ՃԱՆՉՆԱՆՔ «ՔՈՐՈՆԱ» ԺԱՀՐԱԽՏԸ ԿԱՄ ԹԱԳԱԺԱՀՐԱԽՏԸ՝ ՆՈՐ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐՈՎ
«Ճանչնանք «Քորոնա» ժահրախտը կամ թագաժահրախտը» վերնագիրով 26 յունուար 2020-ին իմ ստորագրութեամբ յօդուած մը լոյս տեսաւ Մոնրէալի «Հորիզոն» շաբաթաթերթին մէջ: Այդ օրէն անցած են երկու ամիս: Այս երկու ամիսներու ընթացքին թագաժահրախտը վերածուեցաւ համաշխարհային մտահոգիչ եւ աննախընթաց հիւանդութեան մը: Այսօր ամբողջ աշխարհը մատնուած է առողջական ահազանգային իրավիճակի մը՝ թագաժահրախտի համաճարակին: Ամէն տեղ եւ ամէն ժամ կը խօսուի անոր մասին: Շատ մը երկիրներ դիմած են ինքնարգելափակումի: Սահմաններ գոցուած են: Օդանաւային ճամբորդութիւններ առկախուած են: Մարդիկ արգելափակուած են նոյնիսկ իրենց քաղաքներուն մէջ: Խուճապ եւ անորոշութիւն կը տիրէ ապագայի հաշուոյն:
Այս արագընթաց եղելութիւններուն պատճառով 26 յունուարի յօդուածս վերատեսութեան ենթարկեցի՝ յաւելումներով եւ մանրամասն այժմէական տեղեկութիւններով: Ահաւասիկ նորը՝ «Ճանչնանք «Քորոնա» ժահրախտը կամ թագաժահրախտը՝ նոր տուեալներով» վերնագիրով:
«Քորոնա» ժահրախտը ժահրային հիւանդութիւն մըն է: Անոր յարուցիչը coronaviridae ժահրն է: Այս ժահրը առաջին անգամ տեսնուած է 1960-ին: Ան ունի թագի-պսակի (crown) կերպարանք եւ անոր corona անուանումը եղած է այդ իմաստով: Ուստի ես այս ժահրը հայերէնով պիտի կոչեմ թագաժահր կամ պսակաժահր (corona virus), իսկ հիւանդութիւնը՝ թագաժահրի-պսակաժահրի հիւանդութիւն եւ կամ թագաժահրախտ-պսակաժահրախտ (corona virus disease):
Թագաժահրը կը հարուածէ կովերը, խոզերը, հաւերը, ինչպէս նաեւ՝ չղջիկները, օձերը եւ շատ մը ընտանի անասուններ: Վարակումը շատ դիւրին է անասուններով, հաւերով եւ օձերով խճողուած շուկաներու, ինչպէս նաեւ մորթուած անասուններու վաճառման շուկաներու եւ սպանդանոցներու մէջ:
Թագաժահրը կը յառաջացնէ փորհարութիւն եւ վերին շնչառական խողովակներու հիւանդութիւններ: Մարդիկ հազուադէպօրէն կը վարակուին թագաժահրով: Մարդոց սկզբնական վարակումը տեղի կ՚ունենայ վարակուած անասուններուն դպչելով եւ կամ անոնց կղկղանքին, մէզին եւ լորձունքին ենթակայ ըլլալով: Ամէն մարդ իր կեանքի ընթացքին նուազագոյնը մէկ անգամ կը վարակուի այս ժահրով:
Թագաժահրերը, հակառակ մանրէներուն, մարմնէն դուրս չեն բազմանար, սակայն երկար կ՚ապրին: Անոնք մարմնէն դուրս աւելի կ՚ապրին, երբ շրջապատուած ըլլան լորձունքով:
Թագաժահրը մարդէ մարդ կը փոխանցը-ւի վարակուող անձին օդին մէջ տարածած օդակաթիլներու (droplets) ներշնչումով: Վարակուած անձը օդակաթիլները իր շուրջը կը տարածէ հազալով եւ փռնգտալով: Առողջ անձ մը կը վարակուի թագաժահրով նաեւ, երբ ան դպչի վարակուած անձին ձեռքերուն, երեսին եւ անոր գործածած իրեղէններուն, ուր տեղ գտած կ՚ըլլան թագաժահրով հարուստ քթախլնային հեղուկը եւ կամ լորձունքը:
Մինչեւ օրս թագաժահրախտի թխսաւորման ժամանակաշրջանը անորոշ է: Այսինքն առողջ անձի մը վարակումէն ետք ախտանշաններու սկսման ժամկէտը յայտնի չէ: Յստակ չէ նաեւ, թէ վարակուած անձ մը ե՞րբ կրնայ վարակել առողջ անձ մը:
