ԹՐԱՄՓ ԿՈԼԱՆԻ «ՈՒԺԱՆԱԿ»Ը ԲԱՑԱՒ. ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԸ ՆՈՐ ՓՈԹՈՐԻԿՆԵՐՈ՞Ւ ԱՌՋԵՒ
Կազզէի «խաղաղութիւն»ը յաւիտենական չէ…
Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուող զարգացումները յաճախ անմիջական կապ կ՚ունենան շրջանին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցող «խաղացող» երկիրներու ընտրական օրակարգերուն հետ։
Այսինքն, եթէ պատահի որ Իսրայէլի կամ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, կամ խորհրդարանական ու նախագահական ընտրութիւններ կան, ապա այդ մէկը անպայման կը նշանակէ, որ միջինարեւելեան ընդհանուր աւազանը ցնցումներ պիտի ապրի։ Ցնցումներ, որոնք հաւանաբար ըլլան «սպասուած» օրակարգերէն դուրս, եւ սակայն անմիջական ազդեցութիւն ունենան կարեւոր խաղացողներու ներքին քաղաքական գործընթացներուն, նաեւ ազդեն ընտրողներու ընդհանուր տրամադրութեան վրայ։
Այս առումով անցնող շաբթուան ընթացքին անշուշտ ամենակարեւոր զարգացումը պէտք է համարել Կազզէի ճակատին վրայ երեւելի դարձած լարուածութիւնը, որ մետասաներորդ պահուն զսպուեցաւ եւ Գահիրէի կիրառած ճիգերուն շնորհիւ կարելի եղաւ շրջանը հեռու պահել ամբողջական պատերազմի ուրուականէն։
Հիմա շատեր հարց պիտի տան. ի՞նչ օգուտներ քաղեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուն, որ ոգի ի բռին կը պատրաստուի յառաջիկայ 9 ապրիլին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն, կամ որքանո՞վ նպատակայարմար էր իսրայէլացիներուն, որ Կազզէի դէմ քանի մը տասնեակ հրթիռներ նետելէ ետք, «աննպատակ» կանգ առնէին ու համաձայն ըլլային վերահաստատել հրադադարը։
Ոեւէ մէկը, որ կը հետեւի Իսրայէլի պետութեան ընդհանուր քաղաքականութեան ու ըմբռնած է, թէ Թել Աւիւ ի՛նչ միջոցներ կը կիրառէ պաշտպանելու համար 1948 թուականին ստեղծուած պետութեան հիմքերը, լաւապէս հասկցած պիտի ըլլայ, որ ռազմական գործողութիւն իրականացնելու ու պաղեստինցիները ռազմական միջոցներով ճնշելու ձեւը նորութիւն մը չէ։
Նորութիւն չէ, որովհետեւ այդ ռազմական ուժին յենլով է, որ Իսրայէլի բոլոր «մեծ» վարիչները կարողացած են իրենց աթոռը պահել։
Բաց աստի, այդ կերպով իսրայէլացի ղեկավարներ ճանապարհ կը հարթեն իրենց համար քուէներ «հաւաքող» եւ ազգայնական ու մոլեռանդ քաղաքական հոսանքներուն մէջ, որոնք արդէն ի յառաջագունէ հաւատացած են, որ Իսրայէլ շրջանի ամենահզօր ուժն է, հետեւաբար մեծ դիւրութեամբ պիտի կարողանայ «ճզմել» իր դիմաց կանգնող որեւէ ուժ, որ այս պարագային պաղեստինցիներն են։ Իսրայէլի համար այս ձեւաչափը վերջին երեսուն-քառասուն տարիներուն ընթացքին լաւագոյն արդիւնքներ տուած է ու յստակ է նաեւ, որ արաբ-իսրայէլեան պատերազմներու իւրաքանչիւր փուլին Իսրայէլ կարողացած է մարտի դաշտերուն վրայ եղած ձեռքբերումները վերածել քաղաքական միաւորներու ու զանոնք դարձնել քուէարկող հատուածներու ձեռքին կարեւոր ու երեւելի ուժ։
