Յիսուս Քրիստոսին, Իր խաչի ճամբուն վրայ»:

«Դո՛ւն, բռնէ՛ սա խաչին ծայրը:

Առանց առարկութեան, ու անմիջապէս մօտեցայ ետեւէն, վերցուցի խաչին գետին քսուող ծայրը եւ դրի ուսիս վրայ: Կը զգայի, որ խաչին ծանրութեան մեծագոյն մասը դեռ Յիսուսի վրայ էր, քանի որ խաչին հորիզոնական կտորը այն կողմն էր: ...Անմիջապէս վերցուցի խաչը...: ...Արդարեւ շատ ծանր էր խաչը: Կ՚երեւի մասնաւոր դիտումով այդպէս ծանր շինած էին՝ իբրեւ մասը պատիժին, որպէսզի գանակոծուելու պատիժէն յետոյ՝ կրէր նաեւ ծանրութիւնը մահուան գործիքին, ուժասպառ ըլլար եւ դիմադրելու նուազ հնարաւորութիւն ունենար խաչուելու ատեն:

...Մեզմէ առաջ բերուած էին նաեւ երկու ուրիշ պատժապարտներ, որոնց խաչուելու գործողութեան արդէն սկսուած էր...:

...Պառկեցուցին Յիսուսը խաչին վրայ: Ոչ մէկ դիմադարձութիւն, ոչ մէկ չկամութեան նշան: Երկնցաւ խաչին վրայ ճիշդ այնպէս ինչպէս գառնուկը կը պառկի իր կտրիչին առջեւ: ...Այդ պահուն մեր աչքերը գրեթէ առաջին անգամ ըլլալով իրարու հանդիպեցան: ...Յիսուսին աչքերը խորունկէն ժպտեցան ինծի...:

...Երանի քեզ Սիմոն, կեանքդ շաղուե-ցաւ իմ կեանքիս հետ ու պիտի ապրիս ինծի հետ յաւիտեան...»:

ը) ԵՕԹԸ ԽՕՍՔԵՐ ԽԱՉԷՆ. Այս բաժինին մէջ Շնորհք Պատրիարք կը ներկայացնէ մեր Տիրոջ խաչին վրայ արտասանած եօթ խօսքերը:

1) ՀԱՅՐ ՆԵՐԷ ԱՍՈՆՑ...

2) «ԱՅՍՕՐ ԴՐԱԽՏԻՆ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՍ...»:

Կը խօսի աջակողմեան աւազակը. «Արդարեւ անբացատրելի խաղաղութիւն մը եւ երջանիկ տրամադրութիւն մը ողողեց ամբողջ էութիւնս: Չարչարանքներս սիրով կրեցի իբրեւ փոքր ապաշխարանք մը իմ գործած մեծ մեղքերուս փոխարէն: Ու արդէն կը զգայի ես զիս յոյսի, հաւատքի եւ սիրոյ դրախտին մէջ, որովհետեւ կորսուած էի, ողջացայ, մեղքերուս մէջ մեռած էի, վերակենդանացայ»:

3) ԱՀԱ ՈՐԴԻԴ, ԱՀԱ ՄԱՅՐԴ.

Կը խօսի Սողոմէ. «...Յիսուս բերանը բացաւ եւ հազիւ լսելի ձայնով մը ըսաւ.

- ԿԻՆ ԴՈՒ, ԱՀԱ ՈՐԴԻ ՔՈ...:

- ԱՀԱ ՄԱՅՐ ՔՈ...:

Այդ վայրկեանէն Տիրամայրը անբաժանելի մաս կազմած էր մեր ընտանիքին. ու մեր տունը առինք զայն իբրեւ մեր տան Տիրուհին, ու միասին ապրեցանք մշտահոս սիրով մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին»:

4) ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՄ, ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՄ, ԻՆՉՈ՞Ւ ԼՔԵՑԻՐ ԶԻՍ.