Թագաժահրախտը կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի եւ որեւէ մէկ եղանակին, սակայն առաւելաբար՝ ամառ եղանակին: Թագաժահրը առաւելաբար կը հարուածէ տարեցները եւ մասնաւորապէս 70 տարեկանէն վեր, երկարատեւ եւ մնայուն հիւանդութիւն ունեցող, ինչպէս նաեւ տկար դիմադրողականութիւն (immunity) ունեցող անձերը: Երեխաները հազուադէպօրէն կը վարակուին թագաժահրէ:
Թագաժահրախտը ընդհանրապէս պարզ հարբուխի նշաններով կը յայտնուի եւ կը տեւէ քանի մը օր: Ան որեւէ մէկ դարմանումի չի կարօտիր, սակայն հիւանդը պէտք է հանգիստ ընէ տան մէջ, սննդառատ կերակուր ուտէ եւ առատ ջուր խմէ:
Յաճախ վարակուած անձը կ՚ունենայ մտահոգիչ ախտանշաններ եւ հիւանդագին լուրջ վիճակ: Շնչառական խողովակներու լուրջ բորբոքումներէն կարելի է յիշել՝ քթախոռոչաբորբ (sinusitis), քթաբորբ (rhinitis), ըմբանաբորբ (pharyngitis), խըռ-չափողաբորբ (laryngitis), շնչափողաբորբ (trachiitis), ցնցղատապ (bronchitis), ցնցղիկատապ (broncheolitis) եւ թոքատապ (pneumonia): Երեխաներ կ՚ունենան նաեւ միջին ականջի բորբոքում եւ լսողութեան տկարութիւն:
«MERS-Middle East respiratory syndrome» (Միջին Արեւելքի շնչառական համախտանիշ) եւ «SARS-severe acute respiratory syndrome» (Զօրաւոր անակնկալ շնչառական համախտանիշ) թագաժահրախտի տարբեր տեսակներ են, որոնք 2002-էն ետք պատահեցան շատ մը երկիրներու մէջ:
2003-ին ամբողջ աշխարհի տարածքին 774 անձեր մահացած են «SARS» թագաժահրախտէն:
2012-ին MERS թագաժահրախտը համաճարակի ձեւով տարածուեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ՝ խլելով 858 մարդոց կեանքը: Ան սկիզբ առաւ Սէուտական Արաբիայէն, ապա տարածուեցաւ Ափրիկէ, Ասիոյ զանազան երկիրներ եւ Եւրոպա: 2014-ին երկու պարագաներ ախտաճանաչուեցան Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ: 2015-ին այս հիւանդութիւնը յայտնուեցաւ Քորէայի մէջ: 2019-ին Չինաստանի մէջ յայտնուեցան 300 պարագաներ:
Թագաժահրախտով վարակուած անձը կ՚ունենայ հետեւեալ ախտանշանները. քթա-հոսք, կոկորդացաւ, ջերմութիւն, գլխացաւ, որոնց կը յաջորդեն ձայնի փոփոխութիւն եւ մեղմ հազ: Յառաջացած թագաժահրախտի պատճառով հիւանդը կ՚ունենայ ուժգին հազ, խուխ, բարձր ջերմ, քթախոռոչատապ, խռչափողատապ, շնչափողատապ, ցնցղատապ եւ թոքատապ: Տարեցներ, տկար դիմադրողականութիւն-ախտամերժութիւն, մարդկային ախտամերժողականութեան ժահր (HIV) ունեցողները եւ ձեռքբերովի ախտամերժութեան անբաւարարութեան համախտանիշ (AIDS) հիւանդութենէ տառապողները աւելի հակամէտ կ՚ըլլան ունենալու վերոյիշեալ ծանր հիւանդութիւնները:
Թոքաժահրախտի ախտաճանաչումը կը կատարուի քիթի եւ կոկորդի խլնահեղուկի ու խուխի յատուկ մշակումով (culture), արեան քննութիւններով եւ թոքի նկարումով:
Թագաժահրախտի դարմանումը պարզ պարագաներուն կ՚ըլլայ տան մէջ հանգիստ ընելով, սննդառատ կերակուրներ ուտելով եւ առատ հեղուկ խմելով: Յառաջացած պարագաները եւ բարդութիւններ ունեցողները պէտք է խնամուին հիւանդանոցի մէջ եւ ենթարկուին լուրջ դարմանական միջոցառումներու:
Թագաժահրախտի տարածումը եւ փոխանցումը առողջ անձերուն կարելի է արգիլել՝ պարզապէս ուշադիր ըլլալով հետեւեալ ցուցմունքներուն.