Ուրեմն Կազզէի շուրջ տեղի ունեցած զարգացումները սպասելի են։ Սպասելի է նաեւ, որ վարչապետ Նեթանիյահու եթէ հարկը զգայ յաւելեալ «տեղաշարժ»ի կամ ազգայնական շրջանակներու մօտ յաւելեալ աշխուժացումի, ապա յառաջիկայ օրերուն ալ կրնայ դիմել ռազմական կտրուկ քայլերու։ Հետեւաբար հաւատալ, որ Կազզէի մէջ այսօր տիրող խաղաղ իրավիճակը յաւիտենական է, ապա այդ մէկը պարզ ասած միամտութիւն է։
ԿՈԼԱՆԻ ԲԱՑՈՒԱԾ «ՌՈՒՄԲ»Ը ԵՒ ՊԱՅԹՈՒՄԻ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Մեր յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ է, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ գրեթէ անսպասելի յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով կը հրապարակէր Միացեալ Նահանգներու Թել Աւիւի մէջ գտնուող դեսպանատան փոխադրումը դէպի Երուսաղէմ։ Որոշումը, բողոքի մեծ աղմուկ կը հանէր յատկապէս արաբ-իսլամական շրջանակներուն մօտ, սակայն նոյնպէս հասկնալի կը դառնար, որ արաբներու կողմէ բողոքի ցոյցերն ու ելոյթները պիտի չանցնին խօսքի սահմանները, հետեւաբար նաեւ ամերիկեան որոշումին վրայ ազդելու որեւէ հնարաւարութիւն չկար։
Այդ որոշումէն տարի մը անց, Տանըլտ Թրամփ թուիթըրեան իր էջէն «կ՚աւետէր», որ Կոլանը մաս կը կազմէ Իսրայէլի պետութեան։ Թրամբ նաեւ կը յիշատակէր, որ խնդիրը 52 տարուան վաղեմութիւն ունի եւ այսօր ժամանակը եկած է, որ Միացեալ Նահանգներ այս խնդրով իր ամբողջական նեցուկը ցոյց տայ Իսրայէլին։
Հայրենի արաբագէտ Սարգիս Գրիգորեանի կարծիքով՝ նախագահ Թրամփի վարչամեքենան պիտի շարունակէ իսրայէլամէտ իր տեսակէտները յառաջիկայ փուլին ալ։ Գրիգորեան Կոլանի վերաբերեալ Թրամփի կատարած գրառումին մասին խօսելով նաեւ կը յայտնէր, որ եղածը սպասելի էր, մանաւանդ, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու զանազան առիթներով անդրադարձած էր այդ նիւթին։ Գրիգորեան նաեւ կը յայտնէր, որ Կոլանը, որպէս Իսրայէլի տարածք ճանչնալու ամերիկեան որոշումը եռակէտ ու շատ կարեւոր ծրագրի մը վերջին փուլն էր։ Իսկ մինչեւ Կոլանի նիւթին հասնիլը ամերիկացիք վճռած էին իրենց դեսպանատունը Երուսաղէմ փոխադրելու հարցը, անոնք նաեւ չեղեալ համարած էին Իրանի հետ կնքուած «կորիզային համաձայնութիւն»ը։ Հետեւաբար եղածը պսակումն էր իսրայէլամէտ քաղաքականութեան, մանաւանդ որ այս շրջանին Իսրայէլի վարչապետը կարիքն ունէր կարեւոր եւ երեւելի նեցուկի։
Գրիգորեան, որուն հետ կ՚ունենայի կարճ զրոյց մը, նաեւ կարծիք կը յայտնէր, որ այս փուլին Կոլանի խնդրով ամերիկեան այս «բոցավառ» տեսակէտին դիմաց արաբներն ու առհասարակ արաբական աշխարհը իրական հակազդեցութիւն մը տալու բաւարար ներուժը չունին։
Անկախ ամէն ինչէ, մարդ կը մտածէ, որ Թրամփ վճռած է մինչեւ վերջ երթալ ու յստակ է նաեւ, որ ամերիկացիք լաւ հաշուառած են արաբական աշխարհին մէջ տիրող ընդհանուր դրութիւնը. լաւ գիտեն, որ Իսրայէլի դէմ իրական կեցուածք ունեցող կողմերը գետնի վրայ մեծ ազդեցութիւն մը գործելու բաւարար ներուժը չունին։
