ԳՐՈՂ, ԸՆԹԵՐՑՈՂ, ԳՐԱԽՕՍՈՂ, ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, ԱԶԳ ԵՒ ՄԵՆՔ

Գրականութիւնը ըլլալու համար իր ժամանակի ոգեկանութեան հարազատ եւ ոչ միայն իրապաշտ արտայայտութիւնը, գերանցելու համար նոյն այդ ժամանակը դառնալով արժէք, ինքզինք կ՚իրագործէ (կամ չ՚իրագործեր) գրողի, ընթերցողի, գրախօսողի եւ գրական քննադատի քառասիւն շրջագիծին մէջ:

Գրականութիւնը եւ բանաստեղծութիւնը բազմակողմ արուեստներ են:

Երբ կ՚ըսենք արուեստ, առաջին հերթին եւ բնական կերպով կը խորհինք նկարչութեան, քանդակագործութեան, երգի եւ երաժշտութեան մասին: Ի՞նչ են, այդ արուեստներու պարագային, ստեղծագործողին եւ ընկալողին յարաբերութիւնը: Անոնք կը ներկայանան մարդոց, արուեստասէր թէ ոչ, եւ իւրաքանչիւր անձ, ըստ իր տպաւորութեան, ըմբռնումներուն, զգացողութեան, եւ հետաքրքրութիւններուն, կը տեսնէ:

Գրողին հարցը տարբեր է: Ան յաւակնութիւն ունի. ան կ՚ուզէ ազդել, առաջնորդել, իր կենսափորձը եւ ներաշխարհը ընդհանրական դարձնել: Գրողը միշտ ալ խորհած է, որ իր խօսքը, ենթակայական ըլլալով հանդերձ, կը վերաբերի իր ժամանակի եւ ապագայի մարդոց: Եզակի ըլլալով հանդերձ կը ձգտի յոգնակիութեան: Այսինքն, իր խօսքը կ՚ապրի եւ կ՚առաջնորդէ ոչ միայն զինք, այլ իր ժամանակակիցները, նաեւ՝ յետնորդները: Այլ խօսքով, գրականութիւնը միշտ յանձնառութեան խորք ունի, նոյնիսկ երբ որպէս այդպիսին չի ներկայանար, կը կարծէ անմիջականութիւններէն վեր ըլլալ:

Բանաստեղծը սոսկ գրող չէ, ան տեսակ մը ալշիմիստ է, իր բառերը իրենց ընդունուած իմաստէն եւ դերէն անդին կ՚անցնին, սովորաբար կը գործածենք անոնց համար թելադրական բառը: Իսկ գրողը կ՚ուզէ ընդհանրացած տեսնել իր գաղափարները, ապրումները, ձեւով մը ընթերցողը ընդունելով որպէս զրուցակից, թիրախ, անոր ընդմէջէն սեւեռելով ներկայ եւ գալիք ընկերութիւնը: Գրողը եթէ յաջողի իր եսի փորձը ընդհանրացնել, եթէ բանտարկուած չմնայ մենախօսութեան եւ ինքնահիացման մէջ, կը մեծնայ: Գրողը իր բառով եւ խօսքով կ՚ուզէ գործել, ճամբացոյց ըլլալ, փոխել: Գրողը ինքզինք դրսեւորելով, կը յաւակնի մարդը եւ ընկերութիւնը դրսեւորել, հասկնալ, առաջնորդել փոխուելու, գիտակցելու, պատասխանատուութիւն զգալու:

Գրողը արձակ բանաստեղծութիւն չ՚ըներ, նոյնիսկ եթէ իր կերպարները, շրջապատը եւ միջավայրը արուեստով ներկայացուին: Անոնք պէտք է պատշաճին իր խօսքի եւ փորձի թիրախին: Այսինքն, ոճը եւ պատկերները ըսելիքին պիտի ծառայեն, եւ ոչ թէ ըսելիքը պարզ առիթ պիտի ըլլայ գեղեցիկ խօսքի, այդ կ՚ըլլայ պարզ սոփեստութիւն:

Կը յիշեմ Լեւոն Շանթի մէկ բանաստեղծութիւնը, ուր ան կ՚ըսէ, թէ հարց կու տան իրեն թէ ինչո՞ւ կը գրէ, եւ կը պատասխանէ, թէ կը հարցնե՞ն հովին, թէ ինչո՞ւ կը փչէ: Իսկ նոյն Լեւոն Շանթը երբ կը գրէ «Հին աստուածները», «Ինկած բերդի իշխանուհին» կամ «Շղթայւածը», գիտէ թէ ինչու կը գրէ, փղոսկրեայ աշտարակի գագաթը նստած հով եւ ջուր չ՚երգեր:

Գրողը, գաղափար մը կ՚ուզէ փոխանցել, ան ըլլայ բարոյական, կրօնական թէ քաղաքական, որ կապ ունի իր կենսափորձին հետ: Այս իմաստով ալ, յանձնառու գրա-կանութիւն բացատրութիւնը պէտք չէ վերապահել միայն քաղաքական բովանդակութեամբ թատրոնին կամ վէպին:

Գրողը թուղթ չի սեւցներ ինքնիրեն հաճոյք պատճառելու համար, այլ երթալու համար միւսին: Շրջանակը կամ պատումը, ան ըլլայ հին թէ նոր, պատմագիտութիւն չէ, կը դառնայ անմիջականութիւն: Կը գրէ «բան մը ըսելու համար», յետոյ միայն կը միջամտեն խօսքին գեղեցկութիւնը, ոճին շնորհը: Այսինքն, ընթերցողը եւ քննադատը նախ պէտք է հասկնան, թէ ինչո՞ւ գրուած է էջը, ըսելու համար, որ գրողը կայ նաեւ իր անձէն դուրս գտնուող աշխարհին եւ ընկերութեան յարաբերաբար: Միաժամանակ, գրողը բնութեան, իր կերպարներուն եւ ընկերութեան ինքնատիպ կեանք կու տայ, մինչ մենք անոնց կողքէն կ՚անցնինք առանց մասնակցութեան զգացողութեան, անոնք կը դադրին ըլլալէ երբ գրողը զանոնք չի դաջեր, ինչ որ կը կոչենք ստեղծագործութիւն:

Երբեք  բաւարար չափով չենք շեշտեր ընթերցողին ներկայութիւնը: Ստեղծագործութիւնը կ՚իմաստաւորուի ընթերցողով: Գրողի թաքուն կամ բացորոշ նպատակը միւսն է, գրողը չի գրեր գրելու համար: Ընթերցողը կարեւոր է որպէսզի լրանայ երկը, այսօր կամ վաղը, երկար ժամանակ ետք: Այդպէս են նաեւ արուեստները, որոնց ազնիւ նպատակը հետք ձգել է, կրնաք ըսել վկայել, նախատեսել, ժամանակը եւ մասնակին գերանցել՝ մոռացման դէմ կանգնելով, անմահութիւն նուաճել յիշողութեամբ: Գրականութիւնը ապրելու համար ընթերցողին պէտք ունի: Անհեթեթութիւն է երեւակայել, որ գրականութիւն մը ըլլայ առանց ընթերցողի: Ընթերցողի ընկալումով, սիրով կամ մերժումով գրողի հրամցուցածը կ՚ըլլայ գրականութիւն: Ազնիւ գրականութիւն՝ երբ կը յառաջացնէ խորացում, դատում, գեղեցիկի եւ իմաստի վայելք: Այդ վայելքին ճարտարապետներն են գրողը եւ ընթերցողը:

Հարկ է հասկնալ գրողին ինքնատիպ արկածախնդրութիւնը: Այս մասին մտածեցի կարդալով Օրհան Փամուքի խօսքը, արտասանուած 7 դեկտեմբեր 2006-ին, Սթոքհոլմ, երբ կը ստանար գրականութեան Նոպէլեան մրցանակը: Ան ըսած էր. «Ինծի համար գրող ըլլալ համբերութեամբ գտնել է, տարիներու ընթացքին, երկրորդ անձը, թաքնուած, որ մեր մէջ կ՚ապրի, եւ աշխարհ մը՝ որմէ կը հոսի մեր երկրորդ կեանքը. գրել նախ ինծի կը յուշէ ոչ թէ վէպերը, բանաստեղծութիւնը, գրական աւանդութիւնը, այլ՝ մարդը, որ սենեակի մը մէջ բանտուած, կը կծկուի, առանձին՝ իր բառերուն հետ, եւ այդ ընելով կը նետէ հիմերը նոր աշխարհի մը»:

Ամենէն երեւակայական եւ անիրապաշտ էջն անգամ ձգտում է դէպի իրականութիւն, որ սոսկ հաստատում կամ հիացում չէ, այլ փոխելու, ազդելու, նորի հասնելու նկրտում, եղածի եւ ներկայի անբաւարարութեան եւ անկատարութեան դէմ, այս ընելու համար գրողը իրաւութեամբ ազատութեան կրողն է եւ զայն կ՚ուզէ փոխանցել միւսին, որ ընթերցողն է: Գրողը, արձակագիր թէ բանաստեղծ, բառ թխող չէ: Գրական իրաւ քննադատութիւնը թխածոն պէտք է զանազանէ գրականէն: Թխածոն գերանցելով, գրողը եւ բանաստեղծը պէտք է խորհին եւ զգան, խորհելու եւ զգալու մղեն ընթերցողը, թէ ինչո՞ւ կը գրենք եւ ինչո՞ւ կը կարդանք: Այդ թխածոյ բառերով սուտուփուտ գրականութիւն ընելու մարմաջը կար, օրինակ, Ֆրանսայի մէջ, ԺԶ-ԺԷ դարերուն կային գրականութիւն ընելու մարմաջէ տառապողներ, զորս ձաղկած է Մոլիէր իր Les précieuses ridicules կատակերգութեամբ, թէեւ այդ տիպարներուն միշտ կարելի է հանդիպիլ, նաեւ մեր մէջ: Անոնք կը կարծէին մտացի ըլլալ, ստեղծագործող, օրինակ, երբ կեղծամ ըսելու փոխարէն կ՚ըսէին  ծերերու երիտասարդութիւնը, կամ երաժշտութեան փոխարէն՝ ականջներու դրախտը, աթոռակով մարդ փոխադրողները կը կոչէին մկրտուած ջորիներ… եւ կը հիանային իրենց գիւտերուն: Այս փոխհիացման կը հանդիպինք նաեւ մեր օրերուն, երբ կը բացակային տաղանդը եւ ըսելիքը, եւ փոխարէն կը գտնենք թխածոյ բառ ու խօսք:

Գրողը, բանաստեղծը, արուեստագէտը, բացայայտ կամ թաքուն փառասիրութիւն ունին. ստեղծագործութեան ճամբով հասնիլ ներկայի հռչակին եւ վաղուան անմահութեան: Այդ ցոյց կու տայ պատմութիւնը: Բայց անոնց նուաճումը ապագային մէջ չէ, այլ ներկային, ներկայի մարդոցմով եւ խնդիրներով: Իսկ իրենք տեսակ մը թարգման են, արտայայտող, բացայայտող, արձանագրող: Այս դերը ընտրած են, տուած են իրենք իրենց, միշտ ուղղուելով նաեւ դէպի միւսը: Միւսը՝ յոգնակի, ազգը, համայնքը, մարդկութիւնը: Անոնք ներկային մէջ են, բայց կը միտին ընդհանրացման, պատմութեան: Կ՚ուզեն ըլլալ շարունակութիւն (արժէքներ) եւ փոխել (յառաջդիմութիւն): Գիր-գրականութեան ժողովրդականացումը, մանաւանդ տպագրութեան գիւտէն ետք, համեմատաբար նոր երեւոյթ է, նկատի ունենալով որ մինչ այդ գիրը եւ գիրքը սեփականացուած էին ընկերութեան խիստ սահմանափակ շրջանակներու կողմէ. կրօնականներ, քաղաքական առաջնորդներ եւ ազնուականութիւն: Այս ընթացքը եղաւ նաեւ յեղափոխութիւններու մեկնակէտը, գիրը եւ գիրքը դարձան եղափոխութեան ազդակ, նորի առաջարկներով (գաղափարներ) եւ քննադատութիւններով:

Հայ գրողները կարծէք կ՚ապրին ժողովուրդին, անոր ներկային եւ ընթացող պատմութեան մէջ իրենք զիրենք տեսնելու, անոր վրայ ազդելու անզօրութեան գիտակցութիւն մը, եւ լուռ չմնալու համար կը հետեւին հրապարակագրութեան, որ նախ իրենք զիրենք փնտռելու ուղիի մը որոնումն է: Խօսքը չի վերաբերիր քարոզչական-գովերգական-կողմնապաշտական եւ ապսպրանքի նմանող կազէթի հրապարակագրութեան: Եթէ հայ գրողը չհետեւի ինքնաորոնման հրապարակագրութեան, կ՚ընտրէ բանաստեղծութեան ուղին, գեղագիտական եւ յաճախ նաեւ իմաստասիրական-բարոյախօսական ուղին, առանձնութեան երջանկութեան մէջ: Այս մթնոլորտը կը բացատ-րըւի նաեւ պարզ պատճառով մը. ընթերցողի բացակայութեամբ: Միշտ պէտք է տեսնել տպաքանակներու թիւերը, որոնք աւելի խօսուն են քան գրախօսականները:

Այս պայմաններուն մէջ չենք գտներ գրականութեամբ ապրող եւ գրականութեան համար ապրող գրողը: Բացակայ ընթերցողը եւ գրականութիւնը ամբողջական վերաբերում չդարձնող գրողը կը կանգնին հարցականի առջեւ. ի՞նչ բանի կը ծառայէ գրականութիւնը: Գաղտնիք չէ, ինչ որ կը կոչենք բիզնես ողողած է ընկերաքաղաքական կեանքը, որմէ բացակայ ըլլալ աններելի մեղք կը համարուի:

Սփիւռք(ներ)ի մէջ, կամայ ակամայ, հայ գրականութիւնը, արմատախիլ եղած ըլլալու գիտակցութիւնն անգամ կորսնցնող երրորդ սերունդներուն համար, արձակ եւ բանաստեղծութիւն, հետզհետէ աւելի շեշտուած կերպով, կը նմանի պաշտպանուած սենեակի մը սեղանին վրայ պահուած տարաշխարհիկ-exotique բոյսի, որուն արտայայտութիւնն է հայածնունդներու օտարալեզու եւ կամ նմանողութեամբ մշակուող գրականութիւնը: Այսինքն, հայածնունդ գրողը իր ժողովուրդի պատմութեան մէջ չէ: Գրականութեան մէջ է, բայց ոչ հայ գրականութեան: Այս արտայայտութիւնը ցեղապաշտական կամ կեթթոյական երանգ չունի, այլ կ՚որոնէ ոչ արուեստական հարազատութիւնը:

Մեր ժողովուրդը այսօր ալ կանգնած է պատմական պատասխանատուութիւններու դիմաց, եթէ զանոնք տեսնէ եւ ընդունի յանձն առնել: Երբ հայրենիքը ոչ թէ պատերազմի սպառնալիքի տակ է, այլ պատերազմի մէջ է, ենթակայ է մնայուն բնոյթ ունեցող տարտղնումի եւ անոր հետեւանքով ինքնութիւն-համրանք կորուստի: Պարզ պէտք է ըլլայ, որ հոգիներու տուայտանքը օրօրող ռոմանթիկ զգացականութիւններու կամ բառերով գինովնալու ամուլ վերացական խաղերու անձնատուր ըլլալ ընկերային եւ մարդկային անհեթեթութիւն է: Այս՝ քաղաքական կեանքի եւ գրականութեան պարագային միաժամանակ: Պէտք է խօսիլ մեր վաղը պատրաստող այսօրուան մասին, հրաժարելով շաբաթավերջի մը կամ շրջապտոյտի մը ընթացքին լուացքի պէս պարանի վրայ փռուած անվաղորդայն զգացումներէ:

Սպառողական ընկերութեան հետ քայլ պահող սպառման խօսք-ճամարտակութիւններէն անդին պէտք է անցնի գրականութիւնը, նաեւ՝ իրաւ հրապարակագրութիւնը, յանձնառութեան առաջնորդող տեսիլք փոխանցելու համար զան-գըւածներուն, եւ ոչ այս կամ այն պատեանին ետին կծկուած մեծամասնութիւն ըլլալու յաւակնութիւն ունեցող փոքրամասնութիւններուն: Այս պէտք է ըլլայ դերը ժամանակակից գրողին, ընդհանրացնելով՝ նաեւ իրաւ մտաւորականին:

Նաեւ հարկ է ճշդել խօսքի հասցէն:

Մեր պատմութեան ներկայ հանգրուանին, հասցէի ընդհանրութեան անորոշութիւնը մարդորսական պատճառներու հետեւանքով, խօսքը կը դատարկէ իր իմաստէն, զայն կը դարձնէ տակառային աղմուկ: Պատմական պահու գրականութիւն պէտք է, յանձնառութեան գրականութիւն, առանց ճապկումներու, հասնելով գիւղացիին, արհեստաւորին, վարժապետին, առեւտրականին, գիտնականին: Գրականութիւն՝ որ չըլլայ կապոյտ երկինքի եւ վարդի սէր, այլ մարդու, ինքնութեան, հպարտութեան, իրաւունքի ըմբռնում եւ յանձնառութիւն:

Կրկնութեան գնով, պէտք է ըսենք, թէ այսօր ի՞նչ պէտք է գրենք, ինչո՞ւ պէտք է գրենք, որոնց համար: «Որոնց համար» երբ կ՚ըսենք, հարց պէտք է տալ կա՞ն անոնք, այդ գիրին սպասողներ կա՞ն: Միամիտ պէտք է ըլլալ խորհելու համար, որ այդ գիրը սպասողները յանկարծ, հրաշքով հրապարակ պիտի գան: Այդ գիրը սպասողները ենթահողն են ազգային վերականգնումի, որոնք իրաւ գրականութեամբ սնանելով ապագայ պիտի կերտեն: Գրականութիւնը ազգային-ընկերային ուժականութեան մատակարարողը պէտք է ըլլայ, գերանցելով դրամի միջազգային կայսերապաշտութեան եւ մանրքաղքենիական բիզնեսային հարթող մամլիչը: Այս յեղափոխութիւնը պիտի գայ գրականութեամբ:

Ապագայի համար, ղեկավարութիւնները եւ անոնք որոնք միջոցներու հակակշիռը ունին, ոգեկանի, գիրի եւ գրականութեան տիրութիւն պէտք է ընեն, իսկական ներդրումներով, մարդկային եւ նիւթական, որպէսզի կանգ առնէ հոգեկան-ոգեկան մերկութիւնը, որ կը բաւարարուի բաժակաճառերով:

Որպէսզի յաղթահարենք յաւերժի ֆիզիքական եւ հոգեկան գաղթականի վիճակները, սփիւռք(ներ) եւ Հայաստան:

Նպատակը պիտի ըլլայ Հայաստանի, հայուն եւ հայութեան վերստեղծումը ամէն օր եւ ամէնուրեք:

Գրականութիւնը, անխուսափելիօրէն իմաստ-բարոյականի հարցերու խնդրայարոյց բեմն է, առանց երբեք ըլլալու տիրացուական բարոյախօսութիւն: Անոր առանցքը մարդն է, որ միշտ խնդիրներ ունեցած է, ունի եւ պիտի ունենայ բնութեան, շրջապատին, ինքնիրեն եւ իր նմաններուն հետ, քանի որ ազատ է եւ մտածող: Առանց գրականութեան, բանաստեղծութեան, արուեստի, կեանքը եւ ընկերութիւնը կը վերածուին նպարավաճառի անգոյն կրպակի:

Գրական քննադատը, իր կարգին, կը նպաստէ ստեղծագործութեան՝ համազգացողութեամբ (empathie), կը լուսաւորէ գրական երկը, ի հարկէ եթէ երկը ներքին լոյս ունի, ինչ որ գրախօսականէ եւ պալատականի հաճոյախօսութենէ տար-բեր է, առանց խեղդուելու արդիական կամ գիտական համարուած թխածոյ բառերու կոյտի մէջ, ինչպէս ըսուեցաւ վերը: Ան ինքնիրեն պէտք է սահմանէ ընթերցումը դիւրացնելու համեստ դերը: Այսինքն, մեզ դնելու գրողին եւ բանաստեղծին, նկարիչին եւ երաժիշտին հետ հաղորդակցելու վիճակին մէջ, որպէսզի մասնակից ըլլանք ստեղծագործութեան հրաշքին:

Փորձեցէ՛ք կրկին կարդալ Աւետիս Ահարոնեանի գրած էջը Միքէլ Անճելոյի «Մովսէս»ի արձանի մասին, հասկնալու համար թէ ի՞նչ է համազգացողութիւնը (empathie) երկի մը հանդէպ:

Գիր-գրականութիւնը ինքնակոչ ընտրանիի ակումբ չէ: Ժողովուրդ է: Եւ միշտ պէտք է կրկնել՝ հասնելով իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ, որպէսզի ստեղծուի հաւաքական կամք եւ ուժ: Միշտ պէտք է մտածել, թէ ո՞ր նպատակին կը ծառայեն եւ ո՞ր հասցէին կը հասնին «հինգ հարիւր տպաքանակները»: Միթէ՞ անոնք պահեստանո՞ց կամ թանգարա՞ն են այլեւս անհասցէ գիր-գրականութեան:

Տեղ մը բիզնես-պլան պիտի մշակուի՞ ոգեկանութեան վերականգնումի համար անհրաժեշտ գիր-գրականութեան:

Ո՞ւր, ո՞վ, ինչպէ՞ս եւ մանաւանդ՝ ե՞րբ:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Շաբաթ, Մարտ 30, 2019