- Հեռու կենալ վարակուած անձերէ,
- Ձեռք չսեղմել, չողջագուրուիլ եւ չհամբուրուիլ վարակուած անձերու հետ,
- Չգործածել անոնց իրեղէնները, հագուստը, անկողինը, բարձը, պնակը, պատառաքաղը եւ դգալը:
Այս օրերուս շատ կը խօսուի այս հիւանդութեան մասին, որովհետեւ Չինաստանի մէջ յայտնուեցաւ թագաժահրը եւ շուտով տարածուեցաւ Չինաստանի զանազան շրջաններուն մէջ: Թագաժահրախտը յայտնուեցաւ նաեւ շատ մը այլ երկիրներու մէջ: Այս մէկը տեղի ունեցաւ Չինաստանէն այլ երկիրներ ճամբորդող եւ վարակուած անձերու միջոցով:
2019 թուականի դեկտեմբեր 31-ին Համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութիւնը (ՀԱԿ) տեղեկացուած էր Չինաստանի Հուպի նահանգի Ուհան քաղաքի մէջ արձանագրուած թոքաբորբի շարք մը դէպքերու մասին: Կասկածներ շրջած էին թոքատապի ժահրի մասին: Շաբաթ մը ետք՝ յունուար 7-ին, Չինաստանի իշխանութիւնները հաստատած էին, որ թոքաբորբի յարուցիչը նոր ժահր մըն էր, եւ կը պատկանէր վարակիչ թագաժահր մեծ ընտանիքին, եւ ան ժամանակաւորապէս անուանուած էր՝ «Թագաժահր-19» (COVID-19):
Մինչեւ 20 յունուար 2020 Չինաստանի ամբողջ տարածքին մէջ արդէն 700-է աւելի վարակուած անձեր ախտաճանաչուած էին: Կանխազգուշական մեծ միջոցներու դիմուած էր Չինաստանի եւ աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ, որպէսզի թագաժահրի տարածումը զսպուի: Մտահոգիչ էր տարածումը: Մինչ այդ Համաշխարհային առողջապահական կազմակերպութիւնը ահազանգ չէր հնչեցուցած, սակայն մեծ մտավախութիւն ունէր, որ թագաժահրախտը արագօրէն տարածուէր միլիոնաւոր անձերու երկրէ երկիր ճամբորդութեամբ:
Շատ մը երկիրներու մէջ ստիպողական վիճակ յայտարարուած էր, եւ օդակայաններուն բժշկական կեդրոներ հաստատուած էին՝ քննութեան ենթարկելու կասկածելիները: Ամերիկեան կառավարութիւնը եւ այլ երկիրներ թելադրած էին իրենց քաղաքացիներուն դէպի Չինաստան ճամբորդութիւն չկատարել:
Չինաստանէն այլ երկիրներ հասնող ճամբորդները պէտք էր դիմէին այդ երկիրներու առողջապահական յատուկ կեդրոնները եւ տեղեակ պահելու էին զանոնք իրենց իրավիճակին մասին:
Յունուար 26-ի դրութեամբ Չինաստանէն դուրս Սինկափուրի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Գանատայի մէջ մէկական պարագաներ ախտաճանաչուած էին:
Չինաստանի գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ օդանաւային ճամբորդութիւնները կասեցուած էին: Մեծ հաւաքավայրերու խը-րախճանքները եւ հաւաքոյթները բոլորովին արգիլուած էին:
Այդ թուականէն ետք թագաժահրախտը ստացաւ ահազանգային վիճակ: Ան շատ արագ տարածուեցաւ շատ մը երկիրներ: Այսօր ան գոյութիւն ունի աշխարհի 144 երկիրներու մէջ: Համաշխարհային առողջապահական կազմակերպութիւնը մի քանի օր առաջ յայտարարեց, որ թագաժահրախտը համաշխարհային համաճարակ մըն է: Ամբողջ աշխարհը ահազանգի մէջ է, որովհետեւ ան աննախընթաց կերպով կը տարածուի:
13 մարտ 2020-ի ՀԱՄ-ի տուեալներուն համաձայն, ամբողջ աշխարհի մէջ վարակուողներուն թիւը հասած է 156.000-ի, իսկ մահերուն թիւը՝ 5819-ի:
Չինաստանի մէջ վարակուած են 142.823 անձեր եւ մահացած են 3180 անձեր, իսկ Չինաստանէն դուրս վարակուած են 51767 անձեր եւ մահացած են 1775 անձեր: Չինաստանէն դուրս առաւելագոյն վարակում եւ մահ պատահած են Իտալիոյ եւ Սպանիոյ մէջ: Այս համաճարակը ներկայիս կեդրոնացած է Եւրոպայի մէջ:
ԹԱԳԱԺԱՀՐԸ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐ ՉՈՒՆԻ
Թագաժահրը հասած է նաեւ Հայաստան, ուր վարակուած են 18 անձեր: Բոլոր ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ դասերը կանգ առած են մինչեւ 23 մարտ՝ թագաժահրի տարածումը կանխարգիլելու համար: Կոչ ուղղուած է պետութեան կողմէ զանգուածային ձեռնարկներ չկազմակերպել, իսկ հիւանդութեան ախտանշաններ ունեցող մարդոց՝ հեռու մնալու հաւաքական վայրերէ:
Գանատայի պետական առողջապահական կազմակերպութեան 13 մարտ 2020-ի տուեալներուն համաձայն, Գանատայի մէջ թագաժահրով վարակուած են 254 անձեր եւ մահացած է մէկ անձ, որոնք առաւելաբար Վանքուվըրէն եւ Թորոնթոյէն եղած են: Քեպեք նահանգին մէջ պատահած են 35 վարակումներ: Օնթարիոյի մէջ՝ 103 վարակումներ: Գանատական կառավարութիւնը կոչ ուղղեց իր քաղաքացիներուն՝ Չինաստան եւ եւրոպական երկիրներ չմեկնելու: Պետական հրահանգով գրեթէ բոլոր նահանգներուն մէջ դպրոցները, երկրորդական վարժարանները, համալսարանները եւ մանկամսուրները փակուեցան 15 օրով: Արգիլուեցան համախմբումները, հաւաքոյթները, մարզական խաղերը: Թելադրուեցաւ 70-էն վեր տարեցներուն մնալ տուներու մէջ: Չինաստանէն եւ Եւրոպայէն եկող ճամբորդները ենթարկուեցան բժշկական քննութեան եւ կամ 14 օրուան մեկուսացման: Առնուեցան կանխազգուշական միջոցառումներ, որպէսզի թագաժահրախտը սահմանափակուի եւ չտարածուի:
Միացեալ Նահանգներու մէջ մինչեւ օրս պատահած են 2500 վարակումներ եւ 55 մահեր, առաւելաբար՝ Գալիֆորնիայէն, Ուաշինկթընէն եւ Նիւ Եորքէն: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երկու օր առաջ երկրին մէջ արտակարգ վիճակ հռչակեց, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ ընկերային օժանդակութիւններու ծրար մը յայտարարեց դէմ դնելու համար թագաժահրի հետեւանքներուն:
Լիբանանի մէջ արձանագրուած են 99 վարակումներ եւ 3 մահեր: Թագաժահրի տարածումը կանխարգիլելու նպատակով տարբեր մարզերու հաստատութիւններ փակած են իրենց դռները: «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութիւնը 17-23 մարտի ընթացքին իր թռիչքներու ժամանակացոյցը փոփոխութեան ենթարկած է՝ թագաժահրի տարածումը կանխարգիլելու նպատակով:
Իտալիոյ մէջ վարակուած են 21.157 քաղաքացիներ, եւ մահացած են 1441 անձեր: Իտալիոյ մէջ յայտարարուած է արտակարգ վիճակ: Ամբողջ երկիրը անդամալուծուած է: 70 միլիոնէ աւելի իտալացիներ փակուած են իրենց տուներուն մէջ:
Իրանի մէջ ժահրէն մահացողներուն թիւը եղած 611, իսկ վարակուածներուն թիւը՝ 12.729:
Սպանիոյ մէջ 47 միլիոն մարդիկ փակուած կը մնան իրենց տուներուն մէջ՝ որպէս կանխազգուշութիւն: Վարակուած են 7700 անձեր, եւ մահացած են 288 ուրիշներ:
Ֆրանսայի մէջ հաւաքական կեդրոններ՝ սինեմաներ, ճաշարաններ, սրճարաններ փակուած են, միայն դեղատուները եւ խանութպանները կը շարունակեն իրենց ծառայութիւնը մատուցել ժողովուրդին: Վարակուած են 4469 քաղաքացիներ եւ մահացած են 91 անձեր:
Գերմանիոյ մէջ վարակուած են 5426 անձեր եւ մահացած է 11 հոգի:
Գրեթէ բոլոր երկիրներու մէջ արգիլուած են հաւաքոյթները, խրախճանքները, եկեղեցական արարողութիւնները:
Յայտնենք, որ Ուհանի մէջ, Չինաստան, միլիոնաւոր քաղաքացիներ 50 օրերէ ի վեր շրջագայութեան արգելքի պայմաններուն տակ կ՚ապրին:
Թագաժահրի դէմ պատուաստ գոյութիւն չունի մինչեւ օրս: Սակայն ներկայ կացութեամբ արդէն Ամերիկայի եւ կարգ մը այլ երկիրներու առողջապահական պետական կազմակերպութիւնները յանձնարարած են դեղաշինութեան մեծ ընկերութիւններուն՝ թագաժահրի դէմ պատուաստի պատրաստութիւնը: Արդէն դեղաշինութեան մեծ ընկերութիւններ գործի անցած են եւ լրջօրէն կ՚աշխատին այդ պատուաստի պատրաստութեան: Կը յուսանք շուտով կը պատրաստուի այդ պատուաստը:
Հոս կ՚ուզեմ անդրադառնալ թագաժահրախտի առընչութեամբ կանխազգուշական կարգ մը կարեւոր ուղեցոյցներու եւ ցուցմունքներու, որոնք կը միտին բոլորին առողջութեան եւ ապահովութեան: Այսպէս ուրեմն՝
- Հեռաձայնել առողջապահական յատուկ գրասենեակ, եթէ ջերմ ունիս եւ ճամբորդութենէ նոր վերադարձած ես:
- Եթէ վարակուած անձի մը հանդիպած ես, պէտք է կատարես թագաժահրախտի քննութիւնը, եւ եթէ պատասխանը դրական է, պէտք է մեկուսացուիս 14 օր:
- Եթէ վարակուած ես, պէտք է յատուկ դիմակ գործածես, որպէսզի առողջ մարդիկ չվարակես:
- Եթէ հիւանդ չես, դիմակ գործածելը չի պաշտպաներ քեզ վարակումէ:
- Երկու տեսակ դիմակներ կան, առաջին տեսակը պարզ թուղթէ պատրաստուած է եւ կը գործածուի մէկ անգամ միայն, իսկ երկրորդ տեսակը շինուած է աւելի կարծր նիւթէ մը եւ կը կոչուի N95 դիմակ, որ կը գործածուի քանի մը անգամ:
- Ձեռնոցի գործածութիւնը օգտակար է պաշտպանուելու համար վարակուած անձերէ, սակայն հոս կրնայ ինքնավարակում տեղի ունենալ, երբ ձեռնոցով վարակուած հիւանդին դպչելէ ետք կը շփես երեսդ, քիթդ եւ կամ աչքերդ: Ինքնապաշտպանութեան ձեռնոցը զգուշութեամբ վերցնելու ես ձեռքէդ, որպէսզի թագաժահրեր չփոխադրուին ձեռքիդ:
Կենսանիւթերը մասնաւոր դերակատարութիւն չունին թագաժահրէ պաշտպանուելու համար: Լաւագոյնը պիտի ըլլար առողջ ըլլալ, որ կը պատահի ֆիզիքական հանգիստով, սննդառատ կերակուրներ ուտելով եւ առատ ջուր խմելով:
Կատարել սովորական ընթացիկ առողջապահական միջոցառումներ՝
- Կատարել ինքնամեկուսացում,
- Ձեռք չսեղմել, չհամբուրուիլ, երես երեսի հպում չունենալ,
- Բարեւել ձեռքի եւ գլխու շարժումով, եւ կամ արմուկները իրարու դպցնելով,
- Ձեռքերը յաճախ լուալ ջուրով եւ օճառով կամ ձեռքերը շփել նուազագոյնը 60 տոկոս ալքոլ պարունակող հեղուկներով,
- Ձեռքերը աչքերուն, քիթին եւ բերանին չտանիլ,
- Հազալ եւ փռնգտալ արմուկին մէջ եւ կամ թուղթէ թաշկինակի մէջ ու թափել թաշկինակը անմիջապէս աղբամանին մէջ,
- Ջերմի, հազի եւ շնչահեղձութեան պարագային, շուտով դիմել բժիշկին,
- Հեռու կենալ խօսակիցէ մը նուազագոյնը մէկ մեթր,
- Չմօտենալ հազացող եւ փռնգտացող անձերու:
Անոնք, որոնք կ՚ապրին եւ կամ գտնուած են երկիր մը, ուր այս հիւանդութիւնը արագօրէն կը տարածուի, պէտք է տուն մնան նուազագոյն ախտանշանի պարագային, իսկ ջերմ ունենալու պարագային, պէտք է դիմեն բժիշկի խնամքի:
Ճնշուածութենէ ձերբազատելու համար մեկուսացած տան մէջ ունենալ զանազան զբաղումներ՝ համակարգիչով զբաղիլ, կարդալ, գրել, գծել, երաժշտութիւն ունկնդրել, մարզանք ընել:
Օրական քնանալ 6-8 ժամ եւ ամէն օր լոգնալ տաք ջուր-օճառով: Հում միս չուտել:
Ուտել բնասպիտով հարուստ եւ քիչ շաքար պարունակող կերակուր, ինչպէս նաեւ՝ գունաւոր պտուղներ եւ բանջարեղէններ.
Բանջարեղէնները եւ պտուղները լաւ լուալէ ետք ձեռքերը օճառով լաւ լուալ:
Բաւարար Տէ. կենսանիւթ (vitamin D) առնել, արեւու ճառագայթէն օգտուիլ օրական 30 վայրկեան միայն.
Դրական կեցուածք որդեգրել, խուճապի չենթարկուիլ, ըլլալ հանդարտ եւ համբերատար.
Բոլորս աչալուրջ հետեւելու ենք արագընթաց զարգացումներուն եւ առողջապահական մարմիններուն ու պետական գը-րասենեակներէն տրուած ուղղութիւններուն:
Այս ծանրակշիռ օրերուն անհատապէս եւ հաւաքաբար ըլլալու ենք շրջահայեաց, կատարելու ենք անհատական ինքնապաշտպանութիւն եւ հաւաքական պաշտպանութիւն:
Կը մաղթեմ լաւագոյնը բոլոր մարդկութեան:
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
www.Harboyan.ca
Մոնրէալ, 14 մարտ 2020