ԴԱՐՁԵԱԼ ԼԵԶՈՒԻ ՄԱՍԻՆ
Լեզուաբաններ կը ջանան հնամենի տառերու եւ գրութիւններու ուսումնասիրութեամբ վերականգնել անհետացած լեզուներ եւ վերծանել համապատասխան ազգութիւններու պատմութիւնը։
Սակայն ըստ մասնագէտներու, այսօր աշխարհի շուրջ կը խօսուին մօտ 7 հազար լեզուներ, որոնց մօտաւորապէս կէսը պիտի անհետանայ մինչեւ այս դարու վերջաւորութեան։ Ուրիշ լեզուաբան մը կը յայտարարէ, թէ ներկայի կենդանի լեզուներու մեծ մասը պիտի անհետանայ մեր կեանքի ժամանակաշրջանին։ Նկատուած է նաեւ, թէ անցնող դարերուն հետ հետզհետէ կ՚արագանայ լեզուներու անհետացումը։
Մասնագէտներ լեզուները կը բաժնեն երեք դասակարգերու - «Կենդանի» (Alive), «Վը-տանգուած» (Endangered) եւ «Մահացած» (Extinct)։ Ի՞նչ է այսօր կացութիւնը հայերէն լեզուին։ Ունինք երեք տարբերակ - Գրաբար, Արեւելահայերէն եւ Արեւմտահայերէն։ Հայերէն լեզուի ծագումը կը նկատուի հինգերորդ դարը, երբ 405 թուականին Մեսրոպ Մաշտոց հնարեց 36 գիրերով հայերէն այբուբենը (յետագային աւելցան երեք տառեր), իւրաքանչիւր ձայնի տալով տառ մը։ Այդ լեզուով է, որ զարգացաւ Գրաբարը եւ մեր սուրբ թարգմանիչները հիմը դրին Հայոց Ոսկեդարին։ Այդ լեզուով է, որ Սպարապետ Վարդան Մամիկոնեան խրախուսեց հայ բանակը՝ «Վասն Յիսուսի, Վասն Հայրենեաց», Ներսէս Շնորհալին ծաղկեցուց մեր շարականները, Անանիա Շիրակացին հիմնաւորեց բժշկութեան արդիականացումը, Գրիգոր Նարեկացին խօսեցաւ Աստուծոյ հետ, Պատմահայր Մովսէս Խորենացին բանահիւսեց հայ ժողովուրդի պանծալի պատմութիւնը, մինչեւ 16-րդ դար, երբ Հայոց բարձրաւանդակը ներխուժեցին անհաւատ յորդաներ եւ վերապրող հայ ժողովուրդը մասնատուեցաւ առանձնացած բարձունքներու վրայ, ուր զարգացան բազմաթիւ իւրայատուկ գաւառաբարբառներ։ Տուժեց ոսկեղնիկ Գրաբարը, բայց պատմական Հայաստանի գլխաւոր կեդրոններու մտաւորականները կարողացան բարբառներէն բխած հոսանքները հետզհետէ համախմբել եւ զարգացնել, այն ինչ որ յետագային կոչուեցաւ Արեւմտահայերէն, եւ որ յաջողապէս միաձուլուեցաւ 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան։ Այսօր, լեզուներու միջազգային ցուցակագրութեան մէջ Արեւմտահայերէնը դասուած է «վտանգուած» լեզուներու շարքին, որ կ՚ընթանայ դէպի մահ։
Արեւելահայերէնը զարգացաւ Երեւանի լայն շրջանակի մը գաւառաբարբառներու միաձուլումով, կրելով ռուսերէնի զգալի ազդեցութիւններ, իսկ աւելի ուշ, աբեղեանական անհարազատ ուղղագրութիւնը քայլ մը աւելի հեռացուց զայն Արեւմտահայերէն լեզուէն։ Սակայն Արեւելահայերէնը կը մնայ Հայաստանի պետական լեզուն։
Գրաբարը մնաց կառչած եկեղեցական ու կրօնական գրականութեան եւ աղօթագրքերու մէջ, ու կը պահէ այդ դիրքը մինչեւ այսօր, հակառակ յաճախակի մեր ժողովուրդի գանգատներուն, թէ Գրաբարը անհասկնալի է եւ կը կարօտի Աշխարհաբարի կամ այլ տեղական լեզուներու թարգմանութիւններու։ Սակայն թարգմանութիւնները շատ հեռու մնացին Գրաբարի գեղեցկութենէն եւ միսթիք հաղորդականութենէն։ Եկեղեցին փրկեց Գրաբարը ստոյգ մահէ։
Վերոյիշեալ այս մտորումները, ոչ ակադեմական մակարդակով, արդիւնքն են միջազգային գիտական չափանիշով վերջերս յայտարարուած եզրակացութիւններու, որոնք Արեւմտահայերէնը կը դասեն «վտանգուած» լեզուներու շարքին։ Գաղտնիք մը չըլլալով հանդերձ, այս յայտարարութիւնը շատերու մօտ ազգային ինքնասիրութեան եւ արդար հպարտութեան գաղտագողի հարուած մը եւ ցնցիչ ազդեցութիւն մը հանդիսացաւ, յատկապէս մեր մտահոգ ազգայիններուն մէջ, տեղի տալով թաքուն ընդվզումի եւ նոյնիսկ աջ ու ահեակ մեղադրանքներ մատնացոյց ընելու։
Սակայն անհատականէն վեր, մեծ պատկերը նկատի ունենալով, գիտակցինք, թէ այսպիսի կացութիւն մը նման է ընտանիքի մը մէջ մեծ հօր մը ներկայութեան, որ արժանի կը դառնայ իր հարազատներուն անվերապահ սիրոյն ու գուրգուրանքին՝ իր անցեալի նուիրումին ու ծառայութիւններուն առ ի երախտագիտութիւն։ Անտեղի կը դառնայ, գիտնալով հանդերձ անխուսափելի ճակատագրին տնօրինումը, ողբալ, աւաղել, ու անժամանակօրէն սգալ Արեւմտահայերէնի շիջումը։ Զգանք գոհունակութիւնը, թէ արժանացած ենք արժէքաւոր ժառանգութեան մը եւ տօնակատարենք այդ բախտաւորութիւնը, երբ տակաւին ունինք պատեհութիւնը մասնակցելու ու վայելելու մեր շնորհալի Արեւմտահայերէնը, մասնակցելով մեր համայնքային մշակութային, գրական ու ընկերային այլազան միջոցառումներուն, երկարաձգելու իր կեանքը որքան որ կարելի է։
ՏՔԹ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