Կը խօսի Մարիամ Մագթաղենացի. «...Կայծակը, որ Յիսուսի այդ խօսքերով ինկած էր իմ գլխուս, ցնցեց ամբողջ էութիւնս. կրնայի հետեւցնել, թէ որքան մինակ մնացած էր Յիսուս: Իր տառապանքները եւ Անոր ուսերուն վրայ դրուած մարդկութեան մեղքերը թանձր մառախուղի մը պէս ծածկեր էին Աստուծոյ մշտական տեսութիւնը Իր հոգիի աչքերէն...: ...Ու ես համբոյր մը դրոշմելով Յիսուսի վիրաւոր ոտքերուն, ըսի ցած ձայնով. եթէ մենք, մեղապարտ ու տկար ներկաներս քեզ չենք լքած, այդ ինքնին փաստ է, որ Աստուած ալ պիտի չլքէ քեզ...»:

5) ԾԱՐԱՒԻ ԵՄ.

Կը խօսի Մարիամ Կղէովպայ. «...Զինուորը սպունգին վրայ լեցուց քչիկ մը այդ քացախախառն ըմպելիէն եւ զայն եղէգի մը ծայրին զարնելով մօտեցուց Յիսուսի այրած շրթունքներուն: Հազիւ պուտ մը ծծած Յիսուս վերստին կեանք ստացաւ ու սկսաւ աւելի ցաւագին պրկումներ ունենալ: Կարծես ջուր ուզած էր քիչ մը աւելի երկար տառապելու համար...»:

6) ԱՄԵՆԱՅՆ ԻՆՉ ԿԱՏԱՐԵԱԼ Է:

7) ՀԱՅՐ, ՔՈՒ ՁԵՌՔԴ Կ՚ԱՒԱՆԴԵՄ ԻՄ ՀՈԳԻՍ.

Կը խօսի Յովհաննէս. «Կեանքիս երկարագոյն եւ ամենէն տաժանագին օրը եղաւ Յիսուսի կեանքին վերջին օրը: Աստուծոյ մասնաւոր շնորհը, Յիսուսի հանդէպ ունեցած սէրս, գաւառացի ձկնորսի տոկուն կազմս եւ երիտասարդութիւնս կրցան զիս ոտքի պահել գրեթէ 24 ժամ, առանց բան մը ուտելու:

...Ու այժմ Ան, Իր անասելի Չարչարանքներով կը պատժուէր եւ կը մեռնէր ամբողջ մարդկութեան փոխարէն: Ու Իր մահով կը փճացնէր, կը քաւէր մեղքերը բոլոր մարդկութեան. քաւչարար այս շնորհին սակայն իւրաքանչիւր անհատ մարդ մասնակից պիտի դառնար իր ՀԱՒԱՏՔՈՎ...:

Խաչէն խօսուած Յիսուսի եօթ խօսքերը կ՚արտայայտէին զԻնքը Իր Յայտնութեան երեք հանգրուաններու մէջ. իբրեւ մարդ երկրի վրայ. իբրեւ Տառապող Ծառան Խաչին վրայ. եւ իբրեւ յաղթական Փրկիչ յաւիտենութեան մէջ...:

ԱՄԵՆԱՅՆ ԻՆՉ ԿԱՏԱՐԵԱԼ Է...:

...ԼՐԱՑԱԾ էին բոլոր մարգարէական նախատեսութիւնները Իր մասին:

ԼՐԱՑԱՆ Հին Օրէնքի համար սահմանուած ժամանակը, եւ սկսան նոր ժամանակները:

ԼՐԱՑԱՒ, վերջ գտաւ ՀԻՆ ՈՒԽՏԸ եւ կնքուեցաւ ՆՈՐ ՈՒԽՏԸ Յիսուսի արիւնով:

ՎԵՐՋԱՑԱՒ ստուերը. սկսաւ իրականութիւնը:

ՎԵՐՋԱՑԱՒ մեղքի ամենազօր տիրակալութեան շրջանը եւ սկսաւ շնորհաց դարը:

ԼՐԱՑԱՆ, ի գլուխ հանուեցան Յիսուսի բոլոր Տնօրինութիւնները մարդոց փրկութեան համար: Աստուծոյ Արդարութեան պահանջը իր գոհացումը գտաւ:

ՎԵՐՋԱՑԱՆ հին դարերը եւ սկսաւ նոր թուականը:

Եւ հուսկ ապա ԼՐԱՑԱՒ Իր երկրաւոր կեանքը ու եկած էր պահը Իր վերջին շունչը աւանդելու զոր ըրաւ այս խօսքին հետ գրեթէ զուգահեռաբար...:

...ՀԱՅՐ, ՔՈՒ ՁԵՌՔԴ Կ՚ԱՒԱՆԴԵՄ ԻՄ ՀՈԳԻՍ...:

...Յիսուս բարձրաձայն աղաղակեց Իր մահը, որովհետեւ այդ կը կատարուէր ամէնքի համար եւ ամէնքի փոխարէն եւ հետեւաբար պէտք էր յայտարարուէր ամբողջ աշխարհին: Ու մենք եւս ամէն անարիւն պատարագին պիտի պատմենք մահը Տիրոջ, որ տեղի կ՚ունենայ ի քաւութիւն եւ ի թողութիւն մեղաց մերոց»:

թ) ՅԻՍՈՒՍԻ ԿՈՂԻՆ ԽՈՑՈՏՈՒՄԸ.

Կը խօսի Յոհաննէս. «...Պահապանները պէտք չտեսան ջարդել Անոր ոտքերը, քանի որ մահացած էր արդէն. միայն թէ զինուորներէն մէկը բացարձակ վստահ ըլլալու համար, թէ արդարեւ մահացած էր Ան՝ գրեթէ անակնկալ շարժումով մը, իր գեղարդը մխեց Յիսուսի ձախ կողին: ՈՒ ԱՆԿԷ ԱՐԻՒՆ ԵՒ ՋՈՒՐ ՀՈՍԵՑԱՒ: Յիսուսի մահուան ստոյգ ըլլալը հաստատուած էր. քանի որ խոցուած էր Յիսուսին սիրտը...:

...Յիսուսի բացուած կողէն կենսատու արիւնը եւ մաքրիչ ջուրը երբեք չդադրեցան հոսելէ անտեսանելիօրէն: Բոլոր ջուրերը, որոնցմով մարդիկ մկրտուեցան դարերու ընթացքին, հաւատալով Յիսուսի, Անոր կողէն հոսած ջուրին շարունակութիւններն են տեսանելիօրէն: Բոլոր Ս. Պատարագներու սկիհներուն մէջ դրուած գինիները, Անոր կողմէ հոսած արեան խորհրդական շարունակութիւնն են, ի քաւութիւն եւ ի թողութիւն մեր մեղքերուն...»:

թ) ԹԱՂՈՒՄ ՅԻՍՈՒՍԻ.

Կը խօսի Յովսէփ Արիմաթացի. «...Նիկոդեմոսի հետ միասնաբար արտասանեցինք թաղման սաղմոսները: Ծունկի գալով վերջին անգամ համբուրեցինք Իր մաքրուած ճակատը եւ վրան զետեղեցինք վարշամակը եւ դուրս եկանք գերեզմանէն: Ամենքս միասին գլորեցինք խոշոր կլոր քարը գերեզմանի մուտքին...»:

Կը խորհրդածէ Նիկոդեմոս. «Յաւիտենական ճշմարտութեանց վրայ հազիւ թէ պատուհան մը բացուած էր Յիսուսի երեւումով, որ ահաւասիկ անակնկալօրէն կը գոցուէր այդ օր: Յիսուսի գերեզմանին մուտքին գլորուած ծանր քարը կարծես եկած եւ նստած էր իմ սրտիս վրայ...:

...Ինչպէ՜ս կարելի եղած էր խափանել այնքան հզօր շունչ մը, որ յաւիտենական կեանքի նոր արշալոյներ բացած էր ամպամած մեր հոգիներու երկնակամարին վրայ...:

...Ու երազիս մէջ տեսայ արդարեւ որ Յիսուսի գերեզմանի մուտքին դրուած քարը յանկարծ փրթաւ իր տեղէն եւ սկսաւ օրօրուելով թռչիլ օդին մէջ եւ ինծի մօտենալ...: ...Բացուած գերեզմանի խաւար մուտքը ողողուեցաւ ակնապարար լոյսով...:

Արթնցած էի երջանիկ տրամադրութեամբ: Կիրակի առաւօտ իրականանալ սկսած էր երազս արդէն: Յիսուսի գերեզմանէն իր սկիզբը առած այդ լոյսը կը շարունակէ ցայսօր տարածուիլ ու թափանցել մեր այս երկրագունդի մինչեւ յետին խաւարամած անկիւնները: Երանի այդ լոյսով լուսաւորեալներուն: Փառք նախախնամութեան ես անոնցմէ մէկը եղայ»:

Գիրքին տասներորդ գլուխին մէջ սրբազան հեղինակը կը ներկայացնէ Աւագ Շաբաթ օրուան խորհուրդը: Գլուխին սկիզբը հեղինակը կը բացատրէ, թէ Աւագ Շաբաթ օրը հանգիստի օր մը եղաւ նախ եւ առաջ «Յիսուսի յոգնատանջ մարմինին» եւ իր հետեւորդներուն համար, միւս կողմէ սակայն կը նշէ, թէ այդպիսին չէր հրեայ «մեծամեծներուն» համար, որոնք յիշելով Յիսուսի խօսքերը, թէ երեք օրէն յարութիւն պիտի առնէ, մտահոգուած էին եւ կը մտածէին միջոցներու մասին լուծում մը գտնելու համար այս վիճակին: Աւետարանական արձանագրութիւններէն գիտենք, թէ ինչպէս անոնք Պիղատոսէն զինուորներ կը խնդրեն, որպէսզի հսկողութիւն կատարեն գերեզմանին, եւ այլն: Գիտենք նաեւ, թէ ինչպէս հրեայ «մեծամեծները» Յիսուսի յարութեան լուրը առնելով կը խառնուին, սակայն անմիջապէս իրենց դիւային ուղեղները գործածելով, զինուորներուն դրամ կու տան եւ կը թելադրեն, որ ըսեն, թէ Յիսուսի աշակերտները գիշերով եկան ու գողցան Անոր մարմինը, մինչ մենք կը քնանայինք...: Այս բոլորով հանդերձ՝ «Քրիստոսի մարմինին «գողցուած ըլլալու համբաւը» արգելք մը չեղաւ երբեք, որ յարութեան գաղափարը յաղթապանծ յառաջ երթայ. որովհետեւ առաջինը դրսեցիներու կարծիքն էր, իսկ երկրորդը՝ եկեղեցիին հաւատքը:

Այո, եկեղեցիի անդամներուն իսկական հաւատքը ի վերջոյ պիտի դրսե-ւորուի կա՛մ ուղղափառ ախոյեաններու պայծառ քարոզներով եւ կեանքով, կա՛մ հերձուածողներու հերետիկոսութեամբ, կա՛մ անտարբերներու եկեղեցիի շարքերէն դուրս իյնալով: Արծաթով, սպառնալիքով եւ այլ բազմաթիւ նկատումներով կարելի չէ երկար թաքցնել ճշմարտութիւնը. կարելի չէ զայն սուտի եւ կեղծիքի գրուանին տակ պահել երկար ատեն: Ուշ կամ կանուխ, չնախատեսուած պայմաններու տակ, ի վերջոյ մէջտեղ պիտի գայ ճշմարտութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր իսկական կեց-ւածքը, հաւատքը, թերահաւատութիւնը կամ անհաւատութիւնը հանդէպ Քրիստոսի, Իր յարութեան, Իր պատգամներուն եւ տնօրինութեանց: «Չկայ ծածուկ բան որ մէջտեղ չգայ, ոչ ալ գաղտնիք՝ որ չյայտնուի»: Յաւիտենական է մեր Փրկչին այս պատգամն ալ, բոլոր միւսներուն պէս»:

Գիրքի վերջաւորութեան տեղադրը-ւած է բառարան մը՝ դժուար հասկնալի բառերուն համար:

 

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

11 Մարտ 2018

 

Ուրբաթ, Մարտ 30, 2018