Պատկերացուցէք, որ ամերիկացի ոեւէ նախագահ «համարձակէր» նման յայտարարութիւն կատարել, ըսենք Եգիպտոսի նախկին նախագահներէն՝ Ճեմալ Ապտիւլ Նասըրի ժամանակաշրջանին, այդ օրերուն ամերիկացիք պիտի կարողանայի՞ն նման բեռի մը տակէն դուրս գալ, կամ ի տես արաբական աշխարհի դիմադրողականութիւնը, անոնք պիտի չմիտէի՞ն վերատեսութեան ենթարկել իրենց որոշումը։
Անշուշտ դեռ վաղ է ըսել, որ ամերիկեան այս որոշումը վերջնական է. չի բացառուիր նաեւ, որ յառաջիկայ 2020 տարուան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններու աւարտին, այս անգամ ամերիկացիք դարձեալ վերատեսութեան ենթարկեն իրենց մօտեցումները ու ամրագրեն այսօր սուրիական միջավայրին մէջ շրջանառուող այն տեսակէտը, ըստ որուն Տանըլտ Թրամփի այս որոշումը «սոսկ մելան է թուղթի վրայ»։
Նոյն առումով աւելի քան յստակ է, որ ամերիկացիներուն կողմէ «պայթեցուած» Կոլանի «ուժանակ»ը ունի հեռահար նպատակներ, որոնց ամենէն գլխաւորն է որոշ պատգամներ տալ Իրանի իսլամական հանրապետութեան։ Այս առումով ալ անպայման հաշուի պէտք է առնել, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին Իսրայէլ ժամանած ամերիկացի պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօ Երուսաղէմ տուած իր այցէն անմիջապէս ետք կարճատեւ այցելութիւն մը կու տար Լիբանան, ուր կը հանդիպէր բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ։ Փոմփէօ հոն եւս գլխաւոր շեշտը կը դնէր լիբանանեան «Հիզպուլլահ» կազմակերպութեան վրայ, այդ կուսակցութիւնը համարելով ահաբեկչական խմբաւորում, նաեւ կոչ ընելով բոլոր լիբանանցիներուն, որպէսզի ամէն գնով պայքար տանին «Հիզպուլլահ»ին դէմ։
Թէկուզ աւելի քան յստակ էր, որ Փոմփէօ չէր ստանար իր «ակնկալած» պատասխանները պէյրութցիներէն, բայց այդ դրոյթէն անդին կար տեսակէտ, որ ամերիկացիներու Լիբանանի հանդէպ այս «սուր» հետաքրքրութիւնը պարզապէս սկիզբն է նոր փուլի մը, որուն խորագիրն է «Ճզմել «Հիզպուլլահ»ը ամէն գնով»։ Հաւանական է, որ այդ ծրագիրը ամերիկացիներու ձեռքով պիտի չըլլայ, որովհետեւ Լիբանանի մէջ կան կողմեր, որոնք բաւական խորթ եւ նոյնիսկ թշնամական մօտեցումներ ունին այսօր արդէն իսկ շրջանային կարեւոր ներուժ ունեցող «Հիզպուլլահ»ին հանդէպ։
Վերադառնալով Կոլանի խնդրին՝ հարկ է շեշտադրել, որ Ամերիկայի կողմէ հնչած վստահեցումները գետնի վրայ տիրող իրականութիւնէն բան չեն փոխեր։ Հաւանական է, որ լարուածութեան աճ կ՚արձանագրուի, հաւանական է, որ հարցը մեծ քննարկումներու դուռ բանայ, նոյնիսկ ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի նիստերուն, սակայն 52 տարուան վաղեմութիւն ունեցող այսօրուան կարգավիճակը պիտի շարունակէ մնալ նոյնը։
Պէտք է նաեւ հաշուի առնել, որ Կոլանի նիւթը բանալով նախագահ Թրամփ եւ իր համախոհները նոյնպէս կը պատրաստուին յառաջիկայ տարուան ընտրութիւններուն։ Այժմ անոնք բաւարար հիմքեր ունին, որպէսզի հակաիսլամական մօտեցումներով իրենց հանրութեան հաստատեն, թէ իրենք կատարեցին ամէն ինչ, որպէսզի կարողանան հարուածի տակ պահել շիի աշխարհի յառաջատար Իրանն ու անոր համախոհները։ Ճիշդ է, որ չկարողացան մեծ միաւորներ ստանալ Սուրիոյ մէջ, սակայն ամէն ինչ կատարեցին, որ Իսրայէլի այսօրուան իշխանութիւնները յաւելեալ ուժ եւ քուէ ստանան, որպէսզի այդ կերպով շարունակեն պայքարը՝ Պեշար Էսատի, պաղեստինեան «Համաս»ի եւ լիբանանեան «Հիզպուլլահ»ի դէմ։
Անշուշտ Կոլանի խնդիրը պիտի շարունակէ տարաբնոյթ քննարկումներու դռներ բանալ, սակայն աւելի քան յստակ է, որ այդ խնդրով երկու հիմնական կողմերը՝ իսրայէլեան բանակն ու Սուրիոյ կառավարական ուժերը ոչ մէկ կերպով այսօր պատրաստ են զինուորական մագլցումներու։
Մինչ Պեշար Էսատի բանակը իր առջեւ դրած է երկիրը ամբողջապէս ազատագրելու օրակարգը, անդին Իսրայէլի բանակին մօտ յոգնածութեան նշաններ արդէն իսկ կ՚երեւին։
Աւարտին՝ հարկ է հաշուի առնել, որ Կոլանը այսօր «բացուած» ուժանակի նման է, բայց եւ այնպէս ներկայ փուլին ռազմական ճակատներու բացակայութիւնը կը ստեղծէ այնպիսի իրականութիւն մը, որ այդ ուժանակի պայթումին ձայները լսուին միայն համացանցի էջերուն, նիստի դահլիճներուն ու առաւելապէս հեռատեսիլի կայաններու կապոյտ պաստառներուն վրայ։
ԿՈԼԱՆԻ ՀԱՐՑԸ ԵՒ «ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼՌՈՒԹԻՒՆ»Ը
Մինչ Միացեալ Նահանգներ Կոլանի նիւթով կարեւոր յայտարարութիւն կը կատարէր, անդին արաբական աշխարհի գլխաւոր տէրութիւնները կը պատրաստուին Թունուզի մէջ տեղի ունենալիք Արաբական Լիկայի հերթական գագաթաժողովին։ Այս ժողովին մասին էր, որ արաբական մամուլը մեծաքանակ մելան հոսեցուց նիւթ եւ օրակարգ դարձնելով Սուրիոյ՝ Լիկայի գիրկ հաւանական վերադարձի հարցը։ Այսօր սակայն յստակ է, որ այդ հարցը պիտի չքննարկուի եւ արաբ մէկէ աւելի բարձրաստիճան դիւագէտներ յայտարարեցին, թէ Սուրիոյ Արաբական Լիկա վերադառնալու խնդիրը տակաւին չէ «հասունցած»։
Ահա այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ էին արաբները, երբ Տանըլտ Թրամփ ի լուր աշխարհին «կը հնչեցնէր» Կոլանը ամբողջապէս Իսրայէլին համարելու իր «կոչ»ը. ինչ որ կոչ մ՚ըլլալէ անդին կը հետապնդէր քաղաքական լուրջ նպատակներ։
Հիմա հարց կը ծագի, արդեօք արաբները իրապէս վերատեսութեան պիտի ենթարկե՞ն տակաւին 2002 թուականին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած արաբական գագաթին ընթացքին հնչած «Արաբական խաղաղութեան նախաձեռնութիւն»ը, կամ թէ ինչպէս տարբեր առիթներով, այս անգամ ալ անոնք պիտի բաւարարուին իրենց գլուխները աւազին մէջ խրելով։
Խորքին մէջ արաբական ընդհանուր իրադրութիւնը բաւական մտահոգիչ է այն իմաստով, որ անոնք՝ արաբները ունենալով տնտեսական եւ քաղաքական մեծ ներուժ, այսօր շատ հեռու են քաղաքական օրակարգ թելադրող ըլլալու որեւէ գործընթացէ։
Աւելի՛ն. անոնք տարտղնուած են, շուար եւ յստակ քաղաքական արեւելում մը չունին։
Անցեալին արաբներուն համար միացնող, գօտեպնդող հանգամանք էր պաղեստինեան պայքարը, իսկ այսօր անոնց համար թուլացնող եւ նոյնիսկ տարակարծութիւն ստեղծող հանգամանք է Սուրիոյ հակամարտութիւնն ու տագնապը։ Ալ ուր մնաց, Իսրայէլի դէմ միակամ կեցուածք մ՚ունենալու հանգանակը, այն ատեն երբ արաբական տէրութիւններէն շատեր գաղտնի եւ խորհրդաւոր «բանակցութիւններ» կը վարեն Թել Աւիւի հետ։
Ամէն պարագայի այսօր արաբները կը մտնեն վճռորոշ նոր փուլ մը ու շատ հաւանական է, որ Կոլանի հարցի ընդհանուր դրոյթը դառնայ թուզի վերջին տերեւ, որ մինչեւ այս պահը կը շարունակէր ծածկել համարաբական գաղափարներու գլխաւոր «տուն» հանդիսացող Արաբական Լիկայի մարմինը։
ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԱՆԶԻՋՈՂ, ԱՄԵՐԻԿԱՑԻՔ ԴԺԳՈՀ
Հակառակ անոր, որ Սուրիոյ գործող իշխանութիւններուն հանդէպ կը շարունակէ մեծ վերապահութիւններ ունենալ Թուրքիա, որուն վարած արտաքին քաղաքականութեան հետեւած ամէն ոք լաւապէս պիտի հասկնար, թէ ինչ տեսակէտ պիտի արտայայտէր Անգարա ու յատկապէս նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան՝ կապուած Կոլանի խնդրին։ Պէտք չէ մոռնանք, որ պաղեստինեան խնդրի, արաբական հիմնահարցի եւ տարածքաշրջանին մէջ առկայ արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան ընդհանուր պատկերին վրայ Թուրքիա բազմիցս հանդէս եկած է բաւական սուր կեցուածքներով։
Այն իմաստով, որ Անգարա շատ մը պարագաներու դրսեւորած է աւելի հատու կեցուածքներ, քան նոյնինքն արաբները, կամ ըսենք սիւննի աշխարհին մէջ կարեւոր դեր ստանձնել փորձող Սէուտական Արաբիան, կամ նոյնիսկ Արաբական ծոցի երկիրները։
Ի դէպ, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ բացայայտ յայտարարութիւն մը կատարելով Կոլանը կը համարէր Իսրայէլի հողային տարածքներու ամբողջական եւ լիարժէք մասնիկը, այդ յայտարարութենէն անմիջապէս ետք նախագահ Էրտողան կը յայտարարէր, որ Կոլանի մասին ամերիկեան տեսակէտը ընդունելի չէ։ Էրտողան քիչ մը հեռու երթալով նաեւ կը յայտարարէր, որ Կոլանի հարցը պիտի տարուի Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւն, ուր կարելի պիտի ըլլայ քննարկումներ կայացնել եւ հասնիլ յստակ եզրակացութիւններու։
Թուրքիան այսօր լուրջ տարակարծութիւններ ունի Իսրայէլի հետ։ Ահա՛, Կոլանի խնդիրը ու ամերիկեան կողմէն սուրիացի արաբներուն հանդէպ երեւելի դարձած այս խտրական մօտեցումը՝ քար մը եւս կը դնէ ամէն օր նոր ծաւալ ստացող Անգարա-Ուաշինկթըն լարուածութեան մեծ պատին։ Միացեալ Նահանգներ ինչպէ՛ս պիտի հակազդեն Թուրքիոյ արաբամէտ վերջին կեցուածքներուն, յստակ չէ, սակայն աւելի քան բացայայտ է, որ առնուազն յառաջիկայ մէկ տարուան ընթացքին դժուար է պատկերացնել, որ Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները վերադառնան իրենց անցեալի փայլուն վիճակին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան