ԱՒԵՏԻՍ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ

«Եր­գեա երգ նոր յա­րու­ցե­լոյն ննջե­ցե­լոց կե­նաց պտղոյն»։
«Նոր երգ եր­գէ յա­րու­ցեա­լին, ննջե­ցեալ­նե­րու կեան­քի պտու­ղին»։

Ողջո՜յն քեզ Յարուցեալ Փրկչիդ,

Ողջո՜յն անիմանալի լոյսի հիւրընըալ Քու պարապ գերեզմանիդ,

Ոյջո՜յն Յարութեան աւետիսով խանդավառուած վերակենդանացած տիեզերքին,

Ողջո՜յն վերակենդանութեան խորհրդապատկեր կանաչ ծառերուն եւ մաքրութեան խորհրդանիշ զուլալ ջուրերուն։

Ողջո՜յն, բի՜ւր աւետիս։

Ահա այսօր կը ճամբորդէ սպիտակ ձիաւորը՝ եկած հեռուներէն. Հաւատացեալի երգն է այսօր. «Տեսայ ճերմակ ձի մը, որուն վրայ հեծնողը աղեղ մը ունէր։ Պսակ մը տրուեցաւ անոր։ Անիկա յաղթող էր ու յաղթելու գնաց» (Յայտնութիւն Զ,2)։ Երկնային Թագաւորութեան Փեսան, որ յայտնուած էր մեղապարտ մարդկութեան ինկած աշխարհին մէջ, կուրծք տուած՝ մեղաւոր աշխարհի հովերուն դէմ, սիրտը լեցուցած՝ փրկութիւն շնորհելու իղձով, այսօր Յարութիւն կ՚առնէ մեռելներէն ու որպէս յաղթական թագաւոր իր անունը կը դրոշմէ հաւատացեալի սրտէն ներս։

Կեանքի Տաղաւար է այսօր եւ հաւատացեալը Տէր Յիսուս Քրիստոսին, իր անունին արժանի, հիանալի, քաղցրահունչ, խանդավառող ածական մը կու տայ. «Յարուցեալ»։

Իւրաքանչիւր հաւատացեալ քրիստոնեայ լաւ կը հասկնայ այս բառին արժէքը, որուն մէջ խտացած է Տէրը, Յիսուսը եւ Քրիստոսը։ Այս բառին մէջ մարմնացած է քրիստոնէական մեր լոյս հաւատքին հիմնական սիւնը. Յարուցեալ Քրիստոս, Հաւատացելոց Փրկիչ…։ «Դուն ես յարութիւնն ու կեանքը։ Ան որ Քեզի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի. Եւ ան որ կենդանի է ու Քեզի կը հաւատայ, յաւիտեան պիտի չմեռնի» (հմձյն. Յովհաննէս 11.25-26)։ Յարուցեալը իր մեծագոյն յայտարարութեան աւարտին կը հարցնէ իւրաքանչիւրիս ըսելով. «Դուն կը հաւատա՞ս ասոր»։ Մինչ այդ, Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ իր «Նորաստեղծեալ» երգով պատրաստ է, քաջասիրտ հոգւով հաւատքը դաւանող քրիստոնեան առաջնորդելու՝ Յարուցեալի անունը գովելու, Քրիստոսի հրաշքը օրհնելու եւ Աստուծոյ նախախնամութիւնը փառաբանելու, այլ խօսքով՝ հոգեւոր օրհնութեամբ երգելու. «Արթնցէ՛ք հարսին աւետիս տուէք թէ քու յարուցեալ Փեսան իշխանութեամբ յաղթեց մահուան, կու գայ կը պսակէ քեզի փառքով»։

Աւետիս տալու լաւագոյն արտայայտութեան ձեւերէն է երգելը եւ քանի Քրիստոսի պարգեւած կեանքը նոր ու թարմ կեանք է, իրեն կը վայելէ նոր իմաստով մկրտուած սաղմոսներով մեծարել Յարութեան աւետիսը։ Սաղմոս բառը կը նշանակէ օրհներգութիւն։ Աստուծոյ անունը օրհնելու, գովելու եւ փառաբանելու համար կա՞յ աւելի սուրբ գրային տողեր, քան սաղմոսները։ Սրտի խորերէն բղխած ամենէն մտերիմ աղօթքներն են անոնք։ Հոգիէն սնած, հոգին սնուցած եւ առ բարձրեալն Աստուած ուղղուած երգեր ու խօսքեր են անոնք։ Դաւիթ Մարգարէի լարաւոր նուագներով երգած սաղմոսը յիշենք. «Քեզ կը կանչեմ, պատասխան տու՛ր, ո՜վ Աստուած, դո՛ւն ես արդարութեան պաշտպանողը. նեղութեանս մէջ դուն զիս հանգստացուցիր. Ողորմէ ինծի, լսէ աղօթքս» (Սաղմոս Դ.1)։ Մարդկութեան մեծագոյն նեղութիւնը՝ մահը, ոչնչացումը, Ս. Յարութեամբ լուծուած է։ Նեղութեան դէմ հանգստեան գաղտնիքը, անձկութեան դիմաց յոյսի աղբիւրը թագնուած է Յարուցեալի թափուր գերեզմանին մէջ։ Մարդկային սիրտը ուղղակիօրէն կը կապուի Աստուծոյ եւ կը սկսի տրոփել մահուան դէմ տարուած մեծագոյն յաղթանակին զօրութեամբ, զոր կը կոչենք ԱՒԵՏԻՍ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ։ Փա՜ռք Յարութեան, փա՜ռք Յարուցելոյն…

Հայ Եկեղեցւոյ իրականութեան մէջ երգուած շարականները այլ ճամբայ է նաեւ՝ ողջունելու Յարուցեալ Փեսան։ Որքա՜ն քաղցր կը հնչէ կեանքի եւ յաղթանակի հետ նոյնացած «Գովեա Երուսաղէմ զՏէր, Յարեաւ Քրիստոս ի մեռելոց. Ալէլուիա»։ Կլայեցի Սուրբ Հայրապետը, նոյն շարականին տողերուն մէջ անգամ մը եւս կը հրաւիրէ քրիստոնեայ բոլոր հաւատացեալները Յարութեան յոյսով երգելու. «Եկէ՛ք ժողովուրդներ, երգեցէ՛ք Տիրոջ. Ալէլուիա»։ Ո՞վ չի սիրեր յաղթանակը, ո՞վ չի սիրեր շահիլը։ Մարդկութեան հասարակաց իղձն է սա եւ յաղթանակն ու շահը միշտ հաճելի բառեր ըլլալ կը թուին համայն մարդկութեան համար։ Լաւ կ՚ըլլայ յիշել Յարութիւն բարի իմաստը. Յաւիտենական յաղթանակ՝ չարին դէմ եւ յաւիտենական շահ՝ մեղապարտ մարդկութեան կորսնցուցած կեանքի իմաստի գիւտը։ Հնչած երգի բառերուն եւ կանչին ուշադրութիւն ընե՛նք։ Քաղցրաձայն հնչմամբ երգե՛նք ու գովենք այն Տէրը, որ «կենդանի է յաւիտեանս յաւիտենից եւ Ան ունի մահուան ու դժոխքին բանալիները» (Յայտնութիւն Ա.18)։

Ո՜վ քրիստոնեայ հաւատացեալ, յիշէ նաեւ այն իրողութիւնը, թէ հոգիդ է նուագարանը, իսկ գործդ է երաժշտութեան տողերը։ Քրիստտոնեայ հաւատացեալներու առջեւ, կեանքի տօնը լաւ առիթ է նորոգելու հոգիներու նուագարանները եւ երաժշտութեան տողերը համաձայնեցնել կեանքի սաղմոսներու եւ շարականներու բառերուն։

Հապա այսօր ինչո՞ւ կը նուազի կեանքի որակը բարձրացնող մեղեդիները։ Պատասխանը շարականի տողերուն մէջ թագնուած է. «Նոր երգ երգէ յարուցեալին, ննջեցեալներու կեանքի պտուղին»։ Նոր երգ երգելու համար, պէտք է նոր մտայնութիւն, որուն նպատակը ընդմիշտ պիտի մնայ յաղթական մահուան դէմ։ Նոր դարու համաձայն, նոր ճամբաներ, հաւատարիմ մնալով ապրող Քրիստոսի պարգեւած կեանքի պտուղներէն ճաշակելու կամքին։ Հետեւաբար, Յարուցեալը թող տեղ գրաւէ մեր հոգիներուն մէջ եւ մենք կարիքը զգանք հաւատացեալի վայել գործեր կատարելու։ Այդ պահուն արդէն իսկ մեր բարի գործերը պիտի արձագանգէ որպէս գոհութիւն։

Ո՜վ հաւատացեալ ժողովուրդ, յիշենք նաեւ, թէ մեր հաւաքական միասնականութիւնն է նուագարանը, իսկ մեր ապրումներն են բարձրորակ եւ կամ ցածորակ մակարդակով երաժշտութեան։

Հաւաքական կեանքէ ներս, բաղդատելով անցեալն ու ներկան, յստակօրէն իրազեկ կը դառնանք, թէ ժողովրդական նուագարանը, մեր միասնականութիւնը եւ միութեան աղիւսը հանդիսացող հաւատքի սկզբունքները կ՚անհետանան։ Թէ ինչպէ՞ս պէտք է դիմաւորել այս մարտահրաւէրը։ Հայ քրիստոնեան իւրայատուկ ինքնութեամբ, հաւատքով ու մշակոյթով միշտ յաջողած է ապրեցնել իր ներկայութեան վկայող կեանքը։ Եկէ՛ք, ո՛չ միայն անհատական, այլ նաեւ հաւաքական կեանքէ ներս ընդունինք Յարուցեալ Քրիստոսի ներկայութիւնը։ Միշտ յիշենք, թէ որպէս ժողովուրդ պատմութեան էջերուն մէջ շատ անգամներ տառապանքներու հետ դէմ յանդիման մնացինք։ Բայց, միշտ Քրիստոսով յաղթեցինք այդ տառապանքներուն։ Յարութեան աւետիսը երգելով կեանքը գտանք եւ պարարտացանք հայ քրիստոնէի մեր իւրայատուկ ինքնութեան մէջ։

Ս. Յարութեան տաղաւարին առթիւ սիրով կ՚ողջունեմ Գատըգիւղի հաւատացեալ ժողովուրդը սրտագին լաւագոյն մաղթանքներով։ Կ՚աղօթեմ Աստուծոյ, որ Իր շնորհներով պարարտացնէ մեր ժողովուրդին կեանքը եւ ընտանեկան սուրբ յարկերը։ Կ՚աղօթեմ մեր ուսանող եւ աշխատող երիտասարդ եղբայրներուն եւ քոյրերուն, ուսանող մանուկներուն, բոլորին մաղթելով յաջողութիւն եւ Աստուածային շնորհներով զարդարուած առողջ ապագայ։

Եկէ՛ք, միասնաբար օրհնենք անունը Յարուցեալ Տիրոջ, որ միշտ օրհնեալ է այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։

ՔՐԻՍ­ՏՈՍ ՅԱ­ՐԵԱՒ Ի ՄԵ­ՌԵ­ԼՈՑ
ՕՐՀ­ՆԵԱԼ Է ՅԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍ­ՏՈ­ՍԻ

ՅԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ Ա­ԲԵ­ՂԱՅ ՏԱ­ՄԱ­ՏԵԱՆ

 

Ուրբաթ, Մարտ 30, 